Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները իրենց դռները բացին 2017-2018 կրթական տարեշրջանին համար: 2018 թուականը կը յատկանշուի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի հիմնադրման 35-ամեակով: Այս առիթով «Ազդակ» Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու վերամուտին մասին:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՆՏԵԱՆ.- Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները, որպէս ամբողջութիւն, այս տարի շատ աւելի լաւ սկսան` բաղդատած անցեալ տարուան, որովհետեւ անցեալ տարի, երբ ստանձնեցի, բաւական դժուարութիւններ ունէինք. այս տարի շատ հեզասահ սկսանք երկու կեդրոններուն մէջ ալ` թէ՛ «Լեւոն Շանթ»-ի եւ թէ՛ «Աղբալեան»-ի: Անցեալ տարի բաւական աշխատանք տարինք, որ աշակերտները ժողովուրդին դիմաց շատ աւելի հանդէս գան: Գեղարուեստի բոլոր դպրոցները աւելի ելոյթներ ունեցան, եւ այս երեւոյթին շնորհիւ` այս տարի զգալիօրէն աշակերտական աճ ունեցանք: Այս տարի նորութիւն ալ բերինք այն իմաստով, որ ընդհանրապէս գեղարուեստի դպրոցները հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ կիսուն կը սկսէին, մենք այս տարի ուղղակի հոկտեմբերի սկիզբը սկսանք: Մէկ ամիս արձանագրութեան ժամանակ տուինք: Ըսեմ, որ ծնողները վարժուած էին վերջին օրերուն գալ արձանագրելու, բայց այս տարուան լաւ երեւոյթը այն էր, որ մինչեւ սեպտեմբերի կէսը արդէն բաւական աշակերտ արձանագրուած էր. եթէ բաղդատենք նախորդ տարիներուն հետ, շատ մեծ է տարբերութիւնը: Հետեւաբար ասիկա նորութիւն մըն է: Իսկ թէ ինչո՛ւ մենք աւելի կանուխ սկսանք մեր ծրագիրը այս տարի, ըսեմ, որ կ՛ուզենք ամառնային դասընթացք կազմակերպել 4-5 շաբթուան վրայ, մանաւանդ` երաժշտական եւ գծագրական դպրոցներու պարագային, այսինքն` մասթեր քլասներ կազմակերպել, շատ խտացուած ձեւով յատուկ դասարաններ, որոնցմէ շատ կ՛օգտուին աշակերտները. արդէն համաձայնութիւններ գոյացուցած ենք եւ կը ծրագրենք եկող ամառ հինգ շաբթուան վրայ ծրագիրը յաջողցնել: Անցեալ տարի չկրցանք, որովհետեւ շատ ուշ սկսած էինք, ժամանակ չկար, նոյնիսկ ամավերջի քննութիւններուն չհասանք, բայց այս տարի արդէն կանուխէն ամավերջի քննութիւնները աւարտած պիտի ըլլանք եւ պատրաստ պիտի ըլլանք այս ամառնային աշխատանքներուն:
«Ա.».- Ինչո՞վ կը յատկանշուի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի 35-ամեակը:
Յ. Հ.- Ամէնէն յատկանշականը այն է, որ եկող տարի` 2018-ը, յոբելեաններու տարի է մեզի համար, մեզի երբ կ՛ըսեմ, հայութիւնը նկատի ունիմ: Սկսելով` «Լեւոն Շանթ» կեդրոնէն, որուն հիմնադրութեան 35-ամեակն է: Անշուշտ «Աղբալեան» կեդրոնը աւելի ուշ ունեցանք, բայց կը կեդրոնանանք «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին վրայ: 35 տարիներ առաջ, երբ մենք քաղաքացիական պատերազմի մէջ էինք, հիմը դրինք այս դպրոցին, եւ մեր աշակերտները` տղաքը եւ աղջիկները ուղղեցինք դէպի արուեստի մարզ: Ասիկա իր արդիւնքը տուած է այսօր, վստահօրէն կ՛ըսենք, որ այդ դպրոցներէն դուրս եկողները այսօր կը փայլին բարձր բեմերու վրայ, միջազգային բեմերու վրայ, եւ այսօր որպէս արուեստագէտներ` իրենք իրենց տեղը ունին մեր իրականութեան մէջ, համաշխարհային իմաստով ալ: Այս իմաստով ալ մենք 35-ամեակի ծրագրումներ կ՛ընենք եկող տարուան համար եւ մեր բոլոր ներկայացումները ձեւով մը պիտի նուիրենք 35-ամեակին: Ունինք նաեւ հետաքրքրական մտածում մը, որ մեր աշակերտները, որոնք այստեղէն շրջանաւարտ են եւ այսօր դէմքեր են, անոնք ալ մեզի հետ ներկայ ըլլան, մեզի հետ ուրախանան եւ մեզի հետ տօնեն 35-ամեակը: Ինչպէս որ կ՛ըսէի, յոբելեաններու տարի է, մենք որպէս հայ գեղարուեստի դպրոցներ` միւս յոբելեաններն ալ չենք մոռնար, օրինակ` Համազգայինի 95-ամեակը: Համաշխարհային միութիւն մըն է Համազգայինը. կրնանք ըսել, որ սփիւռքի մէջ կը տանի մշակոյթի նախարարութեան մը աշխատանքը. պէտք է ուղղակի Համազգայինի ցանցը տեսնենք համաշխարհային իմաստով, թէ ինչպէ՛ս բաժնուած է… եւ ինչպէ՜ս կ՛աշխատի… մեր գեղարուեստի դպրոցները Լիբանանի մէջ գործող մէկ մասնիկն են այդ ցանցին, իսկ դուրսն ալ համաշխարհային իմաստով ինչպիսի՜ հսկայ աշխատանք կը տանի Համազգայինը: Չենք մոռնար նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը. այս յոբելեանն ալ մեր աշակերտները պիտի ապրին յառաջիկայ տարի: Հետեւաբար գալիք տարուան ընթացքին աւելի ներկայութիւն պիտի ըլլանք մեր ժողովուրդին մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդը քաջալերուի, այն իմաստով, որ իր զաւակները ուղղէ դէպի արուեստի դպրոց, որովհետեւ մենք այսօր աւելի շատ կը զգանք սփիւռքի մէջ, թէ որքա՛ն կարեւոր է հայ դպրոցը` որպէս հայեցի դաստիարակութեան օճախ, նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է մշակութային բաժինը, որովհետեւ մեր դիմագիծը պահողը, պահպանողը եղած է մեր մշակոյթը դարերուն վրայ: Մենք հազարամեակներու պատմութիւն ունեցած ժողովուրդ ենք, կը գոյատեւենք եւ պիտի գոյատեւենք շնորհիւ մեր մշակոյթին եւ մեր լեզուին:
«Ա.».- Ի՞նչ նորութիւններ եւ ծրագիրներ կան այս տարուան ընթացքին:
Յ. Հ.- Ինչպէս որ ըսի, նուագի եւ գծագրական իմաստով պիտի հրաւիրենք մեր աւարտական աշակերտներէն յատուկ ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ անակնկալներ ալ ունինք եկող տարի: Մենք որպէս երաժշտական դպրոց` ունինք մեր խումբերը, օրինակ` կիթառահարներու խումբը, կը մտածենք եկող տարի մեծցնել խումբը եւ անակնկալներ ընել մեր ժողովուրդին, կրնամ ըսել` հետաքրքրական քայլերու ձեռնարկած ենք: Ասոր կողքին, ունինք միւս խումբերը, որոնք պիտի զարգացնենք: Այս տարի, որպէս ծրագիր, պիտի յաջողցնենք ժողովրդային նուագարաններու խումբը եւ անշուշտ յարակից դասական փոքր խումբեր ալ պիտի յառաջացնենք, որպէսզի մեր բոլոր աշակերտները առիթ ունենան բեմ ելլելու, վարժուելու, որովհետեւ այս կէտը կը նկատենք դասընթացքի մէկ անբաժան մասնիկը. փորձառութիւնն ալ կարեւոր է. երբ աշակերտը կը սորվի, պէտք է տեղ մը արտայայտուի, եթէ մենք այդ տեղը չհրամցնենք, չստեղծենք, չի կրնար արտայայտուիլ, հետեւաբար մեր աշակերտները իրենց աշակերտական տարիքէն պէտք է վարժուին բեմերու, ներկայացումներու, որպէսզի ինքնավստահ ըլլալով` աւելի արդիւնք տան: Այս իմաստով ալ մենք ուրախ ենք, որ մեր աշակերտներէն արդէն երեք հոգի կը յաճախեն Երեւանի «Կոմիտաս»-ի անուան պետական երաժշտանոց, ինչ որ մեզի համար մեծ ուրախութիւն է: Անցեալ տարի «Կոմիտաս»-ի պետական երաժշտանոցի նախագահը այստեղ էր` որպէս մեր ամավերջի քննութիւններուն դատական կազմի նախագահ: Ան ուղղակի հիացմունքով խօսեցաւ մեր դպրոցի մասին, ըսաւ. «Եթէ ըսէին, պիտի չպատկերացնէի այսքան, որքան որ ես տեսայ ուղղակի գետնի վրայ»: Ան հաստատեց, որ մենք յատուկ տեղ ունինք իրենց քով, եւ իրօք այդպէս է, որովհետեւ սկսանք տեսնել իրականութիւնները: Կը կարծեմ, որ աւելի յառաջիկային շօշափելի կերպով կը տեսնենք արդիւնքները. անշուշտ այս երեւոյթը աւելի կը պարտաւորեցնէ մեզ, կը նշանակէ, որ պէտք է աւելի տանք, աւելի կազմակերպուած եւ պատասխանատու պէտք է աշխատինք:
«Գայեանէ» պարախումբի պարագային, մենք անցեալ տարի տարիքային բաժանումով 15 պարող խումբ ունէինք, այս տարի սկսանք 16 խումբով, թիւը դեռ կրնայ աւելնալ, աշակերտներ աւելի ուշ կու գան: Անցեալ տարուան մեր նորութիւնը պալէի դասարան ունենալն էր: Առանձին ելոյթ ունեցան մեր փոքրիկները: Այս տարի պալէի մէկ դասարան աւելցած է, հետեւաբար ասիկա խրախուսիչ է: Այս երեւոյթը ցոյց կու տայ, որ մենք կրնանք ժողովուրդին ցոյց տալ, թէ ի՛նչ կ՛ընեն մեր աշակերտները:
«Արեգ» թատերական դպրոցի պարագային, մենք ունեցանք նոր դասատու, նոր պատասխանատու, նոր բեմադրիչ, որ ինքը արդէն «Արեգ»-ը աւարտած է: Ասիկա մեզի ցուցանիշ է: Այսօր Հրայր Գալեմքերեանը, որ թատերական արուեստին մէջ ինքզինք փաստած երիտասարդ է, ստանձնած է «Գասպար Իփեկեան»-ի երիտասարդական բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ` «Արեգ» թատերական դպրոցը. կը յուսանք, որ ան նոր եռանդով, նորութիւններով կրնայ աւելի խանդավառել մեր պզտիկները:
Կրնամ յիշել, որ մենք ունինք նաեւ օտար աշակերտներ, այս տարի ունեցանք ուքրանացի աշակերտ մը: Այս տարուան մեր նորութիւններէն մէկն այն է, որ մենք օտար դեսպանատուներու հետ յարաբերութեան մէջ կը մտնենք գործակցելու համար. կրնամ օրինակը տալ` ռուսական դեսպանատունէն մշակութային բաժինի պատասխանատուին հետ ծանօթացանք, որովհետեւ իրենք Այվազովսկիի ծննդեան 200-ամեակին առիթով ծրագիր մը ունին, որուն պիտի մասնակցին լիբանանցի արուեստագէտներ կամ աշակերտներ, որոնք պիտի գծեն ծովը եւ պիտի մասնակցին ցուցահանդէսի կամ մրցանքի մը. մեր կարգին, մենք ալ մեր մասնակցութիւնը պիտի բերենք: Յառաջիկայ տարի աւելի մեծ ծրագիրներ կան այս առնչութեամբ. արուեստագէտներու պտոյտ մը պիտի կազմակերպուի աշխարհի չորս կողմէն դէպի Այվազովսիի ծննդավայրը, որպէսզի անոնք երթան եւ ուղղակի գետնի վրայ տեսնեն Այվազովսկիի ապրած վայրը, եկեղեցին, գերեզմանը, այնտեղ, ուր ինք միշտ կեցած եւ ծովը գծած է եւ այլն: Մենք երբ իրենց հետ յարաբերութեան մէջ մտանք, հիացան մեր դպրոցով. կը կարծեմ, որ յառաջիկային ոչ միայն գծագրական, այլեւ ամէն իմաստով մենք կրնանք գործակցիլ իրարու հետ, որովհետեւ իրենք ալ գիտեն, որ մենք հարուստ ժողովուրդ ենք մշակոյթով եւ կը փափաքին միշտ մեզի հետ գործակցիլ:
Եթէ համագործակցութեան առիթներ ըլլան նաեւ պետական մշակութային մակարդակներու վրայ, ինչո՞ւ ոչ. մենք որպէս դպրոց` տակաւին չենք համագործակցած տեղական մշակութային շրջանակներուն հետ: Միաւորներու իմաստով, թերեւս պետական շրջանակներու մէջ մասնակցութիւն ունեցած ենք, բայց որպէս դպրոց` ոչ: Կը հաւատամ, որ մօտ օրէն կրնանք ունենալ, որովհետեւ մենք կը փորձենք բացուելու քաղաքականութեան անցնիլ, մեր մշակոյթը սորվեցնել ե՛ւ մեր զաւակներուն, ե՛ւ օտարներուն: Մշակոյթը մեզի պահելու համար չէ, այլ հրամցնելու համար է ժողովուրդին, որպէսզի ժողովուրդն ալ վայելէ: Օտարները այն տպաւորութիւնը ունին, որ չեն կրնար գալ մեր քով, բայց իրականութեան մէջ մենք մեծ հաճոյքով կ՛ընդունինք օտարները, որոնց մեր մշակոյթը ծանօթացնելը մեծ հաճոյք է մեզի համար եւ հպարտութիւն: Քանի մը օտար տեղերէ հարցազրոյց ալ ունեցանք, այսինքն, մէկ խօսքով, հետաքրքրութիւն կայ օտարներուն կողմէ մեր դպրոցին նկատմամբ, որովհետեւ գեղարուեստի մեր դպրոցները իրենց դրուածքով իւրայատուկ են, այսինքն` չորս գեղարուեստի դպրոցներ մէկտեղուած, որոնք կը գործեն ժրաջան եւ դպրոցի մակարդակով, ասիկա մեզի համար մեծ առաւելութիւն է: