Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Արուեստագէտ Լենա Այտընեան. «Կ՛երազեմ, Որ Արուեստագէտները Տուն Ունենան Թանգարանի Պէս, Ուր Կարենան Ապրիլ Եւ Գործել»

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Վերջերս «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ արուեստագէտ Լենա Այտընեանին հետ` մօտէն հետաքրքրուելու համար անոր արուեստի ընթացքին եւ գործունէութեան մասին: Նշենք նաեւ, որ Լենա Այտընեանը նկարած է «Սփինըս»-ի գնումներու նոր քարտի պատկերը, որ նուիրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին: Քարտով կարելի է գնումներ կատարել «Սփինըս»-էն, կէտեր հաւաքել` գնումներու համաձայն, ապա զանոնք փոխանակել հայկական արտադրութիւններով եւ ծառայութիւններով:

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք «Սփինըս»-ի պատրաստած գնումներու քարտին հայկական պատկերին մասին:

ԼԵՆԱ ԱՅՏԸՆԵԱՆ.-«Սփինըս»-ի տնօրէնութենէն հեռաձայն եկաւ, որ մայիս 28-ի 100-ամեակին առիթով գնումներու քարտ մը պիտի պատրաստեն հայկական պատկերով, որովհետեւ հայ յաճախորդներ շատ ունին:  Խնդրեցին, որ պատկեր մը նկարեմ, որ յատուկ 100-ամեակի առիթով գծուած ըլլայ: 10 օր պայմանաժամ տուին: Ուրեմն այս քարտին նպատակը հետեւեալն է. յաճախորդները գնումներ կատարելէ ետք կէտեր կը հաւաքեն եւ զանոնք կրնան փոխանակել հայկական արտադրութիւններով ու ծառայութիւններով:

Մարտ 8-ին հաւաքական ցուցահանդէս ունէի եւ նեղ ժամանակի մէջ յաջողեցայ նկարել պատկերը: Հպարտ եմ, որ ինծի նման բան առաջարկուեցաւ:

Հրաւիրուեցայ «Սփինըս»-ի նոր մասնաճիւղի բացման հանդիսութեան, ուր նաեւ քարտերուն բացումը կատարուեցաւ: Հոն տեղադրուած էին նաեւ հայկական արտադրութիւններու եւ ծառայութիւններու կրպակներ: Բաւական հետաքրքրական էր: Ես ներկայացուցի ներկաներուն գծած պատկերիս խորհուրդին մասին: Պատկերիս վրայ կայ նուռը, որ պտղաբերութեան խորհրդանիշ է. իմ պատկերներուս մէջ միշտ ներկայ են կինն ու ծառը, որ հոգեկան ապահովութիւն կը խորհրդանշեն ինծի համար, պատկերիս մէջ ներկայ է նաեւ Ծիծեռնակաբերդը, անմոռուկը, Արարատ լեռը, ձեռագործ եւ եռագոյն, խաչեալի մը պատկերը նաեւ կայ, որ չարչարանքէ անցած ժողովուրդի մը խորհուրդը ունի. միշտ պատուհան մըն ալ կայ պատկերներուս մէջ:

Գիտէք` շատ ողջունելի նախաձեռնութիւն է տեղի ունեցածը: Կը մտածեմ, որ բոլոր հաստատութիւնները իրենց ծանուցումներուն համար ձեւ մը ստեղծեն ու արուեստի գործեր օգտագործեն, որպէսզի արուեստագէտը մէջտեղ չմնայ: Արուեստագէտներու գործերը կարելի է օգտագործել զանազան ասպարէզներու մէջ, քարտերու վրայ, ճաշարաններու մէջ: Եւ այսպէս` մուտք մը կ՛ըլլայ արուեստագէտին համար եւ քաջալերանք:

Կ՛երազեմ, որ արուեստագէտները տուն մը ունենան թանգարանի պէս, ուր կարենան ապրիլ եւ գործել, որպէսզի իրենց ծերութեան մէջ առանձին չմնան, եթէ մէկը չունենան:

«Ա.».- Խօսինք արուեստի ձեր անցած ուղիին մասին:

Լ. Ա.- 2002-էն  ի վեր կը գծեմ: Մանկութենէս կը սիրեմ գծել: Մեծ հայրս նկարիչ էր. ան կանուխ մահացած է, եւ ես առիթ չեմ ունեցած անոր ծանօթանալու: Անոր պատկերներուն առջեւ կը հիանայի եւ կը գծէի զանոնք: Ծնողներս աւելի գիտական հակում ունին, անոնք նախընտրեցին, որ դեղագործութիւն ուսանիմ: Ուսանեցայ, բայց միշտ նեղութիւն կը զգայի: Փորձեցի սիրել դեղագործութիւնը, բայց դեղարանը զիս չսիրեց: Միշտ ալ բանի մը պակաս զգացած եմ` հակառակ ամէն բան ունենալուս: Կը զգայի տարօրինակ պարապութիւն, որ չէի կրնար բանով մը լեցնել: Իմ համալսարան ընդունուելու օրը մայրս իր հայրը տեսած էր երազին մէջ` տխուր վիճակով: Իմ ծնած օրս ալ մօրս կնքամայրը պատահմամբ Դամասկոս հնութեան խանութի մը մէջէն գնած է մեծ հօրս երկու պատկերները` եւ իրեն ղրկած: Այս երկու դէպքերը միշտ ալ հարցական մնացած են ինծի համար:

Դեղարանիս շէնքին մէջ կ՛աշխատէր նկարիչ Մարալ Փանոսեանը: Ես այդ շրջանին սկսած էի ձեռային աշխատանք ընել ժամանակս լեցնելու համար: Պատահմամբ Մարալին ծանօթայ դեղարանիս մէջ: Անոր ցոյց տուի 18 տարեկանիս գծած պատկերներուս ալպոմը: Մարալը 7-8 տարիէ հեռացած էր գծագրութենէն, բայց խոստացաւ դաս տալ ինծի: Շաբաթը անգամ մը, կու գար եւ երկու ժամ միասին կ՛աշխատէինք: Կը խնդրէր, որ բան մը պատրաստեմ, ես յաջորդ շաբաթ 20 օրինակ պատրաստած կ՛ըլլայի: Ան ըսաւ, որ եթէ այդպէս շարունակեմ, կրնամ ցուցահանդէսի մասնակցիլ: Ճիշդ այդպէս ալ եղաւ: Խմբական առաջին ցուցահանդէսս Սուք Պարղութի մէջ տուի: Մինչ այդ Մարալն ալ սկսաւ քաջալերուիլ եւ կրկին գծագրութեան աշխարհին մէջ մտաւ: Առաջին տարին 9 ցուցահանդէսի մասնակցեցայ. առտու, կէսօր, իրիկուն կը գծէի: Անցեալ տարի Հայաստան ցուցահանդէս տուի Պատմութեան թանգարանին մէջ: Ցուցահանդէսը մեծ հօրս յիշատակին էր եւ կը ներկայացնէր մեր ընտանիքի արուեստագէտ չորս սերունդները` մեծ հայրս, մօրաքոյրս, ես, քեռիիս աղջիկը, քոյրս եւ աղջիկս, որ հիմա Մարալին քով աշակերտ է: Այս ցուցահանդէսէն մէկ շաբաթ ետք մայրս ըսաւ, որ մեծ հայրս տեսած է երազին մէջ` շատ ուրախ վիճակի մէջ: Կը զգամ, որ անոր հոգին կարծես հանգչեցաւ: Մեծ հայրս տեքորի խանութ ունէր, եւ չէին գիտեր, որ կը գծէր: Նկարչութիւնը իրեն համար սիրողական գործ մըն էր: Ան իր պատկերները նուէր կու տար բոլորին:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը կատարէք գոյներու ընտրութիւնը:

Լ. Ա.- Գոյները հոգեկանին հետ կապուած են: Պատկերներս կա՛մ կարմիրի վրայ են կա՛մ կապոյտ, կանաչ: Ինծի կ՛ըսեն, որ կապոյտ եւ կանաչ շատ կը գործածեմ, չեմ անդրադառնար: Երբ քով քովի դնեմ պատկերները, այն ատեն կ՛անդրադառնամ: Չեմ մտածեր գոյնի մասին, մինակը կու գայ. ինքզինքիս չեմ ստիպեր, որ գոյները փոխեմ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>