Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

«Գիտական Ուսումնասիրութիւնները Ցոյց Կու Տան, Որ Պատուաստները Ապահով Են» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան

$
0
0

«ԱԶԴԱԿ».- Պատուաստը մեզ որքա՞ն ատեն կը պաշտպանէ:

ԴՈԿՏ. ԹԱՄԱՐ ԳԱՊԱՔԵԱՆ-ՀԱՇԷՕԼԵԱՆ.- Գիտական տուեալներով, տակաւին յստակ չէ, թէ պատուաստը որքա՛ն ատեն պիտի պաշտպանէ: Պէտք է հետապնդել, եւ այս գծով ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին, եւ հաւանաբար տարի մը ետք այդ մասին յստակ տուեալներ կ՛ունենանք, թէ այս պատուաստները պէ՞տք է կրկնուին եւ որքա՞ն անգամ մը պէտք է կրկնուին: Հակառակ անոր որ «Քորոնա» ժահրը փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուի, բայց բաղդատելով «ինֆլուանզա» ժահրին` ատիկա այդքան արագ չի փոխուիր: Այս մէկը լաւատեսութիւն կու տայ, որ այս պատուաստներով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել ժահրի տարածումը: Կայ ուրիշ կարեւոր ազդակ մը. բոլոր պատուաստները, որոնք արդէն իսկ ընդունուած եւ գործառութեան մէջ դրուած են, պիտի տրուին երկու չափաբաժինով, եւ այս ձեւը որդեգրուած է, որպէսզի աւելի ամրապնդուի պաշտպանութիւն տալու յատկութիւնը: Երկրորդ չափաբաժինը կ՛աւելցնէ ազդեցիկ ըլլալու իր յատկութիւնը ու նաեւ վերյիշում մը կ՛ըլլայ, որ քիչ մը աւելի երկար պաշտպանէ մեր մարմինը «Քորոնա» ժահրէն:

«Ա.».- Պատուաստը ապագային կրնա՞յ կողմնակի բարդութիւններ յառաջացնել:

Թ. Գ. Հ.- Մինչեւ օրս պատուաստները փորձարկած ոչ մէկ ուսումնասիրութիւն հանդիպած է մտահոգիչ կացութեան, ինչ կը վերաբերի պատուաստուող անձերու առողջապահական վիճակին: «Փֆայզըր», «Մոտերնա» եւ «Աստրազենեքա» ընկերութիւնները եւ ուսումնասիրող մարմինները որեւէ մտահոգիչ վիճակ կամ կացութիւն չեն ունեցած, երբ փորձարկած են իրենց պատուաստները հազարաւոր մարդոց վրայ: Կարեւոր է շեշտել, որ ասոնք միայն ընկերութիւններուն կամ ուսումնասիրող խումբերուն տեղեկութիւնները չեն. Եւրոպական դեղերու գործակալութիւնը, Միացեալ Նահանգներու Սննդեղէնի եւ դեղորայքի վարչութիւնը, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը` բոլորն ալ ունին իրենց անկախ հետապնդող խորհուրդները, յանձնախումբերը, որոնք այս բոլոր տուեալները ուսումնասիրած եւ յայտարարած են, որ այս պատուաստները որեւէ մէկ առողջական վնաս չեն հասցներ: Ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ երկարատեւ տարիներու ընթացքին ի՛նչ կրնայ պատահիլ, բայց այդ մէկը պէտք չէ վախ յառաջացնէ մեր մէջ, որովհետեւ որեւէ մէկ դեղ, որեւէ մէկ պատուաստ, երբ նոր գործածութեան մէջ կը դրուի, միշտ կը հետապնդուի եւ կը բարելաւուի տարիներու ընթացքին: Հարկ է նշել, որ «Քորոնա» ժահրի վտանգը եւ մեծ թիւով մահերը կանխարգիլելու համար անհրաժեշտ է պատուաստներուն գործածութիւնը: Օրինակ` Միացեալ Նահանգներու վերջին տուեալները ցոյց կու տան, որ մէկ տարուան ընթացքին արձանագրուած է 26 միլիոն ժահրով վարակուած պարագայ, որոնցմէ մօտաւորապէս 500.000-ը մահացած է, իսկ մինչեւ օրս 29 միլիոն անձ պատուաստուած է այնտեղ, եւ ոչ մէկ մահուան պարագայ արձանագրուած է: Այս թիւերը ցոյց կու տան, թէ որքանով ապահով են պատուաստները, եւ չկայ որեւէ գիտական տուեալ, որ կասկած կ՛արթնցնէ, որ հետագային այս պատուաստները մտահոգիչ բարդութիւններ կրնան պատճառել: Անշուշտ երբ պատուաստը ստանանք, հաւանական է, որ ունենանք կարգ մը կողմնակի ախտանշաններ, որոնք քանի մը օրուան ընթացքին կ՛անհետանան: Հաւանական է, որ ասեղին տեղը ցաւի, ունենանք` տաքութիւն, մկանի ցաւեր, յոգնածութիւն, գլխացաւ, բայց այս ախտանշանները հիւանդութեան ախտանշաններ չեն, այլ անոնք նշաններ են, որ մեր դիմադրողական համակարգը կ՛աշխատի եւ կը պատրաստէ հակամարմիններ: Եւ արդէն իսկ բժշկական այն խումբերը, որոնք պատասխանատուութիւնը կը ստանձնեն պատուաստները տալու, պիտի բացատրեն բոլոր պատուաստը ստացողներուն, թէ ի՛նչ պէտք է ակնկալել, եւ թէ` կրնայ ըլլալ, որ քանի մը օր անհանգիստ զգանք, սակայն յետոյ բաւական երկար ժամանակ պատուաստը մեզի ապահովութիւն պիտի տայ:

Շատ սխալ տեղեկութիւններ կը շրջին համացանցի վրայ եւ վախ կը պատճառեն ժողովուրդին: Կ՛ըսուի, որ պատուաստին պատճառով կիները յղի մնալու դժուարութիւն ունենան, կամ պատուաստին մէջ կը գործածուի ժահրին ծինային նիւթը, եւ այդ մէկը պիտի թափանցէ մարդու ծինային կազմուածքին մէջ: Այս բոլորը որեւէ գիտական հիմք չունին: Շատ կարեւոր է գիտութիւնը անջատել անհիմն շրջող տեղեկութիւններէ, որոնք այս համաճարակին սկիզբէն ի վեր կը շրջին եւ հիմա կը շատնան պատուաստներուն վերաբերեալ: Կարեւոր է ստուգել տեղեկութեան աղբիւրը եւ վստահիլ համաշխարհային կազմակերպութիւններու կայքէջերուն, անոնց ընկերային ցանցերու էջերուն, հարցնել մասնագէտներու եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ ստանալ` նախքան ուրիշներուն փոխանցելը:

«Ա.».- Որո՞նք պէտք չէ պատուաստուին:

Թ. Գ. Հ.- Ընդհանրապէս ապահով կը նկատուին այն պատուաստները, որոնք ընդունուած են տնօրինող համաշխարհային կամ տեղական կազմակերպութիւններուն` Միացեալ Նահանգներու Սննդեղէնի եւ դեղորայքի վարչութեան, Հիւանդութիւններու վերահսկողութեան եւ կանխարգիլման կեդրոններուն, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ: Ընդհանրապէս շատ մեծ բացառութիւններ չկան: Ուսումնասիրութիւններ չեն կատարուած 16 տարեկանէն վար պատանիներուն վերաբերեալ, եւ այդ պատճառով հիմա չի յանձնարարուիր զանոնք պատուաստել: Ատիկա չի նշանակեր, որ պատուաստը ապահով չէ, այլ պարզապէս ուսումնասիրութիւններ չեն եղած այդ խումբին վրայ: Այդ ուսումնասիրութիւնները նոր կը սկսին, եւ հաւանաբար քանի մը ամիս ետք որոշում կը տրուի այդ խումբը պատուաստել կամ ոչ: Վերջերս նաեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը եւ ամերիկեան ծննդաբերութիւնը տնօրինող կազմակերպութիւնը յանձնարարեցին, որ յղի կիները նաեւ ստանան պատուաստը: Յղի կիներու վրայ յատուկ ուսումնասիրութիւններ չեն եղած, բայց այս թելադրանքը տրուած է` նկատի առնելով, որ յղութեան ժամանակ շատ մը պարագաներ ծանր կերպով վարակուեցան «Քորոնա» ժահրով, եւ չկայ որեւէ գիտական հիմք, որ այդ պատուաստը ապահով չէ: Հետեւաբար կը յանձնարարուի, որ յղի կիներն ալ ստանան պատուաստը: Կայ մէկ պարագայ, որ կը յանձնարարուի սպասել կամ աւելի մանրակրկիտ բժշկական քննութիւններ անցընել եւ յետոյ ստանալ պատուաստը, այդ ալ այն անհատներուն պարագան է, որոնք շատ զօրաւոր գերզգայնութիւն ունին: Խօսքը չի վերաբերիր այն անհատներուն, որոնք ճաշի կամ դեղի մը գերզգայնութիւն ունին, այլ անոնց, որոնք ունին սուր գերզգայնութիւն, որ կրնայ մարդու կեանքը վտանգի ենթարկել: Այդ անձերը այժմ չեն կրնար պատուաստը ստանալ, եւ հաւանաբար մօտիկ ապագային պիտի ըլլան նաեւ ուրիշ պատուաստներ, որոնցմէ պիտի կարենան այդ անհատները օգտուիլ:

Անոնք, որոնք «Քորոնա» ժահրով վարակուեցան, անոնց նաեւ կը յանձնարարուի ստանալ պատուաստը ժամանակ մը ետք, երբ արդէն իրենց դիմադրողականութիւնը նուազած է: Բայց անոնք, որոնք այժմ «Քորոնա» ժահրով վարակուած են, չեն կրնար պատուաստը ստանալ, այլ պէտք է սպասեն, որ առողջանան եւ քանի մը ամիս ետք մարմինին դիմադրողականութիւնը նուազելէ ետք ստանան պատուաստը:

«Ա.».- Հաւանակա՞ն է, որ պատուաստուողը թեթեւօրէն վարակուի:

Թ. Գ. Հ.- «Քորոնա» ժահրի պատուաստները կը պաշտպանեն, որ մարդիկ ծանրօրէն չհիւանդանան, երբ վարակուին եւ այդպիսով կարելի կ՛ըլլայ կեանքեր փրկել: Տակաւին յստակ չէ, թէ պատուաստը որքանո՛վ պիտի կանխարգիլէ վարակի փոխանցումը ուրիշին: «Փֆայզըր»-ի եւ «Մոտերնա»-ի պարագային, պատուաստը 95 առ հարիւր ազդեցիկ է, իսկ 90 առ հարիւր` «Ասթրազենեքա»-ի պարագային, ասիկա կը նշանակէ, որ անհատը 95 առ հարիւր պաշտպանուած է ծանրօրէն հիւանդանալէ եւ մահանալէ, երբ վարակուի: Այս պարագային կրնայ վարակուիլ ժահրով, եւ եթէ վարակուի, հաւանաբար ախտանշան չունենայ, կամ շատ թեթեւ ախտանշաններ ունենայ: Ուրեմն այդ պատճառով պատուաստուելէ ետք նոյնիսկ պիտի շարունակենք մեր կանխարգիլման միջոցառումները գործադրել, ինչպէս` դիմակ կրել, ձեռքերը հականեխել, հասարակական հեռաւորութիւն պահել, որովհետեւ մինչեւ որ ամբոխի մը դիմադրողականութիւնը տեղ մը հասնի, որ այս ժահրը այլեւս շրջելու եւ փոխանցուելու անձէ անձ հնարաւորութիւնը չունենայ, մենք պիտի չկարենանք միւս կանխարգիլման միջոցառումներէն զերծ մնալ: Ուրեմն պատուաստը կը համարուի սկիզբը. ժողովուրդին մէջ քիչ քիչ դիմադրողականութիւն կը շինուի: Հետեւաբար ժահրի շրջագայութեան կարելիութիւնը կը նուազի, եւ անգամ մը որ ատիկա կը նուազի, կը սկսինք աւելի ապահով միջավայր ունենալ եւ կը սկսինք քիչ քիչ թեթեւցնել այդ կանխարգիլման միջոցառումները: Այս մէկը կարեւոր է գիտնալ, որպէսզի չըսենք, որ մենք պատուաստուեցանք, ուրեմն մենք կրնանք ազատ շրջիլ, եւ մեր սովորական ապրելակերպին վերադառնալ: Ուշադիր պէտք է ըլլանք, մինչեւ որ յաջողութեամբ գործադրուին պատուաստումի ծրագիրները, որոնք կրնան տեւել առնուազն 8 ամիսէն 1 տարի, եւ եթէ աւելի ուշանան` մինչեւ 1,5 տարի, որպէսզի մենք հասնինք 80 առ հարիւր պատուաստումի համեմատութեան ժողովուրդին մօտ:

«Ա.».- Պարտադիր պիտի ըլլա՞յ պատուաստուիլը:

Թ. Գ. Հ.- Այժմ ոչ մէկ երկրի մէջ ատիկա պարտադիր է: Ընդհանրապէս պատուաստները պարտադիր չեն, բայց կարեւոր յանձնարարութիւններ կրնան ըլլալ պետութիւններու կողմէ, կամ կարգ մը գործերու պարագային ատիկա կրնայ պարտադրուիլ: Հաւանաբար ապագային նաեւ պիտի պարտադրուի ճամբորդութեան պարագային: Հիմակուհիմա ատիկա պարտադիր չէ, եւ անպայմանօրէն ընդունելի չէ, որ պարտադիր ըլլայ, որովհետեւ անհատական որոշում պէտք է ըլլայ` դուն կ՛ուզե՞ս ենթարկուիլ այդ պատուաստին, թէ՞ ոչ: Բայց կարգ մը միջավայրեր կրնան անուղղակիօրէն ստիպել, որ մարդիկ պատուաստը ստանան, որպէսզի կարենան այդ միջավայրէն ներս գործել, կամ ճամբորդել: Շատ կարեւոր է, որ երբ մենք  պատուաստելու որոշումը տանք, այդ որոշումը հիմնենք գիտական տուեալներու վրայ եւ շատ լաւ հասկնանք պատուաստը, պատուաստին մասին շատ կարդանք, ճիշդ աղբիւրներէն կարդանք եւ այդ բոլորը գիտական տեղեկութիւններու վրայ հիմնենք մեր որոշումը: Այո՛, ճիշդ է, որ որոշումը անհատական է եւ պէտք է այդպէս ալ մնայ, բայց մենք նաեւ ունինք ընկերային պարտաւորութիւններ, որովհետեւ համաճարակային իրավիճակի մէջ ենք: Ուրիշ հիւանդութիւններ, որոնց պատուաստները կը ստանան երեխաները, հիմա համաճարակներ չեն, բայց կու տանք այդ պատուաստները` կանխարգիլման համար: Բայց համաճարակի պարագային, քիչ մը տարբեր իմաստ կը ստանայ անհատական որոշումը, եթէ բաղդատենք ատիկա մեր պարտաւորութեան հետ, որ` նաեւ մենք մեր դերը ունինք կանխարգիլման մէջ իբրեւ անհատ, որ` այս ընկերութեան մէջ պիտի գործէ եւ վնաս պիտի չպատճառէ այդ ընկերութեան: Ուրեմն այդ սկզբունքէն մեկնելով ու նաեւ տրուած ըլլալով, որ բոլոր տուեալները գիտական ուսումնասիրութիւններու վրայ հիմնուած մեզի ցոյց կու տան, որ պատուաստները ապահով են, մենք պէտք է քաջալերենք, որ անհատներ տեղեկութիւնները ստանալով` որոշեն եւ ճիշդ որոշումը տան պաշտպանելու համար իրենց անձնական առողջութիւնը, ինչպէս նաեւ` իրենց սիրելիներուն եւ շրջապատին առողջութիւնը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles