Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

«Երբ Հաւատքը Աներեր Է, Մեր Համազգային Նպատակները Անպայման Կ՛իրագործուին»

$
0
0
«Նոր Յառաջ»-ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ
Յովսէփ Տէր Գէորգեանի Հետ

Տեսակցեցաւ` ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

«Ն. Յ.».- Բայց ժողովրդավար ընտրութիւնները Փաշինեանի օրօք կատարուեցան: Ժողովուրդը իր բացարձակ վստահութիւնը յայտնեց «Իմ քայլը» խմբակցութեան: ՀՅԴ-ը քաղաքական ընդդիմութեան կը դիմէ, դիմացը բնականաբար հակազդեցութեան պիտի հանդիպի: Չէ՞ք կարծեր, որ չափազանցութիւն է բաժանարար գիծերու պատմութիւնը: Մինչեւ այն ատեն որ չկայ համազգային կառավարութիւն կազմելու հեռանկար, պիտի ըլլան բաժանարար գիծեր, բնական երեւոյթ է:

Յ. Տ. Գ.- Ժողովրդավարական համակարգի մը մէջ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բաժանումը բնական է: Սեւի եւ ճերմակի, յեղափոխականի եւ հակայեղափոխականի բաժանումն է, որ անընդունելի է: Այս տեսակի բաժանումները քաղաքական դաշտը ինքնաբերաբար կը մղեն բեւեռացման: Կեանքի մէջ միայն սեւ ու ճերմակ գոյն չկայ. «Եթէ մեզի հետ չես, ուրեմն մեր դէմն ես»-ի տրամադրութեան մասին է խօսքը: Ա՛յս է, որ կը քննադատուի ՀՅԴ-ն կողմէ: Ծայրայեղ բաժանարար գիծերու դէմ ենք: Մանաւանդ երբ այս բաժանումը կ՛օգտագործուի խեղդելու ընդդիմադիր խօսքը, եւ որուն յաճախ կ’ընկերանայ նաեւ սպառնագին հակազդեցութիւն, ինչպէս «արկղերը տասնեակ և շատ աւելի քրէական գործերով լեցնելու» մտադրութիւնը…

«Ն. Յ.».- Հաղորդագրութեան մէջ տեղ մը կ՛ըսուի. «Պիտի մղենք երիտասարդութիւնը, որպէսզի ան Արեւմտահայաստանը ոչ միայն մեր պատմական հայրենիքը համարէ, այլեւ` գրաւուած հայրենիքը, որուն ազատագրման նկատմամբ հաւատքը պիտի մնայ աներեր: Այս շրջագիծէն ներս կարեւոր վերաբերմունքի պիտի արժանանայ 1920-ին կնքուած Սեւրի դաշնագրին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի Իրաւարարական վճռին հարիւրամեակի նշումը 2020-ին»: Այս համածիրին մէջ արդեօք անդրադարձ պիտի ըլլա՞յ նաեւ ռուս-թրքական Մոսկուայի դաշնագիրին, որուն պատճառով Նախիջեւանը, Կարսը… յանձնուեցան Թուրքիոյ:

Յ. Տ. Գ.- Դաշնակցութիւնը կը մերժէ եւ կը պայքարի բոլոր այն դաշնագիրներուն, համաձանագիրներուն դէմ, որոնք չեն բխիր հայ ժողովուրդի շահերէն: Որպէս առաջատար ուժ` Դաշնակցութիւնը Արցախի մէջ իր երիտասարդ մարտիկներու զոհաբերութեան գինով է, որ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ եւ այլ ազգային ուժերու կողքին կարողացաւ արձանագրել ռազմական յաղթանակներ: Կ՛ուզեմ աւելցնել, որ 2015-էն ի վեր դաշնակցական երիտասարդութիւնը այն հաստատումը կ՛ընէ, որ դժբախտաբար այդ օրերուն յառաջացած հատուցման գծով պայքարի ալիքը պէտք եղած թափով չի յառաջանար: Հատուցումներու հարցը ուսումնասիրող պետական յանձնաժողովը այսօր պէտք է կրկին գործի լծել եւ համահայկական հռչակագրի պարունակութեան հաստատման ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ` նկատի ունենալով, որ հոն տեղ գտած գաղափարները ՀՅԴ-ն համար երազներ չեն, այլ` յստակ եւ իրականանալի ծրագրեր: Նոյն այդ դաշնակցական երիտասարդութիւնը այսօր Ամերիկայի մէջ Հայ դատի յանձնախումբերու ճամբով յաջողեցաւ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն ունեցող արդիւնքներ ձեռք ձգել: Ըսել է, որ` երբ հաւատքը աներեր է, մեր համազգային նպատակները անպայման կ՛իրագործուին: Մեր մտահորիզոնին գտնուող ծրագրերը ոչ թէ անցեալի կամ ապագայի հարցեր են, այլ այժմէական են եւ ուղղակիօրէն կապուած` Հայաստանի անվտանգութեան հետ:

«Ն. Յ.» – Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է սփիւռքի հայ համայնքներու հզօրացման հարցը: Ի՞նչ ծրագրեր, ի՞նչ միջոցներով: Նորութիւններ կա՞ն, թէ՞ Ցեղասպանութեան ճանաչման, Հայ դատի պաշտպանութեան ուղեգիծի շարունակութիւնը կը մնայ գլխաւոր նպատակը:

Սփիւռքի յատուկ քաղաքական օրակարգ կա՞յ, թէ՞ շեշտադրումի տարբերութիւն է:

Յ. Տ. Գ.- Ընդհանրապէս սփիւռքի բարդ վիճակը, սփիւռքահայու` տարբեր քաղաքակրթական պայմաններու մէջ ապրելու իրողութիւնը շատ աւելի կը դժուարացնէ սփիւռքեան օրակարգին գծով լուծումներ գտնելը, մանաւանդ որ այդ հսկայ գործը կը մնայ կազմակերպութեան մը (իմա՛ ՀՅԴ-ն) ուսերուն վրայ` որպէս առաջին դիրքերու վրայ գտնուող ուժի: Մեր երիտասարդները այսօր արդէն իսկ սփիւռքեան օրակարգով աշխատանք կը տանին. Սուրիոյ մէջ անոնք կը պաշտպանեն հայկական թաղամասերը, արեւմտեան երկիրներու տարածքին հիմնուած նոր գաղութներու մէջ կը ստեղծեն հայկական մթնոլորտ ու միջավայր… Ըսել է, թէ անոնք արդէն ներկայ են սփիւռքահայ համայնքներու կեանքէն ներս: ՀՅԴ-ն 10 հազար երիտասարդներէն մօտաւորապէս երեք քառորդը սփիւռքի մէջ կ՛ապրի ու կը զբաղի հայակերտումով, հայեցի դաստիարակութեամբ` անշուշտ իր թիկունքին ունենալով մեր ուղեկից միութիւնները (ՀՕՄ, Համազգային եւ ՀՄԸՄ): Հետեւաբար սերունդներու դաստիարակութիւնը արդէն իսկ սփիւռքը հզօրացնող ծրագիր կը սեպուի: Համահայկական օրակարգը արդարօրէն այնքան ծանրաբեռնուած է Հայաստանի, Արցախի, Հայ դատի եւ այլ հարցերով, որ եթէ աչալուրջ չըլլանք,  սփիւռքի օրակարգը կրնայ մղուիլ երկրորդ մակարդակի: Ինչ կը վերաբերի մշակուող նոր ծրագրերուն, ապա անոնք պէտք է հիմնուին մասնագիտական մօտեցումի, տեղեկատուական գիտութիւններու (information technology) վրայ, եւ յատկապէս պէտք է հայկականութեան գաղափարները գրաւիչ կերպով ներկայացնել երիտասարդութեան, որ իր կարգին պէտք է գաղութի առողջ կեանքը ապահովող կեցուածք որդեգրէ եւ ըստ այնմ գործէ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերացնել ներքին գաղութային, տեղայնական հարցերը եւ թերի երեւոյթները:

«Ն. Յ.».- Խօսինք նաեւ լեզուի եւ կրթական հարցերուն շուրջ…

Յ. Տ. Գ.- Այո՛, լեզուն եւ կրթութիւնը հայապահպանման կարեւոր ազդակներէն են: Ըսեմ, որ այս ամսուն սկիզբը տեղի ունեցած խորհրդաժողովը հայերէնով ընթացաւ: Մեր միութենական կեանքէն ներս հայերէնը շատ կարեւոր տեղ կը գրաւէ. երիտասարդականի իմաստով, մեր բոլոր պաշտօնական գրութիւնները կ՛ըլլան հայերէնով, բազմաթիւ երիտասարդական պաշտօնաթերթեր կը հրապարակուին մեր մայրենի լեզուով: Խորհրդաժողովի ընթացքին տեղեկացանք, որ եւրոպական երկրի մը մէջ գործող մեր միութիւններէն մէկը որոշած է, որ իր անդամական ժողովները հայերէնով տեղի ունենան` ի հարկին օգնելով այն բոլոր անդամներուն, որոնք հայերէնին լաւապէս չեն տիրապետեր: Մեր ուղեկից միութիւններն ալ մեծ աշխատանք կը տանին հայկական դպրոցները կանգուն պահելու ուղղութեամբ: Անշուշտ գաղութներու մէջ անոնք առանձին չեն, եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններ ալ նոյն նպատակին կը ծառայեն: Պէտք է խօսիլ նաեւ հայ մամուլի մասին: Ինչպէս գիտէք, ՀՅԴ-ն հաւանաբար սփիւռքի մէջ թերթերու ամէնէն լայն ցանցը ունեցող կառոյցն է եւ ան մեծ զոհողութիւններով կ՛ապահովէ հայկական մամուլի գոյատեւումը: Այսօրուան հիւծուող սփիւռքի միջավայրին մէջ Դաշնակցութիւնը յամառ պայքար կը մղէ, որպէսզի կանգուն մնայ հայ թերթը, հայ վարժարանը, հայ գիրքը: Հոս առիթէն օգտուելով կ՛ուզեմ յատկապէս ընդգծել նշեալ ուղղութիւններով «Նոր Յառաջ»-ի տարած աշխատանքը, որ իրապէս ողջունելի եւ գնահատանքի արժանի է:

«Ն. Յ.».- Երիտասարդութեան հասցէագրուած «Դէպի Երկիր» ծրագիրը պետութեան հետ համակարգուա՞ծ է, թէ՞ ոչ:

Յ. Տ. Գ.- «Դէպի Երկիր» ծրագիրը Դաշնակցութեան քաղաքական ուղղութիւններէն մէկն է: Առանց հայրենիքի` սփիւռքի գոյութիւնը անիմաստ է: Հայաստանն է, որ պիտի ապահովէ հայ ժողովուրդի գոյատեւումը: Այս ծրագիրը դաշնակցական երիտասարդութիւնը դէպի Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք ուղղելու նպատակը կը հետապնդէ: Իւրաքանչիւր ամառ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ճամբարներ կը կազմակերպեն, որոնց ընթացքին մօտաւորապէս 3.000 ոչ դաշնակցական պատանիներու համար աշխատանոցներ կը վարեն` լեզուի, համակարգչային, ընկերային արդարութեան կամ մարդկային իրաւունքներու մասին վարժողական դասընթացքներ կազմակերպելով: Ֆրանսայի մեր հայրենակիցները այս ծրագրին ծանօթ են ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ին կողմէ կազմակերպուող «Projet Yerguir»-ի ճամբով: Այդ ճամբարներու, բանակումներու, ուխտագնացութիւններու, վարժողական ծրագիրներու միջոցով հայրենիքի եւ սփիւռքի նոր սերունդին ու ժողովուրդի միջեւ հաստատուած կապը կ՛ամրապնդուի: Մեր երիտասարդները առիթը կ՛ունենան մօտէն ծանօթանալու Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի ժողովուրդի իրավիճակին, տիրող պայմաններուն, աշխարհագրութեան… Այս բոլորը նաեւ առիթներ են, որպէսզի մեր միութենականներուն մէջ համահայկական դաշնակցական արժէքները ձեւով մը գերակշռեն տեղայնական արժէքներուն: «Դէպի Երկիր» ծրագրի ծիրէն ներս այս ամառ սփիւռքի հարցերով յանձնակատարը հանդիպում մը ունեցաւ դաշնակցական երիտասարդներուն հետ:

«Ն. Յ.».- «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան երիտասարդներու անհնազանդ քայլը «անկարգապահ ու կասկածելի» կ’որակուի, որ խոտոր կը համեմատի ՀՅԴ գաղափարական հիմքերուն: Հասկնալի է, որ անկարգապահ ընթացք ունեցած են: Բայց ինչպէ՞ս կը բացատրէք անոնց գաղափարական հիմքերէն խոտորումը: Գաղափարական ո՞ր սկզբունքը ոտնակոխած են: Նաեւ` «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողականի եւ կուսակցութեան վերին մարմիններու միջեւ լուրջ հակասութիւնները ի յայտ եկած են, եղածը մէկ երկու տաք-գլուխ երիտասարդի հակադրութիւն չէր: Անոնց արտաքսումը, կուսակցութեան գաղափարական ընկալումները, գործելակերպը հարցադրումի տակ կը դնէ՞: Եթէ ներքին մակարդակին անհասկացողութիւն կայ, ըսել է ընդհանուրին, հասարակութեան մէջ ալ ընկալումի խնդիրներ պիտի ծագին, մանաւանդ որ վերջին շրջանին շատ սուր քննադատութիւններ հնչեցին խորհրդարանի բեմէն եւ լրատու աղբիւրներու հարթակներէն` «փարթիզանական» գործողութիւններուն վերաբերեալ:

Յ. Տ. Գ.- Բուն հարցը «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողականի վարչութեան հետ եղած է: Վերջինս հակակարգապահական ընթացքի մէջ եղած է: Կրնայ ըլլալ, որ որոշ շրջանակներուն խոտոր թուի, թէ ինչպէ՞ս կարելի է երիտասարդութեան հանդէպ այսպէս կեցուածք ունենալ: Պէտք է ըսել, որ մեր ժողովներու ընթացքին ամէն մասնակից կրնայ իր ազատ կարծիքը արտայայտել, բայց երբ կուսակցութիւնը որոշում կը կայացնէ, պէտք է ենթարկուիլ այդ որոշումներուն: Ասիկա ինքզինք յարգող որեւէ կազմակերպութեան ներքին աշխատելաձեւն է: ՀՅԴ-ն երկարակեաց կեանքը կը պարտինք իր երկաթեայ կարգապահութեան: Այդ երիտասարդները համաձայն չեն եղած ՀՅԴ-ի վարած քաղաքականութեան հետ: Անոնք արտաքսուեցան ոչ թէ ցոյցերուն չմասնակցելու պատճառով, այլ որովհետեւ հարցը բոլորովին այլ հարթակ փոխադրելով` զայն վերածեցին հակադաշնակցական պայքարի: Այդ երիտասարդները հեռատեսիլի կայաններէն ՀՅԴ-ի դէմ ելոյթներ ունեցան եւ ձեւով մը հակադաշնակցական պայքարի գործիքի վերածուեցան: Գիտէք` որեւէ մարմինի համար իր շարքերէն երիտասարդ հեռացնելը շատ դժուար որոշում մըն է, եւ ընդհանրապէս մարմինները գիտակցութեամբ այդ քայլին կը դիմեն, երբ կը սպառեն բոլոր միջոցները: Ըսեմ, որ այսպիսի դէպքեր եղած են ՀՅԴ-ի պատմութեան մէջ: Անընդունելի երեւոյթը այն է, որ այսօրուան իշխանութիւնները այդ հարցը հակադաշնակցական արշաւի վերածեցին…

Կ՛ուզեմ նաեւ ընդգծել, որ այս դէպքը երբեք կուսակցութեան գաղափարական ընկալումները, գործելակերպը հարցադրումի տակ չի դներ, որովհետեւ որեւէ որոշում կայացնելէ առաջ տուեալ հարցը նախապէս մանրամասնօրէն կը քննարկուի զանազան մարմիններուն կողմէ: Կը կրկնեմ, որ մեր երիտասարդները ազատօրէն արտայայտուելու իրաւունք ունին, եւ անոնց ներկայացուիչները կը մասնակցին կուսակցութեան Ընդհանուր ժողովներուն, որ ՀՅԴ-ի ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ժողովն է:

Ինչ կը վերաբերի «փարթիզանական մարտերուն», ապա մանկամիտ եւ կամ ալ երդուեալ հակադաշնակցական պէտք է ըլլալ` հաւատալու համար, որ Դաշնակցութիւնը կը պատրաստուի քաղաքացիական պատերազմ սկսելու Հայաստանի մէջ: Դաշնակցութիւնը բազմիցս յայտարարած է, որ երկրի կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է, եւ որ` ան կը գործէ բացառապէս երկրի սահմանադրական կարգը յարգելով:

«Ն. Յ.».- Յեղափոխութենէն ետք ՀՅԴ-ն ընդհանուր գնահատական մը պէտք չէ՞ր տար Սերժ Սարգսեանի եւ Քոչարեանի հետ կառավարական դաշինքի ժամանակաշրջանին վերաբերեալ: Որքանո՞վ յաջող էր, ընդունելի էր, կառավարական դաշինք կնքել քաղաքական ուժի մը հետ, որ ընտրակեղծիքներով իշխանութեան հասած է: Կաշառակեր համակարգ մը ստեղծած եւ գործած է ծայրագոյն աստիճանի անարդարութեան խաղի օրէնքներով: Այս բոլորը հակառակ են այն արժէքներուն, որոնց` ուսանողական-երիտասարդականի համահայկական խորհրդաժողովը կը յայտարարէ,  թէ կը դաւանի:

Յ. Տ. Գ.- Դաշնակցութիւնը իր գնահատականը տուաւ եւ կու տայ իր Ընդհանուր ժողովներուն ընթացքին եւ այդ ժողովներուն հրապարակած ժողովուրդին ուղղուած յայտարարութիւններուն ընդմէջէն: Այդ գնահատականը տրուած է:

Անդադար անցեալին անդրադառնալու փորձերը, ճիգերը տեղ չեն հասցներ: Անցեալի վարած քաղաքականութեան առնչութեամբ, ՀՅԴ-ն որեւէ ամօթալի, հակազգային կամ պետականակործան քաղաքականութիւն չէ վարած: Հասած է կարեւոր ձեռքբերումներու` ազգային գաղափարախօսութեան, Արցախի հիմնահարցի, երկրի կայունութեան, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու, սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ այլ մարզերէ ներս: Ճիշդ է, որ հակառակ իր ջանքերուն` չէ կազմաքանդուած սակաւապետական համակարգը, չէ հաստատուած օրէնքի գերակայութիւնը, իսկ ժողովուրդին ամէօրեայ վիճակը կտրականապէս չէ բարելաւուած: Օրին ան պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ իր անհամաձայնութիւնը եւ դժգոհութիւնը յայտնած է այդ ժամանակաշրջանի բոլոր թերի երեւոյթներուն նկատմամբ: Դաշնակցութիւնը հաստատ ու ամուր քայլերով առաջնորդուած է եւ հաւատացած է համակարգային փոփոխութիւններուն: Դաշնակցութիւնը իր ներկայի ղեկավարութեամբ քաղաքական ուղղութիւն մը ճշդած է եւ անով կ՛առաջնորդուի: Այսօր ՀՅԴ-ն յստակօրէն յայտարարած է, որ անցեալին վերադարձ չկայ: Ճիգ կայ ստեղծելու այն տպաւորութիւնը, թէ այն ուժը, որ կը քննադատէ իշխանութիւնները, կը փափաքի նախկին իշխանութիւններու վերադարձը կամ անպայմանօրէն սերտօրէն կը համագործակցի կամ կ՛ուղղորդուի անոնց կողմէ.  պէտք է դուրս գանք ժողովրդավարութիւնը հարուածող այս տրամաբանութենէն:

Այս ծիրէն ներս Դաշնակցութան մէջ բաժանումներ ստեղծելու փորձերը նաեւ, ինչպէս` հիներու եւ նորերու միջեւ, դատապարտուած են ձախողութեան: ՀՅԴ-ն հայութեան շահերուն համար աշխատող ուժ է: Անոր ներդրումին կարեւորութեան պէտք է գիտակցիլ` համահայկական առումով աւելի հզօր ըլլալու համար:

«Ն. Յ.».- Թերեւս Դաշնակցութիւնը ներքին կարգով Ընդհանուր ժողովներու ընթացքին գնահատական կատարած է, բայց հանրութիւնը դեռ այդ գնահատականի շօշափելի արդիւնքը չի տեսներ: Այն տպաւորութիւնը կայ, որ ՀՀԿ-ՀՅԴ դաշինքը դեռ թաքուն կը գործէ: Փաշինեանի կառավարութեան դէմ նոյն բառապաշարը կը գործածուի, նոյն յարձակողական ոճը:

Յ. Տ. Գ.- Առաջին` ՀՅԴ խօսքը քաղաքական կազմակերպութեան խօսքն է, ոչ թէ ժողովրդահաճոյ փոփիւլիստական խօսք մը: Հաւանաբար այդ խօսքը կարգ մը ժողովրդային խաւերուն մէջ տարածելու խնդիր մը կայ,  մանաւանդ որ ժողովուրդը նախկին իշխանութեան հանդէպ ատելութեան հասնող կեցուածք մը ունի: Ուրեմն, եթէ ՀՅԴ-ն խօսքը հայհոյախառն չէ, կամ անոր կեցուածքը իր անցեալին նկատմամբ դատապարտող չէ, հետեւաբար այդ ընկալումը կրնայ ըլլալ, որ ՀՅԴ-ն ճիշդ գնահատումը չէ տուած անցեալին:

ՀՅԴ-ն իր վերջին Ընդհանուր ժողովին յայտարարած է, որ եթէ վճռորոշ դերակատարութիւն չունենայ, պիտի չմասնակցի ապագայ կառավարութիւններու: ՀՅԴ-ն ինքնորոյն ուժ է եւ ներկայիս կը ձգտի ընդիմութեան առանցքը հանդիսանալ:

Բառապաշարի գործածութեան մասին ըսեմ որ ՀՅԴ խօսքը միշտ պատասխատու խօսք եղած է, միաժամանակ իբրեւ արտախորհրդարանական ուժ` ան նաեւ պէտք է լսելի ըլլայ:

Վերջին ամիսներուն ՀՅԴ-ն ստեղծեց այլընտրանքային կառավարութիւն, զանազան բնագաւառներու մէջ առաջադրութիւններ կատարեցինք: Իշխանութեան կողմէ ոչ մէկ անդրադարձ եղաւ անոնց հանդէպ: Փորձեցինք ընդդիմութիւն-իշխանութիւն առողջ յարաբերութիւն մշակել, սակայն արդիւնք չունեցաւ: Այս բոլորով հանդերձ, ՀՅԴ ղեկավարութեան ընդիմադիր խօսքը մնաց քաղաքական մակարդակի եւ յարգալիր: Իշխանութիւնները իրենք առաջին պատասխանտուն են քաղաքական խօսքի մակարդակի բարձրացման` պատերուն ծեփելու, ասֆալթին պառկեցնելու, խաշի, խորովածներու, լեզուն մեր լեզուն չէ:

«Ն. Յ.».- Տագնապ մը չէ՞ք տեսներ այն երեւոյթին մէջ, որ Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-ն ընդդիմութիւն է, իսկ սփիւռքի մէջ` համայնքը ղեկավարող ուժ. երկու կողմերն ալ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ՀՅԴ դատապարտուած են իրարու հետ գործակցելու:

Յ. Տ. Գ.- Կը յուսամ, որ սփիւռքի մէջ յարաբերութիւնները տագնապի մակարդակին չեն հասնիր: Գոնէ Դաշնակցութեան մէջ այդ գիտակցութիւնը կայ, որ մեր համահայկական եւ պետական շահերուն համար` սփիւռքի տարածքին, մեր Հայ դատի ցանցերով, մեր կառոյցներով պարտինք հայրենիքին թիկունք կանգիլ եւ աներեր մեր պետականութեան շահերը պաշտպանել: Այդ գիտակցութիւնը կայ Դաշնակցութեան մէջ, եղած է անցեալին եւ կայ այսօր: Այդ ուղղութեամբ ալ պիտի շարունակենք:

Ալֆորվիլ, 24 դեկտեմբեր 2019
(Շար. 2 եւ վերջ)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>