Կամաւորական աշխատանքը մեծ կարեւորութիւն ունի մարդու կեանքին մէջ, որովհետեւ անոր ընդմէջէն մարդ ոչ միայն տարբեր ձեւերով ու տարողութեամբ դրական ներդրում կ՛ունենայ ուրիշի մը կեանքին մէջ, այլ նաեւ իր իսկ էութեան մէջ շատ բան կը փոխուի, գոհունակութեան զգացումը աւելի կը զօրացնէ զինք: Երիտասարդներուն մէջ այս զգացումը ամրապնդելու եւ հայրենիքի հետ կապը աշխուժացնելու կարեւոր նախաձեռնութիւններէն է «Դէպի Հայք»-ը, որ մարդուժ պատրաստելու, կամաւոր աշխատանքային առիթները ստեղծելու, կամուրջներ հաստատելու իւրայատուկ կառոյց է: Աշխարհին մէջ տեղի ունեցած նորագոյն զարգացումներուն լոյսին տակ կազմակերպութեան աշխատանքներուն գծով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց կազմակերպութեան տնօրէն Սեւան Գապաքեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- «Դէպի Հայք»-ի առաքելութեան, անոր բեղուն գործունէութեան եւ արձանագրած փորձառութեան զանազան առիթներով անդրադարձած ենք մեր թերթին էջերով: Բայց եւ այնպէս, ընդհանրապէս աշխարհի եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ արձանագրուած նախորդ տարուան զարգացումներուն լոյսին տակ անբնական վիճակ մը ստեղծուեցաւ: Կ՛ուզենք այս առիթը օգտագործել` անգամ մը եւս ընդհանուր գիծերու մէջ լուսարձակի տակ բերելու «Դէպի Հայք»-ի ստեղծման նպատակը, ցարդ անոր անցած ճանապարհը, ներգրաւուած կամաւորներուն թիւն ու աշխարհագրական պատկերը:
ՍԵՒԱՆ ԳԱՊԱՔԵԱՆ.- Կարելի է հաստատել, որ մեր հիմնադրութեան տարիներուն այնքան ընկալուած կամ դիւրին հասկցուած գաղափար չէր, թէ ինչո՛ւ անհատը արտերկրէն պիտի գայ, Հայաստան վեց ամիս կամաւորութիւն ընէ ու վարձատրութիւն չստանայ: Երբ անդին, այլ երկիրներու պայմանները շատ աւելի նպաստաւոր են, ինչո՞ւ անհատը իր կեանքէն երեք կամ վեց ամիս պիտի տայ կամաւորական աշխատանքի մը` Հայաստան գալով:
Տարիներու ընթացքին թէ՛ մեր ծրագիրին եւ թէ՛ այլ կամաւորական ծրագիրներու միջոցով երբ աւելի հասկնալի դարձաւ որոշ խաւի մը մէջ այս աշխատանքը, այլ խաւերու մէջ եւս դարձաւ քաջալերելի: Անոնք ո՛չ միայն քաջալերուեցան, այլ նաեւ քաջալերեցին իրենց ընկերներն ու բարեկամները` գալու Հայաստան կամաւորութեան համար եւ այդ շրջանէն ետք Հայաստան հաստատուելու:
Ինչո՞ւ որոշ խաւի մը մէջ, որովհետեւ տակաւին կան մարդիկ, որոնց համար հարցականի տակ է, թէ ինչո՛ւ անհատը 3 ամիս պիտի գայ եւ կամաւորական աշխատանք տանի:
Որոշներու մօտ համայնքային շահերու զգացողութիւնը աւելի զարգացած է, ուրիշներու մօտ նուազ, սակայն կրնամ ըսել, որ ուղղութիւնը դէպի աւելի հասկնալու, ընդունելու եւ քաջալերելու ճամբուն վրայ է:
Արտերկրէն եկող մարդոց այս հարցին ընկալումը զարգացաւ տարբեր փուլերով: Նախ կայ այն, որ տարիներու ընթացքին Հայաստանի մէջ արհեստավարժ կամաւորութիւն ընելու կարելիութիւնները շատցան, եւ այդ մէկը ակնյայտ է: Այսօր մեր գործընկերներու ցանկը տասնապատկուած է ասկէ 17 տարի առաջուան ցանկին հետ համեմատած: Այս կարելիութիւնները մարդիկը աւելի ներգրաւած են եւ քաջալերած են զանոնք` Հայաստան գալու, գործնական աշխատանքներ ընելու, ընծայուած ինքնազարգացումի առիթը օգտագործելու:
Ժամանակին եթէ կամաւորութիւնը ներկայացուած էր ընկերային մակարդակի վրայ եւ կապուած էր «օգտակար» ըլլալու հետ, ապա այսօր ան կրնայ նշանակել անվճար արհեստավարժ աշխատանքներու մասնակցիլ:
Այս մէկը անպայման իր գրաւչութիւնը ունի: Արտերկրի մէջ մրցունակ է այսպիսի արհեստավարժ աշխատանքի կարելիութիւն գտնելը: Այս բոլորը կատարել Հայաստանի՛ մէջ, օգտուիլ Հայաստանի մէջ ըլլալու առաւելութենէն եւ առանց «դուռեր զարնելու»: Մեր աշխատանքը այս ընթացքը կը դիւրացնէ:
Կան նաեւ ուրիշ հանգամանքներ. Պատերազմական այս իրավիճակը, վտանգային ցուցանիշը, որ փաստօրէն բարձրացած է, որոշ մարդոց համար յաւելեալ խթան եղած է մտածելու, որ` «Մենք պէտք է հիմա Հայաստան ըլլանք, ոչ թէ հեռուէն հետեւինք»:
«Ա.».- Նախորդ տարի «Քորոնա» համաճարակին եւ արցախեան պատերազմին ու անոր հետեւանքներուն պատճառով կացութիւնը անբնական էր, այս պայմաններուն մէջ «Դէպի Հայք»-ը շարունակե՞ց իր աշխատանքը, ի՞նչ ձեւով, ուղղութիւններու փոփոխութիւններ կատարուեցա՞ն:
Ս. Գ.- Երբ մարտ 22-ին համաճարակը սկսաւ լուրջ սահմանափակումներ յառաջացնել (օդակայանի փակում, ճամբորդութեան դժուարութիւններու ստեղծում այլ երկիրներու մէջ), մենք Հայաստանի մէջ աւելի քան 70 մասնակից ունէինք: Անոնցմէ փոքրամասնութիւն մը հեռացաւ Հայաստանէն եւ վերադարձաւ իր երկիրը, սակայն մեծամասնութիւնը մնաց այստեղ եւ շարունակեց իր աշխատանքը:
Պէտք էր համակերպէինք նոր իրականութեան, եւ նոյնիսկ եթէ անձը Հայաստան կը մնար, հեռակայ շարունակեցինք իրեն հետ մեր աշխատանքները: Բարեբախտաբար կ՛ապրինք համացանցի դարուն եւ, հետեւաբար, կարելիութիւններ կային տուներէն կատարելու աշխատանքներու մեծամասնութիւնը:
Մինչեւ 2020-ի սեպտեմբեր նոր մասնակիցներ չունեցանք, բայց սեպտեմբերին, երբ օդակայանները բացուեցան, սկսանք նոր դիմորդներ ընդունիլ: Այդ ժամանակ նաեւ սկսանք «հեռակայ կամաւորութեան» աշխատանք տանիլ: Մարդիկ, որոնք չկրցան գալ Հայաստան, դուրսէն կապեցինք զիրենք գործընկերներուն եւ աշխատատեղիներուն հետ, որպէսզի դուրսէն սկսին այդ կամաւորական աշխատանքին օգտակար դառնալ այն յոյսով, որ յետքորոնայի պայմաններուն մէջ գային Հայաստան եւ այստեղ շարունակէին իրենց աշխատանքը:
Այս բոլորին յաջորդեց պատերազմական իրավիճակը: Բնականաբար անհատը առաջին անգամ պիտի մտածէ, որ այս բոլորը պիտի դժուարացնեն Հայաստան երթալը, մարդիկ պիտի խուսափին ու վերապահ ըլլան, սակայն այդ շրջանին մեր դիմորդներու թիւը կտրուկ կերպով աւելցաւ, եւ պատճառը այն էր, որ երիտասարդութիւնը կ՛ուզէր ականատես դառնալ, մօտէն հետեւիլ այս բոլորին, ինչպէս յիշեցինք: Անոնք ուզեցին իրենց կարողութիւններով օգտակար դառնալ:
2021 թուականն ենք արդէն, եւ հակառակ անոր որ տակաւին կ՛ապրինք համաճարակի համաշխարհային իրավիճակին մէջ, սակայն կը տեսնենք: որ դիմորդներուն թիւը գրեթէ 2019-ի թիւերուն հասաւ: Տարին տակաւին չէ աւարտած, սակայն նկատի առնելով 2020-ի մեր թիւի անկումը` կարեւոր տուեալ մըն էր այս մէկը. «զսպանակային» ձեւով հասանք նախկին մեր թիւին:
«Ա.».- Ձեր փորձառութենէն մեկնած, խնդրեմ, ըսէք, որ այսօր գետնի վրայ որքանո՞վ կարիք կայ կամաւորներու: Տակաւին կա՞յ այդ խանդավառութիւնը, որ նախապէս կար:
Ս. Գ.- Կամաւորութեան կարիքը միշտ կայ, աւելի քան երբեք: «Կամաւորութիւն» ըսելով` նկատի ունինք քանի մը բաղադրիչներ. կամաւորական ոգի. գալ եւ առանց վճարումի ակնկալիքներու աշխատանք տանիլ, գալ եւ ցոյց տալ, պատգամ հասցնել աշխարհին, որ կան մարդիկ, որոնք կ՛ապրին ուրիշ երկիրներու մէջ, եւ որոնց համար Հայաստանը հիմնական նպատակ է, գալ եւ ինքնազարգացում կատարել, նոր հմտութիւններ սորվիլ, գալ եւ տեսնել Հայաստանի կեանքը ինչպէ՛ս է, հաղորդուիլ միջավայրին հետ ոչ թէ իբրեւ զուտ զգացական հայրենիք, այլ` իբրեւ խիստ գործնական վայր, ուր կարելի է նաեւ ապագայ գործունէութեան մասին մտածել, ծրագրել:
Հիմա, յատկապէս որ «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն մեծ թիւը Լիբանանէն է, շատ հասկնալի պատճառներով երիտասարդներ կ՛ուզեն գալ այստեղ եւ պրպտել կարելիութիւններ նաեւ Հայաստանի մէջ, եւ մենք բոլորը կը քաջալերենք: Կարիքը այսօր աւելի է, քան երբեք, եւ պատճառը այն է, որ այս օրերուն Հայաստանի ապահովական եւ զարգացման մարտահրաւէրները աւելի են, քան էին երկու տարի առաջ, եւ որքան ներդրում ըլլայ, այդքան կարելի է լաւ ապագայի մը ապահովումը:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս կարելի է դիմել եւ մաս կազմել այս ծրագրին:
Ս. Գ.- Մեր դիմումնագիրը կարելի է գտնել մեր կայքին մէջ` www.birthrightarmenia.org:
Հոն են նաեւ մեզի հետ կապուելու տուեալները: Մտահոգութիւններ կամ անորոշութիւններ ունեցող մարդիկ, որոնք հարցեր ունին, կրնան մեզի հետ ե-նամակով կապուիլ, իւրաքանչիւր հետաքրքրուողի հետ կարելի է հեռաձայնով կամ վիտէոյով զրոյց ունենալ եւ անոնց հարցումներուն պատասխան տալ: Այս խօսակցութիւնները յաճախ կը փարատեն այդ մտահոգութիւնները, եւ մարդիկ մեր անձնակազմի հետ կը մտնեն ուղղակի կապի մէջ, ինչ որ մենք շատ կը քաջալերենք:
Կայքին մէջ բացատրուած է նաեւ մեր գործելաոճը:
Նախընտրելի է, որ մարդիկ այնտեղ դիմեն իրենց գալու թուականէն առնուազն երկու ամիս առաջ, բայց եթէ մէկը աւելի նեղ ժամանակի մէջ պէտք է դիմէ, մենք կը փորձենք հասկնալ ու «ճկուն» ըլլալ:
Բարեբախտաբար վերջին երկու տարիներուն Լիբանանէն մասկնակցողներու եւ հետաքրքրուողներու թիւի աճը շատ զգալի է:
Ուրախ ենք տեսնելով, որ Լիբանանի երիտասարդութիւնը Հայաստանի հետ գործնական կապեր ստեղծելու խանդավառ ընթացքի մէջ է: Դիմելու կարգը շատ պարզ է:
«Ա.».- Ձեր կոչը, խօսքը` սփիւռքահայ երիտասարդներուն` «Ազդակ»-ի ճամբով:
Ս. Գ.- Հայաստանի այսօրուան լուրջ մարտահրաւէրները պէտք է զարթուցիչ ըլլան բոլոր այն հայերուն համար, որոնք Հայաստանը կը համարեն իրենց կարեւոր կեդրոնը: Այն եզակի հանգամանքը, որ մենք պետութիւն մըն ենք եւ ազգ մը, որուն մեծամասնութիւնը կ՛ապրի հայրենիքի սահմաններէ դուրս, թէ՛ առաւելութիւն կը ստեղծէ եւ թէ՛ մեծ անպատեհութիւն:
Այդ «առաւելութիւնը» իսկապէս առաւելութեան կը վերածուի, երբ դուրսի ներուժը մենք կը յաջողինք լուրջ քանակներով Հայաստանի հետ առնչել:
Եթէ դուրսի ներուժը պարզապէս լոկ զգացական ներուժ է, որ` պարզապէս մարդիկ են, որոնք Հայաստանը կը սիրեն եւ անով կը մտահոգուին, կը նշանակէ, որ այդ ներուժը չ՛օգտագործուիր: Յատկապէս որ երիտասարդը իր քսանական տարիքին մէջ պէտք է փորձէ զարգացնել Հայաստանի հետ իր գործնական կապը եւ ոչ թէ` զգացականը:
Մեր նպատակը աշխարհի հայութիւնը Հայաստան տեղափոխել չէ, այլ` ստեղծել այն հարթակը, որ ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր անձի, որ իր կեանքին մէջ ինչ են հնարաւորութիւնները, մանաւանդ` անոնցմէ Հայաստանի հետ կապուածները:
Իւրաքանչիւր անձ ի՛նքն է որոշում տուողը եւ իր կեանքի ճամբան գծողը, մենք պարզապէս կը քաջալերենք, որ այդ ճամբուն մէջ Հայաստանը չըլլայ պարզապէս կայան, ուր ան կու գայ, կ՛այցելէ ու կ՛անցնի, այլ ըլլայ այն հանգրուանը, որուն հետ երկարաժամկէտ կ՛առնչուիս, դո՛ւն Հայաստանին կու տաս եւ Հայաստանը` քեզի: