Մօտաւորապէս 9 ամիսէ ի վեր «Վանայ ձայն»-ի ունկնդիրները կը վայելեն «Յիշատակներ … անցած օրեր» գիրքին համանուն յայտագիրը: Գիրքին հեղինակն է լոսանճելըսաբնակ Պօղոս Շահմելիքեանը: Վերջերս ան լոյս ընծայեց նոյն գիրքին անգլերէն տարբերակը: «Վանայ ձայն»-ի սոյն յայտագիրը ներկայացնող Մարալ Մխսեանը հեռաձայնային հարցազրոյց մը ունեցաւ Պօղոս Շահմելիքեանին հետ: Ստորեւ` հատուածներ հարցազրոյցէն:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ո՞վ է Պօղոս Շահմելիքեանը:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ.- Լիբանանահայ եմ: Ծնած եմ Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղամասը, ապա կանուխ պատանեկութեանս տարիներուն փոխադրուած ենք Պուրճ Համուտ: Յաճախած եմ Նշան Փալանճեան ճեմարան, իսկ երկրորդականի վերջին երեք տարիներս` Մխիթարեան վարժարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած եմ:
Բացառիկ սէր ունեցած եմ հայ գրականութեան, առաւելաբար արեւմտեան գրականութեան, միեւնոյն ժամանակ` երաժշտութեան: Ճեմարանին մէջ բախտը ունեցած եմ Մուշեղ Իշխանի եւ Գառնիկ Բանեանի նման ուսուցիչներ ունենալու, որոնք մէջս արթնցուցած են հայ գրականութեան սէրը: Այդ մէկը նաեւ կու գայ ընտանիքէս: Ընթերցասէր ընտանիքի մէջ հասակ առած եմ:
Գալով երաժշտութեան` տակաւին դպրոցական աշակերտ էի, երբ քանի մը ամիս միայն կիթառի դասեր առնելէ ետք կազմեցի առաջին նուագախումբս: Աւելի ուշ մաս կազմեցի շատ մը նուագախումբերու եւ ընկերակցեցայ հայ թէ օտար, նաեւ միջազգայնօրէն հանրածանօթ երգիչներու:
Երջանիկ էի, բայց վրայ հասաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, եւ ամէն ինչ փոխուեցաւ:
1979-ին դժբախտութիւնը ունեցայ կորսնցնելու երիտասարդ եղբայրս, որմէ 10 ամիս ետք, միեւնոյն տարին, կորսնցուցի հայրս: Այս երկու կորուստները չափազանց ազդեցին վրաս: Եղբօրս երկու զաւակները տակաւին անչափահաս` 4 եւ 5 տարեկան էին: Գործատեղիս վտանգաւոր շրջանի մէջ էր եւ ամիսներով փակ էր:
Ստիպուեցայ ակամայ գաղթել եւ 1981-ին հաստատուեցայ Լոս Անճելըս, ուր որոշ շրջան մը շարունակեցի երաժշտական ասպարէզս` ընկերակցելով գաղութի զանազան հայ երգիչներու, իսկ աւելի ուշ, երբ ընտանիք պիտի կազմէի, որոշեցի հրաժարիլ այնքան սիրած երաժշտական ասպարէզէս:
Երաժշտական ասպարէզը հաճելի է, երբ տակաւին մէկը ամուրի է: Յաճախակի ճամբորդութիւններ` դէպի տարբեր քաղաքներ, գիշերային ուրախ մթնոլորտ. սակայն, երբ մէկը կին ու զաւակներ ունի, ճիշդ չեմ գտներ շարունակել գիշերային աշխատանքը, շաբաթավերջերն ու տօնական օրերը ընտանիքէդ հեռու, ուրախացնելով ուրիշները:
Երաժշտական ասպարէզէս հեռանալէս ետք պարապութիւն մը զգացի: «Տունէն գործ, գործէն տուն» կարգախօսը քիչ մը տարօրինակ կը գտնեմ: Իւրաքանչիւր անձ նաեւ պէտք է ժամանակ տրամադրէ իր նախասիրութիւններուն:
Ինչպէս նախապէս ըսած էի, գրականութեան հանդէպ բացառիկ սէր ունենալով հանդերձ, երկար տարիներ գրականութեամբ զբաղելու ժամանակ չունէի:
2012-ին երաժշտական կեանքի յուշերս հաւաքեցի հատորի մը մէջ: «Յիշատակներ… անցած օրեր»:
Ներկայիս, որպէս յօդուածագիր, կ՛աշխատակցիմ «Ազդակ» օրաթերթին եւ «Հայրենիք» շաբաթաթերթին, որ ինծի համար հոգեկան մեծ բաւարարութիւն է:
Հ.- Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պատրաստուեցաւ այս գիրքը:
Պ. Շ.- Գիրք գրելու նպատակով չէր, որ սկսայ այս աշխատանքին: Քանի տակաւին յիշողութիւնս չէ դաւաճանած, ուզեցի գրի առնել երաժշտական կեանքիս տարիները եւ բաժնեկից դարձնել երաժիշտ քանի մը գործընկերներս, որոնք իրենք եւս ապրած են այդ երանելի օրերը:
Մօտաւորապէս 60-70 էջերու մէջ ամփոփեցի իմ յուշերս, թէ ինչպէ՛ս տակաւին դպրոցական աշակերտ` ելոյթ ունեցանք դպրոցի ամավերջի հանդէսին, ապա անդրադարձայ այն նուագախումբերուն ու երգիչներուն մասին, որոնց հետ աշխատակցած եմ եւ պատճէնահանելով` գրքոյկի ձեւով բաժնեցի կարգ մը երաժիշտ բարեկամներուս:
Բոլորը անխտիր գնահատեցին աշխատանքս եւ առաջարկեցին, որ շարունակեմ սկսած գործս` անդրադառնալով Լիբանանի նուագախումբերու, երգիչներու եւ յայտնի երաժիշտներու, մանաւանդ որ բոլորին հետ աշխատակցած եմ եւ մօտէն ծանօթ եմ բոլորին:
Գաղափարը հիանալի էր, սակայն որքա՞ն պիտի կարենայի յիշել աւելի քան 50 տարի առաջ պատահած դէպքեր եւ դէմքեր, քիչ մը կասկածելի էր:
Օրագրութիւն չէի պահած: Վստահելով յիշողութեանս` սկսայ աշխատանքի եւ մօտաւորապէս 10 տարուան երկար աշխատանքէ ետք, 2012-ին աւարտեցի այս բաւական դժուար ուսումնասիրութիւնը, որ վերածուեցաւ գունաւոր նկարներով հարուստ, 220 էջերէ բաղկացած իսկական գիրքի մը:
Գիրքին առաջին մասը, ուր իմ անձնական յուշերս են, շատ հեզասահ ընթացաւ, սակայն երբ կարգը հասաւ անդրադառնալու տարբեր նուագախումբերու կամ երաժիշտ-երգիչներու, բաւական դժուարութեան հանդիպեցայ:
Այդ տարիներուն տակաւին համացանցը չէր ընդհանրացած, չկար Դիմատետր, դժուարութեամբ կրցայ կապուիլ աշխարհի չորս կողմը ցիրուցան եղած բարեկամներուս: Շատեր անմիջապէս ընդառաջեցին` նկարներ եւ տեղեկութիւններ ուղարկելով, ուրիշներ չունէին նկար, քանի հապճեպով ձգած էին Լիբանանը:
Ինծի համար անհաւատալի անակնկալ մըն էր: Քանի մը ամիսէն այս համեստ գիրքս ամբողջութեամբ սպառած էր: Լոս Անճելըսի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի առաջարկով եւ հրատարակութեամբ, մեկենասութեամբ Ճեմարանի դասընկերներէս Անդրանիկ Պաղտասարեանի, կարճ ժամանակ ետք լոյս տեսաւ հատորիս երկրորդ հրատարակութիւնը, իսկ վերջերս լոյս տեսաւ գիրքիս անգլերէն թարգմանութիւնը:
Հ.- Ինչո՞ւ ձեռնարկեցիք նոյն գիրքի անգլերէն թարգմանութեան:
Պ. Շ.- Անգլերէնի թարգմանելու գաղափարն ու նաեւ առաջարկը եկաւ նախկին լիբանանահայ, ներկայիս Ամերիկայի Օհայօ նահանգը հաստատուած Վահէ Աբելեանէն, որ կարդալէ ետք գիրքը, խանդավառուած էր, քանի ինքն ալ ապրած էր այդ երանելի օրերը: Մեծ հաճոյքով ընդունեցի առաջարկը` քանի մը պատճառներով:
Ամերիկայի մէջ մեծ է թիւը այն երիտասարդներուն, որոնք դժբախտաբար հայերէն գրել-կարդալ չեն գիտեր, կամ գիտցողներէն շատեր, երկար տարիներ չգործածելով մեր մայրենին, կարդալու կամ գրելու վարժութիւնը կորսնցուցած են եւ անգլերէն շատ աւելի սահուն կը կարդան: Նաեւ օտարներու ծանօթացնելու միջոց մըն է անգլերէն տարբերակը:
Վահէ Աբելեանը, լաւ թարգմանութիւն մը ընելու կողքին, հիանալի գաղափարը ունեցաւ 300-է աւելի ֆութնոթերով բացատրականներ տալու անուններու, հաստատութիւններու կամ վայրերու մասին, որոնց անդրադարձած եմ, եւ օտարները կարդալով այդ անունները` շատ բան պիտի չհասկնային: Գիրքին մէջ յիշուած անուններէն` Կոմիտաս, Սայաթ Նովա, Համազգային, Ճեմարան եւ այլ անուններու մասին բացատրականները կարեւոր են: Հայ ընթերցողի պարագային այդ բացատրականներուն կարիքը չկար, սակայն օտարներու պարագային խիստ կարեւոր, գնահատելի եւ շահեկան են այդ բացատրականները: Կը ծանօթանան ո՛չ միայն Լիբանանի երաժշտական կեանքին, նաեւ գաղափար կ՛ունենան հայ յայտնի դէմքերու, հայկական հաստատութիւններու եւ վայրերու մասին:
Հ.- Որքանո՞վ կը կարծէք ամբողջական է այս գիրքը: Արդեօք մոռցուած բաներ նկատեցի՞ք հրատարակութենէն ետք:
Պ. Շ.- Վստահաբար ամբողջական գործ մը չէ այս գիրքը: Անկարելի է յիշել բոլորին անունները: Օտար արուեստագէտներու մասին ուսումնասիրութիւն մը շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլար: Համացանցի միջոցով կարելի է տեղեկութիւններ եւ նկարներ քաղել ոեւէ յայտնի արուեստագէտի մասին, սակայն հայերու պարագային, մանաւանդ նախքան պատերազմի տարիներու Լիբանանի երաժշտական կեանքի մասին որեւէ տեղեկութիւն դժուար թէ կարելի ըլլար գտնել: Այդ տարիներուն հայկական մամուլի մէջ օրը օրին չէին արձագանգած: Երգահանդէսներուն, երբեմն` լրատուական քանի մը տող: Այս դժուարին պայմաններուն մէջ սկսայ աշխատանքի` պարզապէս որպէս յուշագրութիւն:
Գիրքիս երկրորդ հրատարակութեան մէջ աւելցուցի քանի մը մոռցուած անուններ եւ տեղեկութիւններ, իսկ ներկայիս գիրքի անգլերէն տարբերակին մէջ դարձեալ աւելցուցի մոռցուած անուններ, նոյնիսկ այս յաւելուածներով` վստահաբար ամբողջական գործ մը կարելի չէ համարել:
Հ.- Մեր ունկնդիրներու կողմէ մեզի հասած արձագանգներէն կրնանք ըսել, որ յատուկ տկարութիւն ունիք Five Fingers-ի հանդէպ: Ինչո՞ւ այնքան լայն տեղ տուած էք Five Fingers խումբին:
Պ. Շ.- Կ՛ընդունիմ, որ յատուկ տկարութիւն մը ունիմ Five Fingers-ի հանդէպ եւ այդ մէկը բնական կը գտնեմ: Այս գիրքը խորքին մէջ յիշողութեան ճամբորդութիւն մըն է խումբի մը հետ, որուն հետ ժամանակիս մեծ մասը անցուցած եմ, բնականաբար յիշատակներուս մեծ մասը այդ խումբին հետ է:
Five Fingers-ին հետ մնացած եմ 12 երկար տարիներ, մինչ այդ աշխատակցած եմ շատ մը նուագախումբերու եւ հայ երգիչներու հետ, սակայն այդ բոլորը ժամանակաւոր էին: Ընդամէնը` քանի մը նուագ եւ, բնականաբար, շատ աւելի նուազ յիշատակներ ունիմ այդ նուագախումբերուն կամ երգիչներուն հետ:
Five Fingers եղած էր իմ հիմնական խումբս, որուն վրայ այնքա՜ն քրտինք թափած եմ: Տակաւին դպրոցական պատանիներ էինք: Բոլորս` անփորձ: Փորձած ենք միասնաբար նուաճումներ արձանագել: Արձանագրած ենք բազմաթիւ ձայնապնակներ: Միասնաբար երգեր յօրինած ենք միասին ճամբորդած ենք տեսած ենք լաւ ու վատ օրեր: Յաջողութիւններու կողքին, ունեցած ենք նաեւ ձախողութիւններ: Լաւ յիշատակներու կողքին, ունեցած ենք յուսախաբութիւններ եւ դժուար օրեր: Իրարու հետ միշտ համակարծիք չենք եղած: Կռուած ու հաշտուած ենք, սակայն եղած ենք լաւ ընկերներ եւ ներկայիս, հակառակ որ աշխարհի չորս կողմը ցիր ու ցան եղած ենք, տակաւին իրարու հետ կապի մէջ ենք եւ մեր բարեկամութիւնը կը շարունակենք:
Հ.- Եթէ ընդհանուր արժեւորում կ՛ուզէք կատարել 60-ական, 70-ական, 80-ական թուականներու ժամանակաշրջանին, ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք այդ ժամանակաշրջանը ներկայիս:
Պ. Շ.- Անվարան այդ շրջանը կարելի է արժեւորել որպէս Լիբանանի արդի երաժշտութեան ոսկեդարը: Ինչպէս գիտենք, Անգլիայէն երաժշտական շարժում մը սկսաւ The Beatles եւ The Rolling Stones նուագախումբերու գլխաւորութեամբ եւ շուտով տարածուեցաւ համայն աշխարհի մէջ: Այդ շարժումը կոչեցին The British Invasion.
Նոյն շրջանին նման երաժշտական շարժում մը սկսաւ Լիբանանի, յատկապէս Պէյրութի մէջ: Այդ շարժումը կարելի է կոչել The Lebanese Invasion կամ, ինչո՞ւ չէ, The Armenian Invasion, քանի այդ շարժումին մասնակցողներուն մեծ մասը հայ տղաք էին:
Մինչեւ 60-ականներու սկիզբը Պէյրութի գիշերային վայրերու մէջ աշխատող նուագախումբերուն ջախջախիչ տոկոսը օտարներ էին: Մեծամասնութեամբ` իտալացիներ:
Այդ շրջանին էր, որ կազմուեցան բազմաթիւ նուագախումբեր, որոնք փոխարինելով օտար նուագախումբերը` մուտք գործեցին լիբանանեան յայտնի գիշերային վայրեր:
«Քաւ տիւ Ռուա»` ամենանշանաւոր գիշերային վայրը միայն ու միայն նշանաւոր իտալացի նուագախումբեր կը բերէր»: «Տարք այզ» նուագախումբը իտալացի նուագախումբերէն նուազ որակաւոր չէր, եւ եղաւ հայ տղոցմէ կազմուած առաջին լիբանանեան նուագախումբը, որ մուտք գործեց այդ քլապէն ներս:
«Օ նոթուրնի» նուագախումբը մուտք գործեց «Քազինօ տիւ Լիպան», իսկ «Ֆայվ ֆինկըրզ»` «Էփի քլապ»:
Գրեթէ ամէն տարի հեռատեսիլի նշանաւոր յայտագիր «Փել-Մել»-ի երգիչներու առաջնութիւնը կը խլէին հայեր, որոնցմէ կարելի է յիշել` Պետիկ Քահվեճեանը, Էտի Քեւը (Գէորգ Խաչերեան), Մանուէլ Մենենկիչեանը եւ Վիգէն Դարբինեանը, իսկ Շուշիկ Սարգիսեանը հասաւ աւարտականին` գրաւելով երկրորդ տեղը:
Քանի մը տարի ետք, 1968-ին, գէթ հայերուս համար պատահեցաւ աւելի պատմական դէպք մը: Էսդրատային երգի ծնունդը` գլխաւորութեամբ Ատիս Հարմանտեանի, որուն յաջորդեցին բազմաթիւ երգիչներ, ինչպէս Լեւոն Գաթրճեան` աշուղական երգացանկով, Յարօ Բուրեան, Մաքսիմ Փանոսեան եւ տասնեակ մը ուրիշներ:
Ներկայ օրերու նուագախումբերն ու երգիչները շարունակութիւնն են այդ օրերուն սկսած շարժումին:
Հ.- Կը հետեւի՞ք լիբանանահայ այսօրուան երգարուեստին:
Պ. Շ.- Բնականաբար կը հետեւիմ լիբանանահայ այսօրուան երգարուեստին` որպէս ունկնդիր: Երաժշտական ասպարէզէս դադրած եմ աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր:
Ուրախ եմ, որ մեր շրջանին սկսած շարժումը տակաւին կը շարունակուի: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը շրջան մը դանդաղեցուց այդ շարժումը, այդ շրջանի արուեստագէտներուն մեծամասնութիւնը գաղթեց, սակայն ուրախ եմ, որ նոր ուժեր, նոր դէմքեր կը շարունակեն աւելի արդիականացած ձեւով: Մեր ժամանակներուն, արհեստավարժութիւնը ներկայ օրերու նման չէր զարգացած: Ներկայ օրերու արուեստագէտներուն առիթները շատ աւելի են` բաղդատաբար մեր ժամանակներուն:
Հ.- Ձեր գիրքին մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները կը հասնին մինչեւ 80-ական թուականները: Կը կարծէ՞ք, թէ կ՛ուզէք շարունակել եւ մինչեւ օրս հասցնել տեղեկութիւնները:
Պ. Շ.- Գիրքիս մէջ տեղ գտած տեղեկութիւնները, Լիբանանի պարագային, կը հասնին մինչեւ 80-ական թուականները, սակայն 1981-ին, երբ հաստատուեցայ Լոս Անճելըս, հոս եւս շարունակեցի ընկերակցիլ շատ մը հայ երգիչներու, որոնք բոլորը Լիբանանէն չեն գաղթած: Անոնցմէ շատերը գաղթած են Սուրիայէն, Իրաքէն, Իրանէն եւ մայր հայրենիքէն: Անդրադարձած եմ նաեւ այդ երգիչներու մասին, որոնց հետ աշխատած եմ, մինչեւ այդ թուականը, երբ դադրեցայ նուագելէ:
«Յիշատակներ… անցած օրեր» գիրքիս ընթերցումի աւարտին, «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութիւնը գաղափարը ունեցաւ շարունակելու սոյն յայտագիրը` կարդալով «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած այն յօդուածներս, որոնց մէջ անդրադարձած եմ երաժիշտ արուեստագէտներու մասին, լիբանանահայ, կամ ոչ լիբանանահայ:
Դժբախտաբար Լիբանանի ներկայ օրերու արուեստագէտներուն միայն անունով ծանօթ եմ եւ կարելիութիւնը չունիմ անոնց մասին անդրադառնալու: Մեր ժամանակներէն քանի մը հոգի միայն տակաւին Լիբանան կը գտնուին, որոնց մասին արդէն իսկ անդրադարձած եմ:
Լոս Անճելըսի մէջ մեծ է թիւը հայ երգիչներու, որոնց մասին կարելի է անդրադառնալ: Ծանօթ եմ բոլորին:
Որոշումը կը մնայ «Վանայ ձայն»-ին: Յայտագիրը շարունակելու պարագային, մեծ սիրով իմ համեստ մասնակցութիւնս կը բերեմ բազմաթիւ լոսանճելըսաբնակ Միջին Արեւելքէն եւ մայր հայրենիքէն գաղթած հայ երգիչներու մասին տեղեկութիւններ տալով «Վանայ ձայն»-ի սիրելի ունկնդիրներուն:
Հ.- Ի՞նչ խօսք ունիք «Վանայ ձայն»-ի եւ յատկապէս «Յիշատակներ… անցած օրեր» յայտագիրին հետեւող մեծաթիւ ունկնդիրներուն:
Պ. Շ.- Սիրելի՛ ունկնդիրներ, ես ալ ձեզի նման «Վանայ ձայն»-ի հաւատարիմ ունկնդիրներէն եմ: Ժամերու տարբերութեան պատճառով նախընտրած յայտագիրներս կ՛ունկնդրեմ արխիւներու բաժինէն: Իրականութեան մէջ նախընտրութեան հարց չկայ, քանի բոլորը անխտիր հետաքրքրական եւ դաստիարակչական յայտագիրներ են:
Բարեբախտաբար գործս նստակեաց է եւ համակարգիչիս դիմաց նստած, աշխատած ժամանակս` ընկալուչը ականջներուս, «Վանայ ձայն» կ՛ունկնդրեմ եւ այն տպաւորութիւնը կ՛ունենամ, որ տակաւին Պէյրութ կը գտնուիմ:
Ինչ կը վերաբերի «Յիշատակներ… անցած օրեր» յայտագիրի ունկնդիրներուն, յուսամ` դուք եւս հաճոյքով կ՛ունկնդրէք սոյն յայտագիրը, որուն միջոցով կը ծանօթանաք ոչ միայն արուեստագէտներուն, նաեւ` անոնց երգերուն:
Շատ հաւանաբար հանդիպեցաք երգերու, որոնք նոյնիսկ չէիք լսած: Երգեր, որոնք արձանագրուած են երկար տարիներ առաջ, եւ կարգ մը ռատիոկայաններու մօտ դժուար է գտնել այդ երգերը:
Կրկին շնորհակալութիւն «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութեան, որ առիթը ընծայեց այս համեստ գրքոյկիս միջոցով ծանօթացնելու Լիբանանի 60-ական, 70-ական եւ 80-ական լիբանանահայ երգարուեստի պատմութիւնը: Լիբանանահայ արդի երաժշտութեան ոսկեդարը: Լաւագոյն մաղթանքներս` ինծի շա՛տ սիրելի լիբանանահայ գաղութին եւ յաջողութիւն` «Վանայ ձայն»-ի առաքելութեան: