Երէկ` կիրակի, 27 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն լուրերէն հարցազրոյց մը կատարուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ:
Հիմնական երեք ենթաբաժիններով Յ. Բագրատունի խօսեցաւ Լիբանանի, լիբանանահայութեան եւ Հայաստանի իրադարձութիւններուն ու զարգացումներուն մասին:
Լիբանանեան կեանքին առնչութեամբ ան դիտել տուաւ, որ, հակառակ ամէն ինչի, պէտք չէ մտահան ընել այն, որ Լիբանան փիւնիկի նման կը բարձրանայ մոխիրներէն: Բագրատունի արագ ակնարկով անդրադարձաւ հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային շարժումներուն, տնտեսական տագնապին, «Քորոնա»-ի համաճարակին ստեղծած դժուարութիւններուն` հասնելով 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին` ոճիրին, կառավարութեան հրաժարականին, նոր վարչապետի նշանակման եւ ցարդ կառավարութեան կազմելու անկարողութեան: Երեսփոխանը յայտնեց, որ, նոյնիսկ կառավարութեան կազմութեան պարագային պէտք չէ ունենալ այն ակնկալութիւնը, թէ ամէն ինչ պիտի վերադառնայ այնպէս, ինչպէս որ էր հոկտեմբեր 2019-էն առաջ, որովհետեւ գէթ յառաջիկայ 4-5 տարիներուն նման բան իրատեսական չէ: Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այս բոլորը դիմագրաւելու համար կարիք կայ լիբանանահայութեան հաւաքական կամքին ու աշխատանքին:
Այս բոլոր դժուարութիւններուն մէջ լիբանանահայութեան համար իրականացած բազում եւ բազմաճիւղ գործունէութիւններուն մասին խօսեցաւ Յակոբ Բագրատունի` դիտել տալով, որ ժողովուրդին ծառայութիւնը նորութիւն չէ Դաշնակցութեան համար, սակայն այս տարուան գործին տարողութիւնը հսկայական էր: Ան լուսարձակի տակ առաւ դեկտեմբեր 2019-էն սկսան տարբեր նախաձեռնութիւնները, որոնք զանազան ձեւերով օգնութեան ձեռք երկարեցին ընկերային-տնտեսական ծանր կացութիւն դիմագրաւող լիբանանահայուն: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը նշեց, որ մարտին կազմուեցաւ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի մարմինը, որ բազմազան ծառայութիւններ մատուցեց, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Դաշնակցութեան եւ ուղեկից կառոյցներուն կողմէ ԿԱՄՔ-ը յառաջացաւ` ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու, նահատակ հայորդիներու բնակարաններուն նորոգութիւնը կատարուեցաւ, իսկ Արամ Ա. վեհափառին նախաձեռնութեամբ կազմուած Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը նիւթական հատուցում տուաւ պայթումէն տուժածներուն, նաեւ զոհերուն ընտանիքներուն: Յ. Բագրատունի նաեւ ընդհանուր ակնարկով մը յիշեց Ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնը եւ հաստատեց, որ օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին` կոչ ուղղելով ժողովուրդին պահելու հայու արժանապատուութիւնը, կամքն ու հաւատքը:
Հարցազրոյցին երրորդ բաժինը յատկացուած էր Հայաստանին ու Արցախին: Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած վարչապետը ժողովուրդը մեծ աղէտի, անփառունակ պարտութեան առաջնորդեց` աւելցնելով, որ հազարաւոր նահատակներուն, խրամներ ղրկուած եւ սպաննուած մեր զինուորներուն ու կամաւորներուն, անոնց ծնողներուն ու զաւակներուն դատաստանին պիտի ներկայանայ Փաշինեան: Ան նշեց, որ քաղաքական կեանքին մէջ կարելի է սխալներ արձանագրել, սակայն կարելի չէ ու երբեք ընդունելի չէ հայրենիք յանձնել, իսկ այս բոլորին պատասխանատու եղողը պէտք է անպայման հեռանայ, ինչ ալ ըլլան միջոցները, որպէսզի կարելի ըլլայ հայրենիքը փրկել յաւելեալ քանդումներէ եւ աղէտներէ: Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ տակաւին նահատակներուն արեամբ թաց հողը պիտի չհանդուրժէ նման վարչապետ մը:
Վերջին բաժինով իր խօսքը ուղղելով լիբանանահայութեան` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ ժողովուրդը միշտ ալ վստահած է զինք պաշտպանողին, իսկ Դաշնակցութիւնը լաւապէս կը գիտակցի, որ պէտք է ժողովուրդին ողնայարը պաշտպանել, զայն երբեք առանձին չձգել: Ան կոչ ուղղեց` չյուսահատելու, որովհետեւ առանց յոյսի մարդը կորսուած է` նշելով, որ պատուաւոր ժողովուրդին նկատմամբ Դաշնակցութիւնը պարտաւորութիւն ունի եւ հաշուետու է անոր: Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանէն մեկնիլ փափաքողներուն ուղղութիւնը պէտք է ըլլայ Հայաստանը, որովհետեւ հայրենիքի հողն է կարեւորն ու մնայունը, ոչ վարչակարգերը:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք մեր յառաջիկայ թիւով: