«Մոսօ արթ» ցուցասրահի տէր եւ տնօրէն Փանտորա Փենկ, Միացեալ Նահանգներու յայտնի արուեստի գործիչներէն (curator) է: Անցեալ տարի իր նախաձեռնութեամբ, Եուրոզի վերջին ստեղծագործութիւնները («Սիմպիոսիս» հաւաքածոն) ցուցադրուեցան Լոս Անճելըսի «Coral Springs Muzeum» ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ (իբրեւ նորութիւն, նոր որակ)` նոր վարկ եւ մեծ հռչակ ապահովելով Եուրոզի: Սոյն առիթով Փանտորա Փենկ հարցազրոյց մը ունեցած է ինքզինք վերանորոգող ու գերազանցող այս արուեստագէտին հետ, զոր թարգմանաբար կու տանք ստորեւ:
Յիշեցնենք նաեւ, որ «Սիմպիոսիս» հաւաքածոյէն կարեւոր բաժին մը անցնող յունուարին «Նոազ արք»-ը ներկայացուց եւ ցուցադրեց Սինկափուրի «Արթ սթէյճ 2017» ամէնամեայ միջազգային փառատօնին:
Արուեստագէտի մը կեանքին ենթահողը, որ փորձութեան կ՛ենթարկուի ստեղծագործական գործընթացէն անմիջապէս առաջ, խոր կերպով կ՛ազդէ անոր գործին վրայ: Առաջին ակնարկով կը թուի, թէ «Սիմպիոսիս» հաւաքածոն բոլորովին տարբեր է Եուրոզի նախկին ոճէն ու թեմայէն, սակայն, ճիշդ է ենթադրել, որ այս ճամբորդութիւնը մեզ պիտի տանի մինչեւ 20 տարի ետ: Իսկութեան մէջ Եուրոզ կը վերակենդանացնէ իր գլխաւոր թեման` մարդկային վիճակը, սակայն` նոր ժամանակներու մէջ եւ թարմ արտայայտչաձեւերով: Միշտ պահելով իր խոր սէրն ու ակնածանքը մարդկութեան եւ կեանքի հանդէպ` կը դրսեւորէ իր ներաշխարհը, ստեղծագործական անմնացորդ մաքրութեամբ ու անկեղծութեամբ: Բնաւ չէինք կրնար ենթադրել, որ այս ճամբորդութիւնը մեզ պիտի առաջնորդէ մինչեւ քսան տարի ետ:
ՓԵՆԿ.- Ի՞նչն էր, որ քեզ ներշնչեց եւ մղեց ստեղծելու վերացարկուած ծառերու այս գեղեցիկ հաւաքածոն:
ԵՈՒՐՈԶ.- Տարին 1994-ն էր: Իմ ծննդեան տարեդարձին օրը երկրորդ անգամ ըլլալով հայր եղայ եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ, որդիս ծնաւ: Աչքս չէի կրնար հեռացնել անոր հրեշտակային դէմքէն: Երբ զայն թեւերուս մէջ առի, միակ բառով, որով կրնամ բացատրել այդ զգացումը, «աստուածային» բառն է: Մինչ ան կը քնանար թեւերուս մէջ, զինք ամուր գրկեցի` ապահովութեան զգացում տալու համար իրեն: Անոր շնչառութեան կշռոյթը եւ նորածիններու յատուկ քաղցր բոյրը լրիւ գրաւեցին զգայարանքներս եւ մոռցայ նոյնիսկ, թէ հեռատեսիլը միացուած է: Յանկարծ Ամազոնի ապաանտառացման աղէտալի պատկերները ողողեցին պաստառը` բացայայտելով, թէ ի՛նչ պիտի պատահէր կենսոլորտին` անտառներու չքացման պատճառով: Սկսայ որդիս աւելի սեղմել կուրծքիս, բնազդաբար, փափաքելով զայն պաշտպանել աշխարհէ մը, ուր այդպիսի ցնցիչ պատկերները կրնային իրականութիւն դառնալ:
ՓԵՆԿ.- Ատիկա քսա՛ն տարի առաջ էր: Այսօր այս հաւաքածոն ի՞նչ իմաստ ունի քեզի համար` որպէս երփնագրող բանաստեղծի եւ որպէս հօր, որ կ՛ուզէ պաշտպանել իր երեխային կեանքը:
ԵՈՒՐՈԶ.- Շա՛տ լաւ: Հայաստանի մէջ (ուր ապրեցայ 29 տարի, նախքան Միացեալ Նահանգներ հասնիլս) մենք գեղեցիկ կրօնական տօն մը ունինք գարնան օրերուն: Ծիրանի ծառերը ամէն կողմ կը ծաղկին: Հալչող ձիւնին բոյրով եւ օդին մէջ շոգիացող գոլորշիին խոնաւութեամբ, տիրող բոյրը կենսունակ եւ աշխուժացնող է: Ես այդ կը կոչեմ Կեանքի Բոյրը: Իւրաքանչիւր տարուան այդ շրջանին է, որ ծառ մը եկեղեցի կը տանէինք օրհնութեան համար:
Մարդիկ ծառ կը տնկեն որպէս կորսուած կեանքի երաշխիք եւ կամ վերակենդանացման տօն: Ոմանք տարեդարձի մը, ծնունդի մը եւ կամ կարեւոր դէպք մը նշելու համար ծառ կը տնկեն: Ծառ տնկելու օրհնութիւնը անձի մը կեանքէն անդին կ՛երթայ: Ան երկրին կեանք եւ գեղեցկութիւն կը բերէ: Վերջին 30 տարիներուն այս երկրին մէջ որպէս արուեստագէտ ապրելով` գործովս զանազան հաստատութիւններուն համար դրամ հաւաքելու բազմաթիւ առիթներ ունեցած եմ: Պարզուած է, որ առանձին չեմ, շատեր կան, որոնք հաստատութիւններու միջոցով կը ջանան երկիր մոլորակին վերադարձնել անոր անտառները: Երբ անդրադարձայ այս իրողութեան, որոշեցի ստեղծել նկարներու շարք մը` մասնակցելու համար թանգարաններու եւ հանրութեան բաց վայրերու մէջ ցուցահանդէսներու: Արուեստը հաղորդակցութեան ուժեղ միջոց մըն է եւ` դատի մը հանդէպ գիտակցութիւն արթնցնելու լաւագոյն բեմերէն մէկը: Մեր ջանքն է մարդոց հասնիլ եւ օգնել` տարբերութիւն մը յառաջացնելու համար: Օրինակի համար, կ՛ուզեմ խմբակցութիւն մը հիմնել եւ կամ խմբակցութիւններու հետ աշխատիլ ու այս հաւաքածոյի եկամուտէն բաժին մը յատկացնել այն բոլորին, որոնք պիտի ուզէին ծառ տնկել:
ՓԵՆԿ.- Հաւաքածոյին անունը ինչպէ՞ս որոշեցիր:
ԵՈՒՐՈԶ.- Սիմպիոսիսը կ՛արտայայտէ այն համակեցութեան յարաբերութիւնը, որ առկայ է մարդ արարածին եւ բնութեան միջեւ, ուր մեր կեանքը կը սնանի բնութեամբ եւ բնութեան գոյատեւումը կախեալ է մարդկային ցեղի վերաբերումէն: Այս փոխյարաբերութիւնը երկու կողմերը իրարմէ կախեալ կը պահէ եւ իրողութիւն մը, որ երկուքին ալ նպաստաւոր է:
ՓԵՆԿ.- Պիտի ուզէի՞ր խօսիլ «Խաչաձեւում» (intersect) շարքին մասին, ուր յղացքները ունին գրեթէ նոյն շարուածքը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը սակայն ունի իր ուրոյն երանգապնակը:
ԵՈՒՐՈԶ.- Իրականութեան մէջ հաւաքածոն ունի զգացական եւ հոգեկան եզրեր: Կը հաւատանք, որ մարդուն մէջ կան եօթը շաքրաներ, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր գոյնով մը ներկայացուած է: Սանսկրիտ լեզուին մէջ շաքրա կը նշանակէ անիւ: Եւ եթէ անիւի գաղափարը ընդլայնենք, մասնագէտներ կ՛անդրադառնան այն իրողութեան, թէ անիւները դառնալու ատեն դատարկութիւն մը կը ստեղծեն` կլոր շարժումով: Եւ իբրեւ դատարկութիւն` շաքրա մը ֆիզիքական եւ մտաւոր թրթռացող մարտահրաւէրներ պիտի դնէ մարմնին մէջ: Ընդհակառակը, ինչպէս որ լոյսը պրիսմակէն անցնելով` եօթը գոյներու կը բաժնուի, այդպէս ալ երբ բոլոր եօթը շաքրաները միանան, մենք հոգեւոր լուսաւորումի փորձառութիւնը կ՛ունենանք: Մարդ կրնայ որոշ շաքրաներ գործի լծել` շաքրայի տարբեր գոյներուն նայելով: Կրնաս այս թեմային շուրջ պրպտումներ կատարել, սակայն անգամ մը, որ սկսիս ուշադրութիւնդ կեդրոնացնել իմաստներու եւ եօթը շաքրաներու ազդեցութեան վրայ, հնարաւորութիւն կ՛ունենաս հաւասարակշռութիւն ստեղծելու եւ շաքրաները ճիշդ շարքով շարելու, որոնք ներդաշնակուելով` ֆիզիքական, մտաւոր եւ զգացական խաղաղութիւն պիտի տան քեզի: Այս հաւաքածոյին երանգապնակն ու բաղադրութիւնը ընտրեցի` հիմնուելով այս հաւատքին վրայ:
ՓԵՆԿ.- Նշեցիր, որ գործերուդ մէջ կարեւորը միայն գեղարուեստական ուժը չէ, այլ նաեւ այն, որ ակնդիրները կարողանան ներզգալ նկարածդ եւ բնութեան հետ նոյն փորձառութիւնը ունենալ: Ի՞նչ ըսել կ՛ուզես:
ԵՈՒՐՈԶ.- Նկարչութիւնս անոր միայն մէկ մասն է: Ակնդիրները պէտք է իրենք իրենց արտօնեն զգալ եւ վստահիլ, որպէսզի կապը ստեղծուի: Տե՛ս, ծառերուն, կոճղերուն եւ ճիւղերուն ձեւերը նետասլաքներու կը նմանին: Ակնդիրները երբ հետեւին նետերուն, պիտի նշմարեն, որ անոնք կը վերջանան հոն, ուր ուրիշներ կը սկսին: Ոստերը եւս կը վերջանան հոն, ուր ուրիշներ կը սկսին նոյն տեղէն: Կը կանգնիս այս գեղանկարներուն առջեւ եւ անվերջ կը դիտես գտնելու համար կեդրոնական կէտը: Պահ մը ետք մեր գիտակից միտքը որոշ իմաստով կը դադրի իմաստ փնտռելէ: Ճիշդ այն ատեն է, որ ակնդիրը կը մտնէ զգացական լարումի եւ ընկալումի ոլորտին մէջ:
Ասիկա կը պատահի, երբ այս նկարներուն գոյները կը ներգրաւեն մեր զգացումները: Երբ կը դիտենք կարմիրին խաչաձեւումները, ջերմութիւն մը կը զգանք, իսկ երբ կը դիտենք կանաչին խաչաձեւումները, զգացումները հանդարտեցնող հաճելի զովութիւն մը կ՛իջնէ մեր վրայ: Ասիկա իմ զգացական մարձումն է` տրուած ակնդիրի զգայական համակարգին, զոր կը ստեղծէ զօրաւոր ենթահող մը` մեր հոգեմտաւոր առողջութեան համար:
ՓԵՆԿ.- Երբ «Նիւ Եորքի արուեստի հաւաքածոյ»-ին պատասխանատուն էի եւ գեղանկար մը կը փնտռէի, յանկարծ հանդիպեցայ ստեղծագործութիւններէդ, 2006-ին իրագործուած, «Հունձքը» կտաւին: Անակնկալի եկայ, երբ նշմարեցի, որ անոր մէջ հետքեր կան քու ճարտարապետական եւ վերացարկուած ծառերէն: Առաջին անգամ ե՞րբ էր, որ թանգարանային այս հաւաքածոյէն որեւէ հետքեր երեւացին գեղանկարներուդ մէջ:
ԵՈՒՐՈԶ.- Վա՛յ: Անկեղծօրէն գաղափար չունիմ: Հարցին այսպէս նայելով` հաւանաբար դուն ճիշդ ես: Ատիկա հաւանաբար ենթագիտակցօրէն դրսեւորուած է: Հաւանաբար մէջս կային այդ բոլորը, թէեւ բաւականին մեծ թիւով գծագրութիւններ եւ սերտողութիւններ պէտք եղան, մինչեւ կարողացայ երփնագրել այդ «Պարող ծառերը»:
ՓԵՆԿ.- Ինծի համար մեծ պատիւ է քու ստեղծագործութիւններդ ներկայացնելը, մանաւա՛նդ որ այս առիթով առիթ ունեցայ նաեւ ըմբռնելու «Սիմպիոսիսի» ծննդոցը: Իսկ հետագայի ի՞նչ ծրագիրներ կան այս հաւաքածոյի կապակցութեամբ:
ԵՈՒՐՈԶ.- Կը ծրագրենք թանգարանի ցուցադրութիւնը բաց պահել եւ անոր աւելցնել եւս ուրիշ գործեր, նպատակ ունենալով, որ հաւաքածոն ճամբորդէ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ թէ՛ միջազգային առումով: Իսկապէս կը հաւատամ, որ երբ ակնդիրներուն առիթը տանք շրջապատուելու այս տարողութեան գործերով, ատիկա մեծապէս կ՛ազդէ անոնց վրայ: Եւ եթէ շատ բան չփոխէ անոնց կեանքին մէջ, ապա առնուազն կ՛արթնցնէ մարդոց գիտակցութիւնը, եւ կը սկսի դիտարկումը, մտքի գործընթաց մը, կամ զրոյց մը` մեր եւ բնութեան միջեւ եղած համակեցութեան մասին, բան մը, որ չափազանց կարեւորութիւն ունի մարդու գոյատեւման համար: