Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Բանակումին Առիթով` Հարցազրոյց Թալին Օրտողլեանին Եւ Վաչէ Նաճարեանին Հետ

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
Արտագրեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումը տեղի պիտի ունենայ Հայաստան, Բիւրական, 19 յուլիս 2018-ին, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով: Այս առիթով «Վանայ ձայն» եւ «Ազդակ» միացեալ հարցազրոյց մը ունեցան Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտողլեանին եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեանին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Չորս տարին անգամ մը տեղի կ՛ունենայ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումը, բայց այս տարուանը նուիրուած  է ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին, այս իմաստով, պատրաստութեան եւ ծրագրաւորման ընթացքին ի՞նչ բաներ նկատի առնուեցան, որպէսզի բանակումը ունենայ իր իւրայատկութիւնը:

ԹԱԼԻՆ ՕՐՏՈՂԼԵԱՆ.- Այս տարի բանակումը կը տարբերի նախորդ տարիներէն, որովհետեւ 100-ամեակին նուիրուած է, եւ աշխատանքներու ծիրը տարբեր է: Ծրագրումի աշխատանքներուն եւ յայտագիրին մէջ տարբեր կէտեր նկատի առնուեցան: Նկատի ունենալով միութեան 100-ամեակը` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը  կարկինը լայն բացաւ եւ շրջաններուն ձեւով մը ազատութիւն տուաւ իրենց ուզած թիւով մասնակցելու եւ, այսպէս, թիւը հասաւ 1200-ի, որ ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ աննախընթաց է: Մեր միութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նշումը մէկտեղած ենք մեր յայտագիրին մէջ:

Հ.- Նկատի առնելով թիւը` կ՛ենթադրենք, որ կազմակերպչական դժուարութիւններ պիտի ստեղծուին, ինչպէ՞ս կարելի եղաւ դասաւորել աշխատանքները:

Թ. Օ.- Արդէն տարիէ մը ի վեր կ՛աշխատինք ծրագրաւորումի վրայ: Կեդրոնական վարչութիւնը արդէն նշանակած էր ընդհանուր խմբապետ եւ փոխխմբապետներ, աւելի ուշ կազմուեցաւ գործադիր խմբապետական կազմ, որ բաղկացած էր 11 խմբապետներէ` զանազան երկիրներէ: Անցեալ ամառ մենք ծրագրումի սկսանք: Ծրագրումը կ՛ենթադրէր ամէն ինչ` վայր, դասաւորում, շրջապտոյտներ եւ այլն: Շատ դժուար է 1200 հոգի մէկ անգամով շրջապտոյտի հանել, յարմար նկատուեցաւ, որ շրջան առ շրջան կատարուին շրջապտոյտները: Գործադիր խմբապետութեան հետ մնայուն ժողովներ ունեցանք, թէեւ ամէն մէկը տարբեր երկիրէ է, բայց արհեստագիտութեան ընձեռած բարիքներէն օգտուելով` յաջողեցանք իրարու հետ ցանցային կապ հաստատել եւ «հանդիպիլ»:

26 շրջաններ արդէն կը մասնակցին բանակումի: Լիբանանը կը մասնակցի մօտաւորապէս 140 հոգինոց պատուիրակութեամբ մը, որուն մէջ կան 16 խմբապետներ, որոնք նախօրօք Արարատեան կարգի դասընթացքին պիտի մասնակցին 4 օր եւ վերջը կը միանան բանակումին:

Հ.- Ընդհանուր բանակումի աշխատանքները ո՞ւր հասած են:

ՎԱՉԷ ՆԱՃԱՐԵԱՆ.- Բոլոր կազմերը աշխատանքի մէջ են, բանակավայրին մէջ վերջին նորոգութիւնները աւարտեցան, որպէսզի ընդունի 1200 հոգի, որ ինքնին նուաճում մըն  է: Օգտագործեցինք արհեստագիտական նորութիւնները ՀՄԸՄ-ի առօրեայ աշխատանքներուն մէջ: Երկրորդ անգամն է, որ արձանագրութիւններու դրութիւնը եղաւ ցանցային եւ այս իմաստով աւելի դիւրին եղաւ հետապնդել պատուիրակութիւններու կազմութիւնը: Հակառակ մասնակցութեան մեծ թիւին` նախկին տարազաւոր խմբապետներուն եւս երկու օր յատկացուած է. մօտ 200 նախկին խմբապետներ տարբեր շրջաններէ պիտի մասնակցին կեդրոնական տողանցքին` Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը եւ օր մըն ալ բանակավայրի մէջ պիտի մասնակցին միջազգային օրուան յայտագիրին:

Հ.- 100-ամեակի աշխատանքները ինչպէ՞ս պիտի համակարգուին:

Վ. Ն.- Բանակումի խմբապետութեան հետ զուգահեռաբար ծրագիրը դրուած  է արդէն: Կան կեդրոնական ձեռնարկներ, ուր ՀՄԸՄ-ը իր լրիւ ուժով պիտի մասնակցի, օրինակ` շաբաթ, 21 յուլիսին  Երեւանի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենան շքեղ տողանցք եւ փառատօն, որուն պիտի մասնակցին մօտ 2000 սկաուտներ: Ունինք նաեւ Գիւմրիի մէջ Վահան Չերազի արձանին բացումը, որուն մեր լրիւ կազմը ներկայ պիտի ըլլայ:

Հ.- Բանակումի յայտագիրը ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ իր մանրամասնութիւններով:

Թ. Օ.- Բանակումի պաշտօնական բացումը Բիւրականի մէջ տեղի պիտի ունենայ յուլիս 19-ին, կէսօրէ ետք, իսկ կէսօրէ առաջ բանակավայրին մէջ պիտի ըլլայ յուշաքանդակի մը բացումը: Կանոնաւոր յայտագիրը կը սկսի ուրբաթ: 16 եւ վեր տարիք ունեցողները պիտի բարձրանան Արագած` երկու անգամով: Երկու ուղղութեամբ շրջապտոյտներ պիտի ըլլան այդ օր: Շրջաններ պիտի ուղղուին Նորավանք եւ Խոր Վիրապ, իսկ այլ շրջաններ` Սեւանայ լիճ եւ Հայրավանք, եւ փոքր խմբակ մըն ալ Ծաղկաձոր եւ Կեչառիս պիտի երթայ: Մնացեալները բանակավայրին մէջ սկաուտական աշխատանք պիտի կատարեն: Շաբաթ կէսօրէ առաջ ունինք 100-ամեակին նուիրուած զարգացման մրցում. հարցարանները նախապէս ուղարկուած են շրջաններուն: Կէսօրէ ետք բանակումին մեծաշուք պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ, օփերայէն մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ տեղի պիտի ունենայ տողանցք, որուն պիտի մասնակցին նախկին խմբապետները: Ապա պիտի երթանք Ծիծեռնակաբերդ` գիշերային այցելութիւն մը տալու:

Կիրակի ազատ շրջապտոյտ է Երեւանի մէջ. իւրաքանչիւր պատուիրակութեան հետ ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-էն ընկերակցողներ կ՛ըլլան, որպէսզի ուղղութիւններ տան: Կէսօրէ ետք պիտի այցելենք Վազգէն Սարգսեան անուան զօրանոցը: Անցեալ բանակումին այս այցելութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր:

Երկուշաբթի Գիւմրի պիտի երթանք բոլոր պատուիրակութիւններով, Վահան Չերազի արձանի բացման հանդիսութեան: Երեքշաբթի զուտ սկաուտական աշխատանքներուն վրայ պիտի կեդրոնանանք բանակավայրին մէջ: Երեք անգամով պիտի կազմակերպենք այցելութիւն մը ԹՈՒՄՕ կեդրոն: Ունինք նաեւ գիշերային այցելութիւն` Բիւրականի աստղադիտարան: Գիշերները ունինք խարուկահանդէսներ:

Չորեքշաբթի ռալի ունինք Բիւրականի մէջ: Հինգշաբթի ունինք միջազգային օր. կրպակներ պիտի յատկացուին իւրաքանչիւր շրջանի պատուիրակութեան, որոնք պիտի ներկայացնեն իրենց երկիրները, բայց անպայման պիտի ներկայացնեն նաեւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած աշխատանքներ: Արդէն իրենցմէ պահանջուած է մանրակերտներ պատրաստել մրցակցութեան ձեւով: Պաշտօնական հիւրեր պիտի գան, նախկին խմբապետները այս ձեռնարկին ալ պիտի մասնակցին: Ուրբաթ կէսօրէ առաջ պիտի այցելենք Սարդարապատ` անկախութեան 100-ամեակին յարգանքի տուրքը տալու, եւ հոն գեղարուեստական յայտագիր մը պիտի ունենանք:

Հիմնական խարուկահանդէսը հինգշաբթի է: Շաբաթ, 28 յուլիսին, դրօշակի արարողութիւններէն ետք, շրջաններուն միջեւ յուշանուէրներու փոխանակում տեղի պիտի ունենայ, եւ պիտի առնուի խմբային մեծ նկար, ապա պաշտօնական փակում` Կեդրոնական վարչութեան ներկայութեամբ:

Կիրակի իրիկուն տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական վարչութեան ճաշկերոյթը, որուն պիտի մասնակցին բոլոր պատուիրակութիւնները:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>