Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Երգիչ Յակոբ Մկրտիչեանի Անդրանիկ Մենահամերգը` Ամանորեան Եւ Ս. Ծննդեան Երգերը Հայկական Ոճով Ու Մեկնաբանութեամբ

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Լիբանանահայ իրականութեան մէջ լուրը շատ արագ տարածուեցաւ, եւ արուեստասէրներուն հետաքրքրութիւնը լարուեցաւ: Սուրիահայ երիտասարդ մը, որ սուրիական պատերազմին պատճառով Լիբանան փոխադրուած էր, իր հարուստ երգացանկով, ստեղծած հայկական ճոխ մթնոլորտով նորութիւն մըն էր իսկապէս:

Այսպէս եղաւ լիբանանահայութեան եւ երգիչ Յակոբ Մկրտիչեանին միջեւ ծանօթացման առաջին փուլը, «Նոյ» ճաշարանը շաբթուան որոշ գիշերներ, երբ Յակոբը պիտի երգէր, ամբողջովին լեցուն կ’ըլլար եւ կ՛ըլլայ` իսկական ուրախութեան պահեր ապրիլ եւ հիմնականօրէն հայերէն երգերու հետ ժամեր անցընել փափաքողներով: 

Այս ծանօթացումը, սակայն, այս սահմաններուն մէջ չմնաց, այլ տարիներէ ի վեր Յակոբ Մկրտիչեանին անունը առնչուած է լիբանանահայ իրականութեան մէջ կազմակերպուած գրեթէ բոլոր ճաշկերոյթ պարահանդէսներուն, անհատական հաւաքոյթներուն: Աւելի՛ն. Յակոբ Մկրտիչեանը իր հարուստ եւ միշտ թարմացող երգացանկով եկաւ նաեւ փաստելու, որ  ինք վարպետութեամբ կը մեկնաբանէ հին ու նոր հայերէն բազմաթիւ երգեր, նաեւ` օտար, գոհացնելով բոլորին ճաշակը: Այսպիսով, ան դարձաւ սիրուած եւ փնտռուած երգիչ մը, որուն անունը կապուեցաւ ուրախութեան եւ քէֆի բոլոր առիթներուն:

Յակոբ Մկրտիչեանը Լիբանանէն դուրս եւս կրցաւ անուն դառնալ` վերջին քանի մը տարիներուն, երգելով Տուպայի, Ապու Տապիի, Քուէյթի, Իրաքի, Եգիպտոսի, Պրազիլի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ:

Այս բոլորին զուգահեռ, 16 դեկտեմբերին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, անձնական նախաձեռնութեամբ, Յակոբ Մկրտիչեանը ելոյթ պիտի ունենայ ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան հայկական ոճով եւ նոր գործիքաւորումով երգերով` տօնական օրերու մթնոլորտն ու խորհուրդը փոխանցելով արուեստասէրներուն:

Այս առիթով, նաեւ ընդհանրապէս Յակոբ Մկրտիչեանին մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու համար «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց անոր հետ:  

«ԱԶԴԱԿ».- Գաղութին մէջ հիմնականօրէն ճանչցուեցար սուրիական պատերազմին պատճառով Լիբանան փոխադրուելէդ ետք. ատկէ առաջ երգի նկատմամբ քու ունեցած սիրոյդ, տաղանդիդ մասին քիչեր գիտեն:

ՅԱԿՈԲ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Երբ Բերիոյ թեմի առաջնորդարանի պատանեկան «Մեսրոպ Մաշտոց» խումբի ղեկավարն ու դաշնակահարը  դպրոց կ՛այցելէին, մեր ձայները կը փորձէին, Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանին ուշադրութենէն չվրիպեցաւ ձայնս: Ու սկսայ երգել, սիրեցի երգը, յատկապէս` բեմը, երբ լոյսերը աչքիս մէջ փայլէին, ուրախութիւն կը զգայի: Պաքալորէայի դասարան էի, երբ Համազգայինի միջդպրոցական երգի մրցում տեղի ունեցաւ, եւ ես մրցանանակիր դարձայ: Աւելի ուշ, համալսարանական առաջին տարիներուս, հիմնուեցաւ առաջնորդարանի «Սաղմոս» երգչախումբը, որ կոմիտասեան ս. պատարագ կ՛երգէր: Կրնանք ըսել, որ հոն սկսան իմ արհեստավարժ քայլերս: Կոմիտասեան պատարագ երգելը շատ օգնեց ինծի, բաւական դժուար է, ես մենակատարն էի: Անկէ ետք տիկ. Գայեանէին հետ ձայնամարզութիւն կ՛ընէի եւ սկսայ ժողովրդային, աշուղական երգեր մեկնաբանելու` իբրեւ նախասիրութիւն, ոչ աշխատանք: Դպրոցական, միութենական ու այլ ձեռնարկներու կը հրաւիրէին զիս:

2009-ին Համազգայինի «Պիկ պենտ» խումբը զիս հրաւիրեց. առաջին ելոյթս էր բեմին վրայ առանձին` իբրեւ մենակատար, երգեցի Ռուբէն Հախվերդեանի «Օ՜ քամի՛, քամի» երգը, որուն մեկնաբանութիւնը բաւական դժուար է, սակայն ատիկա արդէն մարտահրաւէր էր ինծի: Այդ օրէն զգացի, որ ժողովուրդը դրական կը տրամադրուի, երբ զիս տեսնէ բեմին վրայ: Ատկէ ետք, քանի մը տարի մնացի «Պիկ պենտ» խումբին հետ, կար նաեւ Քարէն Եփփէ ճեմարանի նուագախումբը` «Նիւ սթարզ»-ը, որուն հետ մեկնաբանեցի Յարութ Փամպուքճեանի «20 տարեկան» երգը: Ինծի համար յաջողութեամբ պսակուած մարտահրաւէր էր նաեւ Արթուր Մեսչեանէն երգեր մեկնաբանելը` «Ասում են` կարճ է կեանքը» եւ «Աշխարհի ցաւով հիւանդ է հոգիս»:  Այն ատեն ժողովուրդը շատ սիրեց մեկնաբանութիւնս, անոնք սկսան լրջութեամբ վերաբերիլ ինծի հետ:

Այդ փուլէն ետք սկսայ մտածել երգն ու արուեստը աշխատանքի վերածելու մասին` նիւթական մուտք ալ ապահովելու համար: Ծնողքս որոշ վերապահութիւն ունէին, սակայն ինծի առաջարկուած առաջին առիթին արդէն ընդառաջեցի. այսպիսով սկսան միութենական, կուսակցական եւ այլ ձեռնարկներու զիս հրաւիրել` խորհրդանշական պատուեգինով: Այդպիսով, ժողովուրդը սկսաւ ճանչնալ զիս, բայց Հալէպի մէջ ճանչցուելուս հիմնական անկիւնադարձը 2010-ին էր, երբ Յարութ Փամպուքճեանը եկաւ Հալէպ` պարահանդէսի եւ համերգի համար: Պարահանդէսին իրմէ խնդրեցի բարձրախօսը, որպէսզի իրեն հետ երգեմ: Յարութ Փամպուքճեանը խնդաց, կարծեց, թէ գինով մըն է, որ բարձրախօսը կ’ուզէ: «20 տարեկան»-ը կ’երգէր այդ պահուն, իսկ ես «Պիկ պենտ»-ին մէջ նոր երգած էի ատիկա: Ժողովուրդը անհամբեր կը սպասէր, որ երգեմ, նախապէս լսած էր իմ մեկնաբանութիւնս: Տուաւ բարձրախօսը, հազիւ սկսայ` ըսաւ. «Ա՛յ տղայ, բեմ ել»: Բարձրացայ բեմ, փաթթուեցաւ, սկսայ երգել, ժողովուրդը ծափողջոյններով ընդունեց զիս: Երկրորդ օրը «Պասել Ասատ» համերգասրահին մէջ, ուր 6000 հոգի կար, համերգ ունէր ան: Յանկարծ կանչեց զիս եւ հարցուց, թէ կ’երգե՞մ հետը… Մեծ անակնկալ էր, մեծ ուրախութիւն` ինծի համար: Յարութ Փամպուքճեանին հետ երգելուս արձագանգները հասան մինչեւ Լիբանան. անկէ ետք Հալէպի ճաշարանները սկսան պայմանաւորուածութիւններ կնքել ինծի հետ` մինչեւ Լիբանան գալս:

«Ա.».- Նկատելի ու յատկանշական է նաեւ, որ երգացանկդ մնայուն փոփոխութեան, վերաթարմացման կ’ենթարկուի, միշտ ալ նորութիւններ կան, թէկուզ` փոքրիկ: Որքանո՞վ կարեւոր է ասիկա:

Յ. Մ.- Ժողովուրդն է, որ ինծի կարեւորութիւն կու տայ եւ արուեստս կը քաջալերէ, իմ պարտքս է փոխադարձաբար արժեւորել զայն: Մարդոց ականջները աղբանոց չեն, այլ անոնք իրաւունք ունին լաւ ու հաճելի բաներ ունկնդրելու, ասիկա արդար պահանջ է արուեստասէրներուն կողմէ: Նաեւ կայ այն, որ եթէ այդպէս չընեմ, չեմ կրնար գոյատեւել, կը դառնամ առժամեայ երգիչ մը, որ նոյնութիւն մատուցելով` անպայման տեղ մը պիտի յոգնեցնէ ունկնդիրը ու զզուանք պատճառէ անոր: Ես առաջքը կ’առնեմ ատոր` նաեւ մեծապէս յարգելով ունկնդիրներս:

Երբ Լիբանան եկայ, մարդիկ կը զարմանային ընտրած երգացանկիս պատճառով, կազմակերպիչները երբեմն հարց կու տային, որ ինչո՞ւ «Երեւանի գիշերներում», «Ինչ զով գիշեր» եւ այդ ոճի երգեր ալ ներառած եմ: Բայց ես կ’ուզէի փորձել նորութիւն բերել, իսկ փորձս յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Այդ պատճառով ալ միշտ ճիգ կ’ընեմ նորութիւն բերելու, մանաւանդ որ մեր հայկական երգարանը շատ հարուստ է: Դժբախտութիւն է, որ ընտրացանկս քիչ ըլլայ եւ նոյնանման:

Պէտք է ըսեմ, որ Լիբանանի մէջ ծանօթացայ Ճորճ Հինտոյեանին հետ, որուն հետ աշխատեցայ եւ կ’աշխատիմ մինչեւ օրս, շատ լաւ երաժիշտ է, յաջողութեանս մեծ բաժինը կը պարտիմ իրեն, որովհետեւ ան մեծապէս կ’օգնէ ինծի, որպէսզի ժողովուրդին փոխանցեմ այն ոգին, զոր ես կ’ուզեմ տալ: Հայկական ձայները, աշուղական երգերուն մէջ շվիի, տուտուկի ներդաշնակութիւնը եւ ընդհանրապէս ամէն համադրում մեծ յաջողութեամբ կը կատարէ:

«Ա.».- Լիբանանի մէջ եւս կարեւոր փորձառութիւն ապրեցար, այսօր փնտռուած երգիչ ես պարահանդէսներու եւ ուրախ հաւաքոյթներու:

Յ. Մ.- Լիբանանը անկիւնաքարն էր իմ ասպարէզիս: Հոս զգացի, որ լուրջ է ամէն ինչ, մանաւանդ որ Լիբանանի ժողովուրդը շատ դժուար եւ խիստ դատաւոր է: Թէեւ պարահանդէսի մը հրաւիրուած էի նախապէս, սակայն ժողովուրդը չէր ճանչնար զիս: 2014-ին երբ եկայ, գիտակցեցայ, որ Լիբանանը մարտահրաւէր էր ինծի համար, սերտեցի լիբանանահայ իրականութեան մէջ հնչող երգացանկերը, ուզեցի ունենալ իմս եւ անով համոզուած բարձրանալ բեմ: Առաջին ամիսը քիչ մը փորձառական շրջան էր, երբեմն շատ մարդ կու գար, այլ օրեր նուազ, սակայն քիչ-քիչ ժողովուրդը սկսաւ հետաքրքրուիլ, իրարու ըսել, թէ հալէպահայ երգիչ մը եկած է Լիբանան եւ այլն: Սկզբնական շրջանին խօսակցութեան առանցքը այն էր, որ շատ լաւ կը մեկնաբանեմ Յարութ Փամպուքճեանին երգերը: Նախ ատիկա ուրախութիւն կը պատճառէր ինծի, ես նոյնիսկ խաբուած էի այս իմաստով, երբեմն կը մտածէի, որ արդեօք Յարո՞ւթը կը նմանակեմ, ինչ որ վտանգաւոր է, որովհետեւ ուրիշի մը նմանելու ընթացքին մէջ դուն ինքզինքդ կը կորսնցնես, չես շարունակեր: Սակայն օր մը, երբ Յարութ Փամպուքճեանին հետ երգեցի, ի՛նք ըսաւ, որ ուզած է բեմ բարձրանամ իրեն հետ, որովհետեւ առաջին անձն եմ, որ իրեն չեմ կապկեր, այլ կ՛երգեմ ինչպէս որ կը խօսիմ, նոյն ձայնով` երգին տարբեր գեղեցկութիւն մը տալով: Ասիկա մեծապէս տպաւորեց զիս, համոզուեցայ, որ կատարածս բուն երգիչին նմանելու ճիգ չէր, այլ անոր երգերը իմ ոճովս մեկնաբանելը:

Ատկէ մեկնած ալ միշտ կ՛աշխատիմ, որ երգերուս մէջ ես երեւիմ, ոչ ոք ըսէ, որ ասոր կամ անոր նման եմ, այլ թերեւս լաւ կը մեկնաբանեմ, հարազատութեամբ կ՛երգեմ տուեալ երգերը: Ժամանակ առաւ, որպէսզի ժողովուրդին եւ ես ինծի փաստեմ, որ ճիշդ ուղիին մէջ եմ, իմ ճամբաս գտած եմ, մանաւանդ որ նոր հայաստանեան երգերուն մեծ տեղ տուած եմ ցանկիս մէջ, Յարութ Փամպուքճեան չեմ երգեր միայն կամ հիմնականօրէն: Կը փորձեմ երգացանկովս գոհացնել բոլորին ճաշակը, ուրախութիւն է տեսնել, որ հաւաքոյթներուն ուրախ ու գոհ կ՛ըլլայ թէ՛ երիտասարդը, եւ թէ երէցը, ինչ որ շատ կարեւոր է ինծի համար: Փաստ է, որ ժողովուրդը կը սիրէ մատուցածս, միշտ ալ կը փորձեմ ընտրել այն երգերը, որոնք ձայնիս յարմար են:

«Ա.».- Լիբանանի մէջ առիթով մը բեմ բարձրացար նաեւ վաստակաշատ երգահան, դաշնակահար Ռոպերթ Ամիրխանեանին հետ: Խօսինք այդ փորձառութեանդ մասին:

Յ. Մ.- Ատիկա շատ կարեւոր էր եւ իսկական դրոշմ ձգեց կեանքիս մէջ, որովհետեւ եթէ Ռոպերթ Ամիրխանեանին նման անձ մը կ՛արտօնէ, որ իրեն հետ բեմ բարձրանամ, ինծի համար ատիկա մեծ պատիւ ըլլալու կողքին, նաեւ անոր կողմէ տրուած վկայութիւն մըն է իմ մասիս, ինչ որ ալ ըսաւ. «Տղա՛յ ջան, դուն օր մը արուեստագէտ կրնաս ըլլալ»:

Այդ օրերուն Համազգայինի Շրջանային վարչութեան գործավար էի, այդ պատճառով ալ յաճախ Ռոպերթ Ամիրխանեանին հետ էի: Զրոյցի մը ընթացքին հարցուց, թէ աշխատանքէս բացի` ի՞նչ նախասիրութիւններ ունիմ. ըսի, որ երգիչ եմ: Ուզեց գիտնալ, թէ իր երգերէն ո՛ր մէկը գիտեմ. ըսի` «Հայի աչեր», «Երազ իմ երկիր», «Մնաս բարով, իմ սէր»: Զարմացաւ` մանաւանդ լսելով, որ «Մնաս բարով, իմ սէր»-ը գիտեմ եւ հարցուց եթէ կ՛երգե՞մ իրեն հետ: «Ինծի հետ կ՛երգե՞ս», հարցուց, ո՛չ պատասխանեցի, որովհետեւ կը վախնամ: Միասին բարձրացանք փորձերու սրահ. «Սկսէ՛», ըսաւ. հազիւ սկսած` յանդիմանեց, ցուցմունքներ տուաւ, եւ շարունակեցի: Երգը աւարտեցաւ, Ռոպերթ Ամիրխանեանը ամբողջովին լուռ էր. պահ մը իսկապէս վախ արթնցաւ մէջս, չէի ուզեր հարցում ուղղել: Նայեցաւ ինծի, արցունք կար աչքերուն մէջ, լացած էր: Ներողութիւն խնդրեցի. ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր, չկայ մէկը, որ այսպէս մեկնաբանած է այս երգը, ձայնիդ խրպոտութեան մէջ տարբեր գեղեցկութիւն կայ, երգի թախիծ կայ, «Մնաս բարով, իմ սէրը» իսկապէս մնաս բարովի ամբողջական հնչեղութիւնը ունի: Սիրահարեցայ»:

Ասիկա շատ մեծ վկայութիւն էր ինծի համար, մեծ պատասխանատուութեամբ բեմ բարձրացայ իրեն հետ, երգելէս ետք կրկին գովասանական խօսքեր ըսաւ Ռոպերթ Ամիրխանեանը, ժողովուրդն ալ շատ լաւ ընդունեց կատարումս: Աշխարհը իմս էր այդ վայրկեանին, մեծ փորձառութիւն էր եւ` երազի մը իրականացումը:

«Ա».- Վերջերս հրապարակեցիր «Հոյ նազան» երգի նոր տեսահոլովակ մը:

Յ. Մ.- Շատ մեծ փորձառութիւն էր ասիկա` «Կաթա» պենտին հետ, որուն ծանօթացայ Ռուբէն Սասունցիի ճամբով: Իրեն փափաքս յայտնեցի` արհեստավարժ երգ մը հրապարակելու, հին երգ մը նոր ոճով մեկնաբանելու եւ առաջարկեցի «Հոյ նազան»-ը: Այսպիսով, գացինք Գարեգին Առաքելեանին քով` սթիւտիօ, երգեցի, հաւնեցաւ թէ՛ ձայնս եւ թէ՛ երգի ընտրութիւնս, աշխատեցանք, շատ յաջող արդիւնքի մը հասանք: Ըսեմ, որ Հայաստանի մէջ արուեստագէտները շատ բծախնդիր են, արհեստավարժ, կարելի չէ անոնց հետ սխալիլ, ինչ որ իմ փնտռածս էր: Հոն տեսահոլովակ մը արձանագրեցինք եւ տարածեցինք: https://www.youtube.com/watch?v=rKz-nWQdm8o

«Ա.».- 16 դեկտեմբերին անդրանիկ  մենահամերգով հանդէս կու գաս` տօնական օրերուն նուիրուած:

Յ. Մ.- Համերգին ընթացքին պիտի հնչեն ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան ծանօթ երգեր, սակայն` երաժշտական նոր ու հայկական գործիքաւորումով: Այս առիթով Հայաստանէն հրաւիրուած է տուտուկահար մը, կան նաեւ այլ երաժիշտներ, որոնց հետ եւրոպական ոճով մատուցուած երգերը պիտի հնչեն հայկական ոճով` տուտուկով, բարձրասրինգով (քլարինեթ) եւ հայկական մեկնաբանութեամբ:

Շահ հետապնդող համերգ մը չէ, պարզապէս կ’ուզեմ, որ ժողովուրդը գիտնայ, թէ Ս. Ծնունդը ի՛նչ խորհուրդ կը պարունակէ, Յիսուս ինչո՞ւ ծնաւ: Մեզի համար կարծէք այս տօնը վերածուած է ուրախութեան, կերուխումի, ատիկա իր կարգին, սակայն ինծի համար կարեւոր էր, որ Լիբանանի մէջ, այս քրիստոնէական երկրին մէջ հայերս կնիք մը դնենք յատուկ երաժշտական երեկոյով մը, որուն ընթացքին հնչեն հիմնականօրէն հայերէն երգեր, որոնց բովանդակութիւնը, հնչող բառերը իբրեւ պատգամ փոխանցուին ներկաներուն, յատկապէս` երիտասարդներուն, զիս սիրողներուն: Երգերը բծախնդրօրէն ընտրուած են, մեր գիտցած երգերն են` նոր ու հայկական գործիքաւորումով, տուտուկի ընկերակցութեամբ: Կան նաեւ արաբերէն ու անգլերէն երգեր, սակայն մեծամասնութիւնը հայերէն է: Ձայնի բարձրորակ սարքաւորում պիտի ունենանք, լուսաւորումն ու նուագախումբը` մասնագիտական: Կը կարծեմ, որ շատ լաւ երգացանկ մը պատրաստած ենք, հետաքրքրական նորութիւն մը կը փորձենք բերել, ուստի փափաքս է, որ ժողովուրդը գայ եւ մտիկ ընէ նաեւ այս ոճի երգեր, քիչ մը հեռու` երեկոյեան հաւաքոյթներէ, քիչ մը տօնական խորհուրդով ողողուած:

«Ա.».- Հակառակ երիտասարդ տարիքիդ` հաւանաբար դիմացդ բացուեցան տարբեր հորիզոններ, սակայն կառչեցար եւ կը շարունակես կառչիլ հայ երգին, մերժել այլ կարելիութիւններ  եւ մնալ այս բնագաւառին մէջ, ուր շատ են դժուարութիւնները, եւ ինչ որ զոհողութիւններ կ՛ենթադրէ:  Որքանո՞վ կարեւոր է, որ քեզի նման երիտասարդ մը երիտասարդ սերունդներուն հայ երգը փոխանցէ:

Յ. Մ.- Շատ կարեւոր է ատիկա: Երբ երգելու սկսայ, չէի գիտեր, որ հոս պիտի հասնիմ, սկիզբը ընդհանրապէս նիւթական ակնկալութիւն ալ չունէի, սիրայօժար կ՛երթայինք ամէն տեղ, նոր գործիքաւորումներ կ՛ընէինք հայկականը փոխանցելու նպատակով: Ես սասունցի եմ, հասակ նետած եմ միշտ լսելով այն պատգամը, որ հայկականը պահպանելը առաջնային է, այդպէս դաստիարակուած եմ: Հայրս միշտ կ՛ըսէր, որ պէտք է իմ ձեւով շարունակողը ըլլամ հօրեղբօրս, Հալէպի մէջ ճանչցուած ուսուցիչ, քերականութեան գիրքերու հեղինակ Մկրտիչ Մկրտիչեանի գործին ու առաքելութեան: Ատիկա մէջս բոյն դրած էր, տան մթնոլորտն ալ այդպիսին էր: Հայ երգի մէջ դրսեւորուեցաւ հօրեղբօրս այդ առաքելութիւնը այլ ձեւով շարունակելու հօրս պատգամը, այդ պատճառով ալ նիւթականը ընդհանրապէս ինծի համար կարեւոր չէր, յատկապէս` առաջին փուլին, նոյնիսկ երգելու պատճառով որոշ բաներու մէջ տուժեցի, հիմնականին մէջ ուսումս չկրցայ շարունակել, դժբախտաբար, թէեւ սկսած էի կենսաբանութեան ճիւղին մէջ մասնագիտանալու: Ամբողջովին տարուած էի հայերէն երգելով, կամաւորաբար տարբեր ձեռնարկներու ներկայութիւն ըլլալով:

Երգը մշակոյթի մէջ հիմնական բաղադրիչն է, որուն պահպանման համար շատեր ընելիք ունին` եկեղեցին, մշակութային գործիչները, երաժիշտները եւ այլն, նաեւ մենք` երգիչներս, իւրաքանչիւրը` իր կարելիութեան եւ հասողութեան սահմաններուն մէջ: Կը կարծեմ, որ Լիբանանի մէջ կը փորձեմ այդ մշակոյթին նկատմամբ իմ պարտականութիւնս կատարել, իմ ձեւովս պահպանել հայ երգը: Ատոր մէջ շատ կարեւոր են երգացանկն ու մատուցման ձեւը: Հայերէն երգել չի նշանակեր պահպանել հայ երգը, որովհետեւ կան շատեր, որոնք հայերէն բառերով կ՛երգեն, սակայն շատ հեռու` հայկականէն, աղաւաղուած: Եմ ճիգս է հայկական ոճով երգել` հայերէն երգը, չեմ յաւակնիր ըսելու, որ կատարեալ է իմ կատարածս, մանաւանդ որ երաժշտական ուսում չեմ ստացած նկատի ունենալով, որ մեր երկիրներուն մէջ ժողովրդական-աշուղական երաժշտական դպրոցներ չկան, այս առումով կրթութիւն ունենալու կարելիութիւնները չկան: Մենք մեր լսածը կը փորձենք երգել կարելի եղածին չափ մաքուր կերպով: Երբ կը տեսնեմ, որ երիտասարդներ տարբեր հաւաքոյթներու ընթացքին կը մօտենան եւ «Հոյ նազան» կամ «Արարատը մեր լեռն է» երգերը կը խնդրեն ինձմէ, կամ` սասունցի ըլլալս գիտնալով, «Քելէ լաօ»-ն կ՛ուզեն ունկնդրել, մեծ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կ՛ապրիմ, որովհետեւ նախ իրենց ընտրութիւնը ողջունելի է, յետոյ` իմ մեկնաբանութեամբս կրնամ այդ տղոց ականջները մաքուր հայերէն երգով լեցնել, միշտ` հայկական ոճով, առանց աղաւաղուած խաղերու կամ երաժշտութեան:

Ասոր մէջ մեծ դեր ունին երաժշտութիւնն ու երգի ճիշդ բառեր արտասանելը: Ցաւ ի սիրտ, այսօր երգերուն բառերը բոլորովին փոխուած կը ներկայացուին, եւ այդ պատճառով ալ նոր սերունդներ սխալ երգ կը սորվին: Ես շատ ուշադիր եմ այդ իմաստով, որպէսզի ճիշդը մատուցեմ ու տարածեմ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>