«Ժամանակ» Օրաթերթին Հարցազրոյցը` Համայնքային Վագըֆներու Հարթակի Ատենադպիր Յարութիւն Շանլըի Հետ
Պէյքոզի նիւթը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել մեր համայնքին օրակարգը: Թաղի երբեմնի գերեզմանատան համայնքապատկան տարածքի ապասեփականացեալ բաժինին համար պետութեան կողմէ սպասուած հատուցման` ազգային կրթութեան նախարարութեան յատկացուցած բաժինը արդէն Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի դրամատան հաշիւին վրայ է: Տակաւին Պոլսոյ գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ ալ գումար մը պիտի յատկացուի Պէյքոզին: Մինչ այդ ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի կողմէ գլխաւորուած Պէյքոզի Թաղային խորհուրդը հաւանութիւն տուած է, որպէսզի իրեն յարակից գործէ խորհրդատու յանձնախումբ մը` այս հատուցման գումարներու տնօրինման եւ գերեզմանատան` համայնքի ձեռքը մնացած հատուածի արժեւորման նպատակով: Վերջին օրերուն մանրամասնօրէն արտայայտուեցանք այս խորհրդատու յանձնախումբին մասին, որուն բանբերն է մեր համայնքէն յայտնի վարչական մը` Յարութիւն Շանլը: Ինչպէս ծանօթ է, այս վերջինը միեւնոյն ժամանակ Համայնքային վագըֆներու հարթակի (VADIP) դիւանի ատենադպիրն է եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետը: Պէյքոզի նիւթին վերաբերեալ տեսակցութիւն մը ունեցանք Յարութիւն Շանլըի հետ, որ մեզի բացատրութիւններ տուաւ ցարդ արձանագրուած արդիւնքներուն, առկայ խնդիրներուն եւ հեռանկարի հարցերուն առնչութեամբ:
Երկար Ոդիսական Մը Եւ Փաստաբանին Դերը
Մեր զրոյցին ընթացքին Յարութիւն Շանլը ընդգծեց, որ վերջին եօթը ամիսներուն Պէյքոզի վերաբերեալ գործընթացը թափ ստացած է: Տարեմուտին Թաղային խորհուրդը համագործակցութեան յարաբերաբար աւելի լայնախարիսխ հնարաւորութիւն մը գտած է համայնքին մէջ: Ըստ անոր, աւելի առաջ Պէյքոզի Թաղային խորհուրդը փակուղի մը մտած էր` պատրիարքարանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան միջեւ: Շանլըի խօսքերով, Թաղային խորհուրդի անդամները խորքով բարեացակամ մարդիկ են, սակայն այս գործընթացին մէջ գործած են որոշ սխալներ: Իր եւ ընկերներուն մասնակցութեամբ, տարեսկիզբէն ի վեր գործադրուած ջանքերու գլխաւոր նպատակը եղած է առաջին հերթին հնարաւորինս սրբագրել այդ սխալները եւ յաղթահարել հետեւանքները: Այս կէտին վրայ Շանլը յիշեցուց, որ բացթողումներ կատարուած են նաեւ «Յովակիմ 1461» հիմնարկին կողմէ, որ պատրիարքարանի կողքին ստեղծուած էր Պէյքոզի նիւթին հետամուտ ըլլալու համար: «Այս հիմնարկը տնօրինութիւններ ըրած է այնպիսի նիւթերու շուրջ, որոնց մասին չունէր տարրական պատկերացում», մեզի յայտնեց Յարութիւն Շանլը եւ այս ծիրին մէջ ընդգրկեց նաեւ իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուին հետ մշակուած յարաբերութիւններու դրուածքը: «Բոլորը քննադատեցին, որ հատուցման գումարի գանձման լիազօրութիւն վերապահուած է իրեն: Միւս կողմէ, սակայն, չէ բարձրաձայնուած այն ճշմարտութիւնը, որ Պէյքոզի Թաղային խորհուրդին վիճակած դատական բոլոր ծախսերը, նաեւ «Յովակիմ 1461» հիմնարկի ստեղծման գործընթացի բոլոր ծախսերը դիմագրաւուած են նոյնինքն Էլպէյօղլուին կողմէ», աւելցուց Շանլը:
Այս բոլոր մանրամասնութիւնները մեր զրուցակիցը թուարկեց` անդրադառնալով այն քննադատութիւններուն, որոնք կը կատարուին պետութեան կողմէ համայնքին յատկացուած գումարէն փաստաբանին վիճակած մասնավճարի համեմատութեան բարձր ըլլալուն բերումով: Պէյքոզի նորաստեղծ խորհրդատու յանձնախումբը վերջին շրջանին Ալի Էլպէյօղլուի հետ խտացեալ աշխատանք տարած է, ու ամբողջութեամբ վերատեսութեան ենթարկուած են իր եւ Պէյքոզի Թաղային խորհուրդին միջեւ կնքուած պայմանաւորուածութիւնները:
Քաղաքապետարանէն հասնելիք յառաջիկայ գումարին համար ան յօժարած է զեղչել իր մասնավճարը: Աւելի՛ն. ան համաձայն գտնուած է ջնջել այն պայմանագիրը, որ կը վերաբերի երբեմնի գերեզմանատան տարածքի այսօր մնացած բաժինի ապագայ արժեւորման եւ համապատասխան գործարքներուն մէջ իրեն համար նախատեսուած լայն իրաւունքներուն:
Յարութիւն Շանլը մասնաւորապէս շեշտեց, որ Էլպէյօղլու շատ բարեացակամ վարուած է այս բոլոր հարցերուն շուրջ, եւ իրենք կը նախատեսեն յառաջիկայ շրջանին աւելի մօտիկ համագործակցութիւն մը, աւելի սերտ շփում մը մշակել անոր հետ:
Նոյն նիւթին առնչութեամբ Յարութիւն Շանլը ընդգծեց նաեւ ուրիշ կարեւոր մանրամասնութիւն մը: Այսպէս, Պէյքոզի նիւթին շուրջ թղթածրարներու պարագային Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին հոգաբարձութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կը համագործակցի Էլպէյօղլուի հետ: Հետեւաբար գործընկերութեան խոր կապեր ձեւաւորուած են իրաւաբանին եւ Ազգային հիւանդանոցի ղեկավարութեան միջեւ: Ժամանակի ընթացքին ձեւաւորուած կապերուն շնորհիւ` ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ փոխատենապետ Հերման Պալեան Էլպէյօղլուի հետ խորացուցած են աշխատանքային նախընթացները եւ այդ հիման վրայ ալ ունին շարժոյթներ ակնկալելու հնարաւորութիւնը: Յարութիւն Շանլըի խօսքերով, Հերման Պալեան մեր համայնքի այն հիմնական վարիչներէն մին է, որ խորաթափանց կը տիրապետէ Պէյքոզի թղթածրարի բոլոր մանրամասնութիւններուն: Այս նիւթին վերաբերեալ Էլպէյօղլուի հետ կնքուած պայմանաւորուածութիւններու վերանայման գործին մէջ ալ անփոխարինելի ներդրում մը ունեցած է Հերման Պալեանը: Յարութիւն Շանլը մեր զրոյցին ընթացքին երախտագիտութեամբ ընդգծեց այդ բոլորը եւ յայտնեց, որ Հերման Պալեանի հեռատես ջանքերը եւ իրենց յանձնախումբի մանաւանդ վերջին շրջանին խտացեալ աշխատանքը ապահոված են, որպէսզի համայնքը նուազագոյն վնասներու ենթարկուի Պէյքոզի նիւթի պարագային ցարդ կատարուած սխալներէն:
Պատասխանելով մեր հարցումին` Յարութիւն Շանլը նշեց, որ թէեւ համաձայնագիրները բարեփոխուած են, սակայն քաղաքապետարանէն ակնկալուած գումարի փոխանցման ժամանակ ալ իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլու պիտի ունենայ գանձման լիազօրութիւն: «Իրեն հետ մեր համագործակցութիւնը այնպիսի մակարդակի մը հասած է, որ չեմ կարծեր, թէ այս փուլէն ետք համայնքին տեսակէտէն անբարենպաստ կամ խնդրայարոյց կացութիւն մը յառաջանայ», ըսաւ Շանլը:
Տարածքին Ներկայ Վիճակը
Մեր հարցազրոյցին ընթացքին Յարութիւն Շանլը մանրամասն տուեալներ ներկայացուց Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան տարածքին շուրջ: Այդ տարածքի 4,5 արտավարին (acre) վրայ կառուցուած է դպրոց մը, որուն համար ազգային կրթութեան նախարարութիւնը արդէն իսկ վճարած է հատուցումը: 3,5 արտավարէն անցած է ճանապարհ, որուն համար կ՛ակնկալուի քաղաքապետարանէն հատուցման գումարի հասնիլը: 2 արտավարին վրայ կառուցուած է մզկիթ մը: Յարութիւն Շանլը համոզուած է, որ այս մզկիթի կառուցուած բաժինը պէտք է համայնքին անունով նուիրել Թուրքիոյ Կրօնից տեսչութեան եւ կալուածաթուղթն ալ պէտք է յանձնել մասնաւոր արարողութեամբ մը: Սա մեր համայնքին տեսակէտէն շատ դրական բարենիշ մը կրնայ ապահովել յաչս պետութեան եւ հանրային կարծիքին: Եւ տակաւին մնացեալ 28 արտավար տարածքի արժեւորման ճանապարհին ալ այսպիսի շարժոյթ մը էապէս կրնայ դիւրացնել մեր համայնքին գործը: Շանլըի խօսքերով, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու բացասական արձագանգներն ալ պէտք է անպայման կանխուին` ծրագիրի երաշխաւորման առումով: «28 արտավար տարածութեամբ երբեմնի գերեզմանատան տարածքը արհեստավարժներու ցուցմունքներու հիման վրայ պէտք է արժեւորուի: Այս ամբողջ գործը Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի այժմու կազմով յառաջ պիտի տարուի: Եթէ շրջանային սահմաններու մօտեցումով մեր ընտրական դրութիւնը բարեփոխուի, ապա այդ կազմին մէջ կարելի է հինգ-վեց նոր անդամ ընդգրկել: Բայց եւ այնպէս, այժմ մեզի կը մնայ զօրակցիլ Թաղային խորհուրդի ներկայ կազմին: Վերջին հաշուով, պաշտօնապէս Թաղային խորհուրդին կը վիճակուի ստորագրութեան իրաւունքը: Կը նախատեսուի, որ շուրջ վեց ամսուան ընթացքին հասնի նաեւ քաղաքապետարանէն ակնկալուած գումարը: Ընդհանուր առմամբ, այդ 28 արտավար տարածքին վերաբերեալ գործարքին համար կ՛ենթադրուի շուրջ 200-250 միլիոն ամերիկեան տոլարի արժէք մը: Սա պարզապէս մեր համայնքի փրկութիւնը կ՛ըլլայ: Այդ հասոյթի տնօրինման համար ոեւէ մէկը պէտք չէ իր վրայ զգայ իր մերձաւորներուն, իր իւրայիններուն նախապատուութիւն տալու բարոյական իրաւունքը: Հաւանական խնդիրներու պարագային ալ լռութիւն պէտք չէ պահել` նման գործօններ հաշուի առնելով», կը շարունակէ Յարութիւն Շանլը:
Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան տարածքի պարագային կարգավիճակի փոփոխութիւն մը արդէն կատարուած է Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ: Գերեզմանատան տարածքը, բնականաբար, նախապէս ունէր բարենպատակ կալուածի մը կարգավիճակը: Վագըֆներու խորհուրդի որոշումով այդ տարածքին կարգավիճակը փոխուած է հասութաբերի: Հեռանկարային արժեւորման համար, Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան սոյն տնօրինութեան առընթեր, անհրաժեշտ է նաեւ այդ տարածքը շինարարութեան բանալու իրաւունքի ձեռք բերուիլը: Սոյն կարգադրութիւնն ալ կը վիճակուի Պոլսոյ գլխաւոր քաղաքապետութեան: Յարութիւն Շանլը կը յիշեցնէ, որ նման նիւթերու պարագային ցարդ ձեւաւորուած նախընթացներով, Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ կատարուած կարգավիճակի փոփոխութենէն ետք, քաղաքապետարանը տուեալ տարածքը շինարարութեան բանալու թոյլտուութիւնը ընդհանրապէս կու տայ: Յարութիւն Շանլըի խօսքերով, այս ամբողջ գործընթացը թափանցիկ եւ ապահով ձեւով պէտք է հետապնդել: Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ փոխանցուած հատուցման գումարէն սխալմամբ կանխաւ գանձուած են կարգ մը տուրքեր, որոնցմէ զերծ պէտք էր ըլլար այս գործը: Կատարուած են համապատասխան դիմումներն ու կը նախատեսուի, որ տրամաբանական ժամկէտի մը ընթացքին այդ սխալները սրբագրուին: Այսինքն շուրջ 916 հազար թրքական լիրա եւս պիտի փոխանցուի Պէյքոզի համար:
Ապագայի Համար
Յարութիւն Շանլը «Ժամանակ» օրաթերթին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ միշտ շեշտեց, որ թրքահայութեան տեսակէտէն, ճակատագրական այս միջոցները պէտք է կառավարուին ամենայն նախանձախնդրութեամբ: «Այս դրամը տրուած է ազգապատկան տարածքի ապասեփականացման բերումով: Այժմ կ՛աշխատինք առաւել արդիւնաւէտութեամբ տնօրինել զայն: Նպատակասլաց մօտեցումով յառաջ պիտի ընթանանք: Յամենայն դէպս, ապագայ սերունդներուն արժէք մը փոխանցելու տեսակէտէն, յարմարագոյնն է նոր կալուած մը գնելը», եզրափակեց ան:
Յարութիւն Շանլըի հետ հարցազրոյցի պատասխաններու հիմնական բաժինները` ստորեւ.
«Մէկուկէս Տարիէն Առաջ Ընտրութիւն Չ՛ըլլար»
«Մեր համայնքային հաստատութիւններու ղեկավարութեանց ընտրութիւնները դժուար թէ տեղի ունենան շուրջ մէկուկէս տարիէ առաջ: Դժբախտաբար ներկայիս մեր հաստատութիւններուն գլուխը գտնուող շատ սիրելի դէմքերու շարքին եւս կան անձեր, որոնք խորքին մէջ չեն փափաքիր ընտրութեան մը տեղի ունենալը: Այս պայմաններուն ներքեւ կրնանք հաշուարկել, որ մեր բոլոր խնդիրներու լուծման համար տեսանելի ապագային աշխատանք պիտի տանին այժմու կազմերը»:
«Յովակիմ 1461» Հիմնարկը Աւելորդ Կառոյց Մըն Է»
«Պատրիարքարանի զուգահեռ ստեղծուած «Յովակիմ 1461» հիմնարկը այլեւս աւելորդ դարձած կառոյց մըն է: Այդ հիմնարկը ստեղծուած էր զուտ Պէյքոզին համար նախատեսուած միջոցներու տնօրինման եւ այդ բովով պատրիարքական աթոռի կարիքներու դիմագրաւման համար: Բայց եւ այնպէս, դէպքերը զարգացան բոլորովին այլ ձեւով: Այսօր պարզ է, որ Պէյքոզի միջոցները բոլորովին այլ ձեւով, ուրիշ դրութեամբ մը պիտի կառավարուին: Անշուշտ ներկայ ձեւին մէջ ալ պատրիարքարանի ապագան պէտք է մտածուի եւ անտարբերութիւն պէտք չէ ցուցաբերուի անոր կարիքներու պարագային: Այս բոլորը փաստաթուղթով մը կրնան երաշխաւորուիլ: Հետեւաբար համապատասխան բոլոր կարգադրութիւններէն ետք կրնայ լուծարուիլ «Յովակիմ 1461» հիմնարկը, որ, ինչպէս ըսի, այլեւս դարձած է աւելորդ կառոյց մը»:
«Ինչո՞ւ Մարդ Ձայն Չի Հաներ «Գալֆայեան» Տան Կամ Տիգրանակերտի Գումարներուն Համար»
«Համայնքին մէջ դիւրագրգիռ մթնոլորտ մը կը ստեղծուի ու կը պահանջուի, որ Պէյքոզին բաժին վիճակուած գումարներով ժամ առաջ կալուածներ գնուին: Հասկնալի է ու յարգանքի արժանի` ազգապատկան գումարներու պարագային ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը: Բայց եւ այնպէս, պէտք է խուսափիլ նաեւ արհեստական աճապարանքէ: Այդպիսի գործարքներ կատարելու համար որոշ ժամանակ մը պէտք է: Յետոյ, նման պարագաներու մէջ կրկնակի չափանիշներէ պէտք է խուսափիլ համայնքային կեանքին մէջ: Ինչո՞ւ մարդ ձայն չի հաներ «Գալֆայեան»-ի կամ Տիգրանակերտի գումարներուն համար: «Գալֆայեան»-ը դրամատան մէջ ունի շուրջ 1 միլիոն լիրա գումար, որու տոկոսին հասոյթը կը ծախսէ իր ընթացիկ կարիքներուն համար: Ինչո՞ւ մարդ չի գանգատիր, որ տոկոսները ծախսելով` վտանգ կը ստեղծեն այդ գումարի ժամանակի ընթացքին հալելուն տեսակէտէն: Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդն ալ վերջերս որպէս հատուցում պետութենէն ստացած է մօտաւորապէս 2 միլիոն 400 հազար թրքական լիրա: Տուրքերէ եւ մասնավճարներէ ետք, այս եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի դրամատան հաշիւին վրայ ներկայիս կը գտնուի շուրջ 2 միլիոն լիրա գումար: Սա եւս տարածքի մը ապասեփականացման փոխարէն պետութեան կողմէ փոխանցուած հատուցման գումար մըն է: Շուրջ վեց ամիսէ ի վեր այդ գումարը եկեղեցւոյ դրամատան հաշիւին մէջ է: Ինչո՞ւ ոեւէ մէկը ահազանգ չի հնչեցներ, որ պէտք է նոր կալուած մը գնել այդ գումարով: Տիգրանակերտի մեր եկեղեցւոյ մէջ տարին միայն անգամ մը արարողութիւն տեղի կ՛ունենայ: Հապա ի՞նչ կ՛ըլլան միջոցները: Համայնքը իրաւունք չունի՞ գիտնալու»:
«ԺԱՄԱՆԱԿ»