ՋԱՀ յանձնախումբը հարցազրոյց մը ունեցաւ Լոռի մարզի Դեբետ գիւղ ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ համալիրի գործառնութիւններու ղեկավար Պետօ Տեմիրճեանի հետ, որ մեզի տեղեկացուց ՔՈԱՖ-ի առաքելութեան, ՍՄԱՐԹ կեդրոնի գործունէութեան, նուաճումներուն, եւ կարեւորութեան մասին: Պետօ Տեմիրճեան` իբրեւ սփիւռքահայ, նաեւ խօսեցաւ իր ընտանիքին հետ այնտեղ տեղափոխուելու երեւոյթին եւ ներկայի կացութեան մասին:
ՋԱՀ.- Ե՞րբ եւ ո՞վ հիմնած է ՔՈԱՖ հիմնադրամը: Ի՞նչ է հիմնադրամին առաքելութիւնը:
ՊԵՏՕ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- ՔՈԱՖ-ը (COAF, Children of Armenia Fund), կամ հայերէնով` «Հայաստանի մանուկներ բարեգործական հիմնադրամ», հիմնուած է 2004 թուականին` ծագումով պոլսահայ, ներկայիս նիւեորքաբնակ դոկտոր Կարօ Արմէնի կողմէ: Հիմնադրամին նպատակն է ապահովել Հայաստանի գիւղերու յառաջընթացն ու զարգացումը` կրթական, առողջապահական, մանուկներու եւ ընտանիքի ծառայութեան ու տնտեսական նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու միջոցով: Մեր կազմակերպութեան կարելի է ծանօթանալ այցելելով մեր կայքէջը` coaf.org, ինչպէս նաեւ` հետեւելով ՔՈԱՖ-ի ընկերային ցանցերուն, բոլոր հիմնական հարթակներուն վրայ:
ՋԱՀ.- Որո՞նք են տարբեր ծրագիրները եւ նախաձեռնութիւնները:
Պ. Տ.- Ինչպէս արդէն վերը նշեցի, ՔՈԱՖ-ը չորս հիմնական ուղղութիւններով կը գործէ` կրթական, առողջապահական, մանուկներու եւ ընտանիքի ծառայութեան ու տնտեսական ծրագիրներով: Ներկայիս վերոնշեալ ուղղութիւններով մենք զանազան ծրագիրներ իրականացուցած ենք Հայաստանի 67 գիւղերու մէջ: Յովհաննէս Թումանեանի ծննդավայր Դսեղ գիւղին մէջ բժշկական կեդրոնի մը կառուցման նախաձեռնած ենք, որ Լոռիի մարզի մէկ տասնեակէ աւելի գիւղերու առողջապահական կարիքները պիտի հոգայ, նախաձեռնած ենք կառուցման նաեւ Դեբետ գիւղին մէջ հիւրանոցային յաւելեալ սենեակներու եւ համագումարներու կեդրոնի մը կառուցումը, որոնք պիտի խթանեն շրջանին արդէն աճող զբօսաշրջութիւնը: Գրեթէ իր աւարտին հասած է «Այցելուներու կեդրոն»-ի շինարարութիւնը, որուն նպատակն է Լոռիի մարզի զբօսաշրջութիւնը խթանել մասնաւորապէս Դեբեդի կիրճի (Դեբեդի կիրճը չշփոթել «Դեբետ» անունը կրող գիւղին հետ) ամբողջ երկայնքին, Վանաձոր քաղաքէն մինչեւ Վրաստանի սահման: Այս բոլորը նաեւ աշխատատեղիներ են շրջանի բնակչութեան համար, որոնք այլապէս պիտի լքէին իրենց ընտանիքներն ու գիւղերը` արտագնայ աշխատանքի երթալու համար: Նախաձեռնած ենք նաեւ Արմաւիրի մարզի մէջ մանկան եւ ընտանիքի մի քանի կեդրոններ ունենալ, ուր համատեղուած պիտի ըլլան երեխաներու զարգացման, «լոկոփետի», ընտանիքներու հոգեբանական եւ ընկերային զանազան ծառայութիւնները: Նախաձեռնած ենք նաեւ «Սմարթ Դեբետ» գիւղական զարգացման ծրագիրը, որուն նպատակն է ցոյց տալ, որ կարելի է Հայաստանի մէջ «մոտել» գիւղ` արդի գիւղ ունենալ, ուր կարելի է ունենալ նորարար կեանք, արժանապատիւ կրթութիւն, աշխատանք, կապուած ըլլալ ճանապարհներով եւ հաղորդակցութեան միջոցներով, նոյնիսկ քաղաքէն գիւղ տեղափոխուիլ` բնակութիւն հաստատելու համար, աշխատանքի համար:
Արդէն յայտարարած ենք, որ Արմաւիրի մարզին մէջ նաեւ ՍՄԱՐԹ կեդրոն մը պիտի ունենանք, որ կը նախատեսուի աւարտել 2024-ին, ինչպէս նաեւ երկու այլ կեդրոններ Սիւնիքի մէջ: Այս տարուան յունուարին արդէն Ստեփանակերտի մէջ մեր գրասենեակը սկսաւ իր աշխատանքները:
ՋԱՀ.- Ե՞րբ կառուցուած է ՔՈԱՖ-ի Սմարթ կեդրոնը Լոռիի մարզի Դեբետ գիւղին մէջ եւ ի՞նչ է անոր գործունէութիւնը,ծրագիրները:
Պ. Տ.- ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ Կեդրոնը բացուած է 2018 թուականի մայիս 27-ին. ներկայիս սոյն կեդրոնը կը յաճախեն մարզի 28 բնակավայրերէ 3-18 տարեկան աւելի քան 2000 երեխաներ, որոնք շաբաթը երկու անգամ իրենց դպրոցէն ետք մեր մօտ կու գան չինարէն, ռուսերէն, անգլերէն, կառավարում, մարքեթինկ, ֆինանսներ, երգ, երաժշտական գործիքներ, ձայնային ձեւաւորում, նկարչութիւն, կատարողական արուեստներ, թուային նկարչութիւն, ծրագրաւորում, մեքանիքս, ակրոթեքնոլոճի եոկա, պար եւ մարմնամարզութիւն ծրագիրներուն հետեւելու: Այս բոլորը մեր կրթական համակարգի հիմնական մասն են, որ մենք կը կոչենք «Սմարթ քաղաքացիութեան կրթակարգ»:
ՋԱՀ.- Ի՞նչն է կեդրոնին նորագոյն նուաճումը:
Պ. Տ.- Ես հոս շատ ցայտուն նուաճում մը կը նշէի, այն, որ այս կեդրոնը փոխած է այն իրականութիւնը, որ լաւ կրթութեան եւ ընդհանրապէս ամէն լաւ բանի համար գիւղէն քաղաք պէտք է երթալ: Այս կեդրոնին շնորհիւ, քաղաքէն, մասնաւորապէս` Վանաձորէն, Ալավերդիէն, Թումանեանէն, գիւղ կու գան` ուսանելու, ստանալու լաւագոյնը: Փաստօրէն կան բաներ, որոնք նոյնիսկ հասանելի չեն, կամ աւելի դժուար հասանելի են քաղաքը, բայց Դեբետ գիւղի մէջ, շնորհիւ ՍՄԱՐԹ կեդրոնի, հասանելի են: Պարզ օրինակ` փորձեցէք չինարէն սորվիլ Վանաձորի մէջ: Ամենայն հաւանականութեամբ, ի վերջոյ Վանաձորէն պիտի գաք Դեբետ` ՍՄԱՐԹ կեդրոն: Պիտի ըսէի, որ նուաճումը ոչ թէ` միայն նորագոյն, այն է, որ ուշադրութեան կեդրոն դարձած է, որ օրինակ կը ծառայէ ուրիշներու Հայաստանի գիւղերուն հետ աշխատելու, գիւղերով հետաքրքրուելու, գիւղ այցելելու, որ` նման կեդրոններ կարելի է ունենալ Հայաստանի «խուլ անկիւններ»-ու մէջ, որոնք կը ծառայեն շրջաններու, մարզերու եւ գիղերու զարգացման: Կամքն ու որոշումը, նուիրուածութիւնը` Հայաստանի գիւղին, որ միայն ռոմանթիք մօտեցում մը չէ, այլ` իսկական ներկայութիւն, որուն համար պէտք է աշխատիլ, պահել եւ պահպանել գիւղն ու գիւղացին: Օրինակ, մեր այս տարուան ամառնային ծրագրի կարգախօսն է «Աւանդականէն նորարարութիւն», երեխաները իրենց ծրագիրներուն միջոցով հինը կը ներկայացնեն նոր ոճով, արդիականութեամբ: Կեդրոնի եւ ՔՈԱՖ-ի բոլոր ծրագիրները համայնքային ուղղուածութիւն ունին, գիւղական ծրագիրներ են: Կեդրոնին նուաճումներէն է նաեւ այն, որ զարգացման ընդհանուր կեդրոն դարձած է, կրթականէն շատ աւելին եղած է: Շատեր Երեւանէն յատկապէս կու գան կեդրոնը տեսնելու, ծանօթանալու, ներշնչուելու համար: Կարելի է ըսել, որ յաջողած նախաձեռնութիւն մըն է, եւ որ` պիտի կրկնապատկենք այլ մարզերու մէջ եւս: Մեր առաքելութեան միացած են եւ կը միանան` պետական մարմիններ, միջազգային կառոյցներ, կազմակերպութիւններ, անհատներ, լրատուական միջոցներ կը լուսաբանեն կեդրոնի աշխատանքներն ու գործունէութիւնը: Նոյնիսկ այս հարցազրոյցը ինքնին նուաճում մըն է, որ սփիւռքի մեր գաղութները կը մղէ լուսաբանելու մեր աշխատանքները:
ՋԱՀ.- Ի՞նչն է, որ քեզ մղեց այնտեղ երթալու եւ ի՞նչ է քու պաշտօնդ:
Պ. Տ.- Ես եւ ընտանիքս միշտ ուզած ենք Հայաստան գալ, հայրենիք տեղափոխուիլ: Բնականաբար, իբրեւ սփիւռքահայ, հայկականութեամբ սնանած ու դաստիարակուած, Հայաստանը միշտ եղած է մեր թիրախը: Հաւատացած եմ, որ Հայաստանի սիրտը գիւղերուն մէջ կը բաբախէ, գիւղերը պիտի շէնցնենք, որպէսզի զարգացնենք մեր երկիրը: Իսկ երբ ՔՈԱՖ-ի աշխատանքային այս առիթը եղաւ, «բաց չթողեցի» զայն, ինչպէս կ՛ըսեն, եւ համատեղելով Հայաստանն ու գիւղերու զարգացումը` եկայ հոս: Ներկայիս կը բնակիմ Լոռիի մարզի Դեբետ գիւղը, մօտ 800 հոգանոց գիւղ մը, եւ ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ համալիրի գործառնութիւններու ղեկավարն եմ:
ՋԱՀ.- Ի՞նչ են կեդրոնին ապագայ` ամառնային ծրագիրները:
Պ. Տ.- Ամառնային ծրագիրները շատ են, դպրոցի արձակուրդային օրերը օգտագործելով` այս պահուն ընթացքի մէջ են մեր կրթահամակարգի խտացուած դասընթացները, որոնք պիտի աւարտին յուլիսի վերջը: Միաժամանակ այլ նախաձեռնութիւններ եւս կ՛ընթանան, ինչպիսին է մարզի անգլերէն լեզուի ուսուցիչներու վերապատրաստումը, շուտով պիտի սկսինք նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ դասընթացներ եւ վերապատրաստումներ կազմակերպել մարզի զարգացման համար: Ամառնային շրջանին արդէն մեր փոքր հիւրանոցին մէջ գրեթէ տեղ չկայ: Նուաճումը այն է, որ կեդրոնը դարձած է մարզի հիմնական վայրերէն մէկը` ըլլա՛յ այցելութիւններու առումով, ըլլա՛յ կրթական, տնտեսական զարգացման առումով:
ՋԱՀ.- Կա՞ն գործի առիթներ, եւ ո՞ր մասնագիտութիւններուն համար:
Պ. Տ.- Գործի առիթներ կան, այո՛: Շատ տարբեր մասնագիտութիւններու համար. նշեմ, որ ՔՈԱՖ-ի մէջ արդէն սփիւռքահայերու, հայրենադարձներու թիւը բաւականին է, եթէ հետաքրքրուողներ կան, թող անպայման այցելեն մեր կայքէջը (https://www.coaf.org/en/careers/) եւ դիմեն: Մեր youtube-եան էջին վրայ «Միացէ՛ք մեզ» (անգլերէնով Join Us) կարճ քլիփ մը պատրաստած ենք, ուր կ՛երեւին աշխարհի զանազան վայրերէն, Հայաստանի զանազան մարզերէն ու քաղաքներէն մեր աշխատակիցները, հայկական մանրանկար մըն ենք. յառաջիկայ տարիներուն, աշխատակազմի մեծ կարիք պիտի ունենանք, մանաւանդ` մեր նոր կեդրոններուն համար, ծրագիրներուն համար:
ՋԱՀ.- Ի՞նչ ակնկալութիւն կայ սփիւռքէն եւ փոխգործակցութեան ի՞նչ հնարաւորութիւններ կան:
Պ. Տ.- Մենք բաց ենք փոխգործակցութեան առաջարկներու. վերջերս Ֆրանսա էինք եւ ֆրանսահայ կազմակերպութեան մը հետ մաքուր, ջրածնային ուժանիւթի արտադրութեան համաձայնագիր մը կնքուեցաւ մեր միջեւ: Շատ կամաւորներ կան, կու գան, որոնք ամրան ընթացքին մեր զանազան ծրագիրներուն մաս կը կազմեն, գործի առաջարկներ, նորարար մօտեցումներ եւ այլն եթէ կան, ըլլան, միշտ պատրաստ ենք լսելու: Կարեւոր է, որ սփիւռքէն մեր հայրենակիցները հասկնան Հայաստանի գիւղերու կարեւորութիւնը, այցելեն գիւղերը, ծանօթանան գիւղերու կեանքին, կարիքներուն: Հանգրուան մը հասած ենք, ուր այլեւս Հայաստան այցելութեամբ պէտք չէ բաւարարուինք միայն, այլ մտածենք, թէ Հայաստանին ի՛նչ կրնանք տալ, ի՛նչ կրնանք ընել, որ պիտի զարգացնէ երկիրը:



