Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Հարցազրոյց «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ (1920-1930-ական)» Գիրքի Հեղինակ Խաչատուր Ստեփանեանին Հետ

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Այս տարուան ընթացքին լոյս տեսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի հրատարակած պատմագիտական արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններու 16-րդ հատորը` Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի համաշխարհային պատմութեան մեթոտիկայի ամպիոնի վարիչ, պատմաբան դոկտ. փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեանի «Հայաստանում խորհրդային իշխանութեան հաստատման հիմնահարցը սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի գնահատմամբ (1920-1930-ական թթ.) խորագրեալ գիրքը:

Սոյն հատորին մէջ հեղինակը գիտական անաչառութեամբ կը ներկայացնէ 1920-1930-ական թուականներուն սփիւռքահայ հասարակական մտքի մօտեցումները Հայաստանի խորհրդայնացման հարցին շուրջ: Ան իր աշխատութեան մէջ օգտագործած է այդ ժամանակաշրջանին սփիւռքի մէջ հրատարակուած մամուլի մեծ թիւով հրապարակումներ: Օգտագործուած են նաեւ դաշնակցական եւ ոչ դաշնակցական քաղաքական ուղղութիւններու հետեւող հասարակական ու քաղաքական գործիչներու կարծիքներն ու յուշագրութիւնները տուեալ ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն մասին:

Այսօր` ուրբաթ, 12 նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Գիր եւ գրականութեան» մասնագիտացած մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ սոյն գիրքին գինեձօնը: Գինեձօնի նախօրէին «Ազդակ» դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեանի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կու տանք ստորեւ.

«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ` ներկայացուցէք ձեր մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու ոլորտը: Յատկապէս հայոց պատմութեան ո՞ր շրջանի ուսումնասիրութեամբ հետաքրքրուած էք:

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ.- Մասնագիտական իմ ուսումնասիրութիւնը սկսած եմ հայդուկային շարժման պատմութենէն: Իմ դոկտորական աւարտաճառս (PHD) նուիրուած է Ռուբէն Տէր Մինասեանի կեանքին եւ գործունէութեան: Շարունակելով խորանալ այս ծիրին մէջ, յետաւարտաճառեան իմ աշխատանքիս առանցքները դարձան Հայաստանի խորհրդայնացման շրջանը, Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութիւնը եւ անոնց գնահատումը սփիւռքահայ քաղաքական-հասարակական մտքին կողմէ:

Հիմա կը շարունակեմ ուսումնասիրել Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, Խորհրդային Հայաստանի առաջին երկու տարիներու պատմութիւնը եւ, ի մասնաւորի, առանձնաբար կ՛ուսումնասիրեմ ՀՅԴ պատմութիւնը:

«Ա.».- Ի՞նչն էր, որ ձեզ մղեց այս ուսումնասիրութիւնը պատրաստելու եւ այս գիրքը հրատարակելու: Ի՞նչ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ գիրքը:

Խ. Ս.- Թէեւ խորհրդահայ պատմագրութիւնը ուսումնասիրուած է, բայց Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան հաստատման հարցը յետխորհրդային շրջանին նորովի ուսումնասիրութեան կարիքը ունէր: Պարզ է, որ խորհրդային տարիներուն խորհրդահայ պատմագրութիւնը հայոց պատմութիւնը կ՛ուսումնասիրէր Համայնավար կուսակցութեան գաղափարախօսական պարտադրանքով եւ այդ պրիսմակէն կը նայէր հարցերուն եւ, բնականաբար, այս պատճառով հարցերը բազմակողմանի ձեւով չէին ուսումնասիրուէր:

Կային հարցեր, որոնք ոչ թէ գիտական հետաքրքրութենէ մղուած պէտք էր ուսումնասիրել, այլ` անոնցմէ դասեր քաղելու համար: Խօսքը կը վերաբերի խորհրդայնացման ժամանակաշրջանին Հայաստանի որդեգրած արեւելումի հարցին: Ըստ էութեան, եթէ փորձենք համեմատել 1920-1921 թուականները 2018-էն մինչեւ այս օրուան թուականներուն հետ իրենց քաղաքական բովանդակութեամբ, անոնք շատ յար ու նման են` բոլոր առումներով:

Առիթը ունեցած ու գիրքին մէջ համեմատած եմ Փետրուարեան ապստամբութեան պատճառները` 2018-էն ի վեր տիրող իրավիճակին հետ: Անոնք բազմաթիւ առումներով յար ու նման են: Փորձած եմ այս գիրքով նաեւ ներկայացնել Ա. Հանրապետութեան անկման ժամանակաշրջանին այն դասերը, զորս պէտք էր քաղէինք:

Առանձին աշխատանքով անդրադարձած եմ Հայաստանի անկախութեան գաղափարին: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկումէն ետք տեղի ունեցաւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը, ուր, ի թիւս այլ պատճառներու, անոր հիմնական պատճառներէն մէկը անկախութեան վերականգնումն էր եւ, ըստ էութեան, այս ապստամբութիւնը անկախութեան գաղափարի հետաքրքրական փորձառութիւն մը եղաւ:

Աշխատանքի մէկ կողմը Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումն է, իսկ միւսը` սփիւռքահայ քաղաքական-հասարակական միտքի գնահատումը անոր: Այստեղ ո՛չ միայն գիտական հետաքրքրասիրութիւն կայ, այլ նաեւ գործնական առաջարկներ կան 1920-1930 թուականներուն միջեւ երկարող ժամանակաշրջանին սփիւռքահայ քաղաքական մտքի տուած դասերը կիրարկելի դարձնելու մեր օրերուն:

Այս ժամանակաշրջանին եւ անկէ ետք տարիներ շարունակ սփիւռքահայ քաղաքական միտքը բաժնուած էր հիմնական երկու մասերու` դաշնակցական եւ հակադաշնակցական, եթէ կոպիտ չհնչէ այս որակումը: Կարելի եղածին չափ գիտական ձեւակերպումով կը փորձենք ներկայացնել, բայց խնդիրն այսպէս էր.  որովհետեւ խորհրդային իշխանութիւնները նախ եւ առաջ սփիւռքի մէջ կը հետապնդէին Դաշնակցութիւնը, հակառակ այն հանգամանքին, որ միւս կուսակցութիւնները նոյնպէս համայնավարներուն կողմէ լաւ չէին ընկալուեր, այնուամենայնիւ, միւս կուսակցութիւնները բազմաթիւ դէպքերու, ցաւալիօրէն, կը գործէին ոչ թէ յանուն խորհրդային գաղափարին, այլ` ընդդէմ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, եւ այդ մէկը ընդգծուած է անկախութեան գաղափարի նկատմամբ իրենց մօտեցումներով: Թէ՛ ռամկավարները եւ թէ՛ հնչակեանները 1920-1930-ական թուականներուն ծաղրով կը մօտենային Հայաստանի անկախութեան գաղափարին: Անշուշտ անոնք կը փորձէին մեկնաբանել այդ մէկը «իրատեսութեան» փաթեթի մէջ, սակայն խնդիրն այն է, որ անկախութեան գաղափարը իրականութիւն դառնալու համար պէտք էր փայփայուէր եւ հետապնդում ունենար:

Պատահական չէ, որ սփիւռքահայ քաղաքական մտքի դաշնակցական հատուածը անկախութեան գաղափարախօսութիւնը կը հիմնաւորէր այն նպատակը, որուն շուրջ պիտի համախմբուէին սերունդներ եւ հայ մնային: Եթէ 1920-ական թուականներուն այդ գաղափարը չըլլար, այդ տարիներու սերունդները շարժառիթ չէին ունենար հայ մնալու, կը ձուլուէին: Անոնք կ՛ուզէին հայ մնալ` վերադառնալու եւ անկախ Հայաստանի մէջ ապրելու համար:

Այս առումով, սփիւռքահայ քաղաքական միտքը երկու մասի կը բաժնուէր. առաջինը` «իրատես» ներկայանալով կը փորձէր Դաշնակցութեան դէմ կենալ եւ վերջ տալ անկախութեան գաղափարին, իսկ երկրորդը` Դաշնակցութիւնը եւ իրեն համակրող շրջանակը, որոնց տեսակէտը հիմնաւորուեցաւ այն ձեւով, որ պէտք է նախ անկախութեան հասնիլ եւ այդ անկախութեան գաղափարը վառ պահել սերունդներ ներշնչելու եւ անոնց աւիշ տալու համար, որպէսզի անոնք չձուլուին:

«Ա.».- Ինչպիսի՞ աղբիւրներ օգտագործեցիք այս գիրքը մէջտեղ բերելու համար: Հակասութիւններու հանդիպելով` ինչպէ՞ս կրցաք համադրել այդ բոլորը:

Խ. Ս.- Աշխատանքը ուսումնասիրած ժամանակ բնականաբար թէ՛ խորհրդահայ եւ թէ՛ սփիւռքահայ աղբիւրներ օգտագործեցի:

Եթէ թերթենք աշխատանքի աղբիւրներու գրականութեան ցանկը, համեստօրէն ըսենք, կը տեսնենք, որ ան բաւական հարուստ է: Այնտեղ կայ թէ՛ խորհրդահայ եւ թէ՛ սփիւռքահայ պատմաբաններու եւ մամուլի բաւական մեծ ընտրանի: Փորձած եմ այդ նիւթերը համակարգել:

Եւ որովհետեւ սփիւռքահայ քաղաքական-հասարակական մտքի գնահատումն է հիմնական նիւթը, ըստ այնմ ընտրուած են յուշագրութիւններ, մամուլ եւ այդ ժամանակի գործիչներու տպաւորութիւնները հաղորդումներու եւ հրապարակումներու միջոցով:

Դժուար է այս նիւթի համադրումը, որովհետեւ ան անսպառ է, եւ եթէ փորձենք խորանալ ամէն մէկ նիւթի մէջ, կը կորսուինք ու տեղ չենք հասնիր:

Յուշագրութեան պարագային փորձած ենք հաշուի առնել բոլոր կուսակցութիւններու բանալի անձերը, որոնք անմիջական կապ ունեցած են սփիւռքի քաղաքական կեանքին հետ եւ անոր մէջ վճռորոշ դեր կատարած են:

Նոյնը կը վերաբերի մամուլին. սփիւռքի մէջ 1920-1930 թուականին հսկայական մամուլ կար Փարիզի, Եգիպտոսի եւ Ամերիկայի մէջ` մանաւանդ: Այստեղ մամուլի ընտրութիւնը հիմնաւորեալ էր. նկատի կ՛առնուէր թերթին խմբագիրը, անոր ունեցած հեղինակութիւնը եւ ձգած ազդեցութիւնը, որովհետեւ բոլոր թերթերուն մասին անդրադառնալը դժուար պիտի ըլլար:

Ի դէպ, խորանալով այդ բոլորին մէջ, առաջարկած եմ, եւ այդ մէկը գիտական մշակման հետագայ հարց մըն է, որ մշակուի սփիւռքահայ մամուլը օգտագործելու սկզբունք մը` նիւթի, կարեւորութեան եւ որակի առումով:

Շատ կարեւոր է այդ մէկը դասաւորել ըստ թերթի ո՛ր կողմի պաշտօնաթերթն ըլլալուն, անոր սեփականատիրոջ եւ իր կուսակցական պատկանելիութեան:

Համադրման առումով, ինքզինքս ապահովագրելու համար, որպէսզի աշխատանքը կարելի եղածին չափ առարկայական ըլլար, համադրումէ եւ վերլուծումէ ետք, աշխատանքը տուած եմ կարդալու այնպիսի մարդոց, որոնք չեն ընդունիր այդ տեսակէտները, որովհետեւ թերեւս ըլլային կէտեր, զորս վրիպած կրնային ըլլալ ինձմէ: Նոյնիսկ համայնավար պատմաբանի մը տուած եմ, որպէսզի ան կարդայ եւ այդ «սուր անկիւնները» կտրէ, եւ այս բոլորը համադրման ձեւ եղած են:

Անշուշտ շատ բաներու անհամաձայն եղած եմ, սակայն որոշ բաներու` համաձայն գտնուած, որովհետեւ իմ խնդիրը եղած է գիրքը աւելի համակողմանի, անկեղծ եւ առանց ծայրայեղութեան ներկայացնելը:

Նիւթի համադրման առումով, գիրքին մէջ ներկայացուած են տարբեր հարցեր ու ենթահարցեր եւ անոնց մասին առանձին-առանձին տեսակէտներ` տարբեր ուղղութիւններու անձերու կողմէ: Այս բոլորին զուգահեռ, փորձած եմ ամէն դէպքի ու խնդիրի իմ կարծիքս ներկայացնել:

Ի վերջոյ մէջտեղ եկաւ այս գիրքը, որ իմ դոկտորական թեզի թեման էր, որուն խորհուրդի անդամները միաձայն քուէարկած էին:

«Ա.».- Ձեզմէ առաջ եղա՞ծ են պատմաբաններ կամ գիտաշխատողներ, որոնք անդրադարձած են խորհրդային ժամանակաշրջանի նման նիւթերուն:

Խ.Ս.- Իր տեսակով այս մէկը նորութիւն է. «Խորհրդայնացումը սփիւռքահայ քաղաքական-հասարակական մտքի գնահատմամբ»: Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն, տարբեր պատմաբաններ տարբեր դիտանկիւններով գրած են: Յարգանքով կը վերաբերիմ Խորհրդային Հայաստանի պատմաբաններուն, բայց այստեղ պէտք է նշել այն ժամանակուան կատարուածը. որպէս օրինակ` պատմաբան Սամուէլ Ալիխանեան գրած է «Սովետական Ռուսաստանի դերը հայ ժողովուրդի ազատագրման գործում» գիրքը, այս երկի խորագիրը ենթադրել կու տայ, թէ ինչպիսի՛ ոճով գրուած է Հայաստանի խորհրդայնացումը:

Սփիւռքահայ քաղաքական-հասարակական մտքի առումով, եղած են պատմաբաններ, որոնք անդրադարձած են ոչ թէ խորհրդայնացման գնահատման, այլ սփիւռքահայ կեանքի ու մտքի շարժումին:

«Ա.».- Ձեր խօսքին մէջ անդրադարձաք պատմութենէն դասեր քաղելու մասին: Արդեօք այս գիրքին մէջ ինչպիսի՞ դասեր կան, զորս կարելի է քաղել եւ կիրարկել զանոնք այս օրերուս:

Խ. Ս.- Գլխաւոր դասը այն է, որ անկախութիւնը բացարձակ արժէք է եւ պէտք է զայն պահել ու փայփայել, որովհետեւ առանց անոր ժողովուրդը վաղ թէ ուշ դատապարտուած է կործանման եւ վերացման: Անկախ պետականութիւնը այն հիմնական կռուանն է, որ ոչ միայն կարելիութիւն կու տայ տեղացի ժողովուրդին դրսեւորուելու եւ միջազգային ընտանիքի մէջ իր ուրոյն տեղը ունենալու, այլ նաեւ սփիւռքահայութեան հայ մնալու եւ հայրենիք վերադառնալու շարժառիթ կու տայ: Իմ կարծիքով, անկախութեան գաղափարը պէտք է վառ պահել թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:

Երկրորդ դասն այն է, որ Խորհրդային Հայաստանի օրինակով, Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է սփիւռքի հետ յարաբերութեան ժամանակ խտրականութիւն չդնեն եւ իրենց մօտեցումը ըլլայ ըստ սփիւռքահայերու կուսակցական պատկանելիութեան, որովհետեւ անկախ անկէ` սփիւռքահայերը բոլորն ալ հայեր են: Խորհրդային իշխանութիւնները սփիւռքը կը դիտէին դաշնակցականներու, ոչ դաշնակցականներու ու համայնավարներու ակնոցով, եւ շատ պարագաներու անոնք կ՛անտեսէին բազմաթիւ ականաւոր գործիչներ, մտաւորականներ ու համայնքային դէմքեր, որոնք դաշնակցական էին եւ կրնային օգտակար ըլլալ Հայաստանին եւ իրենց կարողութիւնները ի սպաս կրնային դնել անոր զարգացման ու շէնացման:

Սակայն, ցաւ ի սիրտ, մենք այդ դասը չենք քաղած եւ կը շարունակենք չքաղել:

Այլ դաս մըն ալ այն է, որ Հայաստանի խորհրդայնացման օրինակով եւ անոր նման, Հայաստանի իշխանութեան եկաւ խումբ մը, որ յանուն համաշխարհային սին գաղափարներու` պատրաստ էր զոհաբերելու հայ ժողովուրդը:

Համաշխարհային պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը սին գաղափարախօսութենէ կը բխէր եւ, ըստ էութեան, համաշխարհային պոլշեւիկեան յեղափոխութեան համար պոլշեւիկները պատրաստ էին զոհաբերելու հայ ժողովուրդը: Հետաքրքրական օրինակներ կան գիրքին մէջ, եւ անոնք տեղի կ՛ունենան Ա. Հանրապետութենէն ետք` պոլշեւիկները Հայաստանի մէջ հաստատուելէ յետոյ: Բազմաթիւ պարագաներու Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները Խորհրդային Ռուսաստանին գոհացում տալով` «ժողովրդային բարեկամութեան» շահերով հանդէս գալու համար սովի կը մատնէին ժողովուրդը, կը հալածէին այն մտաւորականները, որոնք նախօրօք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութեան անդամ եղած էին: Այս առումով ալ պէտք է դասեր քաղել եւ օտարին գոհացում տալու համար պէտք չէ ներսը թշնամիներ փնտռել ու ժողովուրդը հալածել: Այդ մէկը այսօր ալ կայ. Հայաստանի մէջ կեղծ թեզեր կը ներկայացուին, ինչպէս` «խաղաղասիրութիւն», երբ թշնամին ոչ մէկ մտադրութիւն ունի խաղաղութիւն հաստատելու:

Մենք պատերազմասէր չենք, եւ մեր պատմութիւնը այդ կը վկայէ, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ մենք յանուն սին «խաղաղութեան»` դիմենք զիջումներու եւ ունենանք կորուստներ:

«Ա.».- Իբրեւ ՀՅԴ արխիւներու պատասխանատու, եւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան համար» շարքի աշխատանքը շարունակելու յանձնառու` այսօր ո՞ւր հասած է այս աշխատանքը եւ դէպի ո՞ւր կ՛երթայ: Յաջորդ հատորը ո՞ր ժամանակաշրջանի մասին պիտի խօսի:

Խ. Ս.- Մեր աւագ ընկեր Երուանդ Փամպուքեանը յաջողութեամբ եւ պատուով աւարտած է 13-րդ հատորին խմբագրումը, իսկ 14-րդ հատորներու խմբագրումը, Բիւրոյի որոշումով եւ ընկեր Փամպուքեանի յորդորով վստահուած է նուաստիս, եւ այդ մէկը կը վերաբերի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան (1918-1920) թուականներուն: Նիւթերու հաւաքական աշխատանքներն իրականացուած են, բայց տակաւին կան ընտրելու, թուայնացնելու, թուղթին յանձնելու ամբողջացնելիք աշխատանքներ, որոնք այժմ ընթացքի մէջ են, եւ այս բոլորը` ընկեր Երուանդի յորդորով եւ աջակցութեամբ:

Կը պատկերացնենք, որ մէկ տարի ետք հատորին հիմնական աշխատանքը կ՛աւարտի:

Այնտեղ բաւական հետաքրքրական պատմութիւններ կան Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցին վերաբերեալ, ըլլայ ան Ֆրանսայի, Եգիպտոսի, Ամերիկայի, Միջին Արեւելքի եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ Խորհրդային Հայաստանի ընդյատակեայ մեր կառոյցին մասին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>