Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

«Պուրճ Համուտը Պէտք Է Կանգուն Մնայ Իր Համահայկական Արժէքին Եւ Կարեւորութեան Համար» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Մարտիկ Պօղոսեան

$
0
0

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս չորեքշաբթի, 11 օգոստոս 2021-ին այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտ եւ Ազգային առաջնորդարանի «Ե. Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայութեան եւ Պուրճ Համուտի կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Քննարկումի նիւթ դարձան լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու այս առնչութեամբ տարուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ այս տագնապին վերաբերող յառաջիկայի ծրագիրները:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի նախաձեռնած «Սեն Ժաք» ծրագիրը, որուն ամբողջացման անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւն մը կատարեց:

Ծրագիրին, անոր ներկայ վիճակին եւ վեհափառ հօր յայտարարութեան մասին «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Կարելի՞ է ներկայացնել «Սեն Ժաք» ծրագիրը, անոր մեկնակէտն ու նպատակները:

ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Պուրճ Համուտը Ցեղասպանութիւնը վերապրած մեր ազգի մէկ բեկորին ստեղծած քաղաքն է: Բռնագաղթի հազար ու մի սարսափներէն ետք այս ափերը հասած մեր մեծ հայրերը իրենց վճռակամութեամբ ու զոհաբերութեամբ ճահիճը վերածեցին քաղաքի:

Այդ քաղաքի թաղամասերէն մէկն էր «Քեմփ Սանճաք»-ը, կառուցուած` անհատական սեփականութիւն հանդիսացող հողաշերտերու վրայ:

21-րդ դարու սկիզբը մայրաքաղաք Պէյրութի հիւսիսային մուտքին գտնուող այդ թաղամասը տակաւին կը մնար այդ ժամանակաւոր դրութեան մէջ. ուրիշի մը հողին վրայ կառուցուած տնակներ, որոնք զուրկ են բնակարանային առողջապահական յարմարութիւններէն: Նոյնիսկ կարգին ենթակառոյց չկար այդ թաղամասին մէջ:

Հարկ էր վերջ տալ երկար տեւած այդ ժամանակաւոր դրութեան, մանաւանդ` հողի սեփականատիրութեան հարցին, ուստի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը, պետական օրինական ընթացակարգով, գնեց այդ հողատարածքը:

Կը մնար երկու մարտահրաւէր. առաջինը` այդ թաղամասին մէջ ապրուստի անբարենպաստ պայմաններուն բերմամբ բազմաթիւ հայորդիներ աստիճանաբար կը լքէին զայն` բնակելու այլ շրջաններ, իսկ մնացողը կը հանդուրժէր վատթարացող վիճակ, մանաւանդ որ Պուրճ Համուտէն հեռացող այդ հայորդիները կը փոխարինուէին օտարահպատակներով, երբեմն պատճառելով անընդունելի երեւոյթներ:

Պուրճ Համուտի եւ «Քեմփ Սանճաք»-ի բնակիչ հայ երիտասարդը ընտանիք կազմելու պատշաճ բնակարան չէր գտներ Պուրճ Համուտի մէջ:

Բազմակողմանի այս հարցերը լուծելու համար մշակուեցաւ «Սեն Ժաք» համալիրի ծրագիրը:

Հողատարածքներու գնումէն ետք, այդ տնակները սկսան փոխարինուիլ արդիական ենթակառոյցով, ապրուստի բոլոր յարմարութիւններով, 184 յարկաբաժին ընդգրկող չորս շէնքերով, շուկայի գիներէն շատ աւելի յարմար գինով:

Տնտեսական կեանքը աշխուժացնելու եւ գործի առիթներ ստեղծելու համար ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ 70 վաճառատուն:

Ասոնց կողքին, ինքնաշարժներ շարելու վայրի հարցի լուծման նպաստելու եւ շուկային զարկ տալու համար, համալիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ բազմայարկանի կառատուն շէնք մը, որ կրնայ ընդունիլ շուրջ 600 ինքնաշարժ:

Ուրեմն հողը գնելէ ետք օրինական հատուցումներ վճարուեցան տնակներու տէրերուն եւ փափաքողներուն առիթ տրուեցաւ մինչեւ շինութեան սկիզբը մնալ հոն: Նաեւ կառուցուելիք յարկաբաժիններու տէր դառնալու նախապատուութիւն տրուեցաւ անոնց` հատուցումները յարկաբաժինի կանխավճար համարելու հնարաւորութեամբ:

Համալիրի ծրագրումէն եւ անհրաժեշտ արտօնագիրները ստանալէ ետք նուազուրդով ընտրուեցաւ շինարարական ընկերութիւն մը. աշխատանքի սկիզբէն առաջ, տակաւին հոն բնակող ընտանիքներուն առժամեայ բնակութեան վայրեր ապահովուեցան, որմէ ետք սկսան շինարարական աշխատանքները:

«Ա.».- Ծրագիրի գործադրութիւնը իր աւարտին չհասաւ որոշ դժուարութիւններու պատճառով: Կարելի՞ է ներկայացնել զանոնք:

Մ. Պ.- Այո՛. «Սեն Ժաք» համալիրի կառուցումը նախատեսուած էր ինքնաֆինանսաւորումով:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը գնեց հողը եւ հատուցումներ վճարեց տնակներուն համար:

Յարկաբաժին գնել փափաքողները կը ներկայացնէին դիմումներ, եւ յատուկ յանձնախումբ մը, յայտնի չափանիշներու հիմամբ, կ՛ընտրէր արժանի թեկնածուները, օրինակի համար` այլ սեփական բնակարան չունեցող, նախապատուութիւնը` պուրճ համուտցիներուն եւ այլն:

Այնուհետեւ, ենթակային ընդունման պարագային անկէ կը խնդրուէր յարկաբաժինի գինին քառորդը կանխիկ վճարել, իսկ մնացեալին առաջին մասը, մինչեւ շինութեան աւարտ, ամսական մասնավճարներով տալ քաղաքապետարանին, որ այս գումարները իր կարգին կը փոխանցէ շինարարին:

Շինութեան աւարտին քաղաքացին հնարաւորութիւն կ՛ունենար բնակարանային վարկ ստանալ պետական ու դրամատնային ծրագիրէն (իսքէն եւ այլն), եւ գինին երկրորդ մասը այդ վարկով կը վճարէր, եւ մինչ ինք մասնավճարները կը շարունակէ դրամատան, քաղաքապետարանը այդ գումարով կը փակէ շինարար ընկերութեան հաշիւը, եւ յարկաբաժինը կը յանձնուի նոր տիրոջ:

Ոմանք ամբողջ գումարը կանխիկ վճարեցին, սակայն ուրիշներ` մեծ մասը, այս դիւրութիւններէն պիտի օգտուէր:

Դժուարութիւնները սկսան բնակարանային վարկերու պետական ծրագիրի (իսքէն) սառեցումով: Տնտեսական տագնապի եւ անգործութեան պատճառով բազմաթիւ պարագաներ մասնավճարները կատարելու դժուարութիւն ունեցան:

Այս փուլին քաղաքապետարանը, իր սեփական պիւտճէն ծանր բեռի տակ դնելով, կը կատարէր շինարարի վճարումները:

Այնուհետեւ, հոկտեմբեր 2019-ի լայնածիր ժողովրդային բողոքները, ապա «Քորոնա» ժահրի ստեղծած անբնական վիճակը, դրամատնային տագնապը խանգարեցին աշխատանքները:

Իսկ ամէնէն ծանրը հանդիսացաւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումը:

Շինարարական ընկերութիւնը իր ծախսերն ու գանձումները ինքնաբերաբար հաշուած էր ամերիկեան տոլարով, իսկ պայմանագիրն ու անոր հիմամբ վճարումները քաղաքապետարանը կ՛ընէր լիբանանեան ոսկիով` պետական սակի հիմամբ:

Լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումով, շինարարը անկարող կը դառնար համաձայնած լիբանանեան ոսկիի գումարով գնելու նոյնիսկ անհրաժեշտ հում նիւթերը: Միւս կողմէ, քաղաքապետարանն ու քաղաքացին անկարող են օտար դրամանիշով կամ անոր լիբանանեան համարժէքով վիթխարի գումարները վճարելու:

«Ա.».- Ո՞ւր հասած են աշխատանքները եւ ի՞նչ կը մնայ շէնքերը ամբողջացնելու:

Մ. Պ.- Շինարարական աշխատանքներուն շուրջ 70 տոկոսը ամբողջացած է, եւ քաղաքապետարանը գումարները վճարած է անոնց համար, եւ պարտք չկայ կատարուած աշխատանքին: Այժմ կը մնայ աւարտական, այսպէս կոչուած` ֆինիշինկի գործը, ինչպէս ներկ եւ այլն:

Նշենք, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին իբրեւ հետեւանք, մանաւանդ Ա. պլոքի դուռ-պատուհաններու շրջանակները վնասուած եւ ապակիները փշրուած էին, նաեւ կային այլ վնասներ:

«Ա.».- Այս երեւութապէս անել կացութեան ի՞նչ լուծում կը պատկերացնէ քաղաքապետութիւնը:

Մ. Պ.- Տրուած ըլլալով, որ տիրող կացութեան բերմամբ երկրին մէջ «թարմ տոլար» գրեթէ չկայ, եւ «չէք»-երով կ՛ըլլայ առուծախը, քաղաքապետարանը կը դիմէ մեր ազգայիններէն ներդրողներու: Անոնց կ՛առաջարկուի շուկայի գնահատումին համեմատ «չէք»-երով գնել որոշ թիւով յարկաբաժիններ, մենք շինարարին հետ արդէն համաձայնած ենք այդ ձեւով կատարել իր իրաւունքներուն վճարումը:

Այդ ներդրումը կատարող ազգայինները իրենք այդ յարկաբաժինները կը ծախեն հայորդիներու, մանաւանդ որ այդ յարկաբաժիններու նախնական կալուածագիրները, որոնք շինութեան ընթացքի մէջ եղող կառոյցներուն կը վերաբերին, արդէն կը գտնուին քաղաքապետութեան տրամադրութեան տակ:

Այդ ձեւով, դրամատան մէջ անհասանելի գումարի տէրը մէկ կողմէ նուազագոյն վնասով դուրս բերած կ՛ըլլայ իր գումարը եւ վերածած` հաստատ կալուածային ունեցուածքի` յարկաբաժիններու: Միւս կողմէ, այս ձեւով այդ ազգայինը նեցուկ կանգնած կ՛ըլլայ քաղաքապետարանին եւ այս աշխատանքներուն: Իսկ կարեւորագոյնը, այդ ազգայինները, երբ պայմանները փոխուին, այդ յարկաբաժինները մեր ժողովուրդին ծախելով օգնած կ՛ըլլան անոր:

Այս ձեւով ոչ միայն կառչած մնացած կ՛ըլլանք այս ծրագիրին հիմնական նպատակին, այլ հնարաւորութիւն կը ստեղծենք այս պայմաններուն մէջ իսկ այդ նպատակին հասնելու:

Ուստի, այս առիթով կոչ կ՛ուղղենք Լիբանանի եւ արտերկրի բոլոր մեր ազգայիններուն` մասնակից դառնալու այս ճիգին եւ իրենց ներդրումը կատարելու:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութիւնը Պուրճ Համուտ եւ ա՛յս ծրագիրին առնչութեամբ անոր յայտարարութիւնը:

Մ. Պ.- Վեհափառ տէրը ոչ մէկ ատեն զլացած է իր հայրական նեցուկը լիբանանահայութեան, լիբանանահայ կառոյցներուն ու ժողովուրդին, եւ անոնց շարքին` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան:

Յիշեցնեմ, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ժամ մը ետք վեհափառ հայրապետը արդէն Պիքֆայայէն անմիջապէս հասած էր Պուրճ Համուտ` ժողովուրդին կողքին ըլլալու: Այնուհետեւ, ան մօտէն կը հետեւէր տագնապները յաղթահարելու կամ մեղմացնելու ճիգերուն:

Այս այցելութեամբ ան եկաւ անգամ մը եւս բարոյական եւ գործնական նեցուկ կանգնելու շրջանի բնակչութեան ու կառոյցներուն:

«Ա.».- Վեհափառ հայրապետը նաեւ արտայայտուեցաւ «Սեն Ժաք» ծրագիրին դիմագրաւած դժուարութիւնները յաղթահարելու կաթողիկոսարանի մասնակցութեան մասին: Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ այդ մասնակցութիւնը:

Մ. Պ.- Ինչպէս ըսի, վեհափառ տէրը ժողովուրդին եւ կառոյցներուն, ներառեալ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին նեցուկ կը կանգնի թէ՛ բարոյապէս, թէ՛ ալ գործնապէս: Ան հաստատեց այս ծրագիրի ազգօգուտ բնոյթը եւ անդրադարձաւ  ծրագիրը այս դժուարութիւններէն դուրս բերելու անհրաժեշտութեան:

Այդ առնչութեամբ իր ուղղած կոչին կողքին, կաթողիկոսը ըսաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը գործնապէս մասնակից պիտի ըլլայ այդ ճիգին:

Այդ մասնակցութիւնը շատ լուրջ բնոյթ ունի, եւ անհրաժեշտ նախապատրաստութիւններէն ետք պիտի յայտարարուի իր մանրամասնութիւններով:

«Ա.».- Ի տես ժողովուրդին դիմագրաւած այսօրուան դժուարութիւններուն, կարելի՞ է քննադատել ձեզ, թէ այս պահուն այլ առաջնահերթութիւններ կան:

Մ. Պ.- Մեր ժողովուրդի դիմագրաւած դժուարութիւններուն քաջատեղեակ ենք եւ զանոնք մեղմացնելու կամ դարմանելու աշխատանք կը տանինք ամէն օր:

Ասոր կողքին, պատասխանատու դիրքի վրայ գտնուող անձը պարտաւոր է հետապնդել իր ուսերուն պարտականութիւն դրած բոլո՛ր հարցերը` անմիջականներն ու միջականները կամ երկար տեւողութեամբ ծրագիրները:

Այսօրուան տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի դժուարութիւնները, անկայունութիւնը, անգործութիւնը, ապրուստի անհրաժեշտ կարիքներու պակասը ամէնօրեայ հետապնդումի առարկայ են:

Ասոր զուգահեռ, կան նաեւ վարչական հարցեր, ծրագիրներ, աշխատանքներ, որոնք նոյնպէս պէտք է լուծուին, հետապնդուին, այլապէս անոնց անտեսումը անդարմանելի վնասներ կրնայ պատճառել: Այս հարցերու հետապնդումը, անմիջական կարիքներու ու հարցերու կողքին, պատասխանատուութիւն  ստանձնած անհատներու եւ մարմիններու պարտականութիւնն է:

Այս ծրագիրներէն մէկն է «Սեն Ժաք»-ը, որ ուղղակիօրէն առնչուած է մեր ժողովուրդի եւ Պուրճ Համուտի հիմնական հարցերուն, ինչպէս բացատրեցինք:

«Ա.».- Եզրափակիչ խօ՞սք:

Մ. Պ.- Անկասկած, ինչպէս վեհափառ տէրը իր այցելութեան ընթացքին հաստատեց, Լիբանանն ու իր ժողովուրդը աննախընթաց դժուարութիւններու մատնուած են: Ան յիշեց, որ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ եղած ատեն, հակառակ պատերազմին ու ռմբակոծումներուն, այս աստիճանի ընկերային ճգնաժամ չէ եղած:

Նոյն խօսքին մէջ ան ըսաւ, որ, հակառակ այդ բոլորին, Պուրճ Համուտը, իր համահայկական նշանակութեան եւ կարեւորութեան համար, պէտք է կանգուն մնայ:

Այս քաղաքը, ճահիճներէն ծաղկուն եւ բարգաւաճ քաղաքի վերածած են մեր մեծ հայրերն ու մայրերը, որոնց 100 տարուան քրտինքն ու զոհողութիւնները կան հոս:

Յուսահատութեան ու լքելու խօսք չի՛ կրնար ըլլալ:

Պիտի մնա՛նք, պիտի վերաշինենք, պիտի վերականգնենք, նոյնիսկ` պիտի բարելաւենք Պուրճ Համուտն ու յառաջդիմենք:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>