Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախանցեալ օր «Վանայ Ձայն»-էն տարեմուտի հարցազրոյցին ընթացքին, զոր վարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, անդրադարձաւ 2020 տարուան իրադարձութիւններուն` զայն կոչելով համբերութեամբ գոյատեւելու տարի:
Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրադարձութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան ըսաւ. «Թէեւ 17 հոկտեմբեր 2019-ին բոլորս ուրախ էինք ժողովրդային շարժումով եւ յոյս ունէինք, որ ժողովուրդին արդար պահանջները լսելի կրնան դառնալ, սակայն դժբախտաբար անիկա ձախողեցաւ` սեւ ձեռքերու միջամտութեամբ եւ քաղաքական հաշիւներու գոյութեամբ, իսկ երկրին կացութիւնը աւելի եւս բարդացաւ:
«Անոր յաջորդող իրադարձութիւնները եղան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան հրաժարականն ու անկէ մէկուկէս ամիս ետք վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան կազմութիւնը` արտակարգ պայմաններու մէջ: Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային ու քաղաքական տագնապներուն բեռին տակ Տիապի կառավարութիւնը չկրցաւ շնչել, ինչպէս նաեւ ձեւով մը արժանացաւ արաբական երկիրներու եւ միջազգային ընտանիքին շրջափակումին: Այս բոլորին կողքին, ինչպէս ամբողջ աշխարհը` նոյնպէս ալ Լիբանանը հարուածեց «Քորոնա»-ի համաճարակը: Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք կառավարութիւնը չկրցաւ բարեկարգումներ կատարել եւ բաւականաչափ յաջողութիւն չունեցաւ քաղաքական եւ համայնքային շահեր ապահովել ուզող ուժերու նեղ հաշիւներուն պատճառով: 4 օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը, ոճիրը մեծ ցաւ ու ահաւոր կորուստ պատճառեց եւ նիւթական ու բարոյական ահռելի վիճակի մատնեց քաղաքացիները` զանոնք ենթարկելով հոգեկան վնասներ կրելու իրավիճակին:
«Պայթումէն 4-5 օր ետք Տիապի կառավարութիւնն ալ հրաժարեցաւ, եւ ցաւ ի սիրտ մինչեւ օրս տակաւին կարելի չեղաւ նոր կառավարութիւն մը կազմել»:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին շրջագիծին մէջ մնալով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ պայթումին ծալքերը եւ պատասխանատուները բացայայտելը բոլորիս պահանջն է, սակայն կայ յստակ մէկ բան, որ ոչ ոք իրաւունք ունէր ժողովուրդը այս կացութեան մէջ դնելու, այսքան ցաւ պատճառելու եւ այսքան հսկայական աղէտի ենթարկելու:
Ան աւելցուց, որ ճիշդ է, որ միջազգային ընտանիքն ու ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները փութացին լիբանանցիին օգնութեան, սակայն ափսոս, որ կարգ մը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու աշխատանքը իր նպատակին` պայթումէն տուժածներու ծառայելու փոխարէն, վերածուեցաւ տուժածներու ցաւն ու կարիքները շահագործելու արարքներու:
«Հոս կ՛ուզեմ հաստատել, որ Լիբանանի մէջ մարդկայնութիւնը տակաւին կենդանի է: Լիբանանցի երիտասարդները առաջին օրէն իսկ փութացին պայթումին վայրը` օժանդակելու համար աղէտեալներուն, անոնք ո՛չ կուսակցութիւններու, ո՛չ կառավարութեան, ո՛չ պետութեան եւ ո՛չ ալ ոստիկանութեան ցուցմունքներուն սպասեցին այդ քայլին դիմելու համար: Կրնամ վերահաստատել, որ մեր երիտասարդութիւնը Լիբանանի ապագան է:
«Պայթումէն քանի մը օր ետք, երբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ այցելեցինք Պէյրութի աղէտի գօտիին մէջ գտնուող, պայթումէն տուժած հայորդիներու բնակարանները` մօտէն շօշափեցինք անոնց վիշտն ու կորուստը: Միաժամանակ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց նաեւ այն իրականութիւնը, որ հայութիւնը տակաւին վստահութիւն եւ հաւատք ունի իր քաղաքական ղեկավարներուն եւ անոնց դերակատարութեան նկատմամբ: Այս իրականութիւնը յոյս կը ներշնչէ մեզի: Հոս կ՛ուզեմ նաեւ հաստատել, որ սփիւռքահայութիւնը արժանի է բարձր գնահատումի` լիբանանահայութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած աջակցութեան համար», ըսաւ ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան անդրադարձ կատարեց Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի աշխատանքներուն` հաստատելով, որ անիկա հսկայ աշխատանք մը ստանձնեց ու կատարեց` նորոգելով եւ վերակառուցելով բնակարանները, դպրոցներն ու եկեղեցիները:
Ան լուսարձակի տակ առաւ համայնքի բոլոր կառոյցներուն աշխատանքները, ընկերային եւ ընկերաբժշկական կեդրոններու, կամաւորներու, երիտասարդներու ծառայութիւնները, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ դարձեալ ոտքի կանգնիլ` թօթափելով յուսալքումը:
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին գործունէութեան եւ յատկապէս ընկերային յանձնախումբի ծառայութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ լիբանանահայութիւնը իր կառոյցներուն շնորհիւ օժանդակութիւն կը ստանայ բոլորէն` աւելցնելով, որ լիբանանահայ բոլոր համայնքները կը հասնին հայորդիներուն կարիքներուն:
Ան ընդգծեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին սկիզբը նախազգուշական բոլոր ճիգերը կատարուած են, քաղաքացիներուն հականեխիչ դեղեր բաժնուած են, ուտեստեղէնի ծրարներ հասած են կարիքաւորներուն բնակարանները: «Ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի կողմէ եւս մէկ միլիոն ամերիկեան տոլարի օժանդակութիւն բաշխուած է երեք հազար հայ ընտանիքներու` իբրեւ նիւթական օժանդակութիւն: Անհատներ, բարեկամներ եւ բարերարներ իրենց քսակը լայն բացած են լիբանանահայութեան, եւ անոնց օժանդակութեան շնորհիւ կարելի եղած է հաւաքական ճիգով յաղթահարել այս բոլոր մարտահրաւէրները», նշեց ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան բարձր գնահատելով հանդերձ բժիշկները, հիւանդապահներն ու հոգեբուժները, որոնք իսկական հերոսներ դարձան համաճարակի այս օրերուն, հաստատեց ուսման կարեւորութիւնը:
«Հայ դպրոցի առաքելութիւնը անկարելի է զանց առնել այս բոլորէն: Հոս կ՛արժէ յիշել, որ Ազգային առաջնորդարանը 2020-2021 ուսման տարեշրջանին ձրիաբար պիտի շարունակէ ուսում ջամբել հայ աշակերտին, որովհետեւ ուսումը ամէն բանէ վեր է: Աշխատանքը պիտի շարունակուի, որովհետեւ կարիքները մեծ են, եւ կարիքաւորներու թիւը աճ կ՛արձանագրէ: Աշխատանքները պիտի ըլլան հաւաքական ջանքերու վրայ հիմնուած, որովհետեւ առանց հաւաքական ճիգի, համայնքի գոյատեւումը անկարելի է», դիտել տուաւ ան:
Նոր կառավարութիւն մը կազմելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ դժբախտաբար պատմութիւնը կը վկայէ, որ Լիբանանի մէջ միայն լիբանանցին չ՛որոշեր, այլ նաեւ` արաբական երկիրներն ու մեծ պետութիւնները:
«Այս փուլին ընթացքին ամէն բան սառած է: Երկխօսութիւն չկայ եւ կացութիւնը օրըստօրէ աւելի եւս կը բարդանայ: Համոզուած ենք, որ քաղաքական, համայնքային եւ կուսակցական նեղ հաշիւներու համար կարելի չէ արտօնել, որ լիբանանցի քաղաքացին, իր տագնապները ահաւոր կերպով եւ առաւելագոյն դժուարութիւններով ու բարդութիւններով դիմագրաւէ: Պէտք է կազմել նոր կառավարութիւնը եւ բարեկարգումներ կատարել», շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան:
«Քորոնա»-ի համաճարակին մասին կառավարութեան ընդհանուր գործունէութիւնը ներկայացնելու շրջագիծին մէջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ մարտէն մինչեւ մայիսի կէսերը Լիբանանի կառավարութիւնը կրցաւ «Քորոնա»-ի համաճարակի թիւերը հակակշռել, ան նոյնիսկ նախանձելի էր, որովհետեւ այս համաճարակին առումով պատասխանատուութիւնը միակողմանի չէ եւ չի կրնար ըլլալ: «Կառավարութիւնը եւ քաղաքացիները պէտք է գործակցին: Սակայն ամիսներ ետք, քաղաքացին երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին դիմաց սկսաւ տեղի տալ: Անշուշտ այդ պատճառները հասկնալի են, սակայն նախազգուշութիւններու մեղմացումը, իսկ Պէյրութի պայթումին հետեւանքով եւ աւելի ուշ խրախճանքներու եւ սովորական կեանքը շարունակելու մարմաջով տարուած լիաբանանցիներուն ընթացքը պատճառ դարձաւ, որ կացութիւնը հակակշիռէ դուրս գայ: Այս իմաստով պէտք է հաստատել, որ «Քորոնա» համաճարակի Լիբանանի ազգային շտապին մէջ լիբանանահայութեան ներկայացուցիչին` իմ կեցուածքս մնայուն կերպով յօգուտ երկրի փակման եղած է, որովհետեւ այդպէս կարելի է հակակշռել իրավիճակը: Տարբեր առիթներով պահանջած ենք երկիրը մասնակի թէ ամբողջական փակումի ենթարկել: Այս համաճարակը հակակշիռի տակ պահելու համար պէտք է տնտեսական եւ առողջապահական տուեալները հաւասարակշռել: Կառավարութիւնը հազիւ կէս միլիոն ընտանիքներու կրնայ 400 հազար լ. ոսկիի օժանդակութիւն տրամադրել, որովհետեւ ան մեծ կարելիութիւններ չունի: Անձնական հիւանդանոցները իրենց կարգին գանձելի գումարներ ունին կառավարութենէն եւ այդ պատճառով ալ բնականոն կերպով չեն կրնար գործել», նշեց ան:
Ընկերային ցանցերուն կողմէ քաթարեան պետութեան նուիրած շնչառական սարքերը Մարզական աւանին մէջ տեղադրելու եւ հիւանդանոցներուն չտրամադրելու մասին տարաձայնութիւններուն վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ ընկերային ցանցերը մեզի օժանդակելու փոխարէն խուճապ կը ստեղծեն:
«Մարզական աւանին մէջ գտնուող գործիքներն ու սարքերը տուներուն եւ հիւանդանոցներուն մէջ գործածելի սարքեր չեն, այլ` հիւանդը տունէն հիւանդանոց փոխադրելու ընթացքին հիւանդատարին մէջ գործածուող սարքեր: Լիբանանեան բանակը եւ առողջապահութեան նախարարութիւնը Մարզական աւանին մէջ որոշած են զետեղել այդ սարքերը, որպէսզի հիւանդատարները իրենց աշխատանքի ընթացքին հոնկէ ստանձնեն եւ գործածեն այդ սարքերը ու վերադարձնեն զանոնք, որովհետեւ անոնք կը պատկանին լիբանանեան պետութեան: Ինչո՞ւ հիւանդանոցներէն պիտի պահենք նման սարքեր. մենք համաճարակի դէմ կը պայքարինք», ըսաւ ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց նաեւ, որ ներկայ իրավիճակին հիմնական պատճառներէն մէկը նաեւ բժշկական անձնակազմի պակասն է: Անձնակազմերը ուժասպառ են, անոնց անդամներէն ոմանք վարակուած են, ոմանք մահացած` «Քորոնա» ժահրով վարակուելու պատճառով, իսկ հարիւրաւոր բժիշկներ արտագաղթած` տիրող տնտեսական պայմաններուն պատճառով:
Անդրադառնալով դաշտային հիւանդանոցներու չգոյութեան` Վ. Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց, որ եթէ բժշկական անձնակազմ ու բաւարար հիւանդապահներ չկան, ապա անիմաստ է դաշտային հիւանդանոցներու կազմութիւնը:
«Պէտք է լիբանանցին պատասխանատու ըլլայ, յանձնառու ըլլայ: Զիջի՛նք ընտանեկան հաւաքներէ, պտոյտներէ: Այդ օրերը նորէն պիտի գան, բայց նախ` մենք պէտք է գոյատեւենք: Հաւաքական ճիգով եւ ջանքով է, որ կրնանք այս մարտահրաւէրները յաղթահարել», ըսաւ ան:
«Քորոնա» ժահրին դէմ օգտագործուելիք պատուաստներուն մասին խօսելով Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ այդ պատուաստներուն առաջին փուլը Լիբանան պիտի հասնի փետրուար ամսուան երկրորդ շաբթուան ընթացքին: Ան նշեց, որ պատուաստները միայն «Ֆայզըր» ընկերութենէն չէ, որ պիտի ապահովուին, այլ նաեւ տարբեր տեսակի ընկերութիւններէ:
«Պատուաստի կողմնակի ազդեցութեան պարագային, քաղաքացին կրնայ կառավարութեան դիմել` ամբողջացնելէ ետք իր բժշկական եւ օրինական թղթածրարը: Պատուաստը նախ պիտի ստանան բժիշկներն ու հիւանդապահները, մնայուն հիւանդութիւններ ունեցողները, տարեցները եւ բոլոր քաղաքացիները: Նախընտրաբար պատուաստը ձրիաբար տրամադրուի քաղաքացիներուն, սակայն ձրի չըլլալու պարագային անոր սակը պիտի ըլլայ խորհրդանշական, որպէսզի բոլորը կարելիութիւն ունենան պատուաստուելու եւ ընկերութեան մօտ հաւաքական դիմադրողականութիւն ստեղծելու», ըսաւ ան:
Իր խօսքը ուղղելով լիբանանահայութեան` Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ լիբանանահայութիւնը այս բոլորին կողքին ունեցաւ յաւելեալ վիշտ, որ Արցախի կորուստն էր: «Մենք յուսահատող ժողովուրդ չենք, կրնանք ճակատամարտ մը պարտուիլ, սակայն երբեք պատերազմ մը: Կը հաւատամ, որ յաղթանակը մեզի պիտի ըլլայ:
«Բոլորին պիտի մաղթեմ համբերութիւն, հաւատք, կորով, առողջութիւն եւ զգուշացում, որպէսզի կարենանք միասին ապրիլ համաճարակը եւ անկէ կենդանի դուրս գալ:
«Երիտասարդներուն կ՛ըսեմ. փաստեցիք, որ պատասխանատու էք, վստահելի ու նախաձեռնող: Իւրաքանչիւրը զգուշ թող ըլլայ այս փուլին, որպէսզի կարենայ պաշտպանել իր անձը, ընտանիքն ու շրջապատը` շարունակելով հանդերձ ծառայողական եւ կամաւորական աշխատանքը», եզրափակեց ան: