Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
Ուրբաթ, 30 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Եռագոյն-Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենան Համազգայինի երաժշտական քոլեճի աւարտական հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը: Այս առիթով «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը հարցազրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեանին եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեանին հետ:
«Վանայ Ձայն».-Ինչպիսի՞ տարի մը եղաւ 2016-2017 տարեշրջանը Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն համար:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՆՏԵԱՆ.- 2016-2017 տարին յատկանշական տարի մըն էր, որովհետեւ տարուան սկիզբը բաւական դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուէինք, որպէս ընդհանրապէս գեղարուեստի չորս դպրոցներ, սակայն միասնաբար ձեռք-ձեռքի տուած` խնամակալութիւն, Շրջանային վարչութիւն, տնօրէնութիւն եւ ուսուցչական կազմ կարողացանք այդ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարել: Մինչեւ այսօր մենք ունեցանք բոլոր գեղարուեստի դպրոցներու աւարտական հանդէսներն ու վկայականներու բաշխումը: Մնաց երաժշտանոցի վկայականաց բաշխումը, որմէ ետք մենք կ՛աւարտենք այս տարուան մեր աշխատանքները:
«Վ. Ձ.».- Պարո՛ն Վահրամ, առաջին տարին էր, որ ստանձնեցիք երաժշտանոցի տնօրէնութիւնը. վստահ մեծ պատասխանատուութիւն էր ձեր ուսերուն` իբրեւ առաջին տարի եւ առաջին փորձառութիւն. որքա՞ն դժուարութիւններու դիմաց գտնուեցաք եւ ինչպէ՞ս կրցաք այդ բոլորը յաղթահարել:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ.- Երաժշտական քոլեճը յատուկ կերպով դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուէր, որովհետեւ առարկայական պայմաններու բերումով մեր շրջանը սկսաւ աւելի ուշ, քան ընդհանրապէս ամէն տարի: Ասոր կողքին ես ալ տնօրէնութիւնը ստանձնեցի վերամուտէն հազիւ մէկ շաբաթ առաջ: Այնպէս որ նախապատրաստուելու առիթ չունէինք բնաւ, եւ ամէն բան շատ արագ պէտք է դասաւորէինք, կարգաւորէինք, որովհետեւ ստեղծուած պայմանական առարկայական դժուարութիւններու կողքին նաեւ տարիներու վրայ կուտակուած խնդիրները կային, եւ պէտք է սկսէինք հարցերը լուծելու: Կրնամ ըսել, որ աշխատանքի սկսանք եւ առաջին քայլը առնուած է. հակառակ դժուարութիւններուն` աւարտական քնութիւնները դպրոցական քննութիւններուն զուգադիպեցան, ինչ որ խանգարեց ժամանակացոյցի ճշդումը: Բազմաթիւ աշակերտներ, պետական քննութիւններ ունենալով, մեզի դիմեցին` ըսելով, որ չեն կրնար քննութեան ներկայանալ, եւ մենք ստիպուած լուծումներ գտանք: Ուսուցիչներ եւ աշակերտներ իրենց ամառնային արձակուրդի տոմսերը ապահոված էին, ինչ որ որոշ չափով բարդացուց վիճակը, բայց բոլոր պարագաներուն ալ բարւոք լուծումներ տուինք բոլոր աշակերտներուն համար: Ունեցանք նաեւ երկու արտագաղթող ուսանողներ, որոնցմէ մէկը բարեբախտաբար Հայաստան գաղթեց եւ յատկանշականօրէն Պռոշեան շրջան: Անոնք ալ դիմեցին, որ քննութիւնը տան ճամբորդելէ առաջ ու նիշերը ունենան, որպէսզի շարունակեն իրենց երաժշտական կրթութիւնը: Բարեբախտաբար բոլոր դժուարութիւններուն լուծումներ գտանք գործակցաբար ուսուցչական կազմին հետ, որ բարեխղճօրէն մօտեցաւ կացութեան:
«Վ. Ձ.».- Երաժշտական քոլեճը Լիբանանի տարածքին ի՞նչ արժէք ունի եւ որքա՞ն ժողովրդականութիւն կը վայելէ: Որքա՞ն մարդիկ կը վստահին այս երաժշտական քոլեճին:
Յ. Հ.- Հակառակ մեր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն, կրնամ ըսել, որ դարձեալ յատկանշական էր այս տարին, որովհետեւ բաւական օտարներու ծանօթացանք, ինչ որ մեր նպատակներէն մէկն էր: Այս տարի հետաքրքութիւն ստեղծուած էր օտար կազմակերպութիւններուն, հեռատեսիլի կայաններու կողմէ, որոնք եկան ու այցելեցին մեր կեդրոնը, հանդիպումներ կազմակերպեցին, մեր բոլոր դասարանները նկարեցին, հարցազրոյցներ ըրին ու գնահատեցին այն, որ մենք այսպիսի մշակոյթի կեդրոն մը ունինք: Բազմաթիւ համալսարաններ սկսան գործակցելու առաջարկներ ընել:Շատեր կը հարցնէին, թէ իրենց զաւակները կրնա՞ն ուղարկել, կ՛ընդունի՞նք ոչ հայ, եւ մենք շատ յստակ կ՛ըսենք, որ մեր քաղաքականութիւնը այն է, որ կեդրոնը բոլոր լիբանանցիներուն համար է, եւ ուրախ կ՛ըլլանք ծանօթացնելու մեր մշակոյթը օտարներուն: Այո՛, սկիզբէն ունեցած ենք օտար աշակերտներ մեր դպրոցներէն ներս, բայց այս տարի քիչ մը աւելի շեշտուեցաւ ասիկա, օրինակ այս տարի մեր երաժշտանոցէն վկայական պիտի առնեն երկու օտար աշակերտներ` մէկը ձայնամարզութեան, որ պիտի երգէ Կոմիտաս, եւ միւսը` դաշնակ, որ պիտի նուագէ Խաչատուրեան: Ուրիշ հետաքրքական երեւոյթ մըն ալ կայ, մենք ունինք օտար մանուկ մը, որ դաշնակի փորձերը մեր քով կ՛ընէ եւ այնքա՜ն սիրահարած է մեր մշակոյթին, որ պարախումբին ալ մաս կը կազմէ եւ հայկական պար կը պարէ: Շատ ուրախ է մեր տղոց հետ, թէեւ պարուսոյցներուն բոլոր ըսածները չի հասկնար, բայց ընկերները կը բացատրեն, կ՛օգնեն, իսկ ինք այնքան գոհ է, որ բոլոր դժուարութիւնները կը յաղթահարէ հայ մշակոյթի մաս կազմելու համար:
«Վ. Ձ.».- Յաճախ կը խօսուի երաժշտական դպրոցներու մակարդակին մասին: Եթէ մարդիկ հարց տան, թէ ի՛նչ մակարդակի ուսում կը տրուի Համազգայինի երաժշտական քոլեճի աշակերտներուն, ի՞նչ կրնաք ըսել:
Վ. Է.- Նախ ըսենք, որ նուագարանին կողքին գոյութիւն ունին տեսական նիւթեր, զորս անպայման պէտք է աշակերտը ամբողջացնէ, որպէսզի տիրանայ վկայականին: Այս տարեշրջանի սկիզբը մեր առաջին գործը եղաւ մեր ուսումնական ծրագիրի ցուցակը պատրաստել, ուր յստակօրէն կ՛երեւի, թէ իւրաքանչիւր աշակերտ իւրաքանչիւր դասարանի մէջ ի՛նչ նիւթեր պէտք է ամբողջացնէ: Չամբողջացնելու պարագային կրնայ զրկուիլ վկայականէն, եւ փոխանակ վկայական ստանալու, վկայագիր կը ստանայ: Մենք ունինք նման աշակերտներ, որոնք այս տարի պիտի ստանան վկայագիր, որովհետեւ չեն ամբողջացուցած տեսական բաժինը: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ մենք խստապահանջ ենք եւ նախանձախնդիր, որ իւրաքանչիւր ուսանող հարկ եղած մակարդակը ունենայ եւ անհրաժեշտ նիւթերը ամբողջացուցած ըլլայ:
Ինչ կը վերաբերը քոլեճի ընդհանուր մակարդակին, ըսենք, որ աւարտական քննութիւներուն կը հսկէ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ղեկավար, փրոֆեսէօր Շահէն Շահինեան, որովհետեւ մեր երաժշտանոցին եւ Երեւանի պետական երաժշտանոցին միջեւ պայմանագիր գոյութիւն ունի 1997-էն ի վեր, եւ, ըստ այդ պայմանագիրին, մեր քոլեճը աւարտող աշակերտները կրնան իրենց ուսումը շարունակել Երեւան, եւ ամէն տարի աւարտական դասարաններու քննութեան Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն ներկայացուցիչ մը կ՛ուղարկուի Լիբանան` դատական կազմին միանալու համար: Այս տարի բարեբախտութիւն է մեզի համար, որ ղեկավարը անձամբ ներկայ կը գտնուի: Մեր առաջին քննութիւնները տեղի ունեցան արդէն. քննութենէն ետք զրոյցի ընթացքին փրոֆեսէօր Շահինեան ըսաւ, որ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ 8 երաժշտական դպրոցներէն եօթը Համազգայինի քոլեճին մակարդակը չունին: Փաստօրէն ան անակնկալի եկած էր տեսնելով արդիւնքը:
Ի դէպ ըսենք, որ այս տարի աւարտողներուն թիւը աննախադէպ մեծ է . ունինք 11 աշակերտ, որոնք 10-րդ դասարանը կ՛աւարտեն եւ 8 աշակերտ` 7-րդ դասարանը: Վստահ ենք, որ քննութիւններու աւարտին փրոֆեսէօր Շահինեան աւելի յստակ պատկերացում պիտի ունենայ երաժշտական դպրոցին մասին: Բնական է, որ իրեն հետ պիտի խորհրդակցիք երաժշտանոցի տարբեր մարզերուն մէջ գործակցութիւնը բարելաւելու:
«Վ. Ձ.».- Եղա՞ծ են աշակերտներ, որոնք Երեւան իրենց ուսումը ամբողջացուցած են եւ վերադառնալով Լիբանան աշխատած են Համազգայինի երաժշտական քոլեճին մէջ:
Յ. Հ.- Ընդհանրապէս Համազգայինի մեծ ընտանիքը այդ քաղաքականութիւնը ունի եւ կ՛ուղարկէ ուսանողներ, որոնք կը վերադառնան, բայց այս տարի մեր աւարտականներուն մէջ կան ուսանողներ, որոնք կը մտածեն մասնագիտանալ Երեւան, ուր բարձրագոյն վկայականներու կը փափաքին հասնիլ:
Փրոֆեսէօր Շահինեան բացատրեց նաեւ, որ կարելի չէ զուգահեռ բժիշկ դառնալ եւ մասնագէտ երաժշտագէտ, հետեւաբար անձը կա՛մ երաժշտութիւն պիտի ուսանի, կամ այլ ասպարէզ ընտրէ: Այսպէս է մասնագիտական մօտեցումը: Բարեբախտաբար մեր աւարտականներուն մէջ կան քանի մը անձեր, որոնք պիտի մասնագիտական Երեւան: Ուրախ ենք նաեւ, որ գեղարուեստի միւս դպրոցներուն մէջ ալ ունինք ուսանողներ, որոնք կապուած են արուեստին եւ կ՛ուզեն մասնագիտանալ թատրոնին մէջ: «Արեգ»-էն կան աւարտականներ, որոնք այսօր «Գ. Իփէկեան»-ին մէջ դերակատար են եւ լրջօրէն կը մտածեն երթալ ու մասնագիտանալ բեմադրութեան մէջ: Այս երեւոյթը, կը կարծեմ, թէ մեզի կը պարտաւորեցնէ, որ մենք գեղարուեստի դպրոցներուն համար ալ համաձայնագրութիւններ ստեղծենք, ինչպէս որ է երաժշտանոցի պարագան: Մենք բախտաւոր ենք, որ ունինք զարգացած հայրենիք, որ զարգացած արուեստի երկիր է, հետեւաբար եթէ յաջողինք կապ ստեղծել, ապագային, կը կարծեմ որ աւելի կը զօրացնենք մեր դպրոցները եւ աւելի հետաքրքրութիւն եւ վստահութիւն կու տաք մեր ուսանողներուն, որոնք իրենց երազները ապագային կրնան իրականացնել:
«Վ. Ձ.».- Որքանո՞վ կը քաջալերէք աշակերտները` իբրեւ տնօրէն, որ մասնագիտանան երաժշտութեան մէջ եւ դառնան իսկական երաժիշտներ:
Վ. Է.- Պէտք է առաջին հերթին նշել, որ մեր երաժշտանոցը իր հիմնուած օրէն իբրեւ նպատակ արհեստավարժութիւնը չէ ունեցած անպայման, այլ երաժշտական կրթութիւն ջամբել եւ մարդիկը մշակոյթին մօտեցնել, որովհետեւ երաժիշտը կարեւոր է, սակայն երաժտասէրը նոյնքան կարեւոր է : Երբեմն երաժշտասէրները աւելի լաւ կը հասկնան: Կան երաժշտասէրներ, որոնց ներկայութեան երաժիշտը կը դողայ, որովհետեւ անոնք կրնան ժամանակի ընթացքին երաժշտական լաւ քննադատներ ըլլալ:
Մեր երաժշտական կրթութեան մէջ երկու առիթներն ալ կու տանք, մինչեւ 7-րդ դասարան վկայական կ՛առնէ եւ անկէ ետք կը սկսի քոլեճի մակարդակը, երբ աւարտէ 10-րդ դասարանը, վկայական կը ստանայ: Եթէ աշակերտը երաժշտասէր է կրնայ 7-րդի վկայականը առնել պարզապէս եւ նուագել իր անձնական հաճոյքին համար, եւ հոն իր երկրորդականի կրթութիւնը կը դադրի:
Այն աշակերտը, որ կ՛ուզէ լրջօրէն աւելի հետեւիլ ու մասնագիտանալ, կը շարունակէ իր ուսումը, իսկ 10-րդէն ետք ընտրանքի առջեւ կը կանգնին` կա՛մ շարունակել կա՛մ այլ մասնագիտութիւն ընտրել : Ոմանք ընտրած են երաժշտութիւնը, որպէս ասպարէզ, ունինք աշակերտներ ալ, որոնք բժշկութիւն պիտի ուսանին իբրեւ ասպարէզ:
Երաժշտութեան կրթութիւնը անհուն է ծովու կը նմանի, որ սկիզբ ունի եւ վերջ չունի, մանաւանդ որ վկայականով չի սահմանափակուիր: Մինչեւ այն ատեն, որ երաժիշտը ողջ է, պիտի սորվի: Աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ առիթ ունեցայ զրուցելու, խորհրդակցելու, որ երաժշտութեան խորքին մէջ արժէքը վկայականը չէ, ոչ ալ քննութեան ստանալիք նիշը, այլ իր կատարումն է, ինչ որ ցոյց պիտի տայ գործնականը. չի կրնար մարդոց ըսել, որ ես լաւ երաժիշտ եմ միայն վկայականով:
«Վ. Ձ.».- Վերջին խօսք…
Յ. Հ.- Համազգայինը իր ընդհանուր ծրագիրով կը միտի ստեղծել, պատրաստել, մշակել մշակութասէր հանրութիւն մը եւ իր բոլոր հաստատութիւններով, միաւորներով կ՛աշխատի այդ ուղղութեամբ, որովհետեւ եթէ երբեք մենք պիտի երազենք եւ ուզենք ունենալ լաւ ապագայ մը մեր բոլոր հանրակրթարաններուն եւ դպրոցներուն կողքին, մենք պէտք ունինք մեր մշակոյթի գեղարուեստի դպրոցներուն, եթէ երբեք մենք պիտի ըսենք հայակերտում եւ մարդակերտում, մշակութասէր անձը քիչ մը աւելի մարդու մօտ է եւ մշակոյթի ուսում ստացած անձը քիչ մը աւելի հայ: Կոչ կ՛ուղղենք, որ հայ ժողովուրդի զաւակները լրջօրէն մտածեն եւ ըստ այնմ իրենց ուղին ճշդեն:
Վ. Է.- Մենք կ՛ուզենք բարելաւել արդէն բաւական լաւ որակուած երաժշտանոցի մակարդակը: Ձեռնարկած ենք այդ աշխատանքին, որ յառաջիկայ տարիներուն ալ պիտի շարունակուի, որպէսզի ներկայ տեղական պայմաններու սահմաններուն մէջ ըլլայ լաւագոյնը: Գիտենք դպրոցական ծրագիրները շատ բեռնաւորած են աշակերտները… եւ առիթ չկայ փորձեր ընելու: Բոլոր պարագաներուն ալ մեր նպատակը բացթողումերը սրբագրել եւ յառաջ ընթանալն է: Յաջողութիւն կը մաղթենք շրջանաւարտ աշակերտներուն կը յուսանք, որ աշակերտները յառաջիկայ տարիներուն փայլուն վերելք արձանագրեն: