«Օ. Թի. Վի.»-ի տուած հարցազրոյցին ընթացքին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտարարեց, որ այս փուլին ո՛չ համայնքներու չափաբաժինը, ո՛չ նախարարներու թիւը, ո՛չ ալ նախարարական պաշտօնները կարեւոր են: Անհրաժեշտ է անյապաղ կազմել կառավարութիւնը, ամէն գնով:
Այս մեկնակէտով ալ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ` դիւրացնելու համար կառավարութեան կազմութիւնը: