Quantcast
Channel: Հարցազրոյց – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Հարցազրոյց Պոլսահայ Գրող Եւ Ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի Հետ

$
0
0

«…Ինքնութեան Աւանդական Սահմաններուն Մէջ Բանտարկուած Հայերը Իրենցմէ Դուրս Այլ Հայեր Չեն Ընդունիր»

Սեւան Տէյիրմենճեան կը փորձէ բացատրել, թէ որոնք են պոլսահայերու ինքնութեան հիմերը, անոնց կապը կրօնքի, հայոց լեզուի, ծպտեալ հայերու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պոլսահայ համայնքին մէջ հայկական ինքնութիւնը ինչպէ՞ս կ՛ընկալուի, ո՞րն է հայու ինքնութիւնը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ես պոլսահայ համայնքը ներկայացնող մէկը չեմ, ատոր համար ալ հիմնուելով իմ դիտարկումներուն վրայ՝ շատ ընդհանրական բառերով կրնամ խօսիլ: Համայնք ըսելով՝ ինքնութեան որոշ սահման մը գծած կ՛ըլլանք արդէն: Ըստ Թուրքիոյ մէջ իշխող մտայնութեան եւ պոլսահայ համայնքի ընկալման՝ ինքնութիւնը աւելի՛ կրօնական եզր է, եւ համայնքն ալ ամփոփուած է եկեղեցւոյ շուրջ: Ոեւէ պոլսահայու եթէ հարցնենք՝ պիտի տեսնենք, որ եկեղեցին շատ կարեւոր է, նոյնիսկ եթէ հաւատացեալ չէ, նոյնիսկ եթէ քրիստոնէութիւնը իր ինքնութեան մաս չի կազմեր: Հետեւաբար, կրօնական ինքնութիւնը ընդհանուր ինքնութեան կարեւոր մէկ մասն է: Ոմանց համար ալ լեզո՛ւն, պէտք է ըսեմ:

Միւս կողմէ հարցը խնդրայարոյց է, քանի որ պոլսահայ եզրը, եթէ քրքրենք, բաւական տարբեր եզրեր ի յայտ կու գան: Օրինակ, ես եկեղեցի չեմ երթար, հաւատացեալ չեմ, երբ հարցնես հայկական ինքնութեան մասին՝ այլ կերպ կը մտածեմ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Իսկ առհասարակ ինքնութիւնը ի՞նչ է իրենց համար:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Պոլսահայ համայնքը շատ չէ մտածած եւ չի ալ մտածեր այս մասին: Կան որոշ աւանդութիւններ եւ սահմաններ, որոնցմով կ՛ապրին, բայց եթէ հարցնէք, թէ այսինչ բանը ինչո՛ւ կ՛ընեն, կը դժուարանան բացատրել: Այս նիւթերը իրենց համար օտար են եւ կը կարծեմ, թէ չունին ինքնութեան բացատրութիւնը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերջին տարիներուն Պոլսոյ մէջ յատկապէս հայկական մամուլը կը բարձրաձայնէ օրըստօրէ խորացող մաշումի մասին: Ատիկա գիտակցուա՞ծ մաշում է, թէ ինքնութեան գիտակցութեան պակաս:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Դէմ եմ ինքնութեան մաշում արտայայտութեան, աւելի շատ պէտք է խօսիլ ինքնութեան հասկացութեան փոփոխութեան մասին: Օրինակ, եթէ թերթենք հարիւր տարի առաջուան մամուլը‘ շատ աւելի տարբեր աչքով կը նայինք, 40ականներու եւ այսօրուան մամուլը նոյնպէս մաշում ցոյց կու տայ, ասկէ հարիւր տարի ետք ալ մաշումի մասին պիտի խօսինք: Ասիկա անտեղի գանգատելու ձեւ է: Պարզապէս ինքնութեան հասկացութիւնն ու բնորոշումն է, որ կը փոխուին: Օրինակ, իմ ծնողներուն համար, համայնքը, ուր ես ծնած եմ, հետեւեալն էր. ծնելէ ետք կը մկրտուիս, հայկական վարժարան եւ լիսէ կը յաճախես, աւարտելէ ետք կա՛մ մանկավարժ կը դառնաս, կա՛մ ոսկիի շուկային մէջ կ՛աշխատիս: Դուն, քու կարգին, երախաներ կ՛ունենաս եւ նոյն գործընթացը այսպէս կը կրկնուի: Համայնքային միութիւններու հաւաքոյթներուն կը մասնակցիս, հայերէն կը խօսին: Այդ նոյն մարդիկը կ՛ըսեն, որ համայնքը մաշումի ենթակայ է: Պատկերին միւս կողմէն նայելու պարագային, իրականութիւնը բոլորովին տարբեր է: Համայնքը, որ նման սահմաններ ունէր, օտար կը համարէր այն հայերը, որոնք հայերէն չէին խօսեր, սանուց միութիւններու ձեռնարկներուն չէին մասնակցիր կամ եկեղեցի չէին երթար, որոնք ոչ թէ հայու, այլ օտարի հետ կ՛ամուսնանային:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Խօսեցանք օտար թուացող հայերու մասին. թերեւս հոս ճիշդ պիտի ըլլար խօսիլ ծպտեալ հայերու մասին: Անոնք ինչպէ՞ս կ՛ընդունին այդ հայերը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Պոլսահայ ինքնութեան աւանդական սահմաններուն մէջ բանտարկուած հայերը իրենցմէ դուրս այլ հայեր չեն ընդունիր: Հայաստանցի հայն ալ չեն ընդունիր: Հայաստան ուսանած տարիներուս, երբ պոլսահայեր այցելութեան կու գային, ինքնութեան թելադրանքով Էջմիածին, Մատենադարան եւ այլ տեղեր կ՛այցելէին: Եւ երբ կը տեսնէին, որ հայաստանցիները յաճախ եկեղեցի կամ պատմական այլ վայրեր չեն երթար, կ՛ըսէին. «Ասոնք ի՞նչ տեսակ հայեր են»: Նման մարդոց համար ինքնութեան իրականութիւնը այն է, որ եթէ եկեղեցի չես երթար կամ հայերէն չես խօսիր՝ հայ չես: Կամ եթէ եկեղեցի կ՛երթաս, բայց շատ լաւ հայերէն չես խօսիր, դարձեա՛լ հայ ես: Փաստօրէն քրիստոնէութիւնը աւելի առաջնային յատկանիշ է իրենց համար: Պարզ է, ծպտեալ հայերը երբեք ընդունելի պիտի չըլլան:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- «Հայաստան-Սփիւռք Յարաբերութիւններ. Արին Ո՞վ Է» յօդուածին մէջ գրած էիք, թէ պոլսահայերը Հայաստան այցի եւ առհասարակ պետական կառոյցներու կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներու ժամանակ, ներառեալ համահայկական խաղերը, միշտ հարցեր կ՛ունենան: Դուք որպէս հիմնական հարց ցոյց կու տաք լեզուն: Լեզուէն բացի կա՞ն ուրիշ հարցեր, որոնք կրնան նման լուրջ տարակարծութիւններու պատճառ դառնալ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Լեզուն առաջին հարցն է, որովհետեւ, նախ եւ առաջ, զայն կը լսեն եւ հաղորդակցութեան միջոց է: Ապա երբ այդ պատնէշը կը յաղթահարուի, կը խօսին անգլերէն կամ հայերէն: Բայց կը յառաջանայ մէկ այլ հարց՝ թուրքին պատկերացումը: Թրքական ինքնութեան նկատմամբ հայաստանցիներու, սփիւռքահայերու եւ պոլսահայերու մօտեցումը նոյնը չէ: Պոլսահայերուն համար թուրքը միատարր զանգուած չէ, ինչպէս յաճախ կ՛ընկալուի, ըսենք, հայաստանցիի համար: Արհեստական ինքնութիւն է եւ շատ պեղելու պարագային, բազմազանութիւնը կը դառնայ ակնյայտ: Ասիկա եւս բախման հարց է:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Նոյն իրավիճակին ականատես եղանք, երբ սուրիահայերը եկան Հայաստան: Յաճախ իրարու հետ արագ հաղորդակցելու, կամ գաղտնի որեւէ բան խօսելու համար կը հաղորդակցէին արաբերէն, ինչ որ հակազդեցութեան պատճառ կը դառնար: Նոյնն է պարսկերէնի պարագան: Կարծես թէ հայաստանեան հասարակութիւնը հարց ունի արեւելեան լեզուներու հետ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ճիշդ դիտարկում է. այո՛, Հայաստանի հասարակութիւնը միատարր զանգուած է, օտարները չեն սիրուիր: Պահպանողական է եւ նոյնիսկ սփիւռքահայերու հանդէպ երբեմն վերապահումներ ունի: Պոլսահայերը վարժուած են իրարու հետ թրքերէն խօսելու. երբ Հայաստանի մէջ հիւրընկալեցի ընկեր մը, որուն հետ թրքերէն կը խօսէինք, լիբանանահայ ընկեր մը ըսաւ՝ գոնէ Հայաստանի մէջ թրքերէն մի՛ խօսիք: Ասիկա ճիշդ այդ նոյն վերաբերումն է, որ Թուրքիայինն է՝ արգիլել կամ անցանկալի համարել այլ լեզուները, ինչ որ իմ պատկերացուցած ժողովրդավար Հայաստանին յարիր չի կրնար ըլլալ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արդեօք նմանութիւն չե՞ս տեսներ հայաստանցիներու՝ սփիւռքահայերու հանդէպ եւ պոլսահայերու՝ ծպտեալ հայերու հանդէպ վերաբերումին միջեւ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Շատ լաւ դիտարկում է եւ կարծեմ ասիկա համահայկական հիւանդութիւն է: «Այդ ալ հա՞յ է» ըսելու շատ սովոր ենք: Լա՛ւ, եթէ ան՝ միւսը, այն միւսը հայ չեն, ուրեմն ո՞վ է հայը…

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Լաւ, ո՞վ է հայը քեզի համար, ո՞րն է հայկական ինքնութեան քու սահմանումը եւ անոր մէջ ի՞նչ տեղ կը գրաւէ լեզուն:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Որպէս բանասէր, լեզուն ինծի համար ինքնութեան փոխանցման կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկն է, բայց եւ այնպէս չեմ մեղադրեր անոնց, որոնք չեն խօսիր հայերէն: Երբ կը կարդամ Ե. դարու գրութիւն մը եւ կը հասկնամ, Մաշտոցէն եկող այդ կապը շատ զօրաւոր կը զգամ եւ կ՛ուրախանամ: Լեզուն նաեւ ունի մշակութաբանական ներգործութիւն, որ շատ կարեւոր է: Հայաստանի մէջ ուսումիս աւարտին, ինծի կը հարցնէին, թէ ի՛նչ կը զգամ: Պատասխանս կարճ էր. «Հայ եկայ, այստեղ մարդ դարձայ»: Այսինքն Հայաստանի պարագան շատ կարեւոր էր: Բայց դուրսի հայերը իրենց հայկական ինքնութիւնը շեշտելու համար աւելորդ ջանք կը գործադրեն: Մոլուցքն ունին ինքնութիւն ցոյց տալու: «Դրսեցի» հայու ինքնութեան համար ուրիշ ըլլալը, տարբերիլը շատ կարեւոր է:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչո՞ւ Թուրքիոյ հայ համայնքին մէջ ատիկա չի գործեր. արդեօք կը գերադասեն աչքի չզարնել:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Լեզուն կը նահանջէ, բայց քրիստոնէութեան միջոցով կամ խոհանոցով իրենց տարբերութիւնը ցոյց կու տան:

Թուրքիան երկիրս է, բայց ո՛չ այնպէս, ինչպէս Թուրքը կ՛ընկալէ: Պետութիւնը ըստ քաղաքական կամ պատմական զարգացումներու՝ իր քաղաքացիներուն կը թելադրէ թրքական ինքնութիւն մը, զոր ոմանք կ՛ընդունին եւ ոմանք ալ չեն ընդունիր: Այս շրջանին, գիտէք, նորոյթ է օսմանեան-իսլամական գունաւորումներով թրքական ինքնութիւնը: Բայց թրքահայութեան կամ այլ ժողովուրդներու համար ատիկա չի կրնար ընդունելի ըլլալ: Թրքահայերը իսլամական այս մակընթացութեան կը պատասխանեն փարելով իրենց քրիստոնէական ինքնութեան: Ուրեմն, թրքահայու ինքնութեան մէջ կարեւոր ազդակ է այն հակազդեցութիւնը, զոր ան կը ցուցաբերէ իշխանութեան՝ թրքական պետութեան թելադրած ինքնութեան բնորոշումին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Քանի որ հայրենիքէն խօսեցանք, քեզի համար պոլսահայութիւնը սփի՞ւռք է:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այս հարցին մասին ես երկար տարիներ խորհրդածած եմ, տարբեր միտքեր ունեցած, եւ դեռ ալ կը մտածեմ: Բայց այս պահու պատասխանս հետեւեալն է. քանի որ Հայաստանի տարածքէն դուրս հողատարածք է Պոլիսը, երբեք մաս չէ կազմած պատմական հայրենիքին, հետեւաբար, այո՛, Հայաստանէն դուրս է եւ սփիւռք է: Բայց պոլսահայութիւնը սփիւռքն է երկրի մը, որ այլեւս գոյութիւն չունի: Միանշանակ հաստատ կրնամ նշել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքը չենք: Շատ կը սիրեմ Հայաստանը, մշակոյթիս մէկ մասը հոն պահպանուած է եւ կը շարունակէ պահպանուիլ, բայց ես կապ չունիմ այդ երկրին հետ: Այսօրուան աւանդական Սփիւռքը, որուն Հայաստան կը ջանայ տէր դառնալ, իրեն չի պատկանիր:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այսինքն Հայաստանը որպէս համայն հայութեան հայրենիք չե՞ս տեսներ:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այո, կարելի է այդպէս ըսել: Օրինակ, սփիւռքի նախարարութեան «Արի Տուն» նախագիծը 90ականներուն Հայաստանէն գաղթածներու երախաներուն համար պէտք է ըլլայ, որովհետեւ իրենց ծնողներու հայրենիքն է ատիկա: Ես կը սիրեմ Հայաստանը, բայց իմ ինքնութեան մէջ իմ տունը չէ: Թուրքիոյ մէջ միշտ կը յիշեցնեն քու հայ ըլլալուն մասին: Հայաստանի մէջ ես զգացի, որ արեւմտահայ եմ, ուրիշ եմ, հետեւաբար ուրիշ տեղի կը պատկանիմ եւ Հայաստանը իմ տունը չէ: Մարդիկ կը սարսափին, երբ նման բաներ կը լսեն, բայց կարծեմ, որ ես որեւէ գէշ բան չեմ ըսեր եւ ոեւէ մէկը չեմ անարգեր:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Համայնքի մէջ լեզուն կը կորսուի, բայց ատոր զուգահեռ վերջին տարիներուն հայերէնի ուսուցումը թափ ստացած է: Հայերէնի ուսուցման վիճակին մասին խօսինք. ի՞նչ մակարդակի է:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Լեզուն ինծի համար հաղորդակցութեան միջոց է նախ եւ առաջ: Օրինակ երբ փոքր հասակիդ մայրիկիդ հետ ո՛ր լեզուով որ խօսիս‘ հայերէն, գերմաներէն կամ թրքերէն, մինչեւ կեանքիդ վերջ այդ լեզուով ալ կը շարունակես: Թուրքիոյ մէջ արդէն շատոնց հաղորդակցութեան լեզուն թրքերէնն է նաեւ հայոց համար. նոյնիսկ անոնք, որոնք հայերէնի կարեւորութիւնը կը շեշտեն, կամ մտահոգութիւններու մասին կը բարձրաձայնեն, թրքերէն կը խօսին: Այնպէս, որ հայերէնը այս պարագային պարզապէս պատրանք կը թուի: Այո, լեզուն կարեւոր է, եւ ես կը խղճամ այն երիտասարդներուն, որոնք հայերէնին անգիտակ ըլլալով՝ կտրուած են Մաշտոցէն ցայսօր մեր ժողովուրդի կուտակած հսկայ ժառանգութենէն:

«Քանի որ հայ եմ, պէտք է հայերէն խօսիմ» մօտեցումը լեզուն ազգայնացնելու տեսակ է, ազգայնական մօտեցում: Թրքերէնը միայն Թուրքին չի պատկանիր, հայոց լեզուներէն մէկն ալ թրքերէնը եղած է: Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ ալ թրքերէնով արտայայտուած են: Լեզուի կարեւորութեան կ՛անդրադառնան այո, բայց ատիկա կը մնայ դասարանին մէջ միայն: Նոյնիսկ դասարանին մէջ թրքերէն կը խօսին: Լեզուի ուսուցիչներու պակաս ունինք եւ միայն ուսուցիչով չի վերջանար: Ընտանիքին մէջ պէտք է ըլլայ լեզուին հետ կապ, երախան պէտք է գիտակցի, որ ծնողներուն հետ պէտք է հայերէն խօսիլ: Առաջ, եկեղեցիներուն մէջ հայերէն խօսելու սովորութիւն կար, իսկ հիմա նոյնիսկ հոգեւորականները չեն տիրապետեր հայերէնին: Միւս կողմէ, հարցը միայն տիրապետելը չէ, պէտք է նաեւ առօրեայ կեանքին մէջ գործածուի:

Շահան Շահնուր դեռ 20ականներէն տեսեր էր ատիկա, երբ կ՛ըսէր. «Լեզուն կը նահանջէ»: Ասիկա բնական ընթացք է, բայց չի նշանակեր, որ մենք պէտք է ըլլանք լեզուի գերեզմանափորը: Որպէս հաղորդակցութեան լեզու դժբախտաբար հայերէնը շատ զիջած է իր դիրքերը: Նոյնիսկ հայերէնի դասաւանդումը փրկութիւն չէ: Հայերէնը որպէս սովորելի լեզու կարելի է սորվիլ ակադեմական մակարդակով: Բայց հաղորդակցութեան լեզու դարձնե՛լը այլ հարց է:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչո՞ւ չեն նախընտրեր հաղորդակցիլ հայերէնով:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ուսուցչութեանս տարիներուն աշակերտներուս յաճախ կը հարցնէի, թէ ե՛րբ դադրեցան հայերէն խօսելէ: Բոլորն ալ կը պատասխանէին՝ միջնակարգի աւարտին: Ըսել է, թէ բառապաշարը այլեւս չէր բաւեր իրենց միջնակարգէն ետք: Պոլսահայերուն համար հայերէնը «սրբութիւն սրբոց» է: Աշակերտները հետեւեալ մտայնութիւնը կ՛իւրացնեն. կրնան հայերէն աղօթել, եկեղեցւոյ մէջ հաղորդակցիլ, բայց առօրեայ կեանքին մէջ, ըսենք, սէր խոստովանիլ չեն կրնար: Ո՛չ թէ չեն կրնար, այլ՝ կարելի չէ: Կը հասկնա՞ք: Որովհետեւ սէր խոստովանիլը հասարակ բան մըն է, որուն համար հայերէն գործածելը հարկաւոր չէ: Երիտասարդները հայերէնով չեն ապրիր, ա՛յդ է հարցը: Դժբախտաբար, ուսուցիչներուն համար ալ հայերէնը ապրելու լեզու չէ: Չեմ մեղադրեր, ատիկա շատ բնական է, պարզապէս պէտք է ախտաբանութիւնը ճիշդ ընենք, որպէսզի բուժումն ալ ճիշդ ըլլայ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Բուժումը լեզուն սորվեցնելն է, որ փաստօրէն շատ տարբերութիւն չ՛ընձեռեր…

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Եթէ այս ձեւով փորձենք բուժել եւ հայերէնին միայն որպէս սրբութիւն մօտենանք, այո, բան պիտի չփոխուի: Թէկուզ սխալներով, բայց պէտք է երախաները քաջալերել, որ խօսին: Առօրեայ կեանքին մէջ պէտք է ամէն ինչի մասին կարենան խօսիլ, մտածել հայերէն: Ես իմ աշակերտներուն միշտ կ՛ըսեմ՝ գրեցէք եւ խօսեցէք, թէկուզ սխալ: Թէկուզ սխալ ուղղագրութեամբ, բայց գրելը չգրելէն աւելի լաւ է: Հայերէնի դասաւանդումը լաւ է, անշուշտ, բայց ատիկա լուծում չէ, քանի որ դեռ ամէն ինչ հայերէնով ընելու մտայնութիւնը հաստատուած չէ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պոլսահայերը ունին հայերէն խօսելու հիմք, բայց կարծես ցանկութիւն չկայ: Ծպտեալ հայերու պարագային, ճիշդ հակառակն է: Խօսինք քիչ մըն ալ այն մեթոտին մասին, զոր դուք կ՛առաջարկէք հայերէն ուսուցանելու համար:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ծպտեալ հայերու հայերէն խօսելու փափաքը հասկնալի է: Տարիներու կարօտն է եւ արդարացիօրէն կը մտածեն, որ ատիկա իրենց ինքնութեան մաս կը կազմէ, թէ հայերէն խօսելով՝ աւելի՛ հայ կը դառնան: Կը մկրտուին, որ քրիստոնեայ դառնան, քանի որ հայը քրիստոնեայ է:

Ես հայերէնը կը սորվեցնեմ որպէս խօսակցական լեզու: Հայերէնին կը ծանօթանան այնպէս, ինչպէս մանուկը կը սորվի, ապա առօրեայ կեանքին մէջ, երբ կարենան արտայայտել իրենք զիրենք, այն ատեն կրնան աւելի մասնագիտացած սորվիլ: Նոյնիսկ կ՛ըսեմ լատինատառ գրեցէք, եթէ կը դժուարանաք, միայն թէ հայերէն մտածեցէք: Ա՛յս է, ըստ իս, կարեւորը:

Սխալ խօսելու վախով, այսօր շատ մը հայ երիտասարդներ չեն խօսիր: Պոլսահայ դասական կերպարը ինքզինք սահմաններու մէջ դրած է եւ հայերէնը նոյնպէս դրած է կաղապարի մը մէջ: Մեսրոպ Մաշտոց եթէ լսէր մեր այսօրուան հայերէնը շատ պիտի տխրէր, քանի որ Ե. դարու հետ համեմատած՝ մեր այսօրուան լեզուն մեծ սխալ մըն է: Բայց ի՞նչ ընենք, չխօսի՞նք: Լեզուն զարգացող օրկանիզմ է եւ ամէն օր կը փոխուի:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 847

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>