Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

«Ապագան Լուսաւոր Կը Տեսնեմ» «Ազդակ»-ին Հաստատեց Սուրիական-Հայաստանեան Գործարար Խորհուրդի Նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեան

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

2009 թուականին հիմնուած Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդը Սուրիոյ պատերազմին պատճառով որոշ ակամայ դադարէ ետք արդէն իսկ աշխուժ կերպով վերսկսաւ իր գործունէութեան:

Վերջերս խորհուրդին նախաձեռնութեամբ այցելութիւն տրուեցաւ Հայաստան, ուր տեղի ունեցան տարբեր հանդիպումներ:

Այս բոլորին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու համար «Ազդակ» զրուցեց Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Նախքան սուրիական պատերազմը` շատ աշխուժ կերպով կը գործէր Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդը. նախ ընդհանուր ակնարկով մը մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք այդ կառոյցի ստեղծման մասին:

ԼԵՒՈՆ ԶԱՔԻ ԵՏԱԼԵԱՆ.- Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդը նշանակուեցաւ 2009-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի Հայաստան այցելութեան օրերուն: Այդ այցելութեան Սուրիոյ նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէի: Սուրիոյ եւ Հայաստանի նախագահները որոշեցին, յառաջացնել այս խորհուրդը, որ հետաքրքրական է երկու կողմերուն համար: Խորհուրդին նախագահը եւ փոխնախագահը նշանակուեցան Սուրիոյ վարչապետին կողմէ, իսկ տնօրէն անդամներ ունեցանք կառավարման խորհուրդի ընտրութեամբ:

2009-էն մեծ թափով սկսանք աշխատանքի ու յարատեւեցինք` ունենալով շատ բարձր մակարդակի հանդիպում: Տարին մէկ անգամ ժողով կը գումարուէր Սուրիոյ մէջ, այդ առիթով Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը եւ նախարարներ կու գային: Դարձեալ յաջողեցանք Սուրիոյ մէջ իրականացնել երեք ցուցահանդէս` Հալէպ, Լաթաքիա, Դամասկոս, ուր ներկայացուցինք հայաստանեան արտադրութիւնները, իսկ Հայաստանի մէջ կազմակերպեցինք ցուցահանդէս մը, որուն մասնակցեցաւ 54 ընկերութիւն, եւ որուն ընթացքին ներկայացուցինք սուրիական արտադրութիւնները, եւ ցուցահանդէսը եզրափակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ:

Բաւական օրէնքներ վերատեսութեան ենթարկեցինք` մտածելով, որ կրնանք աւելի օգտուիլ անոնցմէ, նաեւ 64 տարբեր-տարբեր համաձայնութիւններ ստորագրուեցան Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ:

Այդ օրերուն միայն մէկ դժուարութիւն կար, այդ ալ Թուրքիան էր, որ կը գտնուի երկու երկիրներու սահմաններուն վրայ` սուրիական եւ հայաստանեան: Այդ դժուարութիւնը յաջողեցանք դիւրաւ փարատել Վրաստանի ճամբով: Արտադրութիւնները Լաթաքիոյ նաւահանգիստէն փոխադրեցինք Վրաստան, այնուհետեւ` Հայաստան:

Բայց կ՛ուզեմ շեշտել, որ մեր նպատակը իրականութեան մէջ այն չէր, որ քանի բեռնարկով ապրանք ներածեցինք Հայաստանէն կամ արտածեցինք Հայաստան, որովհետեւ մեծ շահ մը պիտի չներկայացնէր Սուրիոյ համար: Աւելի շահաւէտը մեզի համար, սուրիահայութեան համար է խօսքս, այն է, որ սուրիահպատակ բոլոր սուրիացիները զգան, որ հայ ազգը ծառէն չէ կախուած, այսինքն իր ետին պետութիւն կայ: Երբ ժողովներ, ցուցահանդէսներ, հանդիպումներ, համաժողովներ կ՛ըլլային, կու գային եւ կը զարմանային, որ այսքան զարգացում կայ Հայաստան: Հետեւաբար քարոզչական բաժինը աւելի կարեւոր էր, քան` նիւթականը, նաեւ` թէ ի՛նչ ձեւով կարելի է օգնել իրարու, որովհետեւ երկուքն ալ կարողութիւն ունէին, երկուքին ալ ապրանքները յայտնի էին, թէ ի՛նչ կրնան արտադրել, եւ մանաւանդ յայտնի էին, թէ ուրկէ՛ կու գան անոնք: Ինչ որ Հայաստանը կրնար Չինաստանէն բերել, մենք ալ կրնայինք բերել, մեծ հարց մը չէր այդ բաժինը: Յատկապէս քարոզչական մասն էր մեր ուշադրութեան առանցքը:

Այս նորակազմ մարմինը կոչուեցաւ Գործարար խորհուրդ եւ ոչ` գործարարներու խորհուրդ, որովհետեւ գործարարը միայն վաճառականը կամ ապրանք ներածողը չէ, գործարարը այն անձն է, որ բան մը կը ներկայացնէ իր երկրին մէջ, ան որ արհեստաւոր է, գործարար է,  խորհուրդի անդամ կրնայ ըլլալ: Ունինք անդամներ` բժիշկ, փաստաբան, երկրաչափ… բոլորը մաս կը կազմեն այս խորհուրդին, որովհետեւ ասոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ասպարէզին բերումով կրնայ ներդրում ունենալ երկրին զարգացման ու յառաջացման:

«Ա.».- Պատերազմի ընթացքին ամբողջովին կա՞նգ առաւ այդ խորհուրդին աշխատանքը: Ե՞րբ վերսկսաւ գործել եւ վերակենդանանալ:

Լ.Զ.Ե.- Սուրիոյ պատերազմը բնականաբար որոշ ազդեցութիւն ունեցաւ աշխատանքին վրայ, հակառակ անոր որ մեր հանդիպումները չդադրեցան: Բայց Սուրիոյ պատերազմը աւելի փաստեց, թէ որքա՛ն զօրաւոր է յարաբերութիւնը Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ: Այսինքն, երեւակայեցէք, այդ դժուար օրերուն Հայաստան 84-85 հոգինոց զինուորական խմբակ մը ուղարկեց, որպէսզի Սուրիոյ տարածքին վրայ իրականացնեն ականազերծման աշխատանքներ: Այդ օրերուն Սուրիոյ Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ահմատ Պատրէտտին Հասսունը շատ լաւ արտայայտութիւն մը ունեցաւ, որ կ՛ուզեմ վկայել, որովհետեւ ես ներկայ էի, ան ըսաւ. «Մեր իսլամ «հաւատացեալ» արաբները մեզի ականներ դրին, իսկ մեր «քուֆֆար» հայերը եկան այդ ականները քակեցին»: Շատ յուզիչ եւ ազդեցիկ էր պահը: Եւ իրականութիւն է, որ մեզ «քուֆֆար» կը կոչէին պատերազմի ժամանակ, մինչ այդ «քուֆֆար»-ները ո՛չ միայն ականազերծման աշխատանքը իրականացուցին, այլ նաեւ զայն աւարտելէ ետք կազմեցին երկու բժշկական խումբեր. մէկը գնաց Սուրիոյ Հալէպի գիւղերը` միւսը Դամասկոսի գիւղերը հիւանդներ դարմանելու, եւ ցարդ կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը: Այս կեցուածքը Սուրիոյ հանդէպ ո՛չ մէկ պետութիւն որդեգրեց` ըլլայ արաբական, ըլլայ բարեկամ եւ կամ ոչ բարեկամ:

Այս յարաբերութիւնները կը մշակուին փոխադարձաբար: Ուրեմն այս ձեւով մենք մեր ներդրումը կ՛ունենանք յարաբերութիւններու զարգացման եւ յարատեւումին:

Հետագային Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւն տեղի ունեցաւ: Նոր կառավարութիւն կազմուեցաւ, այնուհետեւ «Քորոնա»-ն եւ արցախեան վերջին պատերազմը… այսինքն` դժուարութիւններու շարան մը, մինչեւ որ անցեալ տարի յաջողեցանք վերստին գործի լծուելու:

Աշխատանքը վերաշխուժացաւ անցեալ տարիէն սկսեալ: Հազիւ պատերազմը սկսած էր դադրիլ, մանաւանդ Հալէպի մէջ, մենք փորձեցինք օգտագործել այդ մէկը, յատկապէս` մեր վերջին հանդիպումին, երբ գտնուեցանք Հայաստան, հրաւիրեցինք զիրենք, որ այցելեն Սուրիա:

«Ա.».- Վերջերս Հայաստան այցելեցիք սուրիացի գործարարներու հետ, խնդրեմ` ներկայացնէք ձեր այցելութեան նպատակը, հոն ձեր ունեցած գործունէութիւնը, հանդիպումները եւ ապագայի հեռանկարները:

Լ.Զ.Ե.- Հոկտեմբեր 11-15 այցելեցինք Հայաստան եւ հանդիպումներ ունեցանք բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ:

Գիտէք արդէն, որ վերջերս եղաւ կարեւոր փոփոխութիւն մը, երբ Հայաստանի մէջ Սուրիան ներկայացնող դեսպան նշանակուեցաւ սուրիահայ, համալսարանի դասախօս եւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ դոկտոր Նորա Արիսեանը: Շատ հայասէր, ազգայնասէր է` իբրեւ սուրիացի, իրապէս մեծ եւ յաջող որոշում մըն էր դոկտոր Արիսեանը Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան նշանակելը: Հսկայական փոփոխութիւն կրեցին Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւնները, մանաւանդ որ զինք կանխող ժամանակաշրջանը լճացած էր: Բայց հիմա բոլորովին տարբեր է իրավիճակը: Ուրեմն գործակցելով դոկտոր Նորային հետ` մենք յաջողեցանք բաւական արդիւնաւէտ տեսակցութիւններ ունենալ Հայաստանի մէջ: Նախքան տեսակցութիւններուն անդրադառնալս` հարկ է նշել, որ այս տարի ամբողջացաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեան հաստատման 30-ամեակը:

Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ այս գեղեցիկ յարաբերութիւնը, որ կայ, զօրաւոր յարաբերութիւն է, եւ այս մէկը շատ մը բաներէ կրնաս նկատել: Երբ Երեւանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատուն երթաս, անպայման պիտի նկատես, որ ամէնէն մեծ, հին կարեւոր շէնքն է Սուրիոյ դեսպանատունը, որ ոչ մէկ այլ երկիր ունի Հայաստանի մէջ: Այսքան կարեւոր շէնք մը յատկացուի Սուրիոյ` իբրեւ դեսպանատուն, արդէն իսկ լաւագոյն ապացոյցն է, որ սկիզբէն ի վեր բարձր մակարդակի եղած են յարաբերութիւնները: Նաեւ ըսեմ, որ Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւնները միայն 30 տարուան կեանք չունին, այլ հինէն կու գան, եթէ շատ հեռու երթանք, նոյնիսկ կը հասնինք Մեծն Տիգրան ու մինչեւ Քրիստոսէ առաջ, ինչ որ պատմութիւնը կ՛ըսէ, բայց մանաւանդ այս վերջին 100 տարուան ընթացքին` Ցեղասպանութենէն մինչեւ օրս, օրէ օր աւելի զարգացաւ կապը: Սուրիացին տարբեր աչքով կը նայի հայուն: Այսինքն, երբ արաբ սուրիացիին ինքնաշարժը խանգարուի, կ՛երթայ հայ նորոգողի քով, կամ եթէ հիւանդանայ, կ՛երթայ հայ բժիշկի մօտ, ու շարքը երկար է. այսպէս, արաբները կը նախընտրեն երթալ հայու քով, որովհետեւ հայը վստահութիւն կը ներշնչէ իրենց, այս է պատճառը, որ հայը միշտ լաւ տեղ գրաւած եւ յարգուած է Սուրիոյ մէջ:

Երկրի վերջին պատերազմին սուրիացի մեծ պատասխանատու մը ինծի ըսաւ, որ չի կրնար ըլլալ այս մէկը. զարմացած հարց տուի, թէ ի՞նչը: Ան ըսաւ, որ այսքան տակնուվրայութիւն եղաւ, մէկ հատ հայ դաւաճան չելաւ: Եւ այս վարկը ո՛չ դրամով կրնաս գնել, ո՛չ ալ այլ ձեւով. ասիկա մեր պապերէն, մեր նախահայրերէն ժառանգած ենք, որ հիմա ալ կը շարունակուի, եւ մենք մեր բոլոր ջանքերը ի գործ կը դնենք, որպէսզի այս մէկը պահենք: Հայաստանի մեր հանդիպումներու ընթացքին այս մասին յայտնեցի նաեւ իրենց:

Հայաստանի մէջ հանդիպումներ ունեցանք տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանին, անոր տեղակալ Արմէն Արզումանեանին եւ նախարարութեան արտաքին կապերու բաժինի տնօրէն Արմէն Այվազեանին հետ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի գործադիր տնօրէն Անդրանիկ Ալեքսանեանին, տնօրէններու խորհուրդի անդամ առեւտրականներու եւ վաճառականներու հետ, նաեւ` Հայաստանի Գործատուներու հանրապետութեան միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեանին, Ներդրումներու աջակից կեդրոնի փոխտնօրէն Արամ Վարդանեանին եւ Գագիկ Ծառուկեանին հետ: Դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցանք առեւտրականներու եւ վաճառականներու հետ, որոնք կը գտնուին Հայաստան` ըլլան անոնք հայաստանցի հայեր եւ կամ սուրիահայեր, որովհետեւ մենք կը նպատակադրէինք ծանօթացնել իրենց Սուրիոյ ներդրումներու 2022-ի 18 թուակիր օրէնքը, որով շատ դիւրութիւններ կ՛ընծայուի գործ հիմնողներուն: Օրինակ` որեւէ գործիք, որ կ՛ուզեն բերել, ոչ մէկ տուրք պիտի վճարեն եւ այդպիսով պիտի կարենան գործարանը դիւրութեամբ հիմնել ու զարգացնել, նաեւ` ինչ նիւթական եկամուտ, որ ապահովեն, նոյնիսկ` օտար դրամանիշով, պիտի կարենան Սուրիայէն դուրս հանել եւ կամ օտար դրամանիշ մտցնել Սուրիոյ մէջ ստեղծած իրենց ծրագրին համար, ինչպէս նաեւ 10 տարի համարեա տուրք պիտի չվճարեն, եւ ինչ որ նիւթական շահ ապահովեն, 10 տարի գործատիրոջ պիտի մնայ: Իսկապէս շատ քաջալերական է: Տեղեկացնեմ, որ հազիւ այս առիթը ընծայուեցաւ, արդէն անմիջապէս 44 նոր ծրագիրներ կեանքի կոչուեցան Սուրիոյ մէջ, այս օրէնքին հիման վրայ: Այնպէս որ, փորձեցինք այս բաժինը լուսաբանել, եւ եթէ ոեւէ մէկը հետաքրքրուած ըլլայ, կրնայ ամենայն հանգստութեամբ քայլերու դիմել: Հանդիպման աւարտին բաժնեցինք խտասալիկներ, որոնց մէջ օրէնքը մանրամասնօրէն բացատրուած եւ տեղեկութիւնները արձանագրուած են, որպէսզի ներկաները սերտեն եւ օգտուին: Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան մէջ առաջին անգամն էր, որ այսպիսի ծրագիր մը կ՛իրականացուէր, բան մը, որ շատ քաջալերական էր: Վերադարձանք Սուրիա այն յոյսով, որ իրենք ալ պիտի այցելեն մեզի, որովհետեւ խոստացան գալ. այնպէս որ, կը սպասենք  Հայաստանէն այցելուներ ունենալ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին:

«Ա.».- Իբրեւ գործարար եւ Սուրիոյ կացութեան քաջածանօթ անձնաւորութիւն` այսօր ի՞նչ վիճակ կը պարզէ Սուրիան, արդեօք վերականգնումի ուղին բռնա՞ծ է, կեանքը քիչ քիչ կը վերադառնա՞յ իր հունին:

Լ.Զ.Ե.- Տեղին եւ կարեւոր հարցում է, շատեր ասոր պատասխանին անհամբեր կը սպասեն: Իրականութեան մէջ ըսենք, որ յարձակումը` համաշխարհային յարձակումը Սուրիոյ վրայ դադրած է, ամէն բան աւելի յստակ է հիմա` ո՛վ է բարեկամը, ո՛վ է թշնամին: Շատեր գիտցան, որ անկարելի է վարչակարգը խարխլի, որովհետեւ վարչակարգին կործանումը աւելի մեծ վնասներ կը բերէ, քան թէ` գոյութիւնը: Տեսանք` այլ երկիրներու վարչակարգեր ինչպէս տապալեցան, օրինակ` Իրաք, Եգիպտոս, Լիպիա, որ մինչեւ այսօր չէ շտկուած, ոչ ալ կրնայ շտկուիլ:

Այնպէս որ, Արեւմուտքը եւ բոլորը համոզուեցան, որ նախագահը եւ այս վարչակարգը, որ կայ, պէտք է շարունակուի, իսկ ներկայիս Սուրիոյ թիւ մէկ թշնամին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանն է: Ան անշուշտ կը փորձէ լեզու գտնել եւ ամէն ջանք կը թափէ, որ մօտենայ Սուրիոյ, սակայն Սուրիան է, որ այլեւս վերապահ է եւ պայմաններ կը դնէ այս հարցին գծով:

Դէպք մը պատմեմ: Հալէպի Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի անդամ էի, ուրեմն, 2009-ին լրագրող մը մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ,փակագծի մէջ նախ յիշեցնեմ, որ մենք այդ օրերուն Թուրքիոյ հետ, այսպէս կոչուած, մեղրալուսնի մէջ էինք, ամէն բան լաւ ու հեզասահ կ՛ընթանար: Լրագրողը հարցուց` ի՞նչ է տեսակէտդ` իբրեւ ծագումով հայ-սուրիացի Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ եղած այս մօտեցումին:

Ըսի, որ իրականութեան մէջ առաջին հերթին քեզի պիտի պատասխանեմ իբրեւ սուրիացի: Ուրեմն, իբրեւ Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի անդամ` քեզի կ՛ըսեմ, որ շատ լաւ համաձայնութիւն մըն է եւ օրինակներ տալով` բացատրեցի, որ իբրեւ Սուրիա` երեք կարեւոր կէտերով մենք շահեցանք:

Առաջինը` մէկ տարուան ընթացքին երեք միլիառ տոլարի ներդրում եղաւ Սուրիոյ մէջ: Թուրքերը գործարաններ յառաջացուցին, որովհետեւ ի շահ իրենց էր: Ապրանքը, որ Սուրիոյ մէջ կը շինուէր, պիտի տարածուէր արաբական երկիրներու 350 միլիոն ժողովուրդի, եւ այդ բոլորը հասանելի պիտի ըլլային առանց մէկ ոսկի իսկ մաքսային հարկ վճարելու` Միջարաբական միացեալ շուկայի օրէնքի հիման վրայ: Այդ նոյն գործարանը եթէ Այնթապ կամ որեւէ այլ տեղ հիմնուէր, տուրք պիտի վճարէր Թուրքիոյ մէջ արտադրուելուն պատճառով: Թուրքիան օգտուեցաւ, բայց մենք ալ` նոյնպէս: Թուրքիան շահեցաւ, որովհետեւ իր ապրանքը աւելի տարածում գտաւ, բայց այդ ապրանքը տարածուելուն պատճառով մեր երկիրն ալ օտար դրամանիշ ներմուծուեցաւ, նաեւ այս ներդրումին պատճառով մեր բանուորները, մեր գործաւորները աշխատեցան, ասիկա օգուտներէն միայն մէկն է մեզի: Երկրորդը` ջուրի ապահովումն է: Մենք միշտ տաղտուկ ունեցած ենք Եփրատէն եւ Տիգրիսէն ջուր ապահովելու համար, իբրեւ բողոք` մինչեւ Միացեալ Նահանգներ կը հասնէինք, որպէսզի Թուրքիան մեզի ջուրի ծորակը բանայ: Ջուրը սկսաւ այնքան առատօրէն հոսիլ, որ նոյնիսկ պահանջեցինք իրենցմէ մեղմացնել ջուրին հոսքը, որպէսզի Հալէպը ջուրի տակ չմնայ: Ուրեմն ի շահ մեզի էր, որովհետեւ ջուրը ե՛ւ անցեալին, ե՛ւ այսօր շատ աւելի սուղ է, քան թէ` քարիւղը, եւ անիկա առատութեամբ ու ձրիաբար կու գար մեզի: Իսկ երրորդ շահը ապահովականն էր. Իսրայէլ կ՛օգտագործէր թրքական սահմանները, ուրկէ յառաջանալով` մեր ետեւէն կը զարնէր Տէր Զօրը եւ այլն: Այդ ճամբան գոցուեցաւ Իսրայէլին դիմաց, եւ այլեւս չէր կրնար օգտագործել թրքական հողերը, որպէսզի Սուրիան հարուածէ:

Լրագրողը հարց տուաւ, որ իբրեւ հայ` ի՞նչ է պատասխանդ: Ըսի` շատ մի՛ վստահիք Թուրքիոյ, որովհետեւ դաւաճան է եւ կռնակէ կը հարուածէ: Մենք` հայերս, 400 տարի շատ լաւ կ՛ապրէինք Թուրքիոյ հետ, եւ մէկէն ի մէկ մէկուկէս միլիոն հայ ջարդեց: Հետեւաբար զգուշ եղէք:

Յայտնեմ նաեւ, որ այդ նոյն Թուրքիան է հիմա, որ կը փորձէ մօտենալ, կարծես թէ բան մը չէ ըրած Սուրիոյ եւ սուրիացիին:

Վերադառնանք հարցումին պատասխանին կրնանք ըսել հիմա, որ Սուրիոյ պատերազմը վերջացաւ, խաղաղութիւն է: Այո՛, կան կարգ մը տեղեր, ուր ներխուժած է Թուրքիան, սակայն այսպէս պիտի չմնայ, պիտի լուծուի այս հարցը: Այլ տեղեր Ամերիկան ներխուժած է, որպէսզի ճնշում բանեցնէ, այդ ալ մօտ օրէն պիտի լուծուի: Իսկ այն վայրերուն մէջ, որոնք պետութեան իշխանութեան տակ են, բոլորովին հարցերը վերջացած են: Մարդիկ կրնան հանգիստ որեւէ գործի ձեռնարկել, եւ ամէն տեսակ օրէնքներ կան, որպէսզի օգնեն իրենց այդ գործերը յաջողութեամբ աւարտելու:

Ես ապագան լուսաւոր կը տեսնեմ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles