Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

«Մեր Դժուարութիւններուն Մասին Հաւաքաբար Պիտի Խօսինք. Այս Օրերուն Իսկապէս Մէջտեղ Կու Գայ Ազգային Յանձնառու Մարդուն Վիճակը» Հաստատեց Հյդ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

$
0
0

Արտագրեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

«Վ. Ձ.».- Որեւէ տագնապի պարագային, բնական է անորոշ կացութեան ստեղծումը եւ խուճապը: Մեր ժողովուրդը ինչպէ՞ս դիմագրաւեց այս տագնապը: Դուք, որ գետնի վրայ էք, ի՞նչ է իսկական վիճակը հիմա, ինչպէ՞ս կը պայքարին մեր ժողովուրդը եւ ազգային հաստատութիւնները այս տագնապին դէմ:

Յ. Բ.- Տագնապը հաւաքական է, եւ կարելի չէ հրաշքներ ակնկալել որեւէ կուսակցութենէ կամ որեւէ բարեսիրական կամ այլ տեսակի հաստատութիւններէ: Նման պարագաներու, ամէնէն վտանգաւորը խուճապային մթնոլորտն է: Պատերազմի մէջ չենք: Այս ժողովուրդը ամիսներով ռմբակոծումներու տակ մնացած է, այս ժողովուրդը ամիսներով արիւնահեղութեան մէջ եղած է, բայց հաւատացած է, որ անպայման ձեռք մը իրեն պիտի օգնէ, դէպքերու առաջին իսկ օրերէն նախապատրաստական աշխատանքները կատարած էինք արդէն, նախ ըսենք, որ մեր թաղամասերուն մէջ, ուր որ կրնանք ապահովական պատասխանատուութիւն ստանձնել, մեր տղաքը արթուն են, մեր ակումբները մնայուն բաց են: Մենք հպարտ ենք մեր հաւաքականութեամբ, որովհետեւ պարկեշտութիւնը տակաւին մեզի համար ազգային արժէք է: Մեր միութիւնները նախապատրաստական աշխատանքները կատարած են, կը մնայ տնտեսական տագնապը, որ բոլորիս է: Մենք պիտի փորձենք տնտեսական տագնապին համահունչ աշխատանքներ տանիլ, բայց եթէ անհատ մը տուն գնած է եւ պիտի չկարենայ վճարել տան մուրհակը, այդ չի նշանակեր, որ առաջնորդարանը, կուսակցութիւննեը կամ միութիւնները պիտի վճարեն:

Ըսողներ կան. «Ազգը ո՞ւր է, ազգը թող հոգայ». այո՛, ազգը կը հոգայ անոր, որ կարիքաւոր է, ազգը կը հոգայ անոր, որ հիւանդանոցի դրամ չունի, բայց ազգը չի հոգար եւ պէտք չէ հոգայ անոր, որ երկու-երեք լաւագոյն տեսակի ինքնաշարժներ ունի, որուն հեռախօսը լաւագոյն տեսակի է, որ անպայման կ՛ուզէ Քլեմանսօ հիւանդանոցին մէջ բժշկուիլ, որ ծովեզերքը, գիւղը, քաղաքը տուներ ունի լաւագոյն կահ կարասիներով, որ իր պսակի խրախճանքը լաւագոյն ճաշարաններուն մէջ կատարած է, եւ յետոյ պիտի գայ ազգին ըսելու, որ օգնէ հայրս հիւանդանոց չեմ կրնար տանիլ: Եթէ մինչեւ հիմա մենք կը խաբուէինք կամ կը ձգէինք այն տպաւորութիւնը, որ կը խաբուինք, որ նմաններ իսկապէս դրամ չունին, այսօր իրականութիւնը տարբեր է, պէտք է իրականութիւնը լաւապէս տեսնենք: Եթէ գործարարները, որոնք մեր բարեկամներն են, երկար տարիներ յաջողեցան իրենց գործարանները պահել եւ օգտակար ըլլալ` բանուորներ եւ պաշտօնեաներ աշխատցնելով, եւ եթէ այսօր դժուարութեան մէջ են, պիտի հասկնանք դժուարութիւնները. այսօր շատեր անկեղծ են իրենց դժուարութեան մէջ, իսկ շատեր անկեղծ չեն եւ պատրուակ կը ծառայեցնեն այս վիճակը` ձերբազատուելու համար տուրքերէ, պաշտօնեաներէ:

Մենք յստակ կացութեան մը դիմաց ենք, պէտք է առաւելագոյն չափով խնայողութիւն կատարենք մեր առօրեային, հաճոյքի ժամերուն եւ անոր տրամադրուած գումարներու առումով: Պիտի փորձենք հիմնականին մէջ խնայողութիւն կատարել եւ առաջնահերթութիւնները ճշդել թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական կեանքի իմաստով:

Այսօր առաջնահերթը հայ դպրոցն է, այսօր մենք ո՛չ կարիքը ունինք նոր սրահներ կառուցելու, ո՛չ ալ մեծ հիւրասիրութին կատարելու կամ եկեղեցիներու պատերը ներկելու, ամէն ինչ պէտք է վերածրագրուի հաւաքական կերպով ` եկեղեցի, կուսակցութիւններ, միութիւններ, դպրոցներու պատասխանատուներ: Այսօր ամէնէն դիւրինն է պատասխանատուութենէ խուսափիլը եւ արագ լուծումներ տալը, դրամ չկայ` գործէ արձակել, դրամ չկայ` փակենք, կէս ամսական տանք. ո՛չ, մենք պատերազմ տեսած ժողովուրդ ենք, Ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդ ենք, քեմփերէն բարձրացանք հասնելու համար Լիբանանի եւ աշխարհի տարածքին լաւագոյն թաղամասերու մէջ տուն ունեցողներու եւ գործատէրերու:

Այսօր մեր ակռաները պիտի սեղմենք, որովհետեւ արտակարգ կացութեան մէջ ենք, նմանօրինակ քայլերու պէտք է դիմենք նուազագոյն շատախօսութեամբ, նուազագոյն բամբասանքով եւ ատելութեան կեցուածքներով:

Մեր դժուարութիւններուն մասին հաւաքաբար պիտի խօսինք: Այս դժուար օրերուն իսկապէս մէջտեղ կու գայ ազգային յանձնառու մարդուն վիճակը: Խաղաղ օրերուն մարդ կրնայ պատասխանատուութիւն վերցնել, խաղաղ օրերուն մարդ կրնայ ցանկալ դիրքերու վրայ ըլլալ, խաղաղ օրերուն մարդիկ կրնան իրենց քսակը բանալ` իբրեւ բարերար, շատ անկեղծ եւ բարի սրտով:

1975-ին, երբ պատերազմը սկսաւ, բնական է,  մենք ունէինք կոմիտէներ, որոնք խաղաղ օրերու կոմիտէներ էին, պատերազմը սկսաւ, շատեր չկրցան իջնել գիւղերէն եւ չուզեցին իջնել, շատեր փախուստ տուին, շատ արագ կուսակցութիւնը իր ընտրական ներքին կարգով փոխարինեց զանոնք այն տղոցմով, որոնք եկան եւ պատասխանատուութիւն ստանձնեցին, անոնցմով, որոնք որոշած էին մնալ Արագածի, Սիսի, Սարդարապատի, Անթիլիասի, Զալքայի, Ամանոսի մէջ: Անոնք սքանչելի մարդիկ էին, բայց ընտրուած էին խաղաղ օրերու համար, ետքը եկան պատերազմական վիճակի պատրաստ մեր ընկերները, որոնք իրենց պարտականութիւնը լաւագոյն ձեւով կատարեցին: Անկեղծութեան պահը հիմա է, շատ դիւրին է նստիլ եւ քննադատել. «Ո՞ւր էին, ինչո՞ւ չըրին, ես եթէ ըլլայի, այսպէս կ՛ընէի»: Այսօրուան կեանքին մէջ աթոռ ըսուածը ամէնէն վտանգաւոր արտայայտութիւնն է: Ես եւ ինծի նմանները անցեալին` խաղաղ եւ պատերազմի օրերուն, պատասխանատու դիրքերու վրայ եղած էինք:

Մենք պատասխանատուութենէ փախուստ տուող չենք: Մենք այս երկրին մէջ ապրող տեսակն ենք, եւ կը շարունակենք անոնց հետ, որոնք այս երկրին մէջ կը մնան եւ կը հաւատան այս երկրին: Շատ են այս երկրին հաւատացողները, այս երկրին մէջ մեր գոյութեան պահպանման հաւատացողները, այս երկրին մէջ իրենք իրենց հանդէպ վստահութիւն ունեցողները, չխաբուինք բամբասանքներէն ու կեղծ լուրերէն, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը անպայման օր մը ի յայտ կու գան:

«Վ. Ձ.».- Այս տագնապի լուծման համար բազմաթիւ ճիգեր ի գործ կը դրուին` որպէս կուսակցութիւն, ակումբներ, ազգային հաստատութիւններ. այս ծիրին մէջ յատկանշական է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան օժանդակութիւնը գաղութին, որ յայտարարուեցաւ երկուշաբթի կայացած մտաւորականներու հաւաքին:

Յ. Բ.- Բնականաբար վեհափառ հայրապետին հրաւէրը` մտաւորական ժողովի, նման հարցերու քննարկման համար օգտակար եւ կարեւոր բան է, իսկ կաթողիկոսարանի կողմէ հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկին Լիբանանի թեմին տրամադրելը` ընկերային հարցերու օժանդակութեան համար, ճիշդ դրսեւորումն է վեհափառ հայրապետին այն արտայայտութեան, թէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ծառայողական առաքելութեան մէջ է: Տարբեր բան չէինք ակնկալեր մեր վեհափառէն, այս երեւոյթը միայն դրականօրէն կարելի է ընդունիլ` միաժամանակ ըսելով, որ ասիկա անարձագանգ պէտք չէ մնայ, պէտք է վարակիչ ըլլայ թէ՛ միւս համայնքներուն, թէ՛ միւս հաստատութիւններուն, թէ՛ նաեւ սփիւռքեան, հայաստանեան եւ արցախեան մեր ժողովուրդին համար:

Յաճախ ըսած ենք, որ ի սփիւռս աշխարհի մենք մէկ շղթայի օղակ ենք. որեւէ օղակի տկարացումը շղթան կը քանդէ: Եթէ տասնամեակներ ամբողջ Լիբանանը այդ շղթային ամուր օղակներէն մէկը եղած է եւ իր կարելին ըրած է իր ամէնէն դժուար օրերուն, որպէսզի հասնի սփիւռքեան մեր գաղութներուն, բոլորին անխտիր ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Արցախին, այսօր ալ, կը կարծեմ, մեր ժողովուրդին հաւաքական գիտակցութիւնը կը պահանջէ, որ ինք ձեռք երկարէ Լիբանանին: Այո՛, մենք մեր արժանապատուութիւնը ունինք, մուրացկանի հոգեվիճակով չենք խօսիր, Սուրիա երբ տագնապի մէջ էր, մեզի համար Սուրիոյ տագնապը մեր տագնապն էր, սուրիահայ եղբայրներու եւ քոյրերու դժուարութիւնները նաեւ մերն էին, եւ հասանք Սուրիոյ մէջ մեր եղբայրներուն, նաեւ` Լիբանանի մէջ սուրիահայերուն եւ տակաւին կը շարունակենք հասնիլ անոնց, բայց այսօր նաեւ բոլորին պատասխանատուութիւնն է, որ այս կացութեան մէջ իրենք նաեւ օժանդակութեան ձեռք երկարեն:

Պատերազմին շիրմաքար դրին լիբանանահայութեան վրայ, բայց իրականութեան մէջ պատերազմի օրերուն մենք կառուցեցինք, մենք քաղաքականօրէն, տնտեսապէս եւ ազգային գետնի վրայ ամրացանք: Այսօրուան դժուարութիւնները կու գան ու կ՛անցնին, ճիշդ է` դրամատնային մարզը դժուարութեան մէջ է, ճիշդ է` մարդիկ կը վախնան իրենց գումարներուն վրայ, բոլորիս իրաւունքն է ատիկա, քանի մը ոսկի խնայած բանուորը մտահոգ է, իրենց հետ մենք ալ մտահոգ ենք, բայց վերջին հաշուով այս օրերուն միայն նիւթականի կարիք չկայ, այլ նաեւ` բարոյական զօրակցութեան, որ երբեմն շատ աւելի կարեւոր է մեծ գումարներէն:

«Վ. Ձ.».- Այս օրերուն քաղաքական մեկնաբանները շատցած են. բազմաթիւ նախատեսութիւններ կան, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ կացութիւնը: Դուք ինչպէ՞ս կը տեսնէք յառաջիկայ օրերը:

Յ. Բ.- Քաղաքականութեան մէջ ամէնէն վտանգաւոր բանը թուական տալն է, որ կը կարծեմ տհասութիւն է: Կը ձգտինք, կը փափաքինք եւ ճիգ կը թափենք, որ կառավարութիւնը շատ արագ կազմուի, բայց այդ ճիգ թափելուն մէջ պէտք չէ ստեղծել այնպիսի վիճակ, որ յանուն արագութեան մենք աճապարենք եւ աւելի վատ կառավարութիւն ունենանք, որ չկարենայ գոյութիւն ունեցող յոյսն անգամ փրկել: Փողոցի պոռթկումը պիտի շարունակուի բոլոր պարագաներուն ալ, բայց մենք հանդարտ քայլերով եւ քաղաքական հեռատեսութեամբ պիտի փորձենք կարելի արագութեամբ լուծել հարցը:

Հարցազրոյցի աւարտին Յակոբ Բագրատունի պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: Ան ըսաւ. «Ճիշդ է Հայաստանի մէջ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ ընդդիմութիւն մնալ, ճիշդ է նաեւ, որ պետութիւնը Դաշնակցութեան ընդդիմութեան հանդէպ հասկացողութեան վերաբերում չունի, բայց ես կը կարծեմ Հայաստանը տարբեր է իշխանութիւնները` տարբեր: Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին Հայաստան երթալ, մենք ոչ մենք ատեն ոչ ըսած ենք, այլ կը զօրակցինք, բայց պէտք չէ Հայաստան երթալ Լիբանանի խուճապին պատճառով, պէտք չէ ստեղծել այն վիճակը, որ հայութիւնը քանդուեցաւ, այդպէս չէ, վերջին հաշուով, թէ՛ հայրենադարձութիւնը, թէ՛ Լիբանանի մէջ մնալը, թէ՛ արեւմտեան կողմ երթալը անձնական որոշումի հարց է: Հիմնականը այն է, որ որեւէ քայլ խոկումի արդիւնք պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ պատահականութեան»:

(Շար. 2 եւ վերջ)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>