Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

ԵՊՀ-ի Նախաձեռնած Հայոց Պատմութեան Հեռուսուցման Խտացեալ Ծրագիրին Մասին Իրենց Վկայութիւնները Կու Տան Ծրագիրի Նախկին Մասնակիցներն Ու Պատասխանատուները

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

2-(1)_022916

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, համագործակցութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին, 2014-ին նախաձեռնեց «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր»-ու հեռուսուցման խտացեալ եռամսեայ ծրագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ վարժարաններու հայոց պատմութեան եւ լեզուի ուսուցիչներ, լրագրողներ եւ այլ անհատներ: Այս առիթով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ դասընթացքին մասնակցող կարգ մը անհատներու հետ, որոնք տուին իրենց տեսակէտները ծրագիրին մասին, ինչպէս նաեւ իրենց ունեցած փորձառութեան մասին խօսեցան:

Մհեր Յովհաննիսեան

Մհեր Յովհաննիսեան

Զրոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Հուրի Եափուճեան, Սեւան Դանիէլեան, Անի Պիլալեան, Թամար Եալմանեան եւ Ժան Փիլիպպոս: Ծրագրի մասին իրենց կարծիքները տուին նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ.  Մհեր Յովհաննիսեան եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ դոկտ. Սեպուհ Այնթէպլեան:

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր»-ու հեռուսուցման խտացեալ ծրագիրին մէջ ձեր ունեցած փորձառութիւնը:

ՀՈՒՐԻ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ.- Այս նոր նախաձեռնութիւնը հետաքրքրական փորձառութիւն մըն էր, որ նոյնիսկ առիթ հանդիսացաւ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսներուն հետ: Առաջին հանգրուանին համացանցի միջոցով կը ստանայինք գիտելիքները ու ապա կը սորվէինք: Աւարտին ընտրեցինք ճշդուած նիւթերէն մէկը եւ պատրաստեցինք ուսումնասիրութիւն մը` օգտագործելով առցանց տեղադրուած թուայնացած գիրքերը:

ԱՆԻ ՊԻԼԱԼԵԱՆ.- Ծրագիրին պէտք էր հետեւէինք օրական քանի մը ժամ, որովհետեւ շատ ընդարձակ էր եւ հետաքրքրական: Տեսերիզներու ճամբով նաեւ կը հետեւէինք համալսարանի դասախօսներու զեկուցումներուն: Ծրագիրը ամբողջական էր եւ դասախօսներուն գործօն եւ օգտակար մասնակցութիւնը մղիչ ուժ էին` յաւելեալ թափով շարունակելու աշխատանքը:

ՍԵՒԱՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ.- Շատ հետաքրքրական փորձառութիւն մըն էր: Առաջինն էր իր տեսակին մէջ: Շատ մանրակրկիտ եւ սերտուած ծրագիր մըն էր, որուն մէջ անհասկնալի բան չկար: Շաբաթական դրութեամբ կը հետեւէինք դասերուն` դասախօսութիւններու, ընթերցումներու, քարտէսներու եւ նկարներու ճամբով:

ԺԱՆ ՓԻԼԻՊՊՈՍ.- Այսպիսի հեռակայ ուսուցում մը առաջին անգամ ըլլալով կը կայանար մեր միջավայրին մէջ: Հայոց պատմութեան հիմնահարցերուն շուրջ յաւելեալ գիտելիքներ ստանալու նպատակով մասնակցեցայ այս հետաքրքրական ծրագիրին, որ ամբողջովին օգտակար էր եւ շահեկան:

ԹԱՄԱՐ ԵԱԼՄԱՆԵԱՆ.- «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր»-ու եռամսեայ խտացեալ ծրագիրը հետաքրքրական էր իր արդիականացած ձեւերով: Համակարգիչին դիմաց նստելով` կարելի դարձաւ հայոց պատմութեան մեր գիտելիքները թարմացնել, ամրապնդել եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կ՛ընթանար ծրագիրը:

Ա. Պ.- Մենք առաւել եւս բարեկամացանք համակարգիչին եւ որոշակի նոր հմտութիւններ ձեռք ձգեցինք: Սկզբնաւորութեան դանդաղ էր մեր ընթացքը, սակայն հետզհետէ վարժուեցանք: Շատ լաւ պատրաստուած ծրագիր էր, եւ այս մէկը պէտք է ընդարձակուի եւ տարածուի: Ծրագիրը ոչ միայն տեղեկութիւններ կու տայ, այլ կը զարգացնէ վերլուծական մտածողութիւնը:

Ս. Դ.- Արհեստագիտութեան հետ կրցանք քայլ պահել: Մեզի համար հիմնականը այն է, որ միայն մենք չամբարենք այդ գիտելիքները, այլ նոյն ձեւով փոխանցենք աշակերտին, որպէսզի հայոց պատմութիւնը գիրքերու մէջ չմնայ: Դասագիրքի սահմանէն դուրս ելլենք: Ամէն բան յստակ եւ պարզեցուած է: Ուսուցիչին կը մնայ իրենց ներկայացուցած ձեւով աշակերտին ալ մատուցել: Ես կ՛ուզեմ մատնանշել, որ դասերու պարագային, ինչ որ մեզի համար անհրաժեշտ ժամանակաշրջաններ են ինչպէս` Վարդանանք, հայոց գիրերու գիւտ եւ այլն, գրեթէ զանց առնուած էին:

Հ. Ե.- Դասարանին մէջ կարելի է համացանցը օգտագործել, սակայն էականը ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւնն է…

Ժ. Փ.- Ծրագիրը կը համապատասխանէր համալսարանական դասընթացքներուն: Առաջին հերթին հետեւեցանք դասախօսներու զեկուցումներուն, ապա ներկայացուցինք 3 քննութիւններ եւ, վերջապէս, դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանի եւ Երուանդ Փամպուքեանի ներկայութեամբ պաշտպանեցինք մեր ուսումնասիրութիւնները: Աւարտին, դատական կազմի անդամները մեր աշխատանքները քննարկեցին եւ արժեւորեցին:

Թ. Ե.- Ծրագիրին մէջ շաբաթական դրութեամբ կը տրամադրուի նոր դաս մը: Քննութիւններէն եւ աւարտաճառէն ետք, մասնակցող ԵՊՀ-ի կողմէ կը ստանայ վկայագիր մը, որ հաստատուած է միջազգային կնիքով:

«Ա.».- Իսկ ծրագիրին կարեւորութիւնը…

Հ.  Ե.- Վստահաբար կարեւոր է, որովհետեւ հայոց պատմութեան մեր ուսուցիչները որքան ալ հմուտ ըլլան կամ տարիներու փորձառութիւն ունենան, պէտք ունին մասնագիտական ձեւով գիտելիքներ ամբարելու եւ ամրապնդելու: Անոնք պէտք է մնայուն դրութեամբ վերաորակաւորուին:

Ս. Դ.- Ուսուցիչի վերաորակաւորումը միշտ կարեւոր է, եւ այս նախաձեռնութիւնը մեզի համար առիթ մըն էր, որ մեր գիտելիքները վերաթարմացնէինք եւ որոշ մասնագիտական տեղեկութիւններ ամբարէինք: Համալսարանը մասնակիցներուն նուիրեց մեծ թիւով թուայնացած գիրքեր, ինչ որ մեծ հարստութիւն է:

Ա. Պ.- Մանկավարժականօրէն եւ արդի մեթոտներով պատրաստուած այս ծրագիրը օգտակար է եւ մեծ արժէք կը ներկայացնէ: Անոնք, որոնք հետեւեցան եւ յառաջիկային պիտի հետեւին, անպայմանօրէն կ՛օգտուին ծրագիրէն:

Ժ. Փ.- Ես կը քաջալերեմ լիբանանահայ վարժարաններու բոլոր ուսուցիչները, որ անպայմանօրէն հետեւին այս ծրագիրին:

Թ. Ե.- Ծրագիրին հիմնական եւ ընդհանուր նպատակը մարդուժի պատրաստութիւնն է սփիւռքի մէջ: Հեռուսուցման  այս խտացեալ ծրագիրը կրնայ վերաթարմացնել իւրաքանչիւր մասնակցողին գիտելիքները: Երանի նման ծրագիրներ պատրաստուին նաեւ աշակերտներուն համար, որովհետեւ այս դարուն համացանցը լաւագոյն միջոցներէն է:

«Ա.»- Դասընթացքի ընթացքին ի՞նչ դժուարութիւններ դիմագրաւեցիք:

Ս. Դ.- Նիւթերը շատ էին եւ ժամանակը շատ կարճ էր, մանաւանդ որ բոլորս ալ մեր անձնական աշխատանքները ունինք: Տեւողութիւնը 3 ամիս էր եւ 3 անգամ քննութիւն տուինք: Աւարտական քննութեան հարցարանը երկար էր…

Ա. Պ.- Ես ալ կ՛երկրորդեմ, որ շատ ընդարձակ էր ծրագիրը եւ ժամանակը կարճ էր, սակայն անկարելի բան չկայ, եւ կրցանք յաջողութեամբ աւարտել: Կ՛ուզեմ ըսել նաեւ, որ քննութեան հարցարանը շատ լաւ ձեւով պատրաստուած էր եւ հաճելին այն էր, որ քննութեան աւարտին մեր նիշերը անմիջապէս ստացանք:

Հ. Ե.- Կ՛առաջարկեմ, որ յառաջիկային, երբ դասընթացքը աւարտի, աւարտաճառին համար տրամադրուի շուրջ 2 շաբաթ ժամանակ, որպէսզի մասնակցողը յաւելեալ առիթ ունենայ ուսումնասիրելու եւ հաճոյքով մխրճուելու ուսումնասիրութեան նիւթին մէջ:

Ժ. Փ.- Առաջին հանգրուանին թեքնիք իմաստով շատ դժուարութիւններ ունեցանք, սակայն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանի ուղղութիւններուն շնորհիւ` հարցերը լուծուեցան:

ԴՈԿՏ. ՄՀԵՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ.- Հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու վերաորակաւորումը առաւել եւս արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի կողմէ մշակուեցաւ «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր» հեռուսուցման եռամսեայ ծրագիրը, որ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հետ գործակցաբար արձանագրեց յաջողութիւն: Ծրագիրի առաջին փուլին արդէն 18 ուսանողներ արձանագրուեցան եւ յաջողութեամբ աւարտեցին նախատեսուած կրթական շրջանը: Լիբանանահայերէն անկախ, ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Քանատայի եւ Սուրիոյ մեր հայրենակիցները: Ծրագիրը դարձաւ ոչ միայն ուսուցիչներու, այլ հայագիտութեան հետ առնչուող համայնքային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներու` լրագրողներու, խմբագիրներու եւ հետաքրքրուողներու համար օգտակար կրթական աղբիւր մը: Ասոր պատճառը անշուշտ ծրագիրի եւ համակարգի դիւրին ընկալումն ու օգտագործումն էր: Յատկանշական է, որ ծրագիրին մասնակցողը կը ստանայ հայագիտական գիրքերու սեփական ելեկտրոնային գրադարան: Մեր ծրագիրը սփիւռքի համար կրնայ դառնալ երկար ատեն հայապահպանութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւոր մարտահրաւէրներու արդի արդիւնաւէտ լուծումներէն մէկը:

ՍԵՊՈՒՀ ԱՅՆԹԷՊԼԵԱՆ.-  Համազգայինի առաքելութեան մէջ, մշակութային բաժինէն անկախ, կայ նաեւ կրթական բաժինը, որ բաւական մեծ տարողութիւն ունի: Այդ ծիրէն ներս, անցեալ տարի, համագործակցութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին, սկսանք «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր»-ու հեռուսուցման խտացեալ եռամսեայ ծրագիրը, որ աւարտեցաւ յաջողութեամբ: Այս տարի երկրորդ անգամ ըլլալով կը  կազմակերպուի յիշեալ ծրագիրը, որուն կը մասնակցին հայոց պատմութեան եւ լեզուի ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ` այս նիւթով հետաքրքրուած անհատներ: Մենք նկատի ունինք նաեւ մամլոյ աշխատակիցները, միութիւններու գրասենեակներու գործավարները: Այս տարուան ծրագիրին դասընթացքը պիտի սկսի 1 մարտ 2016-ին: Կը մաղթենք, որ այս ծրագիրը մնայուն կերպով կազմակերպուի եւ ընդարձակուի, որպէսզի Համազգային-ԵՊՀ գործակցութիւնը արդիւնաւորուի եւ ճիւղաւորուի:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>