Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Մենք Պիտի Պայքարինք Արցախի Ինքնորոշման եւ Ժողովուրդի Տնտեսական Վիճակը Բարելաւելու Համար. ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Ներկայացուցիչ

$
0
0

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ Յունուար 25-ին կայացած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի եւ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանի հանդիպումէն ետք, Artsakhpress.am-ը զրուցած է Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի հետ։

Խօսելով ՀՅԴ ընդհանուր ժողովի Արցախի մէջ իրականացման մասին՝ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան ըսած է, որ անիկա ինքնին ունի  պատմական  առաքելութեան նոր թափ տալու յստակ միտում:

Տէր-Խաչատուրեանի խօսքով՝ Դաշնակցութիւնը սերտ համագործակցութեան մէջ է ԱՀ իշխանութիւններուն հետ:

«ԱՀ նախագահի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկած ենք ՀՅԴ անցեալին, ներկային եւ ապագային վերաբերող շարք մը հարցեր: Կը վստահեցնեմ, որ մեր համագործակցութիւնը, առաջադրած ծրագիրները միշտ ալ պիտի ըլլան Արցախի իշխանութիւններուն համահունչ: Արցախը, ըստ պատշաճի, կարեւոր շրջափուլ կը մտնէ 2020-ի ընտրութիւններուն պատրաստուելու համար: Մենք կը փափաքինք, որ Դաշնակցութիւնը Արցախի կառոյցով եւ համահայկական ուժերով զօրավիգ կանգնի ԱՀ քաղաքական, տնտեսական, ներդրումային եւ այլ ուղղութիւններուն: Այս ժողովով մեր համահայկական բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչներով՝ մէկ անգամ եւս հաստատեցինք, որ մենք պիտի պայքարինք Արցախի ինքնորոշման եւ  ժողովուրդի  տնտեսական վիճակը բարելաւելու համար: Բոլորս պէտք է գիտակցինք, որ Արցախը համայն հայութեանն է»,-մասնաւորապէս ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>