Հարցազրոյցը` ԱՆԻ ԱՒԱՆԷՍԵԱՆԻ
Նոյեմբերի 22-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ Լոս Անճելըսի մէջ իրականացուող ամէնամեայ հեռուստամարաթոնն այս տարի կրելու է «Եկէք` արարենք միասին» խորագիրը:
Իրականացուած աշխատանքներու, «Հեռուստամարաթոն-2018»-ին ներկայացուող ծրագիրներու եւ շարք մը այլ հարցերու շուրջ «Արցախփրես»-ի թղթակիցը զրուցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանին հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Արշամեան, «Հեռուստամարաթոն-2018»-ին ընդառաջ արդէն կատարուած են առաջին նուիրատուութիւնները: Հետաքրքրական է` այս ընթացքին եղա՞ծ են նոր նուիրատուութիւններ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ նշեմ, որ հիմնադրամը UNIBANK ARMENIA ընկերութեան կողմէ արդէն ստացած է առաջին մեծ նուիրատուութիւնը` 15 միլիոն դրամի չափով: Իսկ Թորոնթոյի տեղական մարմինն այս տարուան բարեգործական ճաշին հաւաքած է 1 միլիոն 300 հազար քանատական տոլար (1 միլիոն ամերիկեան տոլար):
Նուիրատուութիւններ, ի հարկէ, տեղի կ՛ունենան, սակայն գումարներու մասին հիմնականին մէջ կը յայտարարուին հեռուստամարաթոնի ժամանակ: Այս ընթացքին կը գտնուէի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգը, ուր բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած եմ բարերարներու հետ: Խօսած ենք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուելիք տարբեր ծրագիրներու մասին: Վստահ եմ, որ այս տարուան հեռուստամարաթոնին չենք սահմանափակուիր միայն արեւային ջրատաքացուցիչներու տեղադրման եւ խորքային հորերու հորատման ծրագիրներով: Այս տարուան գումարները փորձելու ենք ուղղել նաեւ կրթութեան, մշակոյթի եւ այլ տարբեր ոլորտներու, որոնք նոյնպէս հոգածութեան կարիք ունին:
Հ.- «Հեռուստամարաթոն-2018»-ի հանգանակուած գումարներով որքանո՞վ ընդլայնուելու են սկսուած ծրագիրները, եւ յստակեցուա՞ծ են արդեօք 2019-ին մեկնարկելիք նոր ծրագիրները:
Պ.- Ծրագիրներու ընդլայնումը կապուած է հաւաքուող գումարներու հետ: Որքան գումարները շատ ըլլան, բնականաբար ծրագիրներն այնքան կ՛ընդլայնին, յատկապէս ոռոգման ջուրի` խորքային հորերու առումով:
Առաջին հերթին պէտք է ուսումնասիրութիւն եւ կարիքներու գնահատում կատարուի` հասկանալու, թէ առաջնահերթաբար ո՞ր համայնքները ունին խորքային հորերու հորատման եւ կաթիլային համակարգի ներդրման անհրաժեշտութիւն: Ինչ կը վերաբերի հիմնադրամին կողմէ յառաջիկայ տարուան մեկնարկելիք ծրագիրներուն, ապա նշեմ, որ հարցը դեռ պէտք է քննարկուի Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ, որ առաջնահերթ կը համարէ Արցախի մէջ ամբողջական ջրամատակարարման խնդիրը, քանի որ կան անհրաժեշտ պայմաններ` հողային տարածքները մշակելու համար, սակայն ջուրի խնդիր կայ:
Հ.- Եթէ ամփոփենք 2017-ին կատարուած աշխատանքները, քանի՞ խորքային հորեր հորատուած եւ քանի՞ արեւային ջրատաքացուցիչներ տեղադրուած են: Ինչպէ՞ս կը գնահատէիք կատարուածը:
Պ.- Նախատեսուած էր կառուցել 18 խորքային հորեր: Այս պահին պէտք է խօսինք 14-ի մասին, քանի որ քանի մը հատին մէջ ջուր չէ յայտնաբերուած:
Խորքային հորերու հորատումը ինքնին միայն գործընթաց չէ: Հակառակ անոր որ երկրաբանական նախնական հետազօտութիւններ կատարուած են, եւ կան հին քարտէսներ, որոնց օգնութեամբ մօտաւորապէս կը պարզուի ջուրի տեղը, սակայն տարիներու ընթացքին այդ բոլորը կը փոփոխուին, եւ առանձին պարագաներու ջուրը նախատեսուածէն կա՛մ շատ, կա՛մ քիչ կ՛ըլլայ: 2017 թուականը ծրագիրի համար կարելի էր անուանել` փորձառական: Այսինքն անիկա կը կրէր փորձառական բնոյթ: Այս ընթացքին մասնագէտները եւ շինարարները աւելի հմտացած են: Յուսանք` 2018-ին աւելի լայն թափ կը ստանան խորքային հորերու հորատման աշխատանքները:
Անդրադառնալով արեւային ջրատաքացուցիչներու տեղադրմանը` ապա նշեմ, որ Շուշիի շրջանի
Քարինտակ համայնքին մէջ ներկայիս համակարգերը տեղադրուած են 60 տուներու մէջ: Սակայն աշխատանքները այնտեղ տակաւին կը շարունակուին: Եւ պէտք է նշեմ, որ ծրագիրը յաջողած է:
Հ.- Վերջերս Արցախ կատարած այցելութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը ևս անդրադարձաւ հիմնադրամի գործունէութեան` նշելով, որ կ՛ընէ հնարաւորը, որպէսզի կարճ ժամանակի մէջ նոր գործադիր տնօրէնի գլխաւորութեամբ կառոյցը մշակէ ծրագիր, որուն շնորհիւ ալ հիմնադրամի աշխատանքները կը հասցուին աւելի բարձր մակարդակի: Այդ առումով, կա՞ն նորութիւններ:
Պ.- Այո՛, ծրագիրը կը գտնուի մշակման փուլի մէջ: Մինչեւ հեռուստամարաթոնը` պէտք է հասցնենք ծրագիրին նախնական տարբերակը ունենալ: Արդէն կան գաղափարներ եւ որոշակի պատկերացումներ: Կը մնայ միայն յանձնել թուղթին:
Հ.- Պարո՛ն Արշամեան, եւ վերջաւորութեան` ամենակարեւորին մասին: Ի՞նչ սպասելիքներ ունիք այս տարուան հեռուստամարաթոնէն:
Պ.- Ակնկալիքներս մեծ են, բայց կը կարծեմ, որ դեռ պէտք է սպասել: Յուսով եմ` ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ: