ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ուրբաթ, 3 յունուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, հարցազրոյց մը ունեցաւ «Վանայ ձայն»-ի արաբերէնով սփռուող «Ուաքֆէ ուա մաուքաֆ» յայտագիրէն, հաղորդավար Հալա Հատտատի հետ:
Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորեց եւ բարեմաղթութիւններ յայտնեց Լիբանանի մէջ ապրող եւ արտերկրի բոլոր լիբանանցիներուն` հայերուն եւ ոչ հայերուն:
«Կը մաղթեմ, որ Լիբանանի մէջ մեր դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ ամէն տեսակի հարցերը կարելի ըլլայ դիմագրաւել:
«Մեզմէ առաջ մարդիկ աշխարհամարտեր տեսան, սակայն ապրեցան, ընտանիքներ կազմեցին եւ իրենց կեանքը շարունակեցին: Մենք տակաւին տօնական մթնոլորտի մէջ ենք, որովհետեւ 6 յունուարին պիտի նշենք Ս. Ծննդեան տօնը: Այս առիթով նաեւ կը շնորհաւորեմ բոլորը եւ կ՛ըսեմ, որ տարեսկիզբին մենք յոյսով եւ հաւատքով պէտք է ներշնչուինք եւ հաւատանք, որ փիւնիկի նման կրնանք վերականգնիլ այս տագնապէն, որ նախորդ տագնապներուն չի նմանիր: Եւ որովհետեւ նախորդ տագնապներուն չի նմանիր, ուրեմն մենք յաւելեալ տոկունութեան եւ գոյատեւման կամքի կարիք ունինք», ըսաւ ան:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանի եւ Ժողովրդային աշխարհազօրի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի սպանութեան գործողութեան մասին հարցումի մը անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ այդ գործողութիւնը պաշտօնապէս ստանձնած են «եւ օրինական կը նկատէ զայն, որովհետեւ իրենց համար ամէն ինչ արտօնուած է` շրջանին մէջ թէ անկէ դուրս», աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ կը խօսին ինքնապաշտպանութեան մասին, իսկ եթէ այլ ժողովուրդ մը, որուն հողերը բռնագրաւուած են եւ ան զէնք կը բարձրացնէ իր հողերը ազատագրելու համար եւ ահաբեկչութեան որջեր կը հարուածէ` զայն ահաբեկիչ կը նկատեն: «Դժբախտաբար աշխարհին մէջ այս մթնոլորտը կը տիրէ, սակայն Սիւլէյմանիի եւ Մուհանտեսի սպանութիւնը ահաբեկչական արարք է, որ դատապարտելի է: Արաբական աշխարհը եւ արաբները պէտք է դատապարտեն այս գործողութիւնը, որովեհետեւ անիկա շատ բաներ թիրախ դարձուցած է: Ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքի մը կողմէ գործուած այդ ռմբակոծումը, որով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը հպարտանայ, որ իրանցի անձնաւորութիւն մը թիրախ դարձուցած է Պաղտատի օդակայանին մէջ, առաջին հերթին Իրաքի գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն է: Երկրորդ հերթին անիկա միջազգային սկզբունքներուն հակադրուող անարգ արարք մըն է` նոյնիսկ եթէ անիկա գործուած է անձնաւորութեան մը դէմ, որ թշնամի կը նկատուի: Երրորդ` մենք շրջանին` Միջին Արեւելքի մէջ պէտք է գիտնանք, որ շրջանին հարցերը անկարելի է, որ լուծուին, եթէ այդ հարցերուն լուծում գտնելու նպատակով երկխօսութիւն չկատարուի: Իբրեւ հայու զաւակ, մեր փորձառութիւնը կը հաստատէ, որ օտարը չ՛օժանդակեր, ընդհակառակն` դուն սուղ կը վճարես անոր վստահելով: Ժամանակն է այլեւս համոզուելու, որ արտաքին ուժերուն կամ օտարին կարելի չէ վստահիլ, եւ այս իմաստով բազմաթիւ օրինակներ կան Սուրիոյ մէջ, Իրաքի մէջ, Քուէյթի մէջ, Լիբանանի մէջ, Եմէնի մէջ, Եգիպտոսի մէջ, Լիպիոյ մէջ: Օտարը մեզ կը շահագործէ: Եթէ վերադառնանք ամերիկեան ուժերուն կողմէ Իրաք ներխուժման օրերուն եւ անկէ սկսեալ հետեւինք ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ու Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլերի կատարած յայտարարութիւններուն, անոնք բոլորը կը հաստատեն, որ իրենք խաբած են, որովհետեւ Իրաքի մէջ հաւաքական քանդումի զէնքեր գոյութիւն իսկ չեն ունեցած: Ոչ ոք այդ ղեկավարները հաշուետուութեան կանչեց, ընդհակառակն` արեւմտեան զինուորական ուժերն ու ամերիկեան բանակը մուտք գործեցին շրջան եւ հասան մեր մօտ` Սուրիա եւ Իրաք», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ զինուորական ներկայութեան իմաստով ամերիկեան ուժեր չկան Լիբանանի մէջ, սակայն գաղտնի սպասարկութեան գոյութեան առումով, ան նշեց, որ ո՛չ միայն ամերիկեան, այլեւ` աշխարհի բոլոր երկիրներուն գաղտնի սպասարկութիւնները կը գտնուին Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ:
«Տիրող կացութիւնը վտանգաւոր է եւ բարդ, եւ մենք` իբրեւ այս շրջանի ժողովուրդներ, պէտք է միասնակամ մնանք եւ իմանանք, որ կայ Իսրայէլը, որ միակ թշնամին է, եւ վերջ», հաստատեց ան:
Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի կողմէ Իրանին ուղղուած ինքնազսպումի եւ հանդարտեցման կոչերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի իր կարգին հարց տուաւ, թէ այդ կոչերը ինչո՞ւ սպանութիւնը գործած ամերիկեան կողմին չեն վերաբերիր` աւելցնելով, որ անոնք ներկայիս կը վախնան իրանեան կողմի պատասխանէն եւ այդ պատճառով է, որ նման կոչեր կ՛արձակեն:
«Դիւանագիտական առումով Իրանի շունչը երկար է եւ ան հզօր է, իսկ իմանալով, թէ նման արարքներու դիմաց իրանեան միտքը ինչպէս կ՛աշխատի, կը հաւատամ, որ յարմար պահուն եւ յարմարագոյն զէնքով Իրան կը հակադարձէ այդ գործողութեան` ճշդելով իր ուրոյն թիրախը», յայտնեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ամերիկացին պէտք է անդրադառնայ, որ ինք Միջին Արեւելքի մէջ օտար է եւ բռնագրաւող կողմ: «Ի՞նչ կը սպասեն անոնք: Կ՛ուզեն, որ շրջանի ժողովուրդները զիրենք գրկաբաց հիւրընկալե՞ն: Ի վերջոյ անոնց ներկայութիւնը երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան, բախումներու եւ նոյնիսկ պատերազմներու կ՛առաջնորդէ: Սակայն այս պարագային չեմ կարծեր, որ Միացեալ Նահանգներու, Արեւմուտքին, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Իրանի, արաբական երկիրներու` Ծոցի երկիրներէն մինչեւ Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմ բռնկեցնել», հաստատեց ան:
Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան կազմութեան մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ կառավարութեան յայտարարութիւնը որքա՛ն շուտ կատարուի, այնքան լաւ է, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը ապահով պահել` իր վրայ շրջանային իրադարձութիւններուն ունենալիք հետեւանքներէն:
«Իսկ եթէ ուշանայ կառավարութեան կազմութիւնը, կարելի չէ զայն մասնագէտներու կառավարութիւն պահել, այլ` կարիք պիտի ըլլայ կազմելու քաղաքական անձնաւորութիւններէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որ քաղաքական կարծր դէմքերու կառավարութիւն մը ըլլայ: Կազմ մը, որ կարենայ պայքարիլ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է ըլլայ անմիջական, որովհետեւ ամէն վայրկեան, որ նախարարաց խորհուրդի կազմութիւնը կ՛ուշանայ, քաղաքացին իր արիւնէն կը վճարէ: «Պէտք չէ ներկայ պայմանները օգտագործելով ըսել, թէ պէտք է աւելի մտածենք` նախքան կառավարութեան կազմութիւնը: Կարեւորը այն է, որ կառավարութիւնը կազմուի, եւ երկրին ու ժողովուրդին աշխատանքները կանոնաւորուին, իսկ երկրին քաղաքական կացութիւնը կարելի է դիմագրաւել` հիմնուելով երկրին ռազմավարութեան վրայ եւ ճշդելով նոր մարտավարութիւնները: Կը յուսամ, որ վարչապետ Հասսան Տիապ կ՛արագացնէ կառավարութեան կազմութիւնը, թէեւ պէտք է վկայել, որ ան արագ է եւ իր ճշդած ժամկէտին մէջ պիտի կարենայ կազմել նոր դահլիճը», նշեց ան:
Կառավարութեան մէջ ժողովրդային շարժումը ներկայացնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երբ ժողովրդային շարժումի մասին կը խօսինք` անպայման միատեսակ եւ միակողմ խմբաւորումի մը չենք ակնարկեր:
Երեսփոխան Բագրատունի նկատել տուաւ նաեւ, որ կայ ժողովրդային շարժումի ներկայացուցիչներէն մաս մը, որ Հասսան Տիապի նշանակումը չ՛ընդունիր, ինչպէս կայ նաեւ այլ թեւ մը, որ զայն կ՛ընդունի իբրեւ վարչապետ, սակայն կը մերժէ կառավարութեան մաս կազմել եւ կը նախընտրէ դիտորդի վիճակին մէջ մնալ ու հեռուէն քննադատել կառավարութիւնը` առանց պատասխանատուութիւն ստանձնելու:
«Հետեւաբար յստակ չէ, թէ ժողովրդային շարժումը ինչպէ՛ս մաս պիտի կազմէ կառավարութեան: Կառավարութիւն մը, որ դէմ յանդիման պիտի դրուի տնտեսական եւ ելեւմտական դժուար որոշումներ տալու պարտականութեան հետ:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանան այս վիճակին հասած է, որովհետեւ տարիներով հանրապետութեան նախագահ չէ ունեցած, եւ իւրաքանչիւր կառավարութեան կազմութիւնը 7-11 ամիս տեւած է: «Մենք հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հարց չունինք, ընդհակառակն` երբ ան ժողովրդային շարժումէն 72 ժամ խնդրեց, մենք անոր հետ առաջին հանդիպողները եղանք, եւ Պաապտայի տնտեսական երկխօսութեան նիստին մեր ներկայացուցած առաջարկները գրեթէ ամբողջութեամբ ներառուեցան անոր պատրաստած տնտեսական փաստաթուղթին մէջ, որ բարեկարգումի փաստաթուղթ կոչուեցաւ:
Մենք միշտ հաւատացած ենք կառավարութեան անհրաժեշտութեան, եւ այդ պատճառով ալ հակառակ մեր դաշնակիցին` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, որ որոշած էր վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութեան մասնակցիլ` առանց ոեւէ թեկնածու առաջադրելու, սակայն մենք` իբրեւ Հայկական երեսփոխանական պլոք, մինչեւ վերջին վայրկեանը որոշած էինք Սաատ Հարիրիի անունը առաջադրել` վարչապետի նշանակման համար, բայց եւ այնպէս ան մետասաներորդ պահուն յետս կոչեց իր թեկնածութիւնը: Քաղաքականութեան մէջ կարելի չէ մնայուն եւ կտրական մերժումներու վրայ մնալ», շեշտեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ երբ Հայկական երեսփոխանական պլոքը Հասսան Տիապի անունը առաջարկեց իբրեւ վարչապետ, ան համոզուած էր, որ երկրին մէջ պիտի կազմուի ոչ աւանդական կառավարութիւն մը, որուն մէջ բնականաբար պէտք է դիմել ոչ աւանդական միջոցներու:
«Վարչապետ Տիապի հետ մեր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին ան շեշտեց, որ ինք համոզուած է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հարցերը չի բարդացներ, այլ կը դիւրացնէ: Ան ըսաւ, որ կ՛ուղղուի կազմելու մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որուն մէջ կուսակցականներ չկան: Վարչապետը աւելցուց նաեւ, որ իր նախընտրութիւնը կ՛երթայ իր կազմելիք կառավարութեան մէջ իգական սեռը աւելի տիրական կերպով ներկայացնելու, իսկ կառավարութեան թիւին մասին անոր պատկերացումը 18-20 նախարար հաշուող կառավարութեան մը կ՛երթար:
Վարչապետը հաստատեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան մաս կազմող ոչ մէկ նախարար պիտի ներկայացուի նոր կառավարութեան մէջ, այլապէս` նոյնիսկ մէկ նախարար վերանշանակելու պարագային, մենք կառչած պիտի մնայինք զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին, որ մեր եւ այլոց վկայութեամբ մասնագիտական մօտեցումով կը գործէ եւ գրգռիչ ներկայութիւն չէ, եւ իր աշխատասիրութեամբ ու բոլորին հանդէպ յարգանքով կրնայ որեւէ նախարարութեան մէջ յաջողիլ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ եթէ նշանակուի հայ անձնաւորութիւն մը, որ ՀՅԴ-ի զօրակցութիւնը չի վայելեր, ապա Հայկական երեսփոխանական պլոքը իր վստահութեան քուէն չի շնորհեր կառավարութեան:
«Ոչ աւանդական այս մթնոլորտին մէջ հաւանաբար լաւագոյնը պիտի ըլլայ, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ նկատի չառնուի նաեւ ուժային նախարարութիւնները հիմնական համայնքներուն յանձնելու նախընթացը` առիթ տալով, որ փոքր համայնքները իրենց կարգին ստանձնեն պատասխանատուութիւններ եւ աշխատին ի խնդիր երկրին շահերուն: Սակայն մենք գիտենք, որ արտակարգ պայմաններու մէջ է, որ կը կազմուի այս կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ գիտենք, որ ժողովուրդը այլեւս համայնքներուն մասին ոչինչ կը հանդուրժէ, հետեւաբար այս մասին պիտի չբարձրաձայնենք, այլ յոյսի առիթ ներշնչենք եւ փափաքինք, որ կառավարութիւնը յաջողի եւ ներկայ իշխանութեան նստաշրջանը աւարտէ: Իսկ ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ-ի թեկնածուին, սկսելու համար` ան քաղաքական թեկնածու չէ: Մենք ունինք մեծ թիւով տիկիններ, որոնք համայնքին մէջ ղեկավար դեր ունին, երիտասարդ են եւ կրնան ներկայացուիլ կառավարութեան մէջ: Սկզբունքային համաձայնութիւն մը գոյացած է վարչապետին հետ` նախարարութեան մը կամ երկու նախարարութիւններու շուրջ: Կառավարութեան մէջ հայ համայնքը պիտի ներկայացուի, եւ մեր թեկնածուն պիտի ըլլայ կին մը, որ պիտի ստանձնէ կարեւոր նախարարութիւն», ըսաւ ան:
Կառավարութեան հասցէին արձակուած անուանումներու մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ նախընտրելի է կառավարութիւնը փրկութեան կամ փոխանցման շրջանի կառավարութիւն չանուանել:
«Նոր նախարարը իր նախարարութեան, ընդհանուր տնօրէնին եւ պաշտօնէութեան ծանօթանալու համար ամիսներ կ՛ուզէ, հետեւաբար տանք առիթը, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը իր բնականոն ընթացքով գործէ, եւ եթէ լաւ աշխատեցաւ, թող շարունակէ իր աշխատանքը: Նախորդ կազմին մասին արտայայտութիւնները այն էին, որ անիկա պիտի մնայ մինչեւ իշխանութեան շրջանին աւարտը, սակայն այսօր այդ կազմը հրաժարած է: Թերեւս նոր կազմուելիք կառավարութիւնը յաջողի, հետեւաբար պէտք չէ անոր անուանումներ տալ: Եթէ զայն փոխանցման կառավարութիւն կոչենք, ուրեմն մենք անոր յաջողութիւնը չենք փափաքիր», աւելցուց ան:
Կառավարութիւնը փողոցով ձախողեցնելու մասին հարցումին անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ վտանգաւոր հիմնական երեւոյթը այն էր, երբ Նահր Քալպի մէջ, Այն Ռըմմանէի եւ Շիյահի միջեւ, ինչպէս նաեւ Ռինկի կամուրջին վրայ բախումներ արձանագրուեցան:
«Այդ պատկերները տեսնելով դարձեալ յիշեցինք Ասաատ Ասաատ փողոցը, Սաննին պիստակավաճառը, հրկիզուող անիւները, Շերիֆ Ախաուին, այն շէյխն ու քահանան, որոնք Այն Ռըմմանէի եւ Շիյահի միջեւ իւրաքանչիւր բախումէ ետք, առաւօտ կանուխ բնակիչները կը համախմբէին եւ կու գային ողջագուրուելու ու իրենց բնակարանները վերադառնալէն տասը վայրկեան ետք, արձակազէնները կը վերսկսէին իրենց սովորական ընթացքին: Այս պատկերները վախ յառաջացուցին մէջս, որովհետեւ անոնք սադրանքի մէջ ըլլալու ցուցանիշներ էին: Ցաւ ի սիրտ կ՛ըսեմ, որ մենք չենք խօսիր փողոցին եւ հրապարակներուն ժողովրդավարութեան մասին: Ժողովրդավարական երկիրներու մէջ փողոցը եւ հրապարակները կեցուածք արտայայտելու վայրեր են, եւ հակառակ անոր, որ այսօր անոնք կարգ մը պարագաներու վերածուած են երկխօսութեան նիստերու եւ քաղաքակիրթ կերպով արտայայտուելու վայրերու, որոնք նոր փայլքով օժտած են ժողովրդային շարժումը, բայց եւ այնպէս իրաւունք ունինք վախնալու, որովհետեւ փողոցներուն իրարու դէմ հակադրուիլը վտանգաւոր երեւոյթ է:
Ճի՛շդ է, որ բոլոր պարագաներուն ժողովուրդին պահանջները արդարացի եղած են, այսինքն` 1943-ին, 1949-ին, 1952-ին, 1958-ին, մինչեւ 1975 եւ 1990, Տոհայի խորհրդաժողովին եւ անկէ ետք, մեր ձեռքը բան չէ եղած: Իսկ եթէ այսօր ժողովուրդը գիտնայ ինչպէ՛ս օգտուիլ այս կացութենէն եւ ժողովրդային պոռթկումը կարենայ բանի մը շուրջ համաձայնիլ, օրինակ` փտածութեան դէմ պայքարի շուրջ համաձայնեցաւ, սակայն ան չկրցաւ ընտրական օրէնքի մը շուրջ, կամ քաղաքականութեան մէջ համայնքային դրութեան ջնջումին շուրջ, ղեկավարութեան մը շուրջ համաձայնիլ: Եթէ անոնք ղեկավարութեան մը շուրջ համաձայնելու ըլլան, ստիպուած պիտի ըլլայն համայնքներու իրաւունքներուն տէր կանգնիլ: Ճի՛շդ է, որ ղեկավարը պիտի ըլլայ յեղափոխութեան խորհուրդի նախագահը, սակայն ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր համայնքը: Թերեւս ան վաղը հանրապետութեան նախագահ պիտի նշանակուի: Այլ հարցում, կրնա՞նք օրինակ ճշդել, որ յեղափոխութեան ղեկավար խորհուրդին ընդհանուր քարտուղարը շիի համայնքէն չըլլայ, կամ գործադիր խորհուրդի պետը` սիւննի համայնքէն չըլլայ:
Ի վերջոյ, եթէ կրցանք օգտուիլ այն դրական կէտերէն, որ ժողովրդային շարժումը կրցաւ իրականացնել, ինչպէս` ժողովուրդին արթնութիւնը` ընդդէմ փտածութեան, իւրացուած գումարներու վերադարձը կամ դասակարգային դրութեան վերատեսութեան ենթարկումը: Լիբանանի մէջ մեր հիմնական հարցը նոր ազատական տնտեսական դրութիւնն է, ինչպէս նաեւ ոչ արտադրող տնտեսութեան դրութիւնը, որուն պատճառով երկրին երկրագործութիւնն ու ճարտարարուեստը հսկայ հարուած ստացած են:
Այսօր այս կացութեան գինը սուղ կը վճարեն աղքատ եւ միջակ դասակարգերը: Ով որ նստած է եւ դրամատան մէջ իր գումարներուն մտահոգութեամբ կը տառապի` աղքատը չէ, միլիոնատէրն է, որ իր գումարները դուրս փոխանցած է: Այս փուլին մէջ կայ նաեւ այն իրողութիւնը, որ մեծ թիւով փտածներ մաս կը կազմեն ժողովրդային շարժումին, որպէսզի շարունակեն ապահովել իրենց շահերը: Անշուշտ կան նաեւ գործատէրեր, որոնք պարկեշտ են եւ իրենց ճակտին քրտինքով կը յառաջանան», շեշտեց երեսփոխան Բագրատունի:
Ան աւելցուց, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը պէտք է մշակէ աշխատանքային ծրագիր մը, որուն գործադրութեամբ կարենայ իրագործել նուազագոյնը: «Այլ խօսքով` նուազագոյնը վեց ամսուան ընթացքին կարենայ քայքայումը կասեցնել` հանգստացնելով ժողովուրդն ու դրամատուները, բարգաւաճման կարելիութեան մասին ժողովուրդին վստահութիւն ներշնչէ, եւ ապա ուղղակի երկխօսութեամբ ճշդուի, թէ տնտեսական կացութիւնը դէպի ո՛ւր կ՛երթայ: Եթէ իւրացուած գումարները, ապօրինի պաշտօնի կոչումը, օրինազանցութեամբ պարտադրուող տուրքերը, սովորական հարկերէն եւ մաքսատան տուրքերէն փախուստ տալու երեւոյթը, նախարարութիւններուն եւ միութիւններուն մէջ ապօրինի ֆոնտերու գոյութիւնը վերջ պիտի չգտնեն, ապա կարելի չէ յառաջդիմել: Սակայն պէտք է ժողովուրդին վստահութիւն եւ յոյս ներշնչել: Կը նախատեսեմ, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք Լիբանանին արտաքին օժանդակութիւն տրամադրուի, որովհետեւ չեմ կարծեր, որ արտաքին աշխարհը կը մերժէ Հասսան Տիապը:
Եթէ օտար պետութիւններ համաձայն ըլլային, որ Սաատ Հարիրի դարձեալ վարչապետ նշանակուէր, ապա ան այսօր վարչապետ նշանակուած էր», յայտնեց Բագրատունի:
Ընկերային իրավիճակին եւ անոր նկատմամբ ցուցաբերուած լայն անդրադարձին մասին Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ տեղեկատուութիւնն ու լրատուամիջոցները եւս իրենց դերակատարութիւնը ունին այս ամբողջ կացութեան մէջ:
«Ոչ մէկ պատկերասփիւռի կայան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը Պաապտայի տնտեսական նիստին ընթացքին ի՛նչ ներկայացուց: Սակայն պատկերասփիւռի կայանները շուրջօրեայ
դրութեամբ ներկայացուցին փողոց իջած ժողովուրդին պահանջները: Մեզի այցելեցին Ժողովրդային շարժումի ներկայացուցիչները, եւ առաջին օրէն ալ կապ կար անոնց հետ, իսկ մեր ժողովուրդին մենք քաջալերեցինք, որ մասնակցին այդ շարժումին, որովհետեւ ներկայացուած պահանջները արդարացի են եւ մեր պահանջներն են: Ես կը խօսիմ Պուրճ Համուտէն, որ իրաւազրկուած շրջան է, եւ հոնկէ պետութիւնը բացակայ է` իր հաստատութիւններով, ենթակառոյցով, հիւանդանոցներով: Եթէ Պուրճ Համուտի հեղինակութիւնները չօժանդակեն իրենց շրջանին, շրջանը եւ քաղաքացին ի՞նչ վիճակի մէջ կը յայտնուի», հարց տուաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ Պուրճ Համուտի ներքին փողոցներուն մէջ կայ աղքատութիւն, «եւ ես երբ այս մասին կը խօսիմ լաւ գիտեմ, թէ ինչի՛ մասին է խօսքս: Սակայն կարգ մը պատկերասփիւռի կայաններ նոր անդրադարձան, որ երկրին մէջ աղքատութիւն կայ: Իսկ քաղաքական կարգ մը հեղինակութիւններ` նախարարներ եւ երեսփոխաններ, նոր իմացան, որ մարդիկ հիւանդանոցներուն դիմաց կը մահանան: Այսօ՞ր անոնք գիտցան, որ մարդիկ առանց ծածկոցի կը քնանան: Իբրեւ երեսփոխան, ՀՅԴ-ն իբրեւ կուսակցութիւն, Հայկական երեսփոխանական պլոքը իբրեւ խորհրդարանի պլոքներէն մէկը, ինչպէս նաեւ հայկական եկեղեցին, մնայուն կերպով օգնած ենք եւ ոչինչ խօսած այդ մասին: Սակայն եթէ այսօր մէկը միւսին չնչին գումար մը կու տայ, կամ բժիշկ մը պարագայ մը կը տեսնէ եւ կ՛որոշէ անոր վիրահատութիւնը ինք հոգալ, ապա պէտք չէ մոռնալ, որ այդ բժիշկը օրական երեւակայական գումարներ ստացած է իր հիւանդներէն, եւ հիւանդանոցները չեն բացուած հիւանդներուն դիմաց, երբ անոնք ուղղակի չեն վճարած: Պէտք չէ մոռնալ, որ բժիշկները եւ հիւանդանոցները մերժած են Ընկերային ապահովագրութեան սնտուկ (տաման) արձանագրուած հիւանդները: Այս բոլորը, կային եւ կը շարունակեն ըլլալ: Ժողովրդային շարժումը այդ իմաստով դրական էր, որովհետեւ բոլորը սկսան իմանալ եւ ընդունիլ, որ երկրին մէջ աղքատութիւն կայ, իսկ անոնք, որոնք գիտէին այդ մասին եւ կ՛օժանդակէին ժողովուրդին, շարունակեցին իրենց օժանդակութիւնները:
Լիբանանահայութիւնը մեր ժողովուրդն է, մեր զաւակներն են, մեր ծնողները, քոյրերն ու եղբայրները: Մենք օր մը զանոնք առանձին չենք ձգած եւ չենք ձգեր: Ամէնէն դիւրինը պիտի ըլլայ այն, որ ըսենք` ահաւոր է կացութիւնը եւ ոչ ոք կրնայ միւսին օգնել: Մենք առաջին օրէն սկսեալ պնդեցինք, որ բոլորս միասնաբար պիտի գործենք, որպէսզի օժանդակենք ժողովուրդին եւ առիթ չտանք անոնց արտագաղթի մասին մտածելու: Լիբանան մեր հայրենիքն է եւ հոս պիտի մնանք: Մեր պայուսակները առնելով այլ երկիրներ արտագաղթելու պերճանքը չունինք: Նախ` չենք ուզեր օտար երկիրներ երթալ, եւ ապա Լիբանանը մեր հայրենիքը նկատենք: Իմ հայրս հոս թաղուած է, ես անոր գերեզմանը ձգելով չեմ արտագաղթեր:
Ես առաջին հայ երեսփոխանը չեմ, որ կը կատարեմ այս աշխատանքը: Հայ երեսփոխանները, Դաշնակցութեան նախկին ղեկավարները, բոլորը` պատերազմէն առաջ, պատերազմի ընթացքին եւ ցայսօր կ՛աշխատին եւ կը գործեն հայութեան համար: Մենք այսօր կը շարունակենք այդ աշխատանքը տարբեր տեսլականներով: Պէտք չէ մոռնանք, որ Լիբանանի մէջ կան հայ եւ ոչ հայ լաւ անձնաւորութիւններ, որոնք բարոյապէս եւ նիւթապէս նեցուկ կը կանգնին մեզի:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը առաջինն էր, որ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանին գումար յատկացուց` օժանդակելու համար կարիքաւորներուն: Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր կարգին դերակատարութիւն ունեցաւ` լիբանանահայութեան օժանդակութեան մէջ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը եւ Արցախը իրենց կարգին օժանդակեցին մեզի: Կան նաեւ լիբանանահայ անհատներ, անձնաւորութիւններ` Լիբանանի մէջ ապրող թէ արտերկրի, որոնք օժանդակութիւններ կատարեցին: Անշուշտ գումարները խորհրդանշական են եւ ոչ թէ կը հասնին միլիոնաւոր տոլարներու:
Տակաւի՛ն` ձեռնարկեցինք ռատիոթոնի մը, որուն ընթացքին կրցանք 160 միլիոն լ. ոսկիի գումար մը նուիրաբերել` Նոր տարուան առիթով լիբանանահայ ընտանիքներու նուէրներ ապահովելու նպատակով:
Մենք ծրագրած էինք 500 ընտանիքի նուէր յանձնել, սակայն երբ տեսանք մեր ժողովուրդին հսկայ նուիրաբերումը, այս նուէրները որոշեցինք տրամադրել ցարդ 1260 ընտանիքի: ՀՅԴ-ի պատասխանատուներ, ԼՕԽ-ի պատասխանատուներ, երիտասարդական եւ ուսանողական միութեան ներկայացուցիչներ, անձամբ ես եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամները, այցելեցին բնակարանները եւ ընտանիքներուն հետ փոխանակեցին Նոր տարուան շնորհաւորութիւնները:
Այս է մեր աւանդութիւնը, այսպէս դաստիարակուած ենք, եւ կարեւոր չէ, որ այս մասին պատկերասփիւռի կայաններէն, Դիմատետրի էջերով եւ այլ ձեւերով քարոզչութիւն կատարենք, որ մենք ժողովուրդին կ՛օժանդակենք:
Մենք ոչ մէկ անգամ անձնաթուղթի հիման վրայ եւ քուէ ստանալու համար օժանդակած ենք: Վերջին երեսփոխանական ընտրութիւններուն ոմանք յայտնեցին, թէ այն քաղաքացիները, որոնց օժանդակած ենք, մեզի դէմ քուէարկած են, եւ իմ պատասխանս եղաւ, որ մենք պիտի շարունակենք անոնց օժանդակել, որպէսզի Լիբանանի մէջ մնան», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:
Լիբանանի մէջ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու մասին հարցումի մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այդ միտքը տակաւին չէ հասունցած երկրին մէջ:
Ան նշեց, որ իբրեւ ընտրական օրէնք մշակելու յանձնախումբի անդամ ութ տարուան ընթացքին կրցած են մշակել ընտրական այն օրէնքը, որուն հիման վրայ կատարուեցան վերջին ընտրութիւնները: Համամասնական դրութեան վրայ եւ Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածելով ընտրութիւններ կատարելու առաջարկը, որ Ամալ շարժումի առաջարկն է, տակաւին խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստին նոյնիսկ կարելի չէ եղած քննարկել:
«Անշուշտ պէտք է փոփոխութիւններ որդեգրուին, սակայն ի վերջոյ պէտք է գիտնանք, թէ ի՛նչ կ՛ուզենք: Համայնքային դրութիւնը պիտի պահպանե՞նք, թէ՞ ոչ: Հոս է հարցը: Կրնանք ընտրական օրէնքը փոխել, եւ վերջաւորութեան նշմարել, որ խորհրդարանին մէջ տասը առ հարիւրի փոփոխութիւն մը կատարուած է: Ընտրական օրէնք մշակելը դիւրին չէ, ժողովուրդը համոզելը, որ երթայ քուէարկութեան, դիւրին աշխատանք չէ: Այսօր ժողովրդային շարժումի գոյութեան պատճառով կարելի չէ սահմանադրութիւնը մէկդի դնել եւ բոլոր չափանիշները փոփոխութեան ենթարկել, եւ վեց ամիս ետք զղջումի երթալ` հաստատելով, որ աւելի լաւը չկրցանք իրականացնել», շեշտեց ան:
Փտածութեան դէմ պայքարին իմաստով մենք ոչ ոքի յանցանքները կը ծածկենք: «Մենք Դաշնակցութեան մէջ կը հաւատանք հաշուետուութեան սկզբունքին: Բազմաթիւ պատասխանատուներ հեռացուցած ենք փտածութեան պատճառով: Հետեւաբար մենք ոչ մէկ հարց ունինք այդ իմաստով: Ընդհակառակն` մենք կը պահանջենք, որ փտածութեան դէմ պայքար ըլլայ, պայմանով որ պարկեշտ դատական իշխանութիւններ ըլլան եւ իրենց առաքելութիւնը ազատօրէն կատարեն` առանց քաղաքական միջամտութիւններու:
Պէտք է նաեւ ի մտի ունենալ, որ միայն նախարարներն ու երեսփոխանները չեն, որ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքներուն կը միջամտեն, այլ նաեւ անձնաւորութիւններ, որոնք այսօր ժողովրդային շարժումին մաս կը կազմեն», ըսաւ ան:
Ան ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արժէքային համակարգը փուլ եկած է: «Ես առաւելագոյն չափով կը յարգեմ ազատութիւնները, սակայն ո՞վ իրաւունք կու տայ մէկուն զիս վարկաբեկելու եւ զիս ամբաստանելու, եւ մղելու, որ ստիպուիմ երթալ դատարան` փաստելու, որ յանցանք չունիմ: Կայ ազատութիւն, կայ ժողովրդավարութիւն, որ կը պարտադրէ յարգել ուրիշը: Կը յիշէ՛ք, որ քանի մը տարի առաջ ծաղրանկարի մը պատճառով երկրին մէջ սադրանքներ պիտի նախապատրաստուէին: Այսօր ամէն կողմէ լուտանքներ կը թափին կրօնականներու դէմ, սակայն պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ մեծ թիւով կրօնապատկան կալուածներ կան, որոնք կրնան լիբանանցի երիտասարդութեան տրամադրութեան տակ դրուիլ եւ զանոնք մղել աշխատանքի: Իբրեւ լիբանանցի կ՛ուզենք բոլոր պերճանքները վայելել, սակայն անոր դիմաց զոհողութիւններ չկատարել, հետեւաբար պէտք է նաեւ լուսարձակի տակ առնել լիբանանցիին կենցաղին այդ բաժինը», ըսաւ ան:
«Բոլորը` այսինքն բոլորը» կարգախօսին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այդ կարգախօսը չի վերաբերիր իրեն: «Եթէ փտածութեամբ ամբաստանուելու մասին է խօսքը, բնաւ ինծի չեմ վերագրեր, որովհետեւ փտած չեմ: Ընդհանրապէս կը մերժեմ ընդհանրացումը, իսկ եթէ յանցաւոր եմ, ապա դատական իշխանութիւնները կը ճշդեն այդ մէկը: Բաւ է հայհոյել եւ արժանապատուութիւններ թիրախ դարձնել, անձնականին եւ ընտանեկանին միջամուխ դառնալ: Մեր հայրերն ու մեծ հայրերը մեզի ամօթի մասին սորվեցուցած են: Այո՛, ամօթ է, որ մէկը փտած ըլլայ, սակայն նաեւ ամօթ է, որ մարդոց արժանապատուութիւնը անարգուի», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Արաբական երկիրները պէտք է գիտնան, թէ ո՛ւր են արաբներուն շահերը եւ ո՛ւր են Թուրքիոյ շահերը: Ինչպէս որ Իսրայէլ շահագրգռուած է արաբական շրջանով եւ ախորժակներ ունի, նոյնպէս է Թուրքիոյ պարագան: Իր ախորժակները ամբողջացնելու համար Թուրքիա հասած է Սուրիա, Իրաք, Լիպիա, Քաթարի մէջ Թուրքիա ունի իր զինուորական խարիսխները: Ան Ծոցի կարգ մը երկիրներու հետ բացառիկ յարաբերութիւններ ունէր, սակայն այդ երկիրները անդրադարձան, որ այդ յարաբերութիւնները կը ծառայեն Թուրքիոյ շահերուն եւ ոչ թէ իրենց երկիրներուն: Համոզուած եմ, որ արաբ ժողովուրդը, եթէ իր արաբականութեան վերադառնայ, ապա ինքզինք ազատած կ՛ըլլայ ամէն տեսակի ստրկութենէ:
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով «Վանայ Ձայն»-ի անձնակազմին ուղղուելիք շնորհաւորութեան խնդրանքին ընդառաջելով` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ եթէ «Վանայ Ձայն»-ը պիտի շնորհաւորէ, ապա նաեւ ինքզինք պիտի շնորհաւորէ, որովհետեւ ինք մաս կը կազմէ այդ ռատիոկայանին:
«Ձայնասփիւռի այս կայանը, որ հայերուն եւ ոչ հայերուն կը հասնի, Լիբանանի մէջ թէ արտերկրի, պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը` հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ տնտեսական տագնապներուն, եւ հակառակ անոր որ ոչ մէկ դեսպանատուն կամ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն կ՛օժանդակէ անոր: Այս կայանը իր տնօրէնով եւ անձնակազմով ու պաշտօնեաներով, լիբանանահայութիւնը իր օրաթերթերով, կայքերով եւ պատկերասփիւռի կայաններով իմ եղբայրներս ու քոյրերս կը նկատեմ եւ կը շնորհաւորեմ զանոնք` անոնց եւ անոնց ընտանիքներուն մաղթելով յաջողութիւն եւ առողջութիւն:
Կը մաղթեմ, որ լիբանանահայութիւնը, լիբանանցիները, եւ յատկապէս արտերկրի լիբանանցիները պէտք չէ բաւարարուին իրենց երկիրներուն մէջ ցոյցեր կատարելով եւ կայքերուն վրայ գրառումներ կատարելով: Անոնց կացութիւնը մեզմէ շատ աւելի լաւ է, եւ անոնք վստահ կարօտցած են Լիբանանը: Իսկ եթէ ներկայիս չեն կրնար Լիբանան այցելել, ապա իրենց օդանաւային տոմսի դրամը թող ուղարկեն իրենց ընտանիքներուն, որովհետեւ լիբանանցիները այսօր դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի եւ եթէ միասնաբար չկարենան դիմադրել, պիտի չկարենան այս տագնապը դիմագրաւել: Իսկ եթէ այս տագնապը Լիբանանը տարաւ քանդումի եւ քայքայումի, նաւը բոլորով միասին պիտի ընկղմի, բացի թերեւս քանի մը հոգիէ, որոնք ուղղաթիռներով պիտի կարենան փրկուիլ: Այս պարագային լիբանանցիները եւ արտերկրի լիբանանցիները, բոլորը, այսինքն` բոլորը սուղ պիտի վճարեն երկիրը կորսնցնելու գինը», եզրափակեց ան: