Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Հարցազրոյց` «Վտանգաւոր` Բայց Կայուն…» Ներկայացումին Նախօրեակին

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Լիբանանահայ թատրոնը բեմ կը բարձրանայ երկար բացակայութենէ ետք: «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը յառաջիկայ շաբաթ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ իր «Վտանգաւոր, բայց կայուն…» զաւեշտը պիտի ներկայացնէ երկու ելոյթով` 19-20 նոյեմբերին: Մթնոլորտին, աշխատանքին եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մօտէն ծանօթանալու համար «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի եւ թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Երկար բացակայութենէ ետք, յառաջիկայ օրերուն «Գասպար Իփէկեան»-ը կրկին բեմի վրայ պիտի տեսնենք. այդ բացակայութեան պատճառները բոլորիս համար պարզ են այլեւս, բայց ինչո՞ւ կրկին վերադառնալ ա՛յս օրերուն յատկապէս, ի՞նչը մղեց ձեզ, եւ մասնաւորաբար ինչո՞ւ վերադարձը ա՛յս տեսակի գործով` կատակերգական ու զաւեշտային ոճով:

ՄԱՐՏԻԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Ամբողջ երկու-երեք տարուան տագնապի մը արտայայտութիւնն է այս մէկը: Այս տագնապին մէջ ըլլալը մեզի համար վերջերս յայտնուած նորութիւն մը չէ: Մենք անցանք շրջանէ մը, երբ ճիգ թափեցինք այս կամ այն ձեւով արտադրելու, եւ այդ ճիգը լոկ մերը չէր, այլ` համաշխարհային, մանաւանդ` «Քորոնա»-ի համաճարակին բերումով: Մեր պարագային, այս բոլորին վրայ աւելցաւ նաեւ նիւթական տագնապն ու ընկերային կեանքի տարաբնոյթ փոփոխութիւնը: Այդ մթնոլորտին մէջ մենք չդադրեցանք գործելու համար տագնապելէ: Ինչպէ՞ս պէտք էր ներկայացնել թատրոնը, որո՞ւ, ո՞վ է մեր թիրախը այսօր եւ ո՞վ թատրոնով կը հետաքրքրուի:

Անցեալ եւ անոր նախորդող տարին զանազան արուեստագէտներ, երաժիշտներ եւ այլ անձինք առցանց տարբերակով կրցան ելոյթ ունենալ եւ տարածել իրենց գործը: Մենք ալ այդ փորձառութիւնը ունեցանք, սակայն որքան ալ փորձենք թատրոնը ներկայացնելու այլ տարբերակներ գտնել, ան պէտք ունի բեմին, հանդիսատեսին ու դերակատարներուն անմիջական փոխազդեցութեան: Ներկայ արհեստագիտութիւնը այդ խնդիրը չի կրնար լուծել:

Ինչո՞ւ այսօր. որովհետեւ երկար շրջանի աշխատանքէ, քննարկումներէ ու փորձերէ ետք, վերջապէս կրցանք յանգիլ համաձայնութեան` որպէս վարչութիւն, բեմադրիչ եւ դերասաններ, թատրերգութեան մը, որ համոզիչ էր բոլորիս համար: Ներկայիս տեղական թատրոնի աշխուժացումն ալ թերեւս իր որոշ ազդեցութիւնը ունեցաւ` առաւել եւս մեզ քաջալերելու:

Այսօրուան մարդը դարձած է «տնային մարդ» մը` ինքնամփոփ, որ շատ քիչ փափաք կ՛ունենայ տունէն դուրս գալու, կը նախընտրէ մնալ իր աշխարհին մէջ: Ասիկա եւս դժուարութիւն մըն էր մեր թատրերգութեան ձեւն ու տեսակը ընտրելու համար, թէ ինչպէ՞ս պէտք էր բերել ժողովուրդը թատրոն: Շուրջ չորս ամիս է արդէն կ՛աշխատինք այս թատրերգութեան վրայ:

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ.- Իւրաքանչիւր թատրերգութեան ընտրութեան ժամանակ «քաշքշուք» մը տեղի կ՛ունենայ, կողմերը յաճախ տարակարծիք կը գտնուին: Այս անգամ համաձայն էի սակայն, որ մարդկային ուղեղի համար ծանր թատրերգութիւն մը պէտք չէ ըլլայ մեր այս առաջին ներկայացումը, որովհետեւ մեքենան երկար ժամանակ է արդէն կանգ առած է: Հետեւաբար մթնոլորտ մը ստեղծելու եւ թատրոնը վերստին աշխուժացնելու համար պէտք էր ոչ բարդ ներկայացում մը ըլլար մերը:

Ունէի թատրերգութիւններու այլ տարբերակներ, համոզուած էի անոնց, սակայն պահ մը մտածելէ ետք ընդունեցի այն գաղափարը, որ պէտք է ընտրենք թատրերգութիւն մը, որ դիւրամարս ըլլայ թէ՛ դերասաններուն եւ թէ՛ մեզի համար` իբրեւ կազմակերպողներ:

«Ա.».- Երկու-երեք տարուան բացակայութենէ ետք այսօր ի՞նչ փոխուած է: Յստակ է, որ շատեր ճամբորդեցին, բայց բացեր կա՞ն արդեօք անոնց մեկնումով, կամ ընդհանրապէս` պարագաներու բերումով: Այդ բացերը գոցելու համար ինչպիսի՞ միջոցներու դիմեցիք: Թատերական աշխատանքը քուլիսներու ետին ու բեմին վրայ ո՛չ միայն մարդուժի կարիք ունի, այլ նաեւ նիւթականի լուրջ պահանջ` սկսած բեմի զարդարանք-յարդարանքէն մինչեւ թատրոնի բեմականացումը իր սարքերով ու հարազատ միջավայրով: Այս օրերուն, այս բոլորին շրջագիծին մէջ թատերախումբը ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:

Մ.Տ.-Առաջին փորձն է: Այդ դժուարութիւններէն մեծագոյնը կը գոյանայ անձին մէ՛ջ` ըլլայ բեմադրիչին, դերասանին, կամ կազմակերպող-համակարգողին: Մանաւա՛նդ բեմադրիչը, երբ չունի այն կիրքն ու մղումը արտադրելու, ամենապարզ գործէն մինչեւ ամենաբարդ գործին մէջ գոյացող այն գեղարուեստական բաժինը ներկայացնելու դժուարութիւն կ՛ունենայ: Չի բաւեր սակայն այդ մէկը ունենալը, այլ պէտք է տարածել եւ վարակիչ դարձնել զայն թատերական կազմին:

Դժուարութիւններէն մէկը նաեւ անշուշտ նիւթականն էր, անոնցմէ ամէնէն պարզը` տոմսերու գինը. որքա՞ն պէտք է ճշդել սակը, որ յարմար ըլլայ եւ արդար: Ամէնէն փորձառու մարդոց կողմէ տրամադրութեան եւ խանդավառութեան պակասը այլ դժուարութիւն մըն է:

Առաջին փորձը ըլլալով` տեսնենք, թէ ան ժողովուրդին մօտ որքանո՞վ ընդունելութիւն պիտի գտնէ, որովհետեւ հանդիսատես գալու-չգալու խնդիրը այլ խնդիր է: Անկախ հին ու դասական հանդիսատեսի տիպարէն` այսօր կայ նաեւ նոր, այլ վիճակ մը ու նոր կերպար մը: Կան մարդիկ, որոնք թատրոն սիրող են, բայց չունին այդ տրամադրութիւնն ու խանդավառութիւնը, որովհետեւ ձեւով մը վարժուեցան տեղ մը չերթալու: Արդեօք զանոնք հրաւիրելն ու անհատաբար դիմելը կրնա՞յ կրկին ներգրաւել զանոնք հանդիսատեսներու շարքերուն մէջ: Այդ գործը մենք տարինք եւ պիտի տեսնենք արդիւնքը յառաջիկայ օրերուն:

Մարդկային կեանքին մէջ կան բաներ, որոնք գործելէ կամ ընելէ ետք է, որ կը տրամաբանենք, թէ պէտք ունէինք ատոր: Յաճախ առօրեայ կեանքով տարուելով` կ՛անտեսենք զանոնք, բայց իրականութեան մէջ նոյնքան ալ կարեւոր են անոնք: Շատ պատահած է, որ մարդիկ ներկայացումներու աւարտին մօտեցած ու ըսած են. «Լա՛ւ որ եկանք», կամ` «Լա՛ւ որ ըսիք ու մղեցիք, թէ ոչ պիտի չգայինք: Մեր տրամադրութիւնը փոխուեցաւ»: Սակայն այս մէկը մինակը բաւարար չէ եւ բաւարարութիւն չի տար, որ խումբը գործէ կայուն ձեւով. այնպէս որ, ձեռքի մէկ շարժումով մեզի համար կարելի ըլլայ հարիւրաւոր կամ հազարաւոր հանդիսատես համախմբել սրահներու մէջ` թերթի կամ Դիմատետրի վրայ յայտարարութիւն մը տեղադրելով:

Ամէն ներկայացումի մենք` բեմադրիչ, դերակատարներ եւ միութենականներ, կը տեսնենք սրահին մէջ 350-400 հոգի կայ: Կը նայիմ թուղթերուն` տեսնելու համար, թէ անոնցմէ որքա՛նը ինքնակամ եկած ու պարզապէս կիշէէն գնած է իր տոմսերը, եւ որքա՛նը անհատական ճիգերով եկած է թատրոն: Կարեւոր է հանդիսատեսին ինքնաբուխ ներկայանալը: Անկեղծօրէն այսօր այդ տրամադրութիւնը չեմ կրնար շօշափել մինչեւ ներկայացումը: Մէկը, տան առօրեայէն ձանձրացած, ամէն ինչ մէկ կողմ դնէ ու որոշէ ներկայ գտնուիլ գեղարուեստական յայտագիրի մը` ըլլայ այդ մէկը «լաւ» կամ «վատ»:

«Ա.».-  Արդեօ՞ք յստակ ծրագիր մը կայ ձեր մտքին մէջ թատրոնի մերօրեայ դժուարութիւնները յաղթահարելու, սակայն այդ մէկը միայն նիւթական միջոցներու կը կարօտի:

Յ.Տ.Ղ.- Նիւթականով գեղարուեստական գետնի վրայ բազմաթիւ բարելաւումներ կրնան տեղի ունենալ: Ես կը հաւատամ անոր, որովհետեւ դերասանները ունակութիւնն ու պատրաստակամութիւնը ունին յառաջ երթալու եւ զարգանալու, սակայն հանդիսատեսին պարագային` չեմ գիտեր, որովհետեւ քիչ մը տարօրինակ է: Ես չեմ հասկնար այն հանդիսատեսը, որ ներկայիս որոշ տարիք մը ունի, եւ անցեալին` 70-80-ական թուականներուն, երեխայ մը ըլլալով, իր ծնողքին հետ միշտ թատրոններու կը ներկայանար: 60-ական թուականներուն, երբ «Գասպար Իփէկեան»-ը թատրոն կ՛ունենար, սրահը ծայրէ ծայր կը լեցուէր ժողովուրդով, եւ այստեղ խօսքը «Յ. Տէր Մելքոնեան» սրահին մասին չէ, այլ` Պէյրութի «Կրանտ թէաթր»-ին մասին: Ոմանք գաղթեցին, այո՛, ճիշդ է, սակայն կայ բաժին մը, որ տակաւին հոս է եւ ունի աւանդութիւն մը, կամ սովորութիւն մը, սերունդէ սերունդ փոխանցելու պարտականութիւնը:

Աւելի՛ն` կը կարծեմ, թէ արուեստն է այլեւս, որ չի հետաքրքրեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը:

Մ.Տ.- Սակայն մենք այսօր կը խօսինք 50 տարի առաջուան շրջանի մը մասին, երբ տակաւին չկային «Նեթֆլիքս»-ը եւ համացանցի աշխարհը` տան մէջ մատչելի ու հասանելի այլազանութեամբ: Դիտորդը այնտեղ պիտի տեսնէ ժապաւէններ, որոնք լաւ ձեւով պատրաստուած ու ներկայացուած են` միլիառներ արժող պիւտճէով, բացառիկ դերասաններով եւ արհեստագիտութեամբ: Կան նաեւ այս խնդիրները, զորս բոլորս գիտենք: 60-ական թուականներուն հազիւ թէ տուներու մէջ հեռատեսիլներ կը տեսնէինք, ուստի ժողովուրդը կը դիմէր թերթին ու թատրոնին:

Յ.Տ.Ղ.- Սակայն ո՛չ երաժշտութիւնը կրնայ սինեման փոխարինել, ո՛չ ալ սինեման` թատրոնը, այլ իւրաքանչիւրը իր տեղը ունի:

Մ.Տ.- Իսկ գալով հարցումին մէջ նշուած «յատուկ ծրագիր»-ին, անկեղծօրէն այս խնդիրը երկար ժամանակ դարձած է մեր մտահոգութիւնը եւ յաճախ քննարկած ենք զայն: Վերջին տարիներու ամուլ շրջանէն եւ այս մեկնարկէն ետք սկսած ենք լրջօրէն մտածել որդեգրելու լուրջ ու համապարփակ ծրագիր մը, որ կարգ մը հարցերու լուծում կրնայ բերել:

Անձնապէս լիբանանեան թատրոնին այնքան ալ մօտ չեմ, սակայն հետաքրքրուած եմ հայաստանեան թատրոնով` ըլլայ Դիմատետրի վրայ, կամ ուղղակի այնտեղ ներկայ գտնուելով ներկայացումներու եւ կապեր հաստատելով ու գործակցելով վաստակաւոր տարբեր դէմքերու հետ` ըլլան անոնք արուեստագէտներ, բեմադրիչներ կամ դերասաններ: Լիբանանահայ եւ հայաստանեան թատերական պայմաններուն ալ լաւապէս ծանօթ եմ ու մօտէն կը հետեւիմ եւ կը կարծեմ, թէ Լիբանանի այս պայմաններուն մէջ, երբ սկսի գաղափարը կամաց-կամաց բիւրեղանալ ու որոշ տեղ գտնել, անպայման խորհրդակցութիւններ տեղի պիտի ունենան բեմադրիչներու, դերասաններու` ըլլայ լիբանանահայ թատրոնի, կամ լիբանանեան թատերական այլ շրջանակներու հետ` որոշ ուղղութիւն մը որդեգրելու եւ այդ մէկը զարգացնելու համար:

Երկրին պայմանները բոլորիս ծանօթ են, եւ այս վիճակը երկրին մէջ կրնայ տարիներ տեւել: Եւ եթէ մենք կ՛ուզենք այստեղ հաւաքական կազմակերպ կեանք մը ապրիլ, այնտեղ պէտք է գործէ իւրաքանչիւր մարզ, որդեգրելով իրեն համար ամենայարմար ուղին` ժամանակակից ու հարազատ ձեւով ներկայանալու համար հանրութեան:

Մենք անպայմանօրէն պէտք է հաշուեյարդար կատարենք մեր անցեալի գործունէութեան` իրատես եւ ոչ զգացական ձեւով, տեսնենք, թէ ի՛նչ ըրած ենք, ո՛ւր ենք այսօր, եւ ո՛ւր պէտք է երթանք:

Արդեօ՞ք նիւթականն է միակ խնդիրը. Երբեմն այո՛, երբեմն` ո՛չ:

Այսօր հաւանաբար կան տեղական ու միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք կ՛օժանդակեն մշակոյթի տարբեր տեսակի մարզերու ձեռնարկումները. արդեօ՞ք մենք օր մը դիմեցինք անոնց` ծրագիրով մը:

Այս աշխատանքը կամք ու համոզում կը պահանջէ, որովհետեւ ազգային կեանքի մէջ աշխատողներս սիրողական աշխատանք կը տանինք: Օրինակի համար, բեմադրիչին համար «Գասպար Իփէկեան»-ի մէջ ստանձնած իր պաշտօնը ասպարէզ ըլլալէ աւելի առաքելութիւն մըն է, իսկ անկէ դուրս իր տարած աշխատանքը գործ է եւ ասպարէզ: Այս բոլորը պէտք է վերատեսութեան ենթարկել, եթէ մենք կ՛ուզենք որակով լաւ եւ ժամանակակից թատերախումբ մը ունենալ:

Պէտք է աշխատինք այնպէս, որ հոսք մը տեղի ունենայ դէպի թատերական կեանք, ըլլայ այն դիմորդը արուեստագէտ, կամ հանդիսատես, եւ ոչ թէ միշտ համոզելով ու քաջալերելով ներգրաւել զանոնք մշակոյթի այս տեսակին մէջ:

«Ա.».- Այսօր ինչո՞ւ իրերայաջորդ տասը ելոյթներով արաբերէնով թատրոն մը կրնայ լեցնել սրահը ծայրէ ծայր, բայց մենք կը դժուարանանք հայերէնով թատրերգութեամբ մը սրահը երկու օր լեցնելու, եթէ կրնանք ըսել այս պարագային: Արդեօ՞ք լեզուն ալ իր դերակատարութիւնը ունի, արդեօ՞ք հաճելի չեն կամ դժուարամարս են այսօր հանդիսատեսին համար հայերէնով թատրերգութիւնները:

Յ.Տ.Ղ.- Սկսած էի փորձ մը, որ դժբախտաբար չկրցանք շարունակել: Փորձը շատ յաջող էր:

Ժամանակն է հայկական թատրոնը հրամցնելու ու ներկայացնելու ոչ հայ հանրութեան: Մեր դերասանները ատակ են նաեւ խաղալու արաբերէնով, եւ եթէ մեր թատրոնը պիտի գոյատեւէ ու փորձէ ապրիլ, միայն հայ հանդիսատեսով չի կրնար այդ մէկը ընել Լիբանանի մէջ, այլ պէտք է անպայման ոչ հայ հանդիսատեսին ալ ներկայանայ: «Մա թըարպի ալայի մատամ» գործն էր մեր առաջին ներկայացումը, որուն հեղինակը հայ մըն էր, եւ մենք անոր գործը թարգմանած էինք արաբերէնի: Շատ լաւ արձագանգ ձգեց օրին արաբ հանրութեան մօտ: Այդ մէկը ներկայացուցինք քանիցս «Մասրահ մատինա»-էն եւ «Յ. Տէր Մելքոնեան»-էն ներս:

Արաբական շրջանակը հետաքրքրուած է մեզմով, եւ ես կը կարծեմ, որ ներկայիս եթէ դրական ներդրում մը պիտի ըլլայ մեր լիբանանահայ թատրոնին, այդ մէկը կրնայ ըլլալ լիբանանի հանրութեան բացուելով եւ ժողովուդը ներգրաւելով` թատրերգութիւնները արաբերէնով ներկայացնելով:

Հայկական թատրոնը, մշակոյթն ու արժէքները արաբերէնով նաեւ պէտք է տարածել ժողովուրդին մէջ:

«Ա.».- Դերասաններու ընտրութեան դժուարութիւններ կայի՞ն, Համազգայինի թատերական դպրոցը դեր մը ունեցա՞ւ այս առումով, կրցա՞ւ դերասաններու նոր սերունդ մը հասցնել:

Մ.Տ.- Վերջին տարիներուն չունեցանք, սակայն վերջին տասնամեակին պատրաստուած բոլոր լիբանանահայ դերասանները անցած են «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբի դպրոցէն: Անոնցմէ շատեր երկրէն դուրս են այսօր, սակայն կան ուրիշներ, որոնք հոս են ու կը գործեն մեզի հետ:

Յ.Տ.Ղ.- Ոչ միայն ներկայ անդամները, այլ նաեւ երկրէն հեռացածները ցայսօր մեզի սատար կը կանգնին ու կ՛օժանդակեն:

Այսօր ունինք նաեւ երեք նոր դերասաններ, որոնք «Արեգ» թատերախումբէն չեն եկած, բայց իրենց մէջ դերասանութեան շնորհք ու ձիրք մը կարելի եղաւ շօշափել: Կարելի է ըսել, որ «Արեգ»-էն մեզի հասած ամենավերջին, ամենակրտսեր դերասանուհին այսօր մեր թատրերգութեան դերասաններու կազմին մէջ կը գտնուի:

«Ա.».- Ի՞նչ են ձեր ակնկալութիւնները այս ձեռնարկէն: Հանդիսատեսը ինչո՞ւ պէտք է գայ եւ ի՞նչ կրնայ տանիլ իրեն հետ տուն:

Յ.Տ.Ղ- Կը սպասեմ, որ գայ, դիտէ, ըսէ իր ըսելիքը` ըլլայ այդ մէկը լաւ, կամ վատ, միաժամանակ նկատի առած, որ երեք տարի բացակայութենէ ետք է, որ այս մեքենան սկսած է գործել: Կան նոր դէմքեր, որոնք առաջին անգամն է, որ բեմ կը բարձրանան այս խումբին հետ: Կան ուրիշներ, որոնք թերեւս իրենց առաջին փորձառութիւնն է բեմին վրայ` որպէս դերակատար: Անոնք նոր կը շաղուին ու կը յարաբերին խումբին հետ:

Հանդիսատեսը թող չկարծէ, թէ իր դիտելիքը գլուխ-գործոց մը պիտի ըլլայ: Կոթողական գործ մը չէ այս մէկը, այլ նման է փորձաշրջանի:

Կարելի է վիճակը պատկերացնել` նմանցնելով զայն այն մարզիկին, որ ըլլալով տարիներու ախոյեան, ինքնաշարժի արկածի մը զոհը ըլլալով` ոտքը կը կոտրէ: Բուժուելէն ու պէտք եղած հանգիստը առնելէն ետք, սովորաբար պէտք չէ ակնկալել, որ այդ նոյն մարզիկը ունենայ նոյն այդ ուժն ու կորովը եւ առաջին մրցումէն իսկ վերադառնայ ախոյանութեան:

Մեկնարկ մըն է այս մէկը:

«Ա.».- Թէեւ աճապարած կրնանք ըլլալ այս հարցումով, բայց հանդիսատեսը այսօր գիտէ, որ նոյեմբեր 19-20-ին «Գասպար Իփէկեան»-ը ելոյթ ունի, սակայն խօսք կա՞յ արդեօք երկրորդ թատրերգութեան մը մասին, թէ տակաւին կանուխ է այդ մասին խօսիլը:

Յ.Տ.Ղ.- Միտքս մեծ աշխատանք ենթադրող գործ մը կայ, եւ ես այդ առաջարկը վարչութեան ներկայացուցի, սակայն այդ գործը յաջողցնելու համար մենք պէտք ունինք հանդիսատեսի քաջալերանքին ու վստահութեան: Ա՛յն հանդիսատեսին, որ կը ներկայանայ ու երկրորդ գործի սպասումի իր ծարաւը կը յայտնէ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>