Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան «Վանայ ձայն»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան, մասնաճիւղերու աշխատանքներուն:
Ան դիտել տուաւ, որ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ ԼՕԽ-ի 88-ամեայ աշխատանքներուն հիմքը կը հանդիսանայ կամաւորներուն նուիրական գործը` աւելցնելով, որ միջազգային առումով դժուար թէ կարելի ըլլայ գտնել այս տարողութիւնը ունեցող կնոջական կազմակերպութիւն մը, որուն բոլոր անդամները կամաւորաբար կը գործեն:
ԼՕԽ-ը ունի 4000 հաշուող կամաւորներու հսկայ բանակ մը` տարածուած 26 մասնաճիւղերու եւ 14 յանձնախումբերու վրայ, որոնց նպատակն է հասնիլ բոլորին, ըլլալ նեցուկ եւ ապաւէն, ձեռք երկարել աշակերտին, ծերին, այրիին, կարիքաւորին, հիւանդին, նաեւ տէր կանգնիլ ազգային եւ մշակութային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն:
Կամաւոր ծառայութիւնը ամէնէն վեհ եւ ազնիւ աշխատանքն է, որուն մէջ անձ մը իր նուիրումով հոգեկան բաւարարութիւն կը ստանայ:
Ս. Սապունճեան յայտնեց, որ ԼՕԽ-ի աշխատանքային ծիրը բաւական ընդարձակ եւ ճիւղաւորուած է` մանուկէն մինչեւ ծերունին, թիրախ ունենալով բոլորը եւ համապատասխան ծառայութիւններ մատուցելով բոլորին: Խօսելով մանուկներուն մասին` ան յիշեց Կազդուրման կայանի ծրագիրը, որ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կեդրոնին մէջ: ԼՕԽ-ի «Ն. Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի (Արագած շրջան), ծրագիրը, ուր ամրան ու ձմրան մանուկներ ու պատանիներ կը յաճախեն` պատասխանատուներու եւ օգնականներու հսկողութեան տակ: Մանուկները նաեւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մանուկներու օրուան տօնակատարութիւններու եւ Նոր տարուան նախաձեռնութիւններու:
«Այս մանուկները ԼՕԽ-ի հոգատարութեան տակ եղող երեխաներն են, որոնք յառաջիկային պիտի դառնան միութեան ապագայ սերունդը», հաստատեց ան:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետը խօսեցաւ նաեւ «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» եւ «Եոլանտ Ճոմպալաքեան-Քերոբեան» խոհանոցին մասին, որ շաբաթը երկու անգամ ճաշ կը հայթայթէ 200 պարագաներու: Անոնց համար կը կազմակերպուին Նոր տարուան ձեռնարկներ եւ պտոյտներ: Այս տարեշրջանին առաջին անգամ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը նշեց «Տարեցներու միջազգային օր»-ը, 1 հոկտեմբեր 2018-ին:
«ԼՕԽ-ը ունի ձեռարուեստի կեդրոնը, որ կը կազմակերպէ տարեկան ցուցահանդէս, ուր կը ներկայացուին եւ կը վաճառուին հայկական արուեստի եւ մշակոյթի ամէնէն իւրայատուկ, նուրբ եւ գեղեցիկ ստեղծագործութիւնները», յայտնեց ան:
Սիլվա Սապունճեան տեղեկացուց, որ Քարոզչական յանձնախումբը կը պատրաստէ գրութիւններ, թերթիկներ, ուր մեր տօնական աւանդութիւններուն իմաստը կը բնորոշուին, կը պատրաստէ ԼՕԽ-ի տարեկան օրացոյցը, կամաւորներու եւ մանուկներու օրուան ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ հանգանակութիւն: Քարոզչական աշխատանք կը տարուի մամուլով եւ ձայնասփիւռով:
Քարոզչական նպատակով, ԼՕԽ-ը ունի իր կայքէջը ու Դիմատետրը, մամուլին մէջ ունի իր էջը եւ ձայնասփիւռի յայտագիրը:
Հանգանակութիւնը միութեան ամէնէն ծանօթ նախաձեռնութիւններէն մէկն է: «Այդ օրը կ՛ակնկալենք, որ ժողովուրդի զաւակները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեն իրենց մասնակցութեամբ, մեզի օգնեն այս ծանր պարտականութիւնը կատարելու համար: Այս մէկը ո՛չ միայն նիւթական օգնութիւն է, այլ բարոյական գոհունակութիւն, որովհետեւ կը փաստէ, որ ժողովուրդը մեր կողքին է, նոյնիսկ իր ամէնէն քիչը տալով շատ բան տուած կ՛ըլլայ», դիտել տուաւ Սապունճեան:
Կրթանպաստի յանձնախումբի գործունէութեան մասին ան ըսաւ, որ միութիւնը կը միտի իրեն դիմող դպրոցականներուն եւ համալսարանականներուն օգտակար դառնալ` միշտ կապ հաստատելով հայկական վարժարաններու տնօրէններուն հետ: Յանձնախումբը կը սերտէ իւրաքանչիւր դիմողի պարագան, ապա ցանկը կը փոխանցէ Շրջանային վարչութեան, որ քննարկումներէ ետք կը վաւերացնէ: Ապա ցանկը կը ղրկուի տնօրէններուն, եւ ԼՕԽ-ի նիւթական յատկացումը վարժարաններուն կատարուին:
Ատենապետը բացատրեց, որ առողջապահական յանձնախումբը կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ, որոնց ընդմէջէն նախազգուշական արշաւ կը տարուի եւ տարբեր տեսակի գիտելիքներ կը փոխանցուին: ԼՕԽ-ը կը մասնակցի առողջապահութեան նախարարութեան կազմակերպած բոլոր արշաւներուն, կը հրատարակուին առողջապահական նիւթերու մասին թերթիկներ եւ գրքոյկներ:
ԼՕԽ-ը «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մասին խօսելով` Սապունճեան դիտել տուաւ, որ անիկա օրական դրութեամբ կ՛ընդունի 200-280 պարագայ` հայ թէ տեղացի կամ օտար:
«Տրամադրուած գործունէութիւնն ու ծառայութիւնները ԼՕԽ-ի հիմնական եւ կարեւորագոյն աշխատանքներէն կը նկատուի: Կարելի է ըսել, որ կեդրոնը գաղութին ամէնէն գործունեայ հաստատութիւններէն մէկն է, հոն կ՛աշխատին 28 պաշտօնեաներ` տնօրէնին հսկողութեան տակ: Պէտք է ըսել, որ կեդրոնը տարիներէ ի վեր հայորդիներու եւ տեղացիներու բժշկական կարիքները հոգացած է չնչին գումարներով: Սուրիոյ պատերազմին մեծաթիւ սուրիացիներ հաստատուեցան Լիբանան, բայց եւ այնպէս մեր կարելին կ՛ընենք առաւելագոյն չափով հոգալու բոլորին կարիքները: Կեդրոնին մէջ ունինք մօտաւորապէս 48 բժիշկներ, որոնք կը գործեն կիսաժամ եւ լիաժամ դրութեամբ` տարբեր մասնագիտութիւններով, կայ դեղարան, կայ շտապ օգնութեան բաժանմունք, կայ նախազգուշական եւ հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի գրասենեակ, որուն հիմնական առաքելութիւնը ծանր հիւանդութեանց առաջքը առնելու մղելն է: Ունինք նաեւ 2 դարմանատուներ, մէկը Այնճարի մէջ` «Ֆիլհաննէսեան» դարմանատուն, իսկ միւսը Էշրեֆիէի մէջ` «Միհրան Տէր Մելքոնեան» դարմանատուն»:
Ըստ անոր, կարեւոր աշխատանք կը տանի նաեւ կեդրոնի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը, ուր դիմողներուն թիւը բաւական մեծ է: Վերջերս ԼՕԽ-ին միացաւ «Հորիզոն» թմրամոլութեան գրասենեակը, որ ունի իր հաթլայնը, որուն միջոցով օժանդակութիւն կը տրամադրուի պարագաներու:
Զրոյցի վերջին բաժինով անդրադարձ կատարուեցաւ ԼՕԽ-ը երիտասարդացնելու աշխատանքին: «ՀՕՄ-ի Համահայկական ժողովներուն թէ ԼՕԽ-ի պատգամաւորական ժողովներուն, կը հնչեն շարքերը երիտասարդացնելու վերաբերող մտահոգութիւններ: Այդ մէկը մեր վրայ պարտականութիւն դրուած է իբրեւ որոշում, բայց կը հաւատանք ասիկա մէկ օրէն միւսը չ՛իրականանար, այլ փուլ առ փուլ եւ որոշ ճիգ կ՛ենթադրէ: Մենք սկսանք եւ նորեկներ ընդունեցինք մեր կազմերուն մէջ: Ինչպէս գիտէք, որ երիտասարդի մը կողմէ բերուած նորութիւնը աւելի արդիական կը դարձնէ մեր գործունէութիւնը:
«Հաստատեմ նաեւ, որ մեր երէց անդամները, իրենց օժանդակութիւնը ամէն օր, ամէն վայրկեան ի սպաս կը դնեն մեր գործունէութեան յաջողութեան: Առ այդ, Շրջանային վարչութիւնը ամբողջ սրտով կը գնահատէ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, յանձնախումբերուն, պաշտօնեաներուն աշխատանքը: Հպարտ ենք, որ բոլորը միասնաբար ամուր կը պահեն ԼՕԽ-ի հանդէպ իրենց խոստումը:
Կը գնահատենք ԼՕԽ-ի բարերարները, բարեկամները, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ գաղութը, որ միութեան կողքին կը մնայ միշտ, կը հաւատայ նուիրական աշխատանքին, կը քաջալերէ եւ կը հետեւի «Ժողովուրդէն ժողովուրդին համար» նշանաբանին գործող միութեան»: