Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

«Իւրաքանչիւր Քաղաքացի Թող Իր Խիղճով Ընտրէ Եւ Իսկականին Ու Կեղծին Միջեւ Տարբերութիւնը Գիտնայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

$
0
0

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Վանայ Ձայն»-էն հարցազրոյցի մը ընթացքին, զոր վարեց Հալա Հատտատ, անդրադարձաւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, երկրին մէջ տիրող ընտրական մթնոլորտին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան հասցէին արձակուող ամբաստանութիւններուն:

Յայտագիրին սկիզբը Հատտատ յատկացուց կարգ մը հարցումներու, զորս հաւաքած է ուղղակի կուսակցականներէ:

«Ի՞նչ կ՛ըսէք այն դաշնակցականին, որ ՀՅ Դաշնակցութենէն կեցուածք ճշդած է` կուսակցական նեղ հաշիւներու պատճառով»:

Երեսփոխան Բագրատունի պատասխանեց. «Իւրաքանչիւր կուսակցական իրաւունք ունի իր կեցուածքն ու կարծիքը արտայայտելու` ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցին մէջ: Մենք ժողովրդավար կուսակցութիւն ենք, եւ մեր ընկերներն ու ընկերուհիները լաւ գիտեն, թէ ի՞նչ է հաշուետուութեան կանչելու ձեւը` կուսակցական կառոյցներուն մէջ: Եթէ ոմանք կարգ մը բողոքներ ունին, կարգ մը պատասխանատուներու կամ Յակոբ Բագրատունիին դէմ են, ատիկա իրենց իրաւունքն է, սակայն կուսակցական շրջագիծի մէջ` անոնք կրնան իրենց կարծիքը յայտնել, կրնան հաշուետուութեան ենթարկել, իսկ տարի մը ետք ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ընտրութիւններուն ընթացքին կրնան քուէարկել իրենց մերժած անձնաւորութիւններուն դէմ: Բնականոն եւ ժողովրդավարական է այս հոլովոյթը: Կարելի է ՀՅ Դաշնակցութեան անդամ կուսակցականէ մը նեղանալ, սակայն ՀՅ Դաշնակցութենէն նեղանալու իրաւունք չունին, որովհետեւ կուսակցութիւնը ո՛չ իմս է եւ ո՛չ ալ ուրիշինը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայութեան կը պատկանի եւ բոլոր կուսակցականներուն:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին քուէարկութեան չմասնակցելու պարագային, ան իբրեւ լիբանանցի կրնայ չուզել ընտրութիւններուն մասնակցիլ, սակայն եթէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը որոշած է մասնակցիլ ընտրութիւններուն եւ ինք որոշումը չկատարէ, ապա անոր հաշուոյն կը տնօրինուի կազմակերպական այն որոշումը` ինչ որ պիտի գործադրուէր խախտում կատարած ոեւէ դաշնակցականի պարագային»:

«Ի՞նչ կ՛ըսէք այն դաշնակցականին, որ ՀՅ Դաշնակցութեան կազմած դաշինքները կը մերժէ»:

Երեսփոխան Բագրատունի պատասխանեց. «ՀՅ Դաշնակցութեան դաշինքները կամ որդեգրելիք քաղաքականութիւնը կը ճշդուին Շրջանային ժողովին ընթացքին, որ կը գումարուի երկու տարին անգամ մը, եւ այդ ժողովին է, որ նոր Կեդրոնական կոմիտէ կ՛ընտրուի: Այդ ժողովին մասնակից իւրաքանչիւր կուսակցական կ՛իմանայ որոշումներուն մասին: Մենք ճշդուած քաղաքական ուղեգիծէն չենք շեղած: Որոշումը այն էր, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն պէտք է աշխատի կարելի եղածին չափ մեծ թիւով երեսփոխաններ հասցնել խորհրդարան»:

«Ի՞նչ կ՛ըսէք այն դաշնակցականին, որ ազդուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան հասցէին հնչած «գողերու կուսակցութիւն» ամբաստանութենէն»:

Երեսփոխան Բագրատունի պատասխանեց. «Չեմ կարծեր, որ կայ դաշնակցական մը, որ կ՛ազդուի նման զրպարտութենէ կամ արշաւներէ:

Եթէ կայ կուսակցական մը, որ ազդուած է, ապա ըստ երեւոյթին ան «Վանայ Ձայն» չի լսեր, օրաթերթ չի կարդար, կամ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին լուրերուն չի հետեւիր` ընկերային ցանցերէն: Սակայն հաւատացէ՛ք, որ ան ներքուստ գիտէ, թէ այդ զրպարտութիւնը սուտ է: Սակայն իւրաքանչիւր կուսակցութեան կամ ընտանիքի մէջ անպայման գերզգայնութիւններ կ՛ըլլան, ներքին ընդդիմութիւն կ՛ըլլայ, բայց եւ այնպէս ՀՅ Դաշնակցութեան անդամը, կուսակցականը չ՛ազդուիր, ինչ որ է պարագան մեր անդամներուն 99 առ հարիւրին մօտ»:

«Ի՞նչ կ՛ըսէք այն դաշնակցականին, որուն սրտովը չեն երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուները»:

Երեսփոխան Բագրատունի պատասխանեց. «Անոնք իրաւունք ունին, սակայն կազմակերպական առումով, տարի մը ետք Շրջանային ժողով կայ եւ հաշուետուութեան կարելի է ենթարկել: ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն նոյն թեկնածուները առաջադրած է, այնպէս ինչպէս 2018-ին: Թերեւս կարելի էր որոշ փոփոխութիւններ յառաջացնել, սակայն տեսանք պայմաններն ու կացութիւնը: Առաջադրեցինք մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի թեկնածութիւնը` հաւատալով, որ ներկայացուցչութիւնը աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ իգական սեռի թեկնածուով, նաեւ որովհետեւ գիտենք անոր կարողութիւնները, որոնք փաստուեցան անոր նախարարութեան օրերուն, սակայն ան նախընտրեց իր թեկնածութիւնը յետս կոչել` մնալով հանդերձ ընկերային, հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ, թերեւս աւելի լաւ պայմաններու ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ անոր թեկնածութիւնը առաջադրել:

Կան նաեւ կուսակցականներ եւ խօսակցութիւն, թէ ինչո՞ւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը չորրորդ անգամ ըլլալով է, որ իր թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ: Սակայն կան պայմաններ, կայ քաղաքական որոշ իրավիճակ, քաղաքական որոշ ապագայ, կայ փորձառութիւն… սակայն անոնք կրնան մերժել: Այդ մերժումը սակայն վաղուան քուէն չեղեալ նկատելով չէ, որ պէտք է արտայայտուի, այլ` կուսակցութեան մօտ պէտք է բողոքեն, որովհետեւ որոշումը կուսակցական որոշում է»:

«Ի՞նչ կ՛ըսէք այն դաշնակցականին, որ նեղուած է, որովհետեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պէտք եղած ձեւով իրեն չէ ծառայած»:

Երեսփոխան Բագրատունի պատասխանեց. «Այդ կուսակցականը պէտք է իմանայ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կուսակցականին չի ծառայեր: Մենք բարեսիրական միութիւն չենք բացած, որպէսզի անոր անդամներուն ծառայենք: Թերեւս անոնք երկրին մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտէն ազդուած են, սակայն մենք ժողովուրդին կը ծառայենք եւ ոչ թէ մենք մեզի: Մեզի համար ժողովուրդն է առաջնահերթութիւնը: Ժողովուրդին համար արիւնը նուիրաբերողը մէկ կապ հացի կամ մէկ ամփեր ելեկտրականութեան դիմաց չի կենար: Իսկ եթէ կուսակցական մը կայ, որ կարիքաւոր է, անոր պարագան նկատի կ՛առնուի, այնպէս ինչպէս ոեւէ անհատ: Սակայն իբրեւ կուսակցական անոր առաջնահերթութիւն չի տրուիր»:

«Ի՞նչ կ՛ըսէք այն հայուն, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծերացած կուսակցութիւն կը նկատէ»:

Երեսփոխան Բագրատունի պատասխանեց. «Եթէ երիտասարդներ չունինք, սակայն երկու ամիս առաջ երդման արարողութեան ընթացքին 80 նորագիրներ միացան մեր շարքերուն: Ինչպէ՞ս երիտասարդներ չկան եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական ու Լիբանանի երիտասարդական միութիւնները կան: Ամբոխահաճոյ այս յայտարարութիւններուն վարժ ենք այլեւս, եւ կարեւոր է նախ եւ առաջ երիտասարդները Լիբանանի մէջ պահել ու ապա խօսիլ: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին հայը կամ ոչ հայը  չտեսա՞ւ, որ գետնի վրայ ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդը, ՀՄԸՄ-ի տղաքը, Օգնութեան խաչի ընկերուհիներն ու Համազգայինի տղաքը ինչպէ՞ս կ՛աշխատին, փողոց կ՛աւլեն, վիրաւորին կը հասնին եւ ժողովուրդին կարիքները կը հոգան: Ճիշդ է, որ մենք անոնց ՀՅ Դաշնակցութեան զինանշանը կրող ժիլէներ չտրամադրեցինք, սակայն մարդիկ գիտեն: Իսկ ով որ չի գիտեր, խորքին մէջ չ՛ուզեր գիտնալ»:

«Ի՞նչ կ՛ըսէք այն հայուն, որ կ՛ըսէ, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Լիբանանի հայութեան կը սպառնայ եւ զայն կը վախցնէ` ընտրութիւններուն մասնակցելու առումով»:

Երեսփոխան Բագրատունի պատասխանեց. «Թող մէկը գայ եւ հաստատէ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան օգտին չքուէարկած պաշտօնեայ մը աշխատանքէ արձակած ենք: Թող գայ մէկը եւ ըսէ, որ մեր օժանդակութիւնները, որոնք մնայուն են եւ ոչ թէ չորս տարին անգամ մը, կասեցուցած ենք: Կամ նոյնիսկ մեզի դիմողին հարց տուած ենք, թէ ինք դաշնակցակա՞ն է, հնչակեա՞ն, թէ՞ ռամկավար. հայ առաքելակա՞ն է, հայ կաթողիկէ՞, թէ՞ հայ աւետարանական: Ո՛չ մէկ անգամ կը հարցնենք, թէ անոնք որո՛ւ քուէարկած են:

Թող մարդիկ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արխիւները դիտեն եւ տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս ՀՅԴ ընտրական հաւաքներուն ընթացքին ես կը հաստատէի, որ երբ մեզի դիմէք, մենք ձեր քուէին մասին հարց պիտի չտանք, այլ` մեր պարտականութիւնն է ծառայել ձեզի, եւ եթէ նոյնիսկ մեր դէմ քուէարկած էք, ապա դարձեալ պիտի ծառայենք ձեզի»:

«Ի՞նչ կ՛ըսէք այն հայուն, որ կը հաստատէ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններուն պիտի յաղթէ արտերկրի լիբանանահայոց քուէներով»:

Երեսփոխան Բագրատունի պատասխանեց. «Ճիշդ չէ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը արտերկրի լիբանանահայոց քուէին չէ, որ կը վստահի: Այլ կուսակցութիւններու պարագային կրնայ ճիշդ ըլլալ: 8 մայիսին վկայեցինք իրավիճակը, արդեօք նշմարեցի՞ք մէկը, որ ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշ ունէր կամ գլխարկ դրած էր: Լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը այդ աշխատանքին մէջ էին եւ լման տարազով կազմ ու պատրաստ: Պէտք է նաեւ ըսել, որ արտերկրի լիբանանահայերը մեծ թիւով չէին արձանագրուած, որովհետեւ անոնք խանդավառութիւն չունէին արտերկրի վեց երեսփոխանները ընտրելու առումով, իսկ ընտրական օրէնքը մետասաներորդ պահուն փոխուեցաւ եւ արդէն իսկ ժամանակ չէր մնացած մեծ թիւով արձանագրութիւններ կատարելու»:

Իսկ Լիբանան ժամանող հայոց մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կարելի չէ արգիլել, որ քաղաքացի մը գայ իր երկիրը եւ ընտրութիւններուն մասնակցի:

«Ի՞նչ կ՛ըսէք այն հայուն, որ կը հաստատէ, որ հայ եկեղեցին ՀՅ Դաշնակցութեան կողմնակից է»:

Երեսփոխան Բագրատունի պատասխանեց. «Արդեօք պատահա՞ծ է, որ հայ հոգեւորական մը ՀՅ Դաշնակցութեան գովքը հիւսած է: Եթէ Արամ Ա. կաթողիկոսին յայտարարութեան մասին է խօսքը, ապա վեհափառին յայտարարութիւնը յստակ էր, որ եթէ հայ երեսփոխանները Լիբանանի հայութիւնը պիտի ներկայացնեն, ապա իբրեւ Լիբանանը բաղկացնող հիմնական 7 համայնքներէն մէկուն կաթողիկոսը, նուազագոյնը պէտք է գիտնամ, թէ ո՞վ են այս երեսփոխանները, ո՞ւր էին, ո՞ւր են: Երէկ օրինակ թեկնածու մը բացայայտ կերպով յայտարարեց, թէ ինք անձնաթուղթով հայ է, հայերէն չի խօսիր, հայերէն չի գիտեր եւ հայերը յօգուտ իրեն պիտի չքուէարկեն: Եթէ պատկերասփիւռի կայանէն նման յայտարարութիւն կատարող թեկնածու կայ, ապա վեհափառը ուրիշ ի՞նչ կրնայ ըսել:

Եթէ քաղաքացիական պետութեան մէջ ըլլայինք եւ երկրի մը մէջ, որուն վարչակարգը համայնքային չէ, ապա կարելի է թերեւս:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ Հնչակեան կուսակցութիւնը, որ ընտրութիւններուն թեկնածու ունի, ինչո՞ւ Արամ Ա. կաթողիկոսը Հնչակեան կուսակցութեան կողմնակից չի նկատուիր, այլ Դաշնակցութեան:

Վեհափառին յայտարարութիւնը այն էր, թէ հայ երեսփոխանը պէտք է համայնքը ներկայացնէ, հետեւաբար ով որ ինքզինք կը նկատէ մէկը, որ հայ համայնքը չի ներկայացներ, ըմբռնեց կաթողիկոսին յայտարարութեան իմաստը եւ նեղացաւ: Յստակ է:

Արամ Ա. կաթողիկոսը իմ մասիս չէ, որ կը խօսէր, որովհետեւ ես հայ եւ ոչ հայ համայնքներուն մէջ ունիմ պատմութիւնս եւ գործունէութիւնս»:

«Ի՞նչ կ՛ըսէք այն իրականութեան, որ հայկական կուսակցութիւններուն միջեւ բաժանում յառաջացած է, մինչդեռ անոնք միշտ հաշտ եւ միասնական եղած են եւ հիացուցած լիբանանցիները»:

Երեսփոխան Բագրատունի պատասխանեց. «1958-ի ցաւալի դէպքերէն ետք, հայկական կուսակցութիւնները համաձայնեցան, որ անոնց միջեւ բաժանում պիտի չըլլայ: Այսօր հայկական երեք կուսակցութիւններուն միջեւ հարցեր գոյութիւն չունին:

Տակաւին երէկ Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչը այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ մեզի հետ: Նաեւ մեզի այցելեց Ռամկավար կուսակցութեան ներկայացուցիչը` Աւետիս Տաքէսեան, որ նաեւ անդամ է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Շրջանային խորհուրդին: Հայկական կուսակցութիւններուն միջեւ բաժանում չկայ»:

«Ի՞նչ կ՛ըսէք այն ամբաստանութեան, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Լիբանանը կ՛առեւանգէ` զայն ուղղելով քանդումի քաղաքականութեան»:

Երեսփոխան Բագրատունի պատասխանեց. «Չեմ գիտեր որո՞ւն է ակնարկութիւնը, սակայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը Լիբանանը չէ առեւանգած, այլ 1975-էն ի վեր ՀՅԴ-ի քաղաքականութիւնը եղած է հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն, հիմնուած` երկխօսութեան վրայ եւ Լիբանանի շահերուն ծառայող: Մեզ ամբաստանողը ինք թող առեւանգէ համայնքը եւ փաստէ, որ մենք չենք անոր ներկայացուցիչը»:

«Ի՞նչ կ՛ըսէք այն ամբաստանութեան, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայ դատը կը շահագործէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելու համար»:

Երեսփոխան Բագրատունի պատասխանեց. «Այս ամբաստանութիւնը քաղաքական եւ տեղեկատուական բռնածաղրի օրինակ մըն է: Սակայն եթէ կայ թեկնածու մը, որուն գրասենեակը Պոլիս կը գտնուի, ի՞նչ ըսեմ անոր մասին: Ըսեմ, որ Երեւան կամ Լոս Անճելը՞ս է անոր գրասենեակը: Եթէ կայ հայ թեկնածու մը, որ տարին բազմաթիւ անգամներ Թուրքիա կ՛այցելէ, ի՞նչ պէտք է ըսել. Զուիցերիա՞ կ՛այցելէ»:

«Ի՞նչ կ՛ըսէք այն ամբաստանութեան, որ մեծ պետութիւն մը արգիլած է ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչին մուտքը»:

Երեսփոխան Բագրատունի պատասխանեց. «Սուտ է, որ չեն կրնար օգտագործել եւ յայտարարել, որ Հըզպալլայի հետ յարաբերութեանս պատճառով արգիլած են Միացեալ Նահանգներ մուտքս: Սխալ է, որովհետեւ ես ամերիկեան վիզա ունիմ»:

«Ի՞նչ կ՛ըսէք այն ամբաստանութեան, որ Յ. Բագրատունի Պուրճ Համուտի թեկնածու է եւ ոչ թէ Մեթնի»:

Երեսփոխան Բագրատունի պատասխանեց. «Ասիկա ըսողը չի գիտեր կ՛երեւի, թէ Անթիլիասը, Պհըրսաֆը, Պիքֆայան, Սին էլ Ֆիլը, Ժտէյտէն, Ժալ էլ Տիպը եւ Տըքուենէն, Զալքան, Պսալիմը, Մըզհերը, Տհուր Շուէյրն ու Պոլոնիան Մեթնի մէջ են: Ճիշդ է, որ Պուրճ Համուտի մէջ մեծ թիւով հայեր կան, ինչպէս որ մարոնի համայնքին մեծամասնութիւնը Քեսրուանի մէջ է: Ես հպարտ եմ, որ Պուրճ Համուտի թեկնածու եմ, նուազագոյնը շրջանէն դուրս թեկնածու չեմ, կամ այլ մայրաքաղաքի մը թեկնածուն չեմ, կամ դեսպանատան մը թեկնածուն չեմ, կամ կասկածելի կազմակերպութեան մը թեկնածուն չեմ»:

Լիբանանի հոգեւոր պետերուն կողմէ դրսեւորուած քաղաքական կեցուածքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ գրեթէ բոլոր համայնքները, ինչպէս նաեւ օտար երկիրներու մէջ հոգեւորականներու կողմէ նման քայլեր կը կատարուին, «սակայն բաղձալի երեւոյթ մը չէ ատիկա»:

Ան նշեց, որ իրականութեան մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը առաջին անգամ ըլլալով է, որ նման յայտարարութիւն մը կատարեց Ս. Զատկուան պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ: «Ճիշդ է, որ անոր յայտարարութիւնը մեկնաբանուեցաւ իբրեւ քաղաքական միջամտութիւն, սակայն խորքին մէջ անոր յայտարարութիւնը սրտի ցաւ էր, որ հայ համայնքի ներկայացուցիչը նուազագոյնը ծանօթ մէկը ըլլայ: Անհատ մը, որ օր մը պատարագին ներկայ գտնուած է կամ անձամբ ծանօթ է: Այս կեցուածքը քաղաքական կեցուածք չէ: Այլ հօր մը կեցուածքը, որ կը փափաքի ճանչնալ այն զաւակը, որ պիտի ներկայացնէ իր ընտանիքը», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ օտար պետութիւններու միջամտութիւններուն, յատկապէս` դեսպաններուն ճամբով, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ճիշդ է այդ իրականութիւնը, «սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ լիբանանցին է առիթ տուողը, որ այդ միջամտութիւնները կատարուին: Լիբանանցին հակամէտ է օտարը հրաւիրելու եւ անոր առիթ ընծայելու, որ ներքին լիբանանեան հարցերուն միջամուխ դառնայ: Հետեւաբար, եթէ մենք փոփոխութեան մասին կը խօսինք, ապա պէտք է այս իրականութիւնը փոխենք` վերադառնալով մեր քաղաքացիութեան զգացումին, եւ մեր աչքը դուրս չպահենք», աւելցուց ան:

Սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու առաջարկը իրականութիւն դարձնելու մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ատիկա կարելի չէ` աւելցնելով, որ «Նախ Լիբանան» ըմբռնումը երկրին եւ քաղաքացիներուն միտքին մէջ դրոշմելու համար պէտք է սերունդներ դաստիարակուին եւ համոզուին, որ իրենք լիբանանեան պատկանելիութիւն ունին: «Կամքի եւ ժամանակի կարիք կայ այս իմաստով», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այս բոլորին մէջ կարելի չէ մոռնալ լիբանանեան ջուրերէն բնական կազի եւ նաւթի պեղումը, որ կը նշանակէ Լիբանանի համար ընկերային եւ տնտեսական բարենպաստ պայմաններ եւ բարգաւաճում, որ իր դրսեւորումը կ՛ունենայ քաղաքականութեան, գերիշխանութեան եւ ազատութեան վրայ: «Հետեւաբար ուրիշէն կախեալ ըլլալու իրականութիւնը կը նուազի, եւ լիբանանցին իր ինքնուրոյն որոշումը կ՛ունենայ` առանց օտար երկիրներու որոշումէն կախեալ ըլլալու: Իմ մտավախութիւնս այն է, որ եթէ Լիբանան օր մը սկսի նաւթ եւ կազ արտահանել, անոր վճարելիք գինը շատ աւելի սուղ պիտի ըլլայ, քան` արտահանուած կազը, եւ Լիբանան վերջ պիտի տայ իր բնական հարստութեան արտահանումին: Մեծ պետութիւնները կը փափաքին Լիբանանը միշտ ծունկի եկած պահել: Շրջանին մէջ ժողովրդագրական փոփոխութեան ծրագիրը ընթացքի մէջ է, եւ պէտք է գիտնանք, որ մեզ ինչո՛ւ ծունկի բերած են, որպէսզի կտոր մը հաց, բուռ մը ձաւար եւ շիշ մը ձէթ ունենանք եւ բաւարարուինք», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի հիմնական հարցը նաեւ համախոհական ժողովրդավարութեան մէջ է, որուն հիման վրայ իւրաքանչիւր կողմ կը պահանջէ իրը, այսինքն` ելեկտրականութեան ընկերութիւն մը քեզի, ելեկտրականութեան ընկերութիւն մը ինծի, օդակայան մը քեզի, օդակայան մը ինծի: «Եթէ այս ձեւով պիտի շարունակենք, եւ մեր մտայնութիւնը պիտի չփոխուի, ապա կրնայ 100 խորհրդարան փոխուիլ, սակայն մեր մտայնութենէն եւ տրամաբանութենէն ոչինչ կը փոխուի, եւ չենք զարգանար», հաստատեց ան:

Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրէն իրեն հասած հսկայական գումարներուն մասին ամբաստանութեան պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ իր աղբիւրները թափանցիկ են եւ յստակ:

«Իսկ Պուրճ Համուտի մէջ թափօններու թաղման վայր գոյութիւն չունի, ո՛չ ալ աղբակոյտ գոյութիւն ունի: Մարդիկ առանց տեղեկութիւններ ստուգելու յայտարարութիւններ կատարած կ՛ըլլան, ապա կը յայտարարեն, որ սխալած են: Սխալը ընդունիլն ու ներում հայցելը շուքի տակ կը մնան, որովհետեւ մարդիկ կ՛ուզեն սուտ տեղեկութեանց կառչած մնալ, առանց նայելու միւս կողմը` Ժտէյտէի կողմը, ուր տակաւին աղբ կը թափուի: Ամէն պարագայի, ժողովուրդը կրնայ երթալ Պուրճ Համուտի տուեալ վայրը եւ տեսնել ու փաստել, որ թափօններու թաղման վայր գոյութիւն չունի», շեշտեց ան:

Այլ հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն տալիք իր խորագիրը շատ լաւատեսական կրնայ չըլլալ, սակայն հետեւեալն է. «Լիբանանը վերականգնելու յոյսին ուղղութեամբ առաջին քայլը»:

Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական հիմնական խորագիրը նախ եւ առաջ պիտի ըլլայ ամէն տեսակի սադրանքի արգիլումը եւ զէնքի չդիմելու քայլը, ինչպէս նաեւ հաւասարակշռուած եւ երկխօսութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութեան պահպանումը:

Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց ժողովուրդին Լիբանանի հանդէպ իր հաւատքը չկորսնցնելու:

«Իւրաքանչիւր քաղաքացի իր քուէն թող նկատէ փաստաթուղթ մը, որ կ՛որոշէ իր անձնական ճակատագիրը եւ երկրին ճակատագիրը` յաջորդ չորս տարիներուն ընթացքին: Թող ան խիղճով ընտրէ, հեռու` ամբոխահաճոյ մթնոլորտէ: Ճիշդ է, որ դրամի հարց գոյութիւն ունի` մարդիկ կը վճարեն, սակայն թող քուէարկող քաղաքացին գիտնայ իսկականին եւ կեղծին միջեւ տարբերութիւնը: Թող ան իմանայ, որ իսկականը, որ տարիներ իր կողքին կանգնած է, տարբեր է անկէ, որ ընտրութիւններէն երեք ամիս առաջ կը բուսնի, ու ընտրութիւններէն ետք, եթէ ձախողի, կը մեկնի երկրէն, իսկ եթէ յաջողի` խորհրդարան հասած կ՛ըլլայ եւ կրնայ իր խոստումները կատարել կամ կիսատ ձգել: Քուէարկող քաղաքացին թող գիտնայ, որ ինքն իր որոշումին տէրն է` քուէատուփին դիմաց: Թող ան գիտնայ, որ իր խիղճը կարեւորագոյնն է, եւ գիտնայ, որ օր մը ինք պատասխանատու է իր զաւակներուն դիմաց, երբ անոնք իրեն հարց տան, թէ ի նպաստ որո՞ւն քուէարկած է եւ ինչո՞ւ քուէարկած է: Լիբանանցին իր արժանապատուութեան տէրն է, սակայն ամօթ է անոնց, որոնք ժողովուրդին խիղճը գնելու ելած են», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles