Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

«Մեր Նպատակն Է Դիւանագիտական Աւելի Հաստատ Ներկայութիւն Դառնալ Հայաստանի Մէջ». Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարար Քրիստիա Ֆրիլանտ

$
0
0

«Մեր նպատակն է աւելի բեղուն, խորաթափանց եւ աւելի արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ զարգացնել Հայաստանի հետ, ներառեալ` դիւանագիտական աւելի հաստատ ներկայութիւն դառնալը», «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հետ յատուկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Քրիստիա Ֆրիլանտ:

«Քանատացիները հպարտ են քանատահայ համայնքով»:

Երեքշաբթի, 15 յունուար 2019-ին «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Քրիստիա Ֆրիլանտին հետ:

Առիթէն օգտուելով, Ֆրիլանտ անդրադարձաւ Քանատայի` Չինաստանի հետ ունեցած դիւանագիտական տագնապին, ինչպէս նաեւ ՆԱՖԹԱ-ի հետ վերամիաւորման վերաբերեալ հարցերուն: Երկու պարագաներուն ալ Ֆրիլանտ ընդգծեց առկախ հարցերու լուծման անհրաժեշտութիւնը` նշելով Քանատայի տնտեսութեան բարգաւաճման ոլորտին մէջ միջազգային առեւտուրի կարեւորագոյն դերը:

Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ բացայայտեց Հայաստանի Հանրապետութեան հետ առեւտրական եւ դիւանագիտական յառաջիկայ յարաբերութիւններուն նպատակները, յատկապէս` 2018 հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին առթիւ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Երեւան այցելութենէն ետք: Վ. Գարագաշեան շեշտեց, որ Քանատայի մշտական ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ եւ Քանատական դեսպանատան մը հաւանական հիմնադրութիւնը Երեւանի մէջ անհրաժեշտութիւն են Քանատահայ համայնքին համար:

Նախարարը «Հորիզոն»-ին յայտնեց վարչապետ Թրուտոյի ոգեւորութիւնն ու խոր տպաւորութիւնները` Հայաստան այցելութեան առթիւ, ինչպէս նաեւ ուրախութիւնը` երկիրը անգամ մը եւս այցելած ըլլալուն եւ նորակազմ կառավարութեան հետ հանդիպման առթիւ: Որպէս լրագրող, Հայաստան նախապէս այցելած ըլլալով 90-ական թուականներուն, ան յայտնեց, որ իրեն համար հասկնալի էր վարչապետին ոգեւորութիւնը, ապա աւելցուց. «Քանատացիները հպարտ են քանատահայ համայնքով» եւ կ՛արժեւորեն անոնց ներդրումը երկրին բարգաւաճման մէջ:

Նախարարը նաեւ շեշտեց, որ ամրապնդուած է հիմքը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններ մշակելու, որուն հիմամբ հետագային աւելի բեղուն եւ արդիւնաւէտ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կրնան ծաւալիլ ինքնաբերաբար:

Ֆրիլանտ նաեւ անդրադարձաւ 2012-ին իր հրատարակած «The Rise of the New Global Super-Rich and the Fall of Everyone Else» գիրքին, որ կ՛անդրադառնայ ընկերային հաւասարութեան վերաբերող հարցերու:

Հարցազրոյցի տեսանիւթը դիտել այս յղումով` https://www.youtube.com/watch?v=NHbdQyPqeo0

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>