ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Լուպնան էլ քապիր» կայքէն Ռաուանտ Պու Տըրղամի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ նախագահական ընտրութեան սահմանադրական գործընթացը ճշգրիտ ժամկէտին կատարելու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանը յուզող շարք մը հարցերու:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի կողմէ սիւննի երեսփոխանները հրաւիրելու եւ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտելու նախաձեռնութեան վերաբերեալ իր կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն հանրապետութեան միւֆթիին օրինակին հետեւելու եւ նախաձեռնելու քրիստոնեայ կուսակցութիւններու ղեկավարները եւ ոչ թէ միայն մարոնի ղեկավարները համախմբելու քայլին, որպէսզի համախոհութիւն գոյանայ եւ քրիստոնեայ միացեալ կեցուածքի մը կարելի ըլլայ յանգիլ»:
Սիւննի համայնքի տարտղնուելուն մասին հարցումի մը անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ իրավիճակը սկսած է, երբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի որոշեց քաղաքական իր գործունէութիւնը առկախել: «Ատիկա պատահեցաւ, որովհետեւ Հարիրին էր այն ղեկավարը եւ քաղաքական գործիչը, որ սիւննի համայնքին կեցուածքը կը միասնականացնէր: Փաստուեցաւ նաեւ, որ անոր բացակայութեան սիւննի համայնքը մէկ ղեկավարութիւն չունի, եւ այս իրականութիւնը բացայայտուեցաւ, երբ Նեժիպ Միքաթի սիւննի երեսփոխաններու նօսրացած քուէներով վարչապետ նշանակուեցաւ», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի մաղթեց, որ Հարիրի վերադառնայ Լիբանան, որովհետեւ անոր ներկայութիւնը Լիբանանի քաղաքական կեանքին համար յաւելուած արժէք է: «Թող Հարիրի վերադառնայ Լիբանան եւ օժանդակէ երկրին վերակառուցման: Շէյխ Սաատի բացակայութիւնը Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ բաց մը ստեղծած է, եւ այդ բացը զգալի է ո՛չ միայն սիւննի համայնքին մօտ, այլ բոլոր համայնքներուն մօտ եւ լիբանանեան ազգային կեանքին մէջ», շեշտեց ան:
Նախագահական ընտրութեան առումով Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք կարելիութիւն կը նկատէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ընտրութիւնը: Ան նշեց, որ Ֆրենժիէ կրնայ երեսփոխաններուն մեծամասնութեան քուէներուն արժանանալ` աւելցնելով, որ ան ազգային համախոհութեան ներկայացուցիչ է, որովհետեւ ընդունուած է շիի, սիւննի եւ տիւրզի համայնքներուն կողմէ, «սակայն դժբախտաբար անոր հարցը քրիստոնեայ համայնքն է, մասնաւորաբար` Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները», աւելցուց ան:
Նախագահական ընտրութեան շրջագիծին մէջ Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ առողջ չէ բանակի հրամանատարութիւնը ըլլայ հանրապետութեան նախագահութեան հասնելու ուղին: Ան ընդգծեց, որ ներկայիս ինք նախագահական ընտրութեան այլ լուրջ թեկնածուներ չի տեսներ, ինչպէս նաեւ կը մերժէ արտաքին աշխարհէն նախագահի ներածումը, «որովհետեւ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը պէտք է ըլլայ Լիբանանէն, երկրին եւ ժողովուրդին ցաւն ու տառապանքը կիսած անձնաւորութիւն մը», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի հարց տուաւ. «Ինչո՞ւ իբրեւ քրիստոնեաներ հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ չենք կրնար համախոհութիւն գոյացնել` գիտնալով հանդերձ, որ հիմնական հարցը Արեւելքի քրիստոնեաներուն ապագան է»:
Միւս կողմէ, Յ. Բագրատունի առանց վարանելու շեշտեց, թէ Ֆրենժիէ ամէնէն աւելի կրնայ երաշխաւորել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան գոյութիւնը եւ զսպել նախագահական պալատէն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի դուրս գալուն հետեւանքները:
«Ֆրենժիէ իր դաշնակից Պասիլը չի կոտրեր, ինչքան ալ անոնց միջեւ հեռաւորութիւն ըլլայ: Ֆրենժիէ ծանօթ է իր իրապաշտութեամբ ու արդարադատութեամբ եւ իրաւունքը իրաւատիրոջ վերապահելու պարկեշտութեամբ, նոյնիսկ երբ հարցը կը վերաբերի իր հակառակորդներուն», ընդգծեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց նաեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը` սահմանադրութեան համաձայն:
Ան շեշտեց նաեւ, որ ինք սկսած է նմանիլ Թովմաս առաքեալին եւ կառավարութեան կազմութեան մասին դրական մթնոլորտի լուրերուն չի հաւատար, մինչեւ կառավարութեան կազմութեան շրջաբերականի յայտարարութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի տակաւին Հայկական երեսփոխանական պլոքին հարց չէ տուած անոր նախարարի թեկնածուին մասին` աւելցնելով, որ ՀՅ Դաշնակցութեան համար աւանդութիւն է տարանջատել նախարարութիւնը երեսփոխանական աշխատանքէն, «եւ այդ մասին վերյիշեցում կատարած եմ վարչապետին հետ մեր ունեցած ոչ պարտադիր խորհրդարանական խորհրդակցութիւններուն ընթացքին», եզրափակեց ան: