Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

«Նամակները Շատ Հարազատ Եւ Անմիջական Են, Նաեւ Յստակ Կերպով Գաղափար Ալ Կու Տան, Որ Յեղափոխական Գործիչները, Մարտիկները Իրենց Աշխատանքները Ի՛նչ Պայմաններու Մէջ Կը Տանէին», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Մայիսին Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ «Արամ Մանուկեան. նամականի» գիրքը` կազմութեամբ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Երուանդ Փամպուքեանին հետ, որ անդրադարձաւ գիրքի պատրաստութեան աշխատանքներուն եւ արժէքին` շեշտելով, որ նամակները ընդհանրապէս շատ կարեւոր են մեր գործիչներուն, մարտիկներուն առօրեային, տարբեր դժուարութիւններուն, ապրած պայմաններուն մասին վաւերական ու մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու առումով: 

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք «Արամ Մանուկեան. նամականի» գիրքի արժէքին մասին:

ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ.- Գիրքը ե՛ւ պատմական իմաստով, ե՛ւ անձնական` Արամ Մանուկեանի յեղափոխական կեանքին եւ գործունէութեան մասին մեծ արժէք կը ներկայացնէ: Ժամանակները փոխուած են. հին այդ օրերուն հաղորդակցութեան գլխաւոր միջոցները նամակներն էին, եւ մեր մտաւորականները, յեղափոխական գործիչները կը հաղորդակցէին ե՛ւ իրարու հետ, ե՛ւ պաշտօնական մարմիններուն հետ կանոնաւոր թղթակցութեամբ, նամակներով, եւ այդ նամակներուն մէջ կը ցոլան իրենց գործերը, իրենց հոգերը, իրենց կրած դժուարութիւնները. մասնաւորաբար մենք շատ աւելի իրական պատկերը կ՛ունենանք պատմական իմաստով, քան` պաշտօնական տեղեկագիրներէն, ժողովական արձանագրութիւններէն, որոնք բաւական կոկուած կ՛ըլլան եւ չեն կրնար, բնականաբար, բովանդակել եւ ցոլացնել այն բոլոր մանրամասնութիւնները, որոնք իրական կեանքին հետ, դժուար ու դժբախտ մեր ժողովուրդի կեանքին հետ կապ ունէին: Արդարեւ, նամակները շատ աւելի հարազատ եւ անմիջական են, նաեւ յստակ կերպով գաղափար ալ  կու տան, որ յեղափոխական գործիչները, մարտիկները իրենց աշխատանքները ի՛նչ պայմաններու մէջ կը տանէին եւ ի՛նչ տեսակ աշխատանքներ ստանձնած էին, եւ այդ ընթացքին անոնք կեանքի ինչ-ինչ իրականութիւններու դէմ յանդիման կը յայտնուէին: Անձնապէս կարեւորութիւն կու տամ այդ նամակներուն. իմ կազմած «Նիւթեր»-ուս հատորներուն մէջ զգալի չափով անոնց տեղ տուած եմ: Պաշտօնական գրութիւններուն, տեղեկագիր-արձանագրութիւններուն կողքին, նաեւ այդ անձնական յարաբերութիւններու գծով փոխանցուած տեղեկատուութիւնը ինքնին շատ անմիջական եւ վաւերական է:

«Ա.».- Ե՞րբ սկսած էք այս աշխատանքը տանիլ:

Ե. Փ.- Աւելի քան 13-14 տարի,  ոչ միայն Արամի հարցով, որովհետեւ Արամը եւ Արամին յարակից ուրիշ դէմքերու ալ նամակները հետաքրքրած են զիս, եւ պէտք է ըսել, որ այդ ուղղութեամբ ներշնչման աղբիւր եղած են մեր հին արխիւներու հրատարակութիւնները, ինչպէս` Սիմոն Վրացեան հրատարակած է «Դիւան»-ը, ուր կան բաւական նամակները. ընկեր Հրաչ Տասնապետեանը կազմած է մեր երրորդութեան նամականին: Անոնց օրինակով ես ալ ձեռնարկած եմ մեր արխիւներուն մէջ գոյութիւն ունեցող նամակները` շարք մը դէմքերու, հաւաքելու աշխատանքին, անոնցմէ մէկը Արամ Մանուկեանինն էր, հաւաքած եմ նաեւ Նիկոլ Դումանի ու Անդրանիկի նամակները: Անդրանիկ կիսագրագէտ մարդ էր, տարրական նախակրթարան չէր աւարտած եւ արտառոց ալ գիր, լեզու եւ ուղղագրութիւն ունէր, բայց պէտք է իր ձեռագիրներէն քաղել բուն իմաստը: Անդրադարձած եմ, որ այդ նամակներուն մէջ կը բացուի աշխարհ մը, որ մեզի շատ ծանօթ չէ եղած. պատմութիւն, զոր կը սերտենք, կը կարդանք, կ՛իմանանք, կը սորվինք: Այդ նամակներուն մէջ շատ աւելի կենդանի վկայութիւններ կը գտնենք այդ մեր բոլոր գիտցածներուն մասին. կը նշանակէ, որ մեր մտքին, մեր հոգիին մէջ կը տեղաւորուին այդ բոլորը, բայց նաեւ կան գործունէութեան այն տեսակի մարզեր, որոնք անծանօթ են. օրինակ` երբ խօսքը կը վերաբերի Արամ Մանուկեանին, այդ յեղափոխական ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը` 1904 թուականէն մինչեւ 1914-1915 թուականները, որոնց մասին աւելի քան 350 նամակներ հրատարակած եմ, այդ նամակներով կը բացուի աշխարհ մը, եւ շատ աւելի մօտէն ու մտերմիկ կերպով ընթերցողը կը ծանօթանայ Արամ Մանուկեանին: Մեր գիտցած իրականութիւնը ըլլալով հանդերձ, ուրիշ մէկ երեսն է այդ բոլորին:

Օրինակ` Անդրանիկ իր կեանքին մեծագոյն մասը, կարելի է ըսել, Հայաստանէն դուրս ապրած է: 1904 թուականին, Սասնոյ ապստամբութենէն ետք ան Սասունէն դուրս ելաւ եւ Ատրպատական, ապա Կովկաս անցաւ, ետքը` Եւրոպա, ուր մնաց 10 տարի, որոնց ընթացքին ընդհանրապէս պատմութենէն գիտենք իր գործունէութիւնը Պալքանեան երկիրներուն մէջ, Պալքանեան պատերազմի, թուրք-պուլկարական պատերազմի ընթացքին իր մասնակցութիւնը կամաւորներով: Բայց, ասոր կողքին, երկար տարիներ Անդրանիկ Դաշնակցութեան Բիւրոյի տրամադրութեան տակ Ժընեւի մէջ գործած է, յատկապէս` զէնք-զինամթերքի գնման գործին համար, բացի Զուիցերիայէն, ան Ֆրանսա, Պելճիքա, Հոլանտա, Վիեննա, տարբեր երկիրներ գացած է, զէնք-զինամթերք գնելու համար: Ան զինուորական վարժարան չէր տեսած, զինուորական ուսման ծանօթ մարդ չէր, բայց գործնապէս այնքան փորձառութիւն ձեռք բերած էր, որ  ամէնէն լաւ ճանչցողներէն մէկն էր զէնքերու տեսակներուն:  Անդրանիկի այս գործունէութեան մասին ո՞վ գաղափար ունի, եթէ չէ կարդացած Անդրանիկի այդ մասին գրած, ղրկած նամակները: Այդ նամակները բարեբախտաբար մեր արխիւներուն մէջ պահուած են. հետաքրքրութիւնը  մղած է զիս, որպէսզի մինչեւ յետին անկիւնները փնտռեմ եւ գտնեմ զանոնք:

«Ա.».- Հատորի պատրաստութեան ընթացքին ինչպիսի՞ դժուարութիւններու հանդիպեցաք:

Ե. Փ.- Ընդհանրապէս թեքնիք դժուարութիւններ էին անոնք: Նախ` նամակի թուղթերուն մէջ որակ կարելի չէր փնտռել, Արամ  ձեռքը անցած թուղթերու վրայ նամակներ գրած է, իսկ ի՞նչ պայմաններու մէջ եւ ո՞ւր գրուած են այդ նամակները, յայտնի չէ: Մելանները տարբեր գոյնի էին` մանիշակագոյն, սեւ, կապոյտ, կարմիր, որ ամենաշատ գործածուածն է: Արամի ձեռագիր կարդալը բարդ էր սկզբնական շրջանին, յետոյ սակայն անոր գիրին վարժուեցայ: Ամէն մարդ իրեն յատուկ ձեռագիր ունի, եւ անգամ մը, որ վարժուիս այդ ձեռագիրին, գիտնաս, թէ ան Ն տառը, Չ տառը ինչպէ՛ս կը գրէ, դժուարութիւնները կը փարատին: Կը հանդիպինք նաեւ լեզուական առանձնայատկութիւններու. օրինակ` Արամը ճամբայ բառը միշտ կը գրէ «ճանպայ», այսպէս գրած է մօտաւորապէս երեք տարի, որմէ ետք սկսած է ճամբայ գրել: Հնչիւնական տարբերութիւններ կան, ինչպէս նաեւ` ղարաբաղեան բարբառի ազդեցութիւններ, ասոնք, ինչպէս հայաստանցիները կ’ըսեն, ոչինչ:

Դժուարութիւններէն մէկն ալ տեղանուններու եւ անձնանուններու գաղտնի, կուսակցական անուանակոչումներն էին: Արամ նամակներուն մէջ միշտ ալ ծածկանուններ կը գործածէր:  Այդ ծածկանունները շատ են. անձերու պարագային, մենք գիտենք, յայտնի են, թէ ովքեր են անոնք, օրինակ` երբ Արշակ Վռամեան ըսեն, գիտենք, որ Օննիկ Դերձակեանին մասին  է խօսքը, սակայն գիւղերու անունները, որոնք հարիւրաւոր են, իմանալը բաւական դժուար էր: Անոնց մէկ մասը գտած էի, որովհետեւ Արամէն առաջ գլխաւորաբար Կոմսը (Վահան Փափազեանը) գործիչ էր այնտեղ եւ մասնագիտական ձեւով կազմակերպած էր շրջանները, հարցարաններ պատրաստած էր` ճշդելով, թէ իւրաքանչիւր գիւղի մէջ որքա՛ն հայ կայ, որքա՞ն քիւրտ, քանի՞ յուշարձան կայ, աւերուած յուշարձաններ կա՞ն, որքա՞ն է գիւղերուն հեռաւորութիւնը կեդրոնէն: Այդ հարցարաններուն վրայ գրուած էր գիւղին անունը եւ փակագիծներու մէջ ալ` ծածկանունն ու թիւերը: Թիւերով ծածկագրութիւնը ծածկագրութեան մէկ ձեւն է, որ այդ ժամանակ յաճախ կը գործածուէր: Երեւակայեցէք` 1907-ի Ընդհանուր ժողովին Սասունէն հասած 90 էջանի տեղեկագիրը միայն թուանշաններ կը պարունակէր:

«Ա.».- Նոր ծրագիրներ ունի՞ք:

Ե. Փ.- Նոր ծրագիրներ չեն պակսիր: Հիմնականը «ՀՅԴ նիւթեր»-ու հրատարակութիւնն է եւ այդ «Նիւթեր»-ու 13-րդ հատորին վրայ կ՛աշխատիմ` յուսալով, որ մինչեւ տարեվերջ աւարտին կը հասցեմ: Անշուշտ անոր կողքին նաեւ յարակից գործեր կան, ինչպէս` նամակները, զորս կը յուսամ, որ օր մը կը հրատարակուին: Յարակից իբրեւ գործ` կազմած եմ դաշնակցական գաղտնագրութեան բաւական ճոխ բառարանները` ե՛ւ անձնանուններու, ե՛ւ տեղանուններու, որովհետեւ կուսակցական գաղտնապահութիւնը մէկ կողմէ, միւս կողմէ նաեւ մոտայի կարգ անցած էր, որ ամէն մարդ մէկէ աւելի ծածկանուն ունէր: Կան տասնեակ հազարաւոր անուններ, որոնք ծածկանուն են: Անշուշտ անոնց հետ գլուխ ելլելը դժուար է. պիտանի ալ գործ չէ, բայց որ յայտնի յեղափոխական գործիչներ, մարտիկներ կռիւներու մասնակցած` նահատակուած եւ այլ դէմքերու անուններ իրենց գաղտնանուններով, ծածկանուններով տրուած են, պէտք է ծածկանուններու բառարան մը ունենալ ձեռքի տակ` կուսակցական կամ մարտական դէմքերու, որպէսզի ապագայ ուսումնասիրողը չգտնուի դժուարութեան առջեւ. օրինակ` Արամ Մանուկեանի գրութիւններուն մէջ բոլոր գործող անձերը իրենց կուսակցական ծածկանուններով կը յիշուին, երբեմն ծածկանունները միշտ չէ, որ գաղտնի անուն են: Կցական անուն մը տրուէր մարդուն եւ այդ կցական անունը, եթէ մնար, կը շարունակուէր եւ կը դառնար մարդուն անունը եւ այլեւս ամէն մարդ կը մոռնար, թէ մարդուն իսկական անունը ի՛նչ էր: Ասոր կողքին, կան նաեւ տեղանունները: Վասպուրականը շատ ընդարձակ նահանգ էր: Վասպուրականի Կեդրոնական կոմիտէութիւնը, բացի ամբողջ նահանգէն, նաեւ Պիթլիսի նահանգի որոշ լեռնային մասեր իր մէջ կը պարփակէր, աւելի քան 40 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն էր: Միայն Վասպուրականը ունեցած է 2200 բնակավայր, մեծ մասամբ` հայկական, ասոնց մէջ կազմակերպուած կուսակցական բջիջ ունեցող կամ կուսակցական գործին մէջ կային կարեւոր դեր կատարող բնակավայրեր, որոնք իրենց ծածկանունները ունէին, եւ որոնք գործածած է Արամ Մանուկեան: Ծածկանունները բանալը հսկայ աշխատանք է, եւ անհամեստօրէն ըսեմ, որ յաջողած եմ հարիւրաւոր այդ անունները բանալ, իսկական գիւղերուն անունները նշանակել: Ծանօթագրութիւններուն մէջ մէկ-մէկ տրուած են անոնք: Եւ առաջին անգամ է, որ անոնք կը բացայայտուին:

«Ա.».- Վերջերս այցելութիւն կատարեցիք Հալէպ: Ձեր կատարած այցելութեան տպաւորութիւններուն մասին եթէ խօսինք:

Ե. Փ.- Իւրաքանչիւր Սուրիա այցելող ընդհանուր կերպով կը ցնցուի այն ահաւոր աւերէն, որ գործուած է ամբողջ երկրի տարածքին: Ես առիթ ունեցայ բաւական տեղեր տեսնելու, դէպի Հալէպ ճամբու ընթացքին կը տեսնես աւերակներ, քանդուած տեղեր, լրիւ ամայի գիւղաքաղաքներ, բայց այն, ինչ որ Հալէպի մէջ տեսայ, ամէնէն ցնցիչն էր: Հալէպը ամէնէն շատ քանդուած եւ աւերուածն է. հսկայական թաղամասեր քարակոյտի վերածուած են եւ` անբնակ վիճակի մէջ մնացած: Հալէպ ծնած եմ, իմ պատանեկութեան, երիտասարդութեան առաջին տարիները հոն անցուցած եմ եւ անկէ ետք բազմաթիւ անգամներ գտնուած եմ Հալէպ: Քանդումին եւ աւերումին դիմաց կը սքանչանաս այն կենսունակութեան վրայ, որ ցոյց կու տան այնտեղ վերապրած մեր ժողովուրդը, հոն մնացողները, անոնք, որոնք ամէնէն աւելի տառապած են, անոնք, որոնք ամէնէն շատ ենթարկուած են այդ աւերներուն: Այն երիտասարդները, որոնք պաշտպանած են հայկական թաղեր, հասած են ժողովուրդի կարիքներուն, վիրաւորներ փոխադրած են հիւանդանոցները, այդ տղաքը ի՜նչ եռանդ ցոյց կուտան վերակազմակերպուելու, վերստեղծելու կորսուած Հալէպի կեանքը: Ինծի կը յիշեցնեն այն ժամանակները, երբ որ Ցեղասպանութենէն ետք մեր ժողովուրդը ցոյց տուած է այնքան աշխուժութիւն` ընտանեկան կեանքէն սկսեալ մինչեւ ընկերային, ազգային կեանք կազմակերպելու` դպրոցով, եկեղեցիով, ակումբներով, աշխուժ գործունէութեամբ վերապրելու բնածին ուժը: Այդ բոլորը յիշեցի` տեսնելով այն աշխուժութիւնը, որ ցոյց կու տայ Հալէպի մեր ժողովուրդը: Արդէն սկսած են վերականգնելու եւ նորոգութեան աշխատանքները` ազգային կեանքը կարելի եղածին չափ եռուն դարձնելու: Հակասութիւնը, որ կայ` գործուած աւերը եւ անոր դիմաց վերակենդանացման ճիգերը ուղղակի ապշեցուցիչ բաներ են եւ մաս կը կազմնեն հայ ժողովուրդի բնածին շնորհքին, տաղանդին:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>