«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Հարցեր` դաշնակցականներին» հաղորդման ժամանակ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Սպարտակ Սէյրանեանը խօսելով այս օրերուն ընկերաբանական հարցումներու արդիւնքներ հրապարակող կազմակերպութիւններու մասին` ըսաւ, որ քաղաքական կեանքի անբաժան մասը դարձած է ընտրութիւնների շեմին հանրային կարծիքը ձեռնածութեան ենթարկելը: Եւ այդ ամէնը կը մատուցուի «Ընկերաբանական հետազօտութիւններ» անուան տակ:
«Ո՞րն է այդ ընկերաբանական հետազօտութեան յղած հիմնական ուղերձը. ժողովո՛ւրդ, ի զուր տեղը ինչի՞ էք գնում այս կամ այն քաղաքական ուժին քուէ տալու, միեւնոյն է` որոշ քաղաքական ուժեր չեն անցնելու: Այսինքն սա հասարակական-քաղաքական կարծիքի ոչ թէ արտացոլում է, այլ` հասարակական կարծիքի վրայ ազդելու ձեռնածութեան գործընթաց», ըսաւ Սպարտակ Սէյրանեանը` աւելցնելով, որ ըստ «Gallup»-ի յայտարարութեան, այս ընտրութիւններուն մէջ նախապատուութիւնը «Իմ քայլը» դաշինքն է: Սակայն ատիկա պարզելու համար պէտք չէր ընկերաբանական հետազօտութիւն կատարել: Ուստի, Սէյրանեանի խօսքով, պէտք է ըմբռնումով մօտենալ նման հետազօտութիւններուն` հաշուի առնելով այն պատուէրը, որ կ՛իրականացնէ տուեալ կազմակերպութիւնը արդէն քանի մը տարի` ոչ թէ ներկայացնելով հասարակական կարծիքը, այլ` նպատակ ունենալով ազդել հասարակական կարծիքի վրայ:
Սպարտակ Սէյրանեանը պատասխանեց այն հարցին, թէ ինչո՞վ կը տուժէ խորհրդարանը, եթէ այնտեղ ներկայացուած չըլլայ Դաշնակցութիւնը: Սպարտակ Սէյրանեանի կարծիքով, եթէ ընտրութիւններուն մէջ նախապատուութիւնը կը տրուի Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած քաղաքական ուժին, ապա անիկա ըլլալու է մեծամասնութիւն, սակայն ընտրական օրէնսգիրքի տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, որ մեծամասնութիւն կազմող ուժը չի կրնար կազմել խորհրդարանին մէջ երկու երրորդ աթոռներէն աւելին, մնացած աթոռները պիտի զբաղեցնեն ընդդիմադիր ուժերը:
«Հարցն այն է, թէ մեր երկրին պէ՞տք են ընդդիմադիր հայեացքներ, առաջարկներ, այլընտրանքային ծրագրեր առաջարկող քաղաքական ուժեր, թէ՞ գտնում ենք, որ եթէ Նիկոլ Փաշինեանը վայելում է ժողովրդի վստահութիւնը, ապա հէնց ինքը գիտի բոլոր խնդիրների լուծման բանաձեւերը, ամենաարդիւնաւէտ գործընթացները, ունի փայլուն քատրային պաշարը, ուստի այդքան էլ նշանակութիւն չունի, թէ ո՛վ կը լինի խորհրդարանում ներկայացուած ընդդիմադիր ուժը, կամ ո՛ր քաղաքական ուժը որքա՞ն քուէ կը հաւաքի: Բայց եթէ սթափ ենք մտածում, որ ցանկացած արդիւնաւէտ, լաւ քաղաքական ծրագրի հետ մէկտեղ պէտք է ունենալ նաեւ ընդդիմախօս, այլընտրանքային առաջարկներ, ոչ ականջահաճոյ քննադատութիւն, մրցակցային գաղափարներ ու մօտեցումներ, ուստի խորհրդարանում պէտք է լինի լուրջ քաղաքական ընդդիմութիւն: Միեւնոյն ժամանակ այդ լուրջ քաղաքական ընդդիմութիւնը պէտք է լինի գաղափարական ընդդիմութիւն», ըսաւ Սպարտակ Սէյրանեանը:
Անոր համոզումով, Հայաստանի նման երկրի մէջ հիմնախնդիրները կը տարբերին եւրոպական երկիրներու մէջ եղած խնդիրներէն: Հայաստանը ունի լուրջ խնդիրներ, ազգային անվտանգութեան հետ կապուած խնդիրներ, ազգային ինքնութեան հետ կապուած խնդիրներ եւ այլն: Եւ, Սպարտակ Սէյրանեանի կարծիքով, ժողովուրդը պէտք է որոշէ` իրեն պէ՞տք է գաղափարական քաղաքական ուժերու ներկայութիւն խորհրդարանի մէջ, թէ՞ զինք ատիկա բնաւ չի հետաքրքրեր:
Ինչ կը վերաբերի հակադաշնակցական քարոզին, ինչը կը նկատուի գրեթէ բոլոր ընտրութիւններէն առաջ, Սպարտակ Սէյրանեանը կարծիք յայտնեց, որ Դաշնակցութեան դէմ գաղափարական-քաղաքական պայքարի տրամաբանութիւնը միայն ընտրութիւններէն առաջ չէ, որ ի յայտ կու գայ, պարզապէս ընտրութիւններէն առաջ անիկա կ՛աշխուժանայ, քանի որ հանդէս կու գան ոչ միայն «աւանդական» շահառուները, այլեւ` քաղաքական գործընթացի շահառուներ:
«30 տարուան քաղաքական գործունէութեան իմ փորձը թոյլ է տալիս անել հետեւեալ բանաձեւումները. ոչ բոլոր քննադատողներն են հակադաշնակցական, ոչ բոլոր հակադաշնակցականներն են ապազգային տարր, բայց բոլոր անհայրենիք, ապազգային ուժերը, կազմակերպութիւնները պարտադիր, անխտիր ու առանց բացառութեան` հակադաշնակցական են», ըսաւ Սպարտակ Սէյրանեանը: Անոր խօսքով` 90-ականներու սկիզբները Դաշնակցութիւնը կը քննադատէին համայնավարական ժամանակաշրջանի բառապաշարով ու հետեւողութեամբ, 2000-ականներէն սկսած նոր-ազատական երեւոյթներ նկատուեցին հակադաշնակցական քննադատութիւններուն մէջ, աւելի շատ սկսան հարուածել ազգային արժէքներին, Արցախի խնդրի լուծման հարցին մէջ մեր անզիջում կեցուածքին, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հետ կապուած մեր դիրքորոշումներուն եւ այլն:
«Վերջին շրջանում ես նկատում եմ հակադաշնակցական հանրութեան պարզունակութեան դրսեւորումներ: Քննադատութիւններում նկատելի են այնպիսի թեզեր, որոնց կարելի է հանդիպել 30-ականների Խորհրդային Միութեան դպրոցական դասագրքերում: Մի բան կարող եմ ասել. տղե՛րք, մի քիչ փող ծախսէք եւ հակադաշնակցական քարոզչութեանը մի քիչ ստեղծագործականութիւն հաղորդէք: Չի կարելի նաւթալինոտ ստալինեան ժամանակների թեզերով փորձել հակադաշնակցական քարոզչութիւն ծաւալել»:
Սպարտակ Սէյրանեանը կը նկատէ, որ այն պահուն, երբ Հայաստանի հայութեան հետ կապուած կարեւորագոյն հարցեր կը մտնեն օրակարգ, ինչպէս, օրինակ, Արցախի հարցի լուծման տարբերակ, տարածաշրջանային կողմնորոշման, բանակի կամ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հետ կապուած հարց, անպայմանօրէն կ՛աշխուժանայ ապազգային քարոզչութիւնը եւ ատոր տողատակին մէջ կ՛աշխուժանայ հակադաշնակցական քարոզչութիւնը` տեղեկատուական ռմբակոծութեան ձեւով:
«Իմ մտավախութիւնն այն է, որ ներկայիս ապազգային հակադաշնակցական քարոզչութեան կիզակէտն ուղղուած է մեր ազգային հիմնախնդիրների դէմ: Աստուած տայ, ես սխալուեմ: Եւ յստակ ազգային նկարագիր ունեցող այն քաղաքական ուժերը, որոնց համար հայոց պատմութիւնը, հայ մշակոյթը, Հայ առաքելական եկեղեցին, Արցախը, մեր ազգային արժեհամակարգը սրբութիւններ են, նման քաղաքական ուժերի դէմ սկսուել է ընդհանուր հակաքարոզչութիւն», ըսաւ Սպարտակ Սէյրանեանը:
Հարցին, թէ ինչպէ՞ս է իր տեղն ու դերը կը պատկերացնէ Դաշնակցութիւնը Ազգային ժողովի ընտրութիւններէն ետք, Սպարտակ Սէյրանեանը նշեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւններով չ՛աւարտիր որեւէ բան, հակառակը` անով կը սկսի նոր գործընթաց: Անկախ անկէ, թէ ո՛ր քաղաքական ուժը որքա՞ն ձայն կը հաւաքէ, ատկէ Հայաստանի դիմաց ծառացած մարտահրաւէրները չեն փոխուիր. ո՛չ Ազրպէյճանը պիտի երթայ մեր քովէն, ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ ալ տարածաշրջանային շահեր հետապնդողները պիտի փոխեն իրենց տեսակէտները: Ազգային ժողովի ընտրութիւններէն ետք ալ հայ հասարակութիւնը եւ քաղաքական ուժերը պիտի կանգնին այն նոյն խնդիրներուն դիմաց, որոնց առջեւ կանգնած են այսօր` Ազգային ժողովի ընտրութիւններէն առաջ: Ամէն օր նոր մարտահրաւէր յառաջ կու գայ:
Եւ նոր հիմնախնդիրներու լուծման արդիւնաւէտութիւնը կախուած պիտի ըլլայ ոչ թէ կառավարութենէն, այլ` խորհրդարանի աշխատանքէն, քանի որ յաճախ կը մոռնանք, որ Հայաստանը խորհրդարանական կառավարման երկիր է:
«Եթէ նոր խորհրդարանը չդառնայ կառավարութեան աշխատանքը իսկապէս վերահսկող եւ բարեփոխող մարմին, ապա լուրջ խնդիրներ ենք կ՛ունենանք ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք: Որեւէ մէկ առանձին առած քաղաքական ուժ չունի Հայաստանի բոլոր խնդիրներու լուծման ո՛չ բանալին, ո՛չ այդ կախարդական փայտիկը, ո՛չ էլ քատրային պաշարը: «Այսօրուայ կառավարութիւնը եւ այն քաղաքական ուժը, որը յաւակնում է դառնալ իշխանութիւն, ցաւօք սրտի, ամենաթոյլ քատրային պաշարն ունի, եւ դա առարկայօրէն առաջացած իրողութիւն է», ըսաւ Սպարտակ Սէյրանեանը` աւելցնելով, որ բոլոր կառավարութիւններու ձախողման պատճառներէն մէկը եղած է ամէն գնով իր մարդոցմով քատրային քաղաքականութիւնը կառուցելու մօտեցումը: Կայ նաեւ այլ փաստ մը եւս: Բոլոր ընտրութիւններէն առաջ բոլորը կը փորձեն Դաշնակցութենէն աւելի ազգայնական ու ընկերային արդարութիւն պահանջող երեւալ: Աւելի՛ն. այն քաղաքական ուժերը, որոնք տարիներ շարունակ խօսած են միայն շուկայական տնտեսութեան, ազատական շուկայական տնտեսութեան մասին, ընտրութիւններէն առաջ կը սկսին խօսիլ ընկերային արդարութենէն, արդար բաշխումէն ու արդար հարկումէն:
«Տղա՛ք, բա այսքան ժամանակ ինչո՞ւ էիք Դաշնակցութեանը քննադատում այդ նոյն գաղափարների համար: Այսօր որ քաղաքական ուժի ծրագիրը բացում ես, այդ թւում` ներկայիս գործող կառավարութեան, տեսնում ես Դաշնակցութեան լոզունգները քափի-փեսթ արած, դարձած աւելի ընկերային, քան Դաշնակցութիւնն է: Այսօր ցանկացած ողջամիտ գաղափար, առաջարկ կամ ծրագիր պէտք է մուտքագրուի: Խորհրդարանական կառավարման համակարգը այն համակարգն է, որը հնարաւորութիւն է տալիս ստեղծել ներքաղաքական համերաշխութիւն իր բոլոր հնարաւոր հարթակներով` ներգրաւելով բոլոր քաղաքական ուժերին», ըսաւ Սպարտակ Սէյրանեանը: